ԵՐԵԽԱՆԵՐԷՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՆԱՄԱԿՆԵՐ
Եւրոպայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ երեխաներուն հարցուցած են, թէ ի՞նչ կը մտածեն Աստուծոյ մասին։ Որպէս իրենց կրօնական կրթութեան մաս՝ կարգ մը ուսումնասիրողներ անոնցմէ պահանջած են, որ նամակ գրեն Աստուծոյ եւ բացատրեն իրենց զգացումներն ու փափաքները։ Ստորեւ կը ներկայացեմ այն նամակները, որոնք երեխաները գրած են իրենց գլխուն մէջ ձեւաւորուած Աստուծոյ կերպարին։
*
Աստուած իմ, ես կը գրեմ իմ այժմու պակասները՝ նոր հեծանիւ, երեխաներու համար տարրալուծական սարքեր, շուն, տեսախցիկ, պէյզպոլի ձեռնոց։ Եթէ չկարենաս ուղարկել բոլորը, մի քանին ալ կը բաւէ։
Քեզ շատ կը սիրեմ,
Էրիք (5 տարեկան)։
Յ.Գ. Ես գիտեմ, որ Կաղանդ պապան գոյութիւն չունի։
Իմ սիրելի՛ Աստուած,
Ես կը սարսափիմ, որ տիեզերագնացները դէպի երկինք կը նետեն: Կը խնդրեմ, անոնք թող չիյնան մեր տան տանիքին։
Ձեր ընկերը՝
Նորմըն (4.5 տարեկան)։
Սիրելի՛ Աստուած,
Մարդոց մահանալու եւ նորերը ստեղծելու փոխարէն, ինչո՞ւ պարզապէս չէք պահեր այն, ինչ որ ունիք:
Ճէյն (6 տարեկան)։
Սիրելի՛ Աստուած,
Կը խնդրեմ ինծի մատաղաձի մը ուղարկէք: Ես ձեզմէ բան մը խնդրած չեմ մինչեւ հիմա: Հաւանաբար այս ալ չէք մոռնար։
Պրուս (4 տարեկան)։
Սիրելի՛ Աստուած,
Հայրս շատ խոժոռ է։ Ես կ՚ուզեմ, որ դուք զայն ազատէք այս սովորութենէն: Բայց կը խնդրեմ մի՛ վիրաւորէք զայն:
Սիրով՝
Մարթին (5 տարեկան)։
Սիրելի՛ Աստուած,
Ամպերէն մէկը այնքան սարսափելի դարձուց իր դէմքը, որ ես վախցայ։ Կը խնդրեմ, ըսէք անոր, որ այլեւս նոյնը չընէ:
Էլըն (3 տարեկան)։
Սիրելի՛ Աստուած,
Դուն իսկակա՞ն ես։ Ոմանք չեն հաւատար քեզի։ Եթէ դուն իսկապէս գոյութիւն ունիս, պէտք է անմիջապէս բաներ մը ընես:
Հէրիըթ Էն (6 տարեկան)։
Սիրելի՛ Աստուած,
Ի՞նչ օգուտ ունի լաւ ըլլալը, եթէ ոչ ոք երբեք պիտի չգիտնայ:
Մարք (8 տարեկան)։
Աստուած իմ,
Վերի յարկի մարդիկ անդադար կը վիճաբանին։ Կը կարծեմ՝ պէտք է թոյլ տալ միայն լաւ ընկերներուն ամուսնանալուն:
Նան (5 տարեկան)։
Սիրելի՛ Աստուած,
Ինչո՞ւ ստեղծեցիք այսքան մարդ: Չէ՞ք կրնար ուրիշ աշխարհ մը ստեղծել ու աւելորդները այնտեղ դնել։
Ճ. Պ. (7 տարեկան)։
Սիրելի՛ Աստուած,
Ինչ ալ ընես, բոլորը կը հիանան։ Բայց եթէ ես նոյնիսկ փոքր կատակ մը ընեմ, «վրձինը կ՚ուտեմ»։
Ճոտի (6.5 տարեկան)։
Սիրելի՛ Աստուած,
Մի՛ անհանգստանաք մեզի համար, մեր ընտանիքը շատ կրօնասէր է։
Թետի (9 տարեկան)։
Սիրելի՛ Աստուած,
Ես ունիմ բոլոր առաջնորդներու նկարները, բացի քեզմէ:
Նորմըն (6 տարեկան)։
Աստուած իմ,
Ոչ ոք կ՚ուզէ ընկեր ըլլալ գէրերու հետ։
Պիլի Ճին (9 տարեկան)։
Սիրելի՛ Աստուած,
Ես կարդացի քու գիրքը եւ հաւնեցայ: Ինչպէ՞ս ծագած են այդ բոլոր գաղափարները:
Ճոն (8 տարեկան)։
Սիրելի՛ Աստուած,
Դուն միտումնաւո՞ր տուած ես ընձուղտներուն այսպիսի տեսք, թէ այդ պատահաբար տեղի ունեցած է:
Նորմըն (4 տարեկան)։
Աստուած իմ,
Ինչո՞ւ Աստուածաշունչի մէջ կնոջ անունը չի յիշատակուիր։ Աստուածաշունչը գրելու ժամանակ ամուսնացած չէի՞ք։
Լերի (6 տարեկան)։
Սիրելի՛ Աստուած,
Լաւ, Աստուածաշունչի մէջ ըսիր, որ միւս այտդ դարձուր։ Բայց ի՞նչ պիտի ընեմ, երբ եղբայրս զարնէ աչքիս։
Սիրով՝
Թերեզա (5 տարեկան)։
Սիրելի՛ Աստուած,
Ինչպէ՞ս հասկցար, որ դուն Աստուած ես:
Շարլին (3 տարեկան)։
Սիրելի՛ Աստուած,
Երբ ես քու տարիքին հասնիմ, կ՚ուզեմ քեզ նման ըլլալ։ Եղա՞ւ։
Թոմի (4 տարեկան)։
Սիրելի՛ Աստուած,
Եթէ ես Աստուած ըլլայի, այսքան լաւ չէի ըլլար: Սա նկատի ունեցէք:
Միշել (6 տարեկան)։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