ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ. ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՆԵՐՇՆՉՈՒՄՆԵՐ

Տօնական եւ խորհրդալի այս օրերուն բացառիկ ցուցահանդէս մը բացուած է «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ: Ցուցադրուած են Սուրբ Ծնունդը պատկերող բացառիկ մանրանկարներ, որոնցմէ շատեր առաջին անգամ կը ցուցադրուին: Սուրբ Ծնունդը կը նկատուի Յիսուս Քրիստոսի երկրային կեանքի ամենակարեւոր դրուագներէն մէկը, տօն մըն է, որ քրիստոնէական աշխարհը կը տօնէ ամենայն բարեպաշտութեամբ եւ երկիւղածութեամբ:

Սուրբ Ծնունդը յատուկ նշանակութիւն ունի նաեւ հայկական մանրանկարչութեան տէրունական պատկերաշարին մէջ:

Տէրունական պատկերաշարը, ինչպէս ծանօթ է, կը խորհրդանշէ Քրիստոսի կեանքը ներկայացնող տասներկու նիւթով մանրանկարներ եւ Սուրբ Ծնունդը այդ նիւթերէն մէկն է: Միւս նիւթերը նոյնպէս կարեւոր տեղ կը զբաղեցնեն տէրունական պատկերներու մէջ եւ ատոնք պատկերող մանրանկարներն ալ կապ ունին Քրիստոսին առընչուող միւս տօներու հետ եւ զանազան առիթներով կը ներկայացուին հանրութեան:

Ինչպէս «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի մասնագէտները կը բացատրեն՝ Ծննդեան տեսարանը պատկերելու ժամանակ՝ հայ մանրանկարիչները ներշնչուած են ինչպէս Սուրբգրային, այնպէս ալ՝ պարականոն բնագրերէն:

Այս ցուցահանդէսի առթիւ մասնագէտներ կը յիշեցնեն, որ հայ արուեստի մէջ Սուրբծննդեան տեսարանի հնագոյն պատկերները մեզի հասած են Զ. դարէն։ Ատոնք են՝ Օձունի նշանաւոր կոթողի հարթաքանդակը, Էջմիածնի Աւետարանի փղոսկրեայ կողքին վրայ պատկերուած Ծնունդն ու մոգերու երկրպագութիւնը ներկայացնող դրուագները եւ նոյն ձեռագիր մատեանին մէջ զետեղուած «Մոգերու երկրպագութիւն» մանրանկարը։ Մանրանկարչութեան մէջ, սակայն, մասնագէտները կը փաստեն, որ այս տեսարանը երեւան կու գայ քիչ աւելի ուշ: Ուսումնասիրողներուն ծանօթ ամենավաղ օրինակները կը հանդիպին 11-րդ դարու նկարազարդ Աւետարաններու շարքին:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած մանրանկարներուն մէջ կը տեսնենք ընդուն-ւած եւ ծանօթ պատկերագրութիւնը՝ տեսարանի կենդրոնը, որպէս առանցքային կերպարներ կը ներկայացուին Աստուածամայրը եւ Մանուկ Քրիստոսը՝ քարայրին մէջ: Քրիստոսի մսուրին շուրջ պատկերուած են աւանակն ու եզը՝ ի նշան հնազանդութեան եւ երկրպագութեան: Վերեւէն դէպի մանուկ Քրիստոս կը ճառագէ Բեթղեհէմի ուղեցոյց աստղը, իսկ երկնային զօրութիւնները՝ հրեշտակները, կ՚օրհնեն զԱստուած՝ փառաբանելով Քրիստոսի ծնունդը: Յովսէփը սովորաբար կը ներկայացուի մեկուսի խորհելու ժամանակ՝ մանրանկարի ստորին ձախ անկիւնը:

Ծննդեան տեսարանը յաճախ կը զուգոր-դըւի մոգերու երկրպագութեան, հովիւներու այցի եւ մանկան լոգանքի մանրամասներով: Երեք մոգերը՝ Մելքոնը, Գասպարը եւ Պաղտասարը, կը պատկերուին թագաւորական հանդերձանքով, յաճախ՝ առանց ձիերու, երբեմն ալ՝ ձիերով: Անոնք Քրիստոսին կ՚ընծայեն իրենց նուէրները՝ ոսկին, կնդրուկը (անուշահոտ, ազնիւ տեսակի խունկը) եւ զմուռսը՝ խունկի պէս հոտն անուշ խէժը: Հովիւները սովորաբար կը պատկերուին հօտը արածեցնելու ժամանակ, սրինգ նուագելու ընթացքին կամ մահակը ձեռքներուն:

Մանկան լոգանքը հիմնականը կը պատկերուի տեսարանի վարի գօտիի աջ անկիւնը: Իսկ այս հրաշալի շարադրանքի կեդրոնը ջուրով լի աւազանն է, տղաբերքը հսկող դայեակներէն մէկը ձեռքին սափորը բռնած է, իսկ միւս դայեակը կը պատրաստուի Մանուկը ընկղմել ջուրին մէջ կամ ալ Ան՝ Մանուկը, արդէն պատկերուած է ջուրին մէջ: Երկու մանկաբարձներէն մէկը Եւան է, որ այդ պատկերուած դրուագին մէջ կը խորհրդանշէ փրկագործութիւնը:

Ահաւասիկ, հրաշալի այս պատկերներով, շարադրանքով, յօրինուածքով եւ կազմուածքով յագեցած են Մատենադարանի մէջ բացուած ցուցահանդէսի մանրանկարները:

ԲԱՑԱՌԻԿ ՆՄՈՅՇՆԵՐ

Ցուցադրուած բոլոր նմոյշները բացառիկ են. բայց բացառիկներու մէջ միշտ կան ինքնատիպներ, որոնց մասին «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանը յատուկ գրառումներ կատարած է.

