ԿԱՂԱՆԴԻ ԱՆՍՈՎՈՐ ՃԵՊԱՆԿԱՐՆԵՐ

Կաղանդի ծառ չկայ այս տարի: Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը տօնական հանդերձանք չունի: 1950 թուականէն ի վեր, երբ Հրապարակին վրայ դրուեցաւ առաջին տօնածառը, այս տարի՝ 2021 թուականի Կաղանդին առաջին անգամ քաղաքը գլխաւոր տօնածառ պիտի չունենայ: Այսպէս որոշած է Երեւանի ղեկավարութիւնը եւ տօնական զարդարանքին գումարը Արցախ ղրկած: Արցախն է այսօր բոլորիս խօսքերուն, միտքերուն, հոգիներուն գլխաւոր տիրակալը: Աղօթքները փոխուած են, մրմունջները լսելի դարձած ամէնուր: Ամէն մարդ կը խօսի նոյն բանին մասին: Այնպիսի տպաւորութիւն կայ, որ բոլորը կը խօսին միաժամանակ, եւ լռութիւն չկայ այլեւս…

2020-ը ծանր պատմական տարի մը եղաւ համայն հայութեան համար: Հայոց պատմութիւնը գլխիվայր շրջեցաւ: 44 օր տեւած պատերազմին ընթացքին Հայաստանը կորսնցուց Արցախի զգալի մասը, ուր մնացին զոհուած հայ տղոց բազմաթիւ մարմիններ, պատմական յուշարձաններ, եկեղեցիներ, արիւնով ներկուած հողը մնաց հոն եւ, ի վերջոյ, մեր բոլորիս սիրտերը մէկընդմիշտ հոն մնացին…

Թեթեւ սիրտով եւ պայծառ տրամադրութեամբ դիմաւորեցինք 2020-ը, բայց ահաւասիկ, ծանր հոգիով, արցունքը աչքերնուս, սեղմուած ատամներով, քարացած բռունցքներով եւ գլխիկոր հրաժեշտ կու տանք…

Կը քալենք փողոցներուն մէջ եւ այնպիսի զգացում մըն է, որ կարծես կը քալենք առանց հագուստի, պատռուած կօշիկով, կ՚ապրինք առանց պատերու տուներուն մէջ եւ բոլորս զիրար կը դիտենք: Ամօթին, նուաստացումին յաջորդող խռովքը չի լքեր մեզ…

Հրապարակէն զատ, քաղաքն ալ առանձնապէս տօնական զարդարանք չունի. անշուք է երկիրը՝ իր մեծ ու փոքր բնակավայրերով, իր սահմանամերձ դարձած տխուր գիւղերով, ուր վառ կարմիր տանիքները այս օրերուն հողագոյն կը թուին: Զարդարանք չկայ, իսկ ով որ պզտիկ եղեւինի ճիւղ մը զարդարած է, կարծես վախով եւ ամօթով ըրած է այդ մէկը, քանի որ քաղաքին տխրութեան եւ միապաղաղ օդին մէջ նոյնիսկ պզտիկ փայլքերը մեծ արկածներ կը թուին: Լոյսէն, ցոլքէն եւ խնդութենէն զուրկ փողոցներ են, ուր գլխաւոր հերոսը զինուորն է: Ամէնուր ձեռնափայտով կամ առանց ձեռնափայտի զինուորներ կան, որոնք զոհուածներուն, անհետ կորածներուն եւ գերեվարուածներուն իրողութեան կողքին հսկայ հերոսներ կ՚երեւին մեր աչքին: Մէկը ձեռք չունի, միւսը՝ ոտք, կան երկու ձեռքէ զրկուածներ, կան ոտքերը, աչքերը կորսնցուցածներ, բայց բոլորը հսկայ դիւցազուններ կը թուին մեզի: Զինուորն է այսօրուան գլխաւոր հերոսը: Մինչեւ վերջին պահը մարտ մղած զինուորին պատկերը աչքերնուս առջեւ՝ հրաժեշտ կու տանք այս դժնդակ տարուան եւ կը փորձենք դիմաւորել նորը:

