ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՃԱՆԱՊԱՐՀԷՆ

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ հե­տաքրք­րա­կան ցու­ցա­հան­դէս մը, որ ընդգր­կեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան լու­սան­կա­րիչ Դա­ւիթ Յա­կո­բեա­նի շուրջ քա­ռա­սուն գոր­ծե­րը։ «Պատ­մու­թիւն­ներ ճա­նա­պար­հէն» խո­րագ­րուած էր այս ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ ընդգր­կեց ար­դէն ներ­կա­յա­ցուած ու բա­ցա­ռիկ լու­սան­կար­ներ։ Դա­ւիթ Յա­կո­բեան իր այս ա­ռա­ջին ցու­ցա­հան­դէ­սով հան­դի­սա­տե­սի դա­տին ներ­կա­յա­ցուց զա­նա­զան գոր­ծեր՝ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին, հա­մաշ­խար­հա­յին դէմ­քե­րու ու սո­վո­րա­կան մար­դոց՝ քու­լիս­նե­րէն ներս ու դուրս դրուագ­նե­րով։

Հարկ է նշել, որ Դա­ւիթ Յա­կո­բեան 2002 թուա­կա­նէն ի վեր կը զբա­ղի լու­սան­կար­չու­թեամբ։ 2007 թուա­կա­նէն սկսեալ աշ­խա­տակ­ցած է «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան։ 2010 թուա­կա­նէն ի վեր Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան լու­սան­կա­րիչն է։ Ստեղ­ծուած օ­րէն ի վեր ան մաս կը կազ­մէ PAN Photo-ի խում­բին։

Հա­յաս­տա­նի Նկա­րիչ­նե­րու միու­թեան եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Դա­ւիթ Յա­կո­բեա­նի ցու­ցա­հան­դէ­սը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան Նա­խա­գա­հա­կան աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Վի­գէն Սարգ­սեան, Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան, Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեան, Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի տե­սուչ Տ. Գա­րե­գին Ա­բե­ղայ Համ­բար­ձու­մեան, «Փիւ­նիկ» հիմ­նադ­րա­մի ղե­կա­վար Գաբ­րիէլ Չէմ­պէր­ճեան, Նա­խա­գա­հա­կան աշ­խա­տա­կազ­մի հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պե­րու բաժ­նի վա­րիչ Մե­րի Յա­րու­թիւ­նեան, Նա­խա­գա­հի մամ­լոյ քար­տու­ղար Վլա­տի­միր Յա­կո­բեան եւ այլ բազ­մա­թիւ յայտ­նի դէմ­քեր։

Ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Դա­ւիթ Յա­կո­բեան, որ նշեց, թէ իւ­րա­քան­չիւր լու­սան­կա­րի­չի ե­րա­զանքն է կազ­մա­կեր­պել ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէս եւ ներ­կա­յիս ին­քը յա­ջո­ղած է այդ բա­նը։ «Լու­սան­կար­ներ կան 2004 թուա­կա­նէն սկսեալ՝ մին­չեւ վեր­ջին օ­րե­րը։ Կան լու­սան­կար­ներ, ո­րոնք հրա­պա­րա­կուած էին ու կան այն­պի­սի­ներ, ո­րոնք ա­ռա­ջին ան­գամ կը հրա­պար­կուին։ Բո­լո­րը յի­շո­ղու­թիւն­ներ են ու պատ­մու­թիւն­ներ ճա­նա­պարհ­նե­րէն, ո­րով­հե­տեւ աշ­խա­տան­քի բե­րու­մով յա­ճախ կը ճամ­բոր­դենք», ը­սաւ Դա­ւիթ Յա­կո­բեան, որ ար­դէն վեց տա­րիէ ի վեր Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան լու­սան­կա­րիչն է։ Ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ի­րեն հարց տրուե­ցաւ, թէ լու­սան­կար­նե­րու շար­քին ո՞ր մէ­կը յատ­կա­պէս տպա­ւո­րիչ է ի­րեն հա­մար։ Ի պա­տաս­խան ան ը­սաւ. «Այդ­պի­սի նկար­ներ շատ են, բայց ե­րե­ւի, թէ ա­մե­նա­շա­տը այդ մէկն է, ուր Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Յոր­դա­նան գե­տին մէջ է, ուր Յի­սուս Քրիս­տոս մկրտուած է»։ Հարկ է նշել, որ 30 Հոկ­տեմ­բեր 2014 թուա­կա­նին նկա­րա­հա­նուած դրուագ մըն է այդ մէ­կը, որ ցարդ չէր հրա­պա­րա­կուած եւ այս ցու­ցա­հան­դէ­սին շրջագ­ծով ա­ռա­ջին ան­գամ ցու­ցադ­րուած է։ Դա­ւիթ Յա­կո­բեան նկա­տեց նաեւ, որ եր­բեմն կ՚ըլ­լան ա­ռիթ­ներ, երբ կը զսպէ զգա­ցում­նե­րը ու կը որ­սայ պատ­մա­կան պա­հը։ «Այդ­պի­սի վեր­ջին դէպ­քը Ար­թուր Ա­լիք­սա­նեա­նի ո­ղիմ­պիա­կան ա­խո­յեան դառ­նալն էր։ Չէի գի­տեր՝ ու­րա­խա­նա­յի՞, թէ՞ լու­սան­կա­րէի։ Բայց ընտ­րե­ցի նկա­րել եւ ստա­ցու­ցե­ցաւ այն դրուա­գը, ուր նա­խա­գա­հը կ՚ու­րա­խա­նայ ձեռ­քե­րը վեր», ը­սաւ Դա­ւիթ Յա­կո­բեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ Սերժ Սարգ­սեան տե­ղեակ ե­ղած է իր այս ցու­ցա­հան­դէ­սէն, տե­սած է լու­սան­կար­նե­րը եւ դրա­կան ար­տա­յայ­տուած՝ ա­նոնց մա­սին։

Ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ըն­թաց­քին լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լով Վի­գէն Սարգ­սեան նշեց, որ Դա­ւիթ Յա­կո­բեա­նի լու­սան­կար­նե­րը միշտ գրա­ւած են զին­քը։ «Նոյ­նիսկ իմ աշ­խա­տա­սե­նեա­կին մէջ նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նա­կան լու­սան­կա­րին փո­խա­րէն կա­խուած է Դա­ւիթ Յա­կո­բեա­նի հե­ղի­նա­կած մէկ նկա­րը։ Նա­յե­լով այս լու­սան­կար­նե­րուն՝ մենք կը տես­նենք զա­նա­զան քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու բնա­ւո­րու­թիւ­նը, դիր­քո­րո­շու­մը, ի­րօք կը յի­շենք այն պա­հե­րը, երբ այդ նկա­րա­հա­նում­նե­րը կա­տա­րուած են։ Կը յի­շենք ա­նոնց հետ կա­տա­րուած հան­դի­պում­նե­րը, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Շնոր­հա­կալ ենք Դա­ւիթ Յա­կո­բեա­նին՝ իս­կա­պէս շատ հրա­շա­լի այս ցու­ցա­հան­դէ­սին հա­մար», ը­սաւ Վի­գէն Սարգ­սեան։

Նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեանն ալ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, որ ե­րի­տա­սարդ լու­սան­կա­րի­չը ու­նե­ցած է հնա­րա­ւո­րու­թիւն ցու­ցադ­րե­լու իր լու­սան­կար­նե­րը, ո­րոնք ա­րուես­տի գոր­ծեր են։ «Նա­յե­լով իւ­րա­քան­չիւր լու­սան­կա­րին՝ պարզ կ՚ե­րե­ւի, որ այդ մէ­կը ա­րուեստ է, փաս­տա­վա­ւե­րագ­րում չէ։ Իսկ ա­րուես­տի մէջ որ­քան որ շատ մարդ ներգ­րա­ւուած ըլ­լայ, մեր կեանքն ու ա­պա­գան ա՛լ ա­ւե­լի լաւ կ՚ըլ­լայ։ Դա­ւիթ Յա­կո­բեա­նի նկար­նե­րուն մէջ կ՚ե­րե­ւի մար­դը՝ իր զգա­ցում­նե­րով, ըլ­լայ պաշ­տօ­նեայ կամ հա­սա­րակ մարդ», ը­սաւ Պօ­ղո­սեան։

Ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ներ­կա­նե­րու շար­քին էր յայտ­նի լու­սան­կա­րիչ Մար­թին Շահ­բա­զեան, որ Դա­ւիթ Յա­կո­բեա­նէն ա­ռաջ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան լու­սան­կա­րիչն էր։ Ան յայտ­նեց, որ շատ ու­րախ կը զգայ, կար­ծես, թէ իր ցու­ցա­հան­դէ­սը բա­ցուած ըլ­լար։ Մար­թին Շահ­բա­զեա­նը հա­ճե­լիօ­րէն զար­մա­ցու­ցած է Դա­ւիթ Յա­կո­բեա­նի հա­մար­ձա­կու­թիւ­նը՝ այս ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին նման ցու­ցա­հան­դէս մը բա­նա­լով։ «Ես իր տա­րի­քին ցու­ցա­հան­դէս մը բա­նա­լու ռիս­քը չէի ու­նե­ցած։ Ապ­րի ին­քը, որ գա­ցած է այդ ռիս­քին ու բա­ցած այս ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Թէեւ լու­սան­կար­չա­կան սար­քա­ւո­րում­նե­րուն տի­րա­պե­տող­նե­րուն դիր­քը ա­ւել­ցած է, բայց կա­րե­ւո­րը ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան հե­տաքրք­րա­կան միտք ցու­ցա­բե­րելն է. բան մը, որ կը ստա­ցուի Դա­ւիթ Յա­կո­բեա­նի մօտ։ Ան շատ շուտ յա­ջո­ղե­ցաւ ըն­կա­լել ու մտնել շատ բարձր դա­սի լու­սան­կար­նե­րու շար­քը», ը­սաւ Մար­թին Շահ­բա­զեան։  

Հարկ է նշել, որ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեանն ալ ե­րէկ պա­տուեց այս ցու­ցա­հան­դէ­սը եւ Դա­ւիթ Յա­կո­բեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ շրջայց մը կա­տա­րեց՝ տես­նե­լով իր անձ­նա­կան լու­սան­կար­չին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2016