ԳԻՐՔԱՓՈԽԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԻՒՆ

Երեւանի Ազգային գրադարանը ստեղծած է Գիրքափոխանակութեան անկիւն մը։ Այսպէս, գիրքի, գրականութեան երկրպագուները, գալով Հայաստանի Ազգային գրադարան, այսուհետեւ կրնան օգտուիլ նաեւ Գիրքափոխանակութեան անիւնէն, որու դարակներուն դրուած են արժէքաւոր հրատարակութիւններ՝ հայերէն եւ օտար լեզուներով գիրքեր, կերպարուեստին վերաբերող գրականութիւն, մատենագիտական հրատարակութիւններ եւ այլն:

Գիրքափոխանակութեան անկիւնի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ յունուարի 21-ին, Հայաստանի Ազգային գրադարանի վարչական մասնաշէնքի առաջին յարկին մէջ։

Այս անկիւնին մէջ ներկայացուած գիրքերէն որեւէ մէկը կրնայ տեղ գրաւել ընթերցողի գրադարանին մէջ, եթէ անոր փոխարէն ան առաջարկէ այլ գիրք մը, որ չկայ Ազգային գրադարանին մէջ, կամ ալ կայ մէկ օրինակ։

Գիրքափոխանակութեան բաժինը, որու նկուղներուն մէջ կան տասնեակ հազարաւոր գիրքեր, որոնք կը խոնաւնան։ Այդ գիրքերէն շատերը բաժնուած են Հայաստանի մարզային գրադարաններուն։ Իսկ մեծ մասը փրկելու, շրջանառութեան մէջ դնելու նպատակով Ազգային գրադարանի վարչութիւնը որոշած է ստեղծել այս անկիւնը։ Գիրքափոխանակութեան անկիւնին մէջ տեղի կ՚ունենան բազմաթիւ հետաքրքրական նախաձեռնութիւններ։ Այս անկիւնը պիտի օգտագործուի նաեւ յառաջիկայ փետրուարի 19-ին, երբ Հայաստանի մէջ կը նշուի Գիրք նուիրելու օրը։

Ուրբաթ, Յունուար 31, 2020