Պատերազմը կարծես չէ աւարտած: Պատերազմէն ետք այս օրերը աւելի ծանր կը թուին: Այս Կաղանդը ամենածանրն է: Սփոփիչ ոչինչ կայ: Ամոքիչ խօսքերը իմաստազուրկ դարձած են: Բոլոր ժպիտները կեղծ կը թուին եւ բոլոր ձայները, որոնք բարձր են, ականջ կը ծակեն… Բոլոր խօսքերը կ՚ուզես ուղղել տուն դարձած զինուորին, անոր մօրը, կնոջ, զաւկին: Մնացածը ունայնութիւն է… Զզուելի կը թուի իշխանութեան համար փողոց ելած եւ ամպիոն բարձրացած ամէն մարդ: Անհաւատալի է, որ անոնք բոլորը նոյն ծանր ապրումներով իշխանութեան համար պայքարի ելած են: Ցաւը կը շահարկեն եւ աւելի ամօթալի կը դարձնեն մեր կեանքը…

*

Կաղանդի ծառ դնե՞նք, չդնե՞նք… Այս մտորումները ամէն տունի մէջ կան: Երեխաներուն է Կաղանդը, ծառ դնենք, որ անոնց ուրախութիւնը չխաթարուի, կ՚ըսենք: Մանուկներու բերկրալի ձայներուն ներքոյ թող գայ Նոր տարին, կ՚ըսենք: Ծառ դնենք, որ նոր տարին բարի ըլլայ: Չէ՞ որ ծառը ուրախութեան խորհրդանիշն է: Սքանչելի բան մը կը սպասես ծառին խորհուրդէն, ծառին հիւթեղ կանաչէն, անոր վրայ երեւցող գոյնզգոյն գնդիկներէն, հազարագոյն լոյսերէն… Բայց եւ այնպէս, բազմաթիւ տուներու մէջ սուգ է: Հազարաւոր մայրեր տակաւին կը սպասեն իրենց որդիներուն, որոնք չվերադարձան: Ծանր է անթաղ որդիին վիշտը: Անոնք, որոնք թաղեցին իրենց զաւակները գոնէ գիտեն, որ լալու, մխիթարուելու տեղ մը ունին: Իսկ անոնք, որոնք չեն գիտեր՝ թէ ո՞ւր է զաւակը, խենթի պէս պատեպատ կը զարնուին, միտքերով կ՚երթան ցուրտ անտառներն ու դաշտերը, ուր որ կռուած է իրենց զաւակը եւ տակաւին կը պատկերացնեն որ հոն է: Անոնց աղօթքները, երազները այդ ձորերուն եւ սարերուն մէջ են, ուր դեռ ողջ ու առողջ կ՚երեւակայեն իրենց զաւակը՝ զէնքը ձեռքին, զինուորական հագուստը հագած եւ գլխարկը գլխին: Ոչ ոք կ՚ուզէ հաւատալ, որ զոհուած է որդին: Անհետ կորսուածներու հազարաւոր ծնողներէն եւ հարազատներէն ոչ ոք միտքով թաղած է զաւակը: Անոնք կը սպասեն հրաշքի մը: Կը սպասեն, որ մարդկային ուժերը գերազանցող նշանով մը յանկարծ յայտնուի իրենց որդին: Կաղանդը սպասելիքի, հրաշալիքի նոր յոյսեր կը բանայ այդ մարդոց համար: Անոնք Կաղանդի անակնկալներուն հետ իրենց որդիին երեւումին կը սպասեն, ականջները հեռաձայնի ձայնին, դուռի թխկոցին, փողոցի ինքնաշարժի շչակին… Հոգի հանող, սիրտ մաշող այս պատմութիւնները ամէնուր են:

Այլեւս անկարելի է ապրիլ առաջուայ անհոգ թուացող կեանքը: Այլեւս անկարելի է ունենալ նոյն երազներն ու յոյսերը, զորս ունէինք մէկ տարի առաջ: Մեր կեանքը այլեւս առաջուանը չէ: Չի կրնար ըլլալ: Մեր գիշերներն ու ցերեկները իրարու խառնուած են եւ մենք այլեւս դժուար կը նկատենք, թէ ե՞րբ բացուեցաւ լոյսը եւ ե՞րբ իրիկնամուտը իր յուշիկ թեւերով նստաւ քաղաքին եւ գիւղերուն վրայ:

Մենք մոռցած ենք անձրեւին ձայնը, ծիածանին գոյնը, ծառերուն խշխշոցը եւ եթէ լսենք եւ տեսնենք ալ, ապա ամէնը մէկ գոյնով եւ ձայնով պատուած կ՚ըլլան: Ո՞ր կողմը որ նայինք՝ մեր հայեացքը դէպի քաղաքին սրտին մէջ օր օրի ընդարձակող բլուրը կը դառնայ…

