Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՍԵՄԻՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ, երէկ երեկոյեան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ձօնուած աւանդական հոգեւոր համերգը։ Երեկոյթին նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Կիւրեղ Վրդ. Դաւթեան, Տ. Դանիէլ Վրդ. Թումանեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրգիոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ մեր համայնքէն բազմաթիւ երաժշտասէրներ։
Համերգի ընթացքին հանդէս եկաւ Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը։ Դպրապետ Խաչիկ Սարկաւագ Սարըլըի ողջոյնի խօսքէն վերջ սկսաւ յայտագրի գործադրութիւնը։ Առաջին բաժնին մէջ երգչախումբի մանկանց կազմը հանդէս եկաւ՝ Գարին Քաթրանճըօղլուի մականին ներքեւ։ Նուագակցեցան Նարինէ Մանուէլեան եւ Րաֆֆի Տէր-Գէորգեան։ Երկրորդ բաժնին մէջ հանդէս եկաւ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի բուն երկսեռ կազմը՝ խմբավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։ Խումբը ներկայացուց հայկական եկեղեցական եւ աշխարհիկ երաժշտութենէն յայտնի գործերու փունջ մը։
Երեկոյթը աւարտին հասաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի խօսքով։