ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՁԵՒԱՒՈՐԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑ - Ա -
Առողջապահութեան նման որպէս հասարակաց իրաւունք կը դիտարկուի կրթութիւնը։ Կրթութիւնը, ըստ սահմանման, կարելի է բացատրել որպէս ընկերային հաստատութիւն, ուր հմտութիւններն ու գիտելիքները կը զարգացուին կամ ձեռք կը բերուին՝ ընդլայնելով անձնական հորիզոնները: Դպրոցական կրթութիւնը, միւս կողմէ, կ՚որոշուի տարեսկիզբի ծրագրերու միջոցաւ եւ կը կը բաժնուի ըստ խմբաւորման չափանիշներու. ինչպէս՝ տարիքը եւ հմտութիւնը որոշ հերթականութեամբ: Այսպէսով, ի՞նչ կայ այս ծրագրաւորուած ուսումնական ծրագրերու ֆոնին։
Ընկերաբաններու մեծամասնութեան կարծիքով՝ կրթութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ անհատներու՝ իրենց ներուժը զարգացնելու պարագային։ Այնուամենայնիւ, անոնք կը պնդեն, որ այս զարգացման գործընթացը պէտք չէ սահմանափակուի միայն դպրոցով։ Մարք Թուէյն կ՚ուզէր բացատրել, որ դպրոցները լաւագոյն մանկավարժները չեն՝ ըսելով. «Ես երբեք եւ երբեք թոյլ չեմ տար, որ դպրոցական կրթութիւնը խանգարէ իմ սեփական կրթութիւնը»։
Կրթութիւնը, ինչպէս առողջապահութիւնը, բարդ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային խնդիր է: Կրթութիւն տրուած հասարակութեան մը տնտեսութիւնը կրնայ բարձրացնել կրթութեան որակն ու մատչելիութիւնը։ Այս առումով զարգացած երկիրները պիւտճէի շատ առատաձեռն բաժին կը յատկացնեն կրթութեան։ Կրթութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունի հասարակական-քաղաքական գործընթացի վրայ։ Քաղաքական տարբեր պայմաններով որոշ ժամանակահատուածի մը մէջ կրթութիւն ստացած ուսանողներու մօտ կան զանազան անհատական տարբերութիւններ։
Մշակոյթի վերարտադրութեան գործին մէջ մեծ ներդրում ունին կրթական հաստատութիւնները, որոնք ստանձնած են տարրական պատասխանատուութիւն՝ ապահովելու համար հասարակութիւններու շարունակականութիւնը՝ մշակութային առումով: Յենլով այն հանգամանքին, որ կրթութիւնը ունի քաղաքական եւ մշակութային հիմք, մշակութային տարբեր հասարակութիւններ կը փափաքին բանալ իրենց դպրոցները եւ այնտեղ հասցնել իրենց նոր սերունդները։
Տնտեսապէս բարձր խաւը պետական կրթութենէն առանձնանալով հիմնեց մասնաւոր ուսումնական հաստատութիւններ եւ իր կրթութիւնը տուաւ պետական համակարգէն դուրս։ Այսպիսով, անհատը, որ կրթութիւն ստացած է տնտեսական վերնախաւի երեխաներու հետ, կը պահպանէ «արմատաւորուած» ընտանեկան յատկանիշներ, որոնք մինչ այժմ պահպանած է իր ընտանիքը: Այսպէսով, կրթութիւնը կ՚անդրադառնայ ո՛չ միայն այն բոլոր երեւոյթներուն, որոնք տեղի կ՚ունենան դպրոցի մէջ, այլեւ հասարակութեան ուղղութեան եւ բարդ խնդիրներուն, թէ ինչպէս դաստիարակել ժամանակակից երիտասարդները համաշխարհայնացման շրջանին:
Ըստ Էմիլ Տիւրքհէյմի՝ կրթութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի երեխաներու՝ իրենց ընկերային շրջանակը ընդլայնելու տեսակէտէ։ Ընդհանուր արժէքները, այսինքն՝ կրօնական արժէքները, կարեւոր գործիք են էթիքական համոզումներու եւ ինքնակարգապահութեան զգացում ստեղծելու եւ տարբեր բազմութիւնները միաւորելու համար: Բայց որքա՞ն ճիշդ է այսքան մեծ սերունդ անընդհատ հաւաքել հասարակաց գաղափարներու վրայ:
Թալքոթ Փարոնս փորձեց այս հարցման պատասխանել կառուցուածքային համակարգի մօտեցմամբ։ Այնուամենայնիւ, ըստ Փարոնսի, դպրոցները՝ երեխաներու սեփական վիճակի եւ սեռի նման հիմնական խնդիրները սորվեցնելով կրնայ օգնել հասարակութեան կազմակերպման։ Ընկերաբանները, որոնք կարծիք յայտնեցին, որ կրթութիւնը կը նուազեցնէ յանցագործութիւնը, անտեսեցին փտացման ու խարդախութեան նման խոշոր յանցագործութիւնները:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
•շարունակելի