*

Եռաբլուր տանող ճամբան մարդաշատ է: Սեպտեմբեր 27-էն ի վեր ոչ մէկ օր կեցաւ այդ ճանապարհի երթեւեկը: Շատերը ոտքով կը հատեն երկար ճամբան, ուխտաւորի պէս կը քալեն մանրիկ քարերուն վրայէն եւ կը ջանան միտքերն ու յոյզերը դասաւորել, մինչեւ տեղ հասնին:

Ամէն օր նոր շիրմաթումբեր աւելցան եւ տակաւին կ՚աւելնան այդ ազգային շիրմատան մէջ, որ դարձած է հայոց նոր վիշտին հանգրուանը: Այս տարի առանձնապէս ձիւն չեկաւ, աշունը երկարեցաւ, խառնուեցաւ ձմեռնային օրերուն եւ Եռաբլուրին շուրջը կան խոր աշնանային մեղեդիներ, որոնք յաւելեալ կերպով կը խոցեն սիրտերը… Թարմ ծաղիկներուն հոտը միախառնուած է խունկի, մոմի, ծուխի հոտին. լալահառաչ ձայները ամէն անկիւնէ կ՚ելլեն, չես գիտեր ո՞ր կողմը դարձնես գլուխդ, ո՞ր սեւազգեստ մօր աչքերուն նայիս եւ ո՞ր ջահել վշտահարին ձեռքը բռնես… Ծանօթ դէմքեր են բոլորը:

Ահա երգիչ Դաւիթ Ամալեանը, որ տակաւին ամիսներ առաջ երգեր կը պարգեւէր մեզի, այսօր որդիին մահը կը սգայ: Ահա բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեանը. ան տարիներ առաջ պատերազմին մասին գրած է.

Բարձունքը մերն է, տղերքը՝ չկան,
տղերքն աւելի բարձրում մնացին
Դիպան Աստղերին, աստղերը հանգան
Ու մռմուռ քսուեց մեր ցամաք հացին։

Այսօր Խաչիկը իր Վաչագան որդիին մահը կը սգայ: Ահա Կարին Տօնոյեանը, տակաւին երէկ հեռատեսիլէն կը վարէր իր հաղորդումը, թոռնիկներուն հետ որդիին շիրմին քով գլխահակ կեցած է:

Ահա նկարչուհի մը, ուրիշ երաժիշտ մը, գրականագէտ մը, ճարատարապետ մը, բոլորը կը ճանչնամ ու ապշահար կը նայիմ, թէ ինչքա՜ն փոխուած են քանի մը օրուան ընթացքին… Բոլորը սգալու նոյն ձեւը ունին, քանի որ բոլորին վիշտը նոյնն է, մահը եկած է նոյն տեղէն եւ գնդակը խոցած է ջահել սիրտ մը… Բոլորին վիշտը սահմաններ չունեցող է…

Բոլորը Կաղանդէն առաջ անգամ մը եւս այցի եկած են իրենց զաւակներուն, որոնց մարմինները գրկած է հայրենի հողը, որ աւաղ, շատ ցուրտ է այս անգամ… Հողաթումբերուն վրայ անոնց անուններն են, յաճախ կրկնուող անուններ կան, տեսիլքի պէս կ՚երեւի ամէն ինչ, վստահ ես, որ նոյն անունը արդէն տեսած ես, նոյն շիրիմին քովէն արդէն անցած ես, բայց կը կրկնուին թէ՛ անունը, թէ՛ շիրիմը, թէ՛ ծաղիկներուն կոյտը եւ թէ՛ նոյն սուգի միալար ձայնը, որ կը թափառի…

Եռաբլուրը ծանր ապրումներու վայր մըն է, ուր կը խտանայ այս օրերու բոլոր տեսած-լսածդ:

Քիչ մը աւելի մնալով հոն, խանգարում մը կ՚ունենաս, կ՚ուզես ցատկել եւ մէկ անգամէն յայտնուիլ ուրիշ իրականութեան մը մէջ, ուր միայն լոյսեր կան, գոյներ, ուրախ ժպիտներ… Բայց այսօր Հայաստանի մէջ չկան նման վայրեր: Կը զարմանաս, որ ինչպէ՞ս յանկարծ փոխուեցաւ ամէն ինչ, տակաւին ամիսներ առաջ ջուրը կը հոսէր, ծառը կը ծաղկէր բնական կերպով եւ երկինքը կը պայծառանար անձրեւէն ետք: Այսօր նորէն անձրեւ էր, բայց երկինքը չպարզուեցաւ… Թաց են Եռաբլուրին բոլոր շիրմաթումբերը… կարմիր, ճերմակ մեխակներուն գլուխները ցօղով պատուած են, անձրեւը դադրած է, արեւ ալ կարծես կայ, բայց երկինքը չպարզուեցաւ: Ամէն ինչ մշուշի տակ կ՚երեւի:

