«ԵԹԷ ՈՐԲ ՄՆԱՅ ԳԻՐՔԸ ՀԱՅ ՄԱՐԴԷՆ, Ո՛ՐԲ ԿԸ ՄՆԱՅ ՀԱՅԸ ԻՐ ՀԱՅՈՒԹԵՆԷՆ»
Ազգերը ընդհանրապէս կը ճանչցուին իրենց գրականութեամբ, լեզուով ու մշակոյթով։ Իսկ այն ժողովուրդները, որոնք այլեւայլ պատճառներով աղարտած են իրենց ինքնութիւնն ու ազգութիւնը, չեն կրցած պահել ու պահպանել իրենց ազգութիւնը, դատապարտուած են ձուլումի։ Սակայն հայ ժողովուրդը իր պատմութեան դժխեմ օրերուն իսկ միշտ կառչած մնացած է հայ ոգիին, լեզուին ու մշակոյթին։ Հայ լեզուն մեզի համար դարձաւ վահան ամրութեան՝ ընդդէմ օտարացման եւ ձուլման։ Ան դարեր շարունակ մեզի ուժ ու եռանդ ներշնչեց՝ պայքարելու մեր ազգը ջլատող օտարածին վտանգներուն ու ազդեցութիւններուն դէմ։ Աներկբայ իրողութիւն է, որ հայ լեզուն դարձաւ մեր կեանքի հիմնաքարը, հայու գոյապատճառը ու լինելութեան աւիշը, որուն շնորհիւ հայոց երկիրը ծաղկազարդուեցաւ։
Հայ լեզուին եւ գրականութեան ջահակիրներէն մին է՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը։ Սրբազանը իր հովուական ծառայութեանց, Գանատայի եւ Ամերիկայի առաջնորդութեան տարիներուն եղած է եւ է՛ հայ գիրի ու գիրքի պաշտպանն ու ջատագովողը։ Սրբազանը հեղինակ է հայերէն եւ անգլերէն երկու տասնեակէ աւելի գիրքերու, որոնք ողողուած են իր փորձառութիւններով, մտահայեացքներով եւ հոգեկան ապրումներով։
Այս բոլորին առընթեր, սրբազանը քաջ գիտակցելով, որ այսօր Ամերիկայի մեր երիտասարդութիւնը համաշխարհայնացման հեւքոտ վազքին դիմաց ձուլման ենթակայ է, հետեւաբար, զարկ տուած է հայ գիրքերու հրատարակման ազգանուէր գործին։ 2003-ին, երբ Յովնան Արք. Տէրտէրեան ընտրուեցաւ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ, իր հովանաւորութեամբ, քաջալերանքով, նախաձեռնութեամբ հրատարակուեցան հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով աւելի քան 200 հոգեւոր ու մշակութային բովանդակութիւն ունեցող գիրքեր։
Այդ հրատարակութիւններէն են. «Հայոց Եկեղեցին. Օրմանեան Պատրիարք», «Հոգեւոր պատգամներ. Գարեգին Ա.», «Քրիստոնէական կրօնքի գիտելիքներ (հայերէն եւ անգլերէն)», «Աղօթագիրք», «Հաւատով խոստովանիմ», «1600-ամեայ խորհուրդ», «Դպրոցն ահա՛ հայկական. Ժագ Յակոբեան», «Ի խորոց սրտի խօսք ընդ աստուծոյ. Աղօթագիրք», «Շարակնոց. Եփրեմ Արք. Թապագեան», «Հայ վանականութեան պատմութիւնը եւ վարդապետներու դասակարգը. Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան», «Աղօթէ՛ եւ Աստուած կը պատասխանէ - Ընտանիքին աղօթագիրքը - Pray and God Answers: The Family Prayer Book. Fr. Stepanos Dingilian», «The Faith of the Armenian Church - The Teacher՚s Book. Hagop Nersoyan», «Words unto God from the Depths of My Heart», «The future of the Diocese is in our hands», «Prayer Mirrors Your Life», «Studies in the Armenian Church - Origins. Doctrine. Worship. Fr. Zaven Arzoumanian» եւ այլն։
Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան խօսելով սրբազանի անխոնջ աշխատանքին մասին՝ կ՚ըսէ. «Լատինական հին առածը կ՚ըսէ. «Խօսքերը կը թռչին, իսկ գրութիւնները կը մնան»։ Յովնան սրբազանը համոզուած է այս իրականութեան: Այդ համոզումը խրած է իր հոգեյատակին խորը, որմէ ներշնչուած եւ զսպանակուած անխոնջ կը գրէ, կը հրատարակէ, կը հետապնդէ, կը քաջալերէ գրասէր եւ գրագէտ անձնաւորութիւններ ու կ՚ուզէ հրատարակել ամէն արժէքաւոր աշխատանք՝ ուրիշներու հոգեկան ու մտաւոր աշխարհները լուսաւորելու եւ զանոնք հոգեպէս ու մտապէս հաստատելու հիմնական մտահոգութեամբ: Լատինական վերոյիշեալ առածը որքա՜ն կը պատշաճի սրբազանին գրասէր հոգիին, մտքին եւ հրատարակչական աշխատանքին, որոնք կը մնան վկաները անոր անվհատ գործունէութեան եւ իրագործումներուն: Իրագործումներ. որոնք միշտ օրինակելի են, գնահատելի ու վարակիչ»:
Հայ ազգը գիրո՛վ կերտեց իր մշակոյթը, սիրելի՛ երիտասարդ, գիրո՛վ ապրեցաւ ու հոգեկան վերելք ունեցաւ։ Հայ գիրը մեր ժողովուրդի գոյապահպանման հիմնական դրոշմը դարձաւ։ Սակայն, այսօր, դժբախտաբար, հայ գիրքին տեղը դարձած է միմիայն գրադարանն ու մատենադարանը։ Հայ երիտասարդներ սկսած են մոռացութեան գիրկը նետել հայ լեզուն, հայ գրականութիւնն ու հայ գիրը։ Միւս կողմէ, համացանցը իր մագիլները լայնօրէն տարածած է ամէնուր, որուն իբրեւ հետեւանք՝ հայ երիտասարդը կտրուած է իր սեփական մայրենի լեզուէն։ Անմահանուն Գարեգին Ա. Կաթողիկոս կ՚ըսէ. «Եթէ որբ մնայ գիրքը հայ մարդէն, ո՛րբ կը մնայ հայը իր հայութենէն»։ Խոպան է մեր կեանքի հողը առանց հայ գիրքի ակօսումին։ Ան աղբիւր է, իսկ մենք՝ սափոր։ Իւրաքանչիւր հայորդի պէտք է հայ գիրքը առընչէ, տարրացնէ եւ միաձուլէ իր կեանքին հետ։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը իր բարեջան առաջնորդով, աշխատակազմով եւ պատկան մարմիններով պիտի շարունակէ այս ոգիով ու նախանձախնդրութեամբ մեր Սփիւռքի հայորդիներու հայ լեզուի հետ կապը պահպանել ու խորացնել եւ անոնց հոգիները հայ գիրով, մշակոյթով ու լեզուով կանաչազարդել։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