Ուրկէ ո՛ւր, կը լսուի օդանաւի ձայն մը եւ Եռաբլուրին մէջ գտնուող ամէն մարդ, ակամայ կերպով կուչ կու գայ, վեր կը նայի… Մենք միշտ շատ նայած ենք երկնքին… Այն երկնքին, որ կանչեց իր լաւագոյն զաւակները…

*

Օդանաւին ձայները դարձած են մեր կեանքի անբաժանելի մասը: Գիշեր-ցերեկ օդանաւերը կը սաւառնին Երեւանի երկնակամարին վրայ. տարօրինակ ձայներ ունին այս օրերուն: Գիտենք, որ անհոգ ճամբորդական թռիչքներ չեն, որ կը գծուին մեր գլխուն վերեւ: Ռազմական շունչը օդին, գետնին վրայ է եւ օդանաւերն ալ այդ ռազմական լարուած առօրեային մէկ մասն են: Արթօ Թունջպոյաճեանի երգը կը յիշեմ. «Օդանաւ, օդանաւ, մենք կ՚ուզենք երթալ Հայաստան»: Բայց տագնապալի ձայներ արձակող այս օդանաւերը բնաւ ալ երգի մէջ երգուող օդանաւերը չեն, որ կարօտակէզ սիրտերը Հայաստան կը բերեն:

Դժուար է այսօր գտնել մէկը, որ Հայաստան կ՚ուզէ գալ: Երազային հայրենիքին սէրը սիրտին մէջ ոչ ոք կ՚ուզէ խոցուած տեսնել հայրենիքը: Մինչդեռ վիրաւոր լորիկի թփրտացող սիրտ ունեցողի պէս է հիմա Հայաստանը, որ այսօր ամենաշատ կարիքը ունի իր զաւակներու դարմանումին: Կարիք ունի ջերմ ու հոգատար ձեռքերու եւ հրաշքի մը, որ թերեւս ըլլայ…

Այնուհանդերձ, Երեւանի փողոցներուն մէջ կը տեսնենք դուրսէն եկած քչաթիւ մարդիկ, որոնք կամ շատոնց որոշած էին Կաղանդին Հայաստան գալ, կամ ալ իրապէս, վիրաւոր երկրին մէջ Կաղանդը դիմաւորելու փափաքով ճամբան զանոնք հոս բերած է…

Տօնական մաղթանքներուն մէջ նոր մաղթանքներ կ՚աւելնան՝ թող այլեւս պատերազմներ չտեսնենք, թող տուն դառնան կորսուած որդիները, թող բժշկուին թշնամիին գնդակէն խոցուած տղաքը, թող ծաղկուն հայրենիքին գաղափարը փարատէ հազարաւոր զոհերուն վիշտը, անթառամ մնայ անոնց յիշատակը եւ թող 2020-ը այլեւս չկրկնուի…

*

Հայաստանի այսօրուան տխուր Կաղանդը ինծի կը յիշեցնէ 1988-ի դեկտեմբերի երկրաշարժին յաջորդած Կաղանդը: Կրկին համազգային վիշտի մէջ էինք, մահը, աւերը, ցասումը, վիշտն ու արցունքը կրկին խառնուած էին իրարու: Տարբերութեամբ մը, որ այն օրերուն ամբողջ աշխարհը մեզի հետ էր: Աշխարհի բոլոր ծագերէն մխիթարանքի, սիրոյ, ապրումակցումի հազարաւոր խօսքեր կը թեւածէին, կը հասնէին ցաւատանջ սիրտերուն… Անհաշիւ նուէրներ եկած էին եւ տօնածառ դնելն ալ ամօթալի արարք չէր, նուաստացած չէինք, ոչ ալ՝ պարտուած… Մանուկներու համար անմոռանալի տօն սարքուած էր այդ տարին եւ մեծերն ալ հաւասարապէս ուրախացան: Գետինը սառոյց էր, մարդիկ հազիւ կը քալէին սառցակած մայթերէն, երկրաշարժէն որբ մնացած մանուկները, տունը կորսնցուցածները Երեւանի մէջ խմբուած էին, տխուր էր նորէն, բայց այսպիսի զգացումներ չկային… Աշխարհը աճապարած էր մեր կողքին ըլլալու…

Այսօր առանձին է Հայաստանը: Տառապանքի, կսկիծի, մորմոքի ցաւի հետ առանձին մնացած է մեր ժողովուրդը: Չկայ զօրավիգի, խրախոյսի, մխիթարանքի եւ աջակցութեան այն ալիքը, որ քիչ մը պիտի հանէր մեզ այս թախիծէն: Այս մէկը աւելի կը խորացնէ ամէն ինչ, աշխարհի հանդէպ անարգանք կ՚ունենաս, բայց նորէն կը վերադառնաս քու նախաստեղծ կերպիդ, որ սիրոյ եւ ներումի միախառնումն է:

Թախիծը, կսկիծը թանձրամած նստած է ամէնուր: Կարծես գծագրիչի մը անտեսանելի ձեռքը՝ գիշերով, հաստ վրձինով թախիծ քսած է ամէնուր եւ այդ տխուր գոյներուն վրայ հաստատուն նիւթ մը պատած է, որ երկար ժամանակ դիմանայ: Աշխարհը բոլորովին ուրիշ տեղ մըն է այս օրերուս, մենք՝ բոլորովին ուրիշ...

Հեռատեսիլէն կը դիտեմ աշխարհի ուրիշ մայրաքաղաքներուն մէջ տօնական տրամադրութիւններ հաղորդող պատկերներ: Տարօրինակ կը թուին դէմքերը, հագուստները, տօնական սեղանները: Կեանքի մէջ առաջին անգամ կը նախանձիմ ուրիշներու ուրախութիւնն ու անհոգութիւնը:

Ահա պատերազմը այսպիսի վերիվայրումներ բերաւ բոլորիս հոգեմտային աշխարհին: Ան խառնեց ամէն ինչ, նոր կերտուածքներ յառաջացուց մեր մէջ եւ մեզ նոր մարդ դարձուց: Այս պատերազմը նոր բանաձեւեր դրաւ հայ մարդուն մէջ: 44 օրը դարու մը տեւողութիւն ունէր եւ աւելի երկար կը թուի անոր յաջորդող այս ժամանակաշրջանը: Ձիգ ու երկար օրերը վերջ չունին:

Ամենադաժան բանն է պատերազմը: Եւ միայն պատերազմը ըլլալէն ետք է որ իրապէս կը գնահատես խաղաղութիւնը, անհոգութիւնը, սրտանց խնդուքը եւ պարզ առօրեան: Մեր առօրեան խիստ բարդացած է այսօր: Չկան պարզ յարաբերութիւններ, չկան պարզ խօսակցութիւններ եւ չկան թեթեւ ու անհամեստ զրոյցներ, որ երբեմն կարող էինք մեզի արտօնել… Նոր տարազներ, ձեւեր եւ նոր տարողութիւններ ի յայտ եկած են, որոնք մարդ արարածներուս զարմանք կը պատճառեն: Կը զարմանանք, որ ամիսներ առաջ ինչպէ՛ս կ՚ապրէինք եւ կը մտածէինք եւ ինչպէ՛ս այսօր կ՚ապրինք: Մեր բառամթերքին մէջ բառեր յայտնուած են, որ տարօրինակ կը թուէին մէկ տարի առաջ, նոյնիսկ մեր շարժումները փոխուած են, ապրելու կերպը դարձած է հոգիի չարչարանքին մէջէն յառնող ճիչ մը…

*

Կաղանդէն առաջ այս քանի մը օրը զոհուած տղոց անուններու ցուցակներ չեն հրապարակուիր: Կարծես կը վարանին Կաղանդի օրերուն նման սեւ թուղթեր մէջտեղ հանելու: Կամ վերջացած են այդ ցուցակները, կամ ալ կը սպասեն, որ Կաղանդը անցնի եւ նորէն մեզի կեցնեն դաժան իրականութեան առջեւ: Պատերազմի օրերուն եւ ատկէ ետք ալ, օրեր կ՚ըլլային, որ առտուները անկարելի կ՚ըլլար աչքերը բանալ: Կը կարծէի, որ եթէ բանամ աչքերս եւ համացանցին նայիմ, կրկին մահացած մարդոց ցուցակ պիտի տեսնեմ: Օրեր կ՚ըլլային՝ երկու անգամ կը հրապարակէին նման ցուցակները: Անվերջ մղձաւանջ էր… Անուններ, մականուններ, հայրանուններ, ծննդեան թուականներ, արդէն սովորական դարձած մահուան ամսաթիւեր… Ասոնք դարձան հիւանդագին տխրութեան առիթները, որմէ կ՚ուզէի ամէն գնով խուսափիլ: Սեւամաղձ այդ օրերը հիմա հեռաւոր մշուշի պէս կը յիշեմ եւ չեմ ուզեր այլեւս տեսնել անուններու նման յաջորդականութիւն:

Երբ քիչցան տղոց անուններուն ցուցակները կամ արդէն վերջացան, ի յայտ եկան նոր ցուցակներ, որոնք ուրիշ հոգեմաշ ցաւ մը կու տան: Անոնք թշնամիին յանձնուած գիւղերուն, բնակավայրերուն ցուցակներն են, որ նոյնպէս կը թուի վերջ չունին: Կը կարդամ հայկական պատմական անունները, որոնք ամէն մէկը, զատ թուղթի վրայ գրելով, կ՚ուզեմ կախել Կաղանդի ծառին վրայ, որպէս նշխար անցեալ կեանքէն:

192 բնակավայր… 2020-ը եղաւ ոչ միայն հազարաւոր զոհերու, անհետ կորսուածներու, հաշմուած եւ գերութեան մէջ յայտնուածներու տարի, այլեւ հողի, հայոց ինքնութեան կորուստի տարի, որ սեւով կը գրուի մեր պատմութեան մէջ…

Կորսուած վայրերը մեր պատմութեան լուռ վկաներն են, անոնք գիրքեր էին, որ այրեցան, մատեաններ էին, որ հուրի տրուեցան եւ զաւակներ էին, որ յօշոտուեցան…

7 քաղաք՝ Շուշի, Հադրութ, Ներքին Ճարտար, Քարվաճառ, Կովսական, Միջնաւան, Որոտան:

185 գիւղ, որոնց մէջ շատ են պատմական գիւղերը, ամենայայտնիները՝ Դադիվանք, Ազոխ, Ուխտասար, Թալիշ, Մատաղիս, Քարինտակ, Ալաշկերտ, Ծիծեռնավանք:

Այս բնակավայրերէն 72-ը թշնամին գրաւած է կռիւով:

120 բնակավայր, այդ կարգին՝ Քարվաճառ քաղաքը, թշնամիին յանձ-նըւած է առանց կռուի…

Դաւաճանութեան պատկերներ կը ձգէ նաեւ իր ետին 2020 թուականը: Հերոսական պայքարի բոլոր օրերուն միախառնուած է անհաւատարմութեան, ուրացումի եւ մորթապաշտութեան բազում դրուագներով: Հայ մարդուն մէջ եղած նենգութիւնը, ստորութիւնը հոսած է ամէնուր: Որքան որ կամքի, ուժի, նուիրումի եւ հերոսացումի պատմութիւններ կան, նոյնքան ալ գետնաքարշութեան նկարագրութիւններ են, որ կը պատմուին եւ աւարտ չունին: Փոքրոգի եւ անազնիւ կերպարները տակաւին կառչած կը մնան իրենց աթոռներուն, տակաւին ուրիշներու վրայ կը նետեն իրենց ձախողումն ու գռեհիկութիւնը:

Կորուստի ցաւին նաեւ այս ցաւը գումարուած է… Եւ կսկիծներու բազմատեսակ բեռը շալկած 2021 թուականի դուռը կը բանանք: Ինչպէ՞ս պիտի ելլենք այս ծանրութեան տակէն, ինչպէ՞ս ամուր պիտի մնանք զոհուածներու յիշատակին առջեւ, առայժմ ոչ մէկ ուղի կայ: Բոլորս կ՚ապաւինենք մեր ոգիի ամրութեան եւ մեր ողի պնդութեան:

Կաղանդի խորհուրդին հետ մեր բոլորիս սիրտերը մէկ անգամ կրկին կ՚ելլեն իրենց բոյներէն եւ կը թռչին հեռու հեռուներ, ուր չկայ հոգեկան տառապանք: Բոլորս կը սպասենք հրաշագործութեան մը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2020