Աւետարան, Ժ.Գ. դար, Կիլիկիա

Գրիչ՝ Սուքիաս ծերունի, ծաղկող՝ անյայտ

Կիլիկեան արքայական ձեռագրերու խումբին մէջ եզակի գոհար է Մատենադարանի թիւ 9422 Աւետարանը, որու մէջ գտնուող «Աւետում» մանրանկարը հայ ձեռագրական արուեստի բացառիկ նմոյշներէն է:

Տիրամօր կերպարի գլուխին դիրքը, նայուածքը, ձեռքին շարժումը շքեղ հմայք կը հաղորդեն մանրանկարին: Իւրօրինակ բուսական փշանման զարդերով շրջանակին մեջ ամփոփուած այս նկարազարդման ճարտարապետական նուրբ տարրերը, կերպարներու՝ գունեղ քարերէ հիւսուած լուսապսակները կը վկայեն անանուն մանրանկարիչի ստեղծագործական օժտուածութեան ու ընտիր ճաշակին մասին: Կը տեսնենք, որ այս ցուցահանդէսին ներկայացուած որոշ ձեռագիր մատեաններու մէջ, Սուրբ Ծնունդը ներկայացնող տեսարաններու հետ, նոյն էջի բացուածքի վրայ երբեմն պատկերուած է նաեւ Աւետումը:

Ցուցահանդէսին իրենց պերճութեամբ կը փայլին Աւետարաններու արծաթեայ կրկնակողքերը, որոնց վրայ նոյնպէս Սուրբ Ծնունդի տեսարաններ պատկերուած են: Արծաթեայ գեղարուեստական կրկնակազմի պատրաստումը ձեռագիր մատեանի ստեղծման վերջին փուլն է եւ Յիսուսի Ծննդեան տեսարանը այդ կրկնակողքերու յարդարանքին մէջ աստուածաշնչեան այլ տեսարաններու կարգին սկսած են հանդիպիլ 14-րդ դարէն սկսեալ:

Մատենադարանին մէջ պահուող Աւետարանի ամենավաղ թուագրուած կրկնակողքը 1651 թուականին Խաչատուր կրօնաւորի պատրաստած բացառիկ օրինակն է, որու երկու երեսները զարդարուած են նոյն տեսարանով։

Ցուցադրուած միւս երկու կողքերու վրայ մասնագէտներ նկատած են եւրոպական արուեստի ազդեցութիւնը, որով մանաւանդ ակնառու են Կեսարիոյ մէջ ստեղծուած կրկնակազմերը։ Ցուցադրուած է 1636 թուականին ընդօրինակուած Սաղմոսարանի արծաթեայ կրկնակազմ, ինչ որ Կեսարիոյ հայկական արծաթագործութեան բացառիկ օրինակներէն է, զոր պատրաստած է վարպետ Մալխաս Մ․ Կարապետը՝ 1704 թուականին: Ցուցահանդէսի այցելուն, փաստօրէն, մանրանկարներէն զատ, կը տեսնէ նաեւ արծաթագործութեան վաղեմի նմոյշներ, որոնք նոյնպէս եզակի են:

«Սուրբ Ծնունդ. Մանրանկարչական ներշնչումներ» խորագրով ցուցադրութեան ներկայացուած յաջորդ Աւետարանի կողքը չունի յստակ թուագրում, սակայն ոճով նման է 17-19-րդ դարերու օրինակներուն։ Ծննդեան տեսարանը կրկին երկրորդ փեղկին վրայ է: Յօրինուածքի կեդրոնը նորածին Քրիստոսն է, Անոր շուրջն են Մարիամը, Յովսէփը եւ երկրպագելու եկած մոգերը։ Յօրինուածքը կ՚ամբողջանայ ամպերու մէջէն նայող հրեշտակի պատկերով։

Այս ցուցահանդէսը կազմակերպած գիտնականները հայ մանրանկարչական դպրոցներու գրեթէ բոլոր դպրոցներուն պատկանող Աւետարաններէն ընտրած են ամենաբացառիկները, որոնք ունին ոչ միայն Սուրբ Ծնունդի տեսարաններ, այլեւ կը բնորոշեն տուեալ ձեռագրական դպրոցը:

Ուշագրաւ այս ցուցադրութեան համար Մատենադարանի գանձարանէն ընտրուած է ութ ձեռագիր մատեան, երեք արծաթեայ պաշտպանող կրկնակազմ, որոնց վրայ նոյնպէս Սուրբծննդեան տեսարաններ են: Ցուցադրուած է նաեւ չորս ժապաւէնաձեւ հմայիլ, որոնց մէջ ալ դիտողը կը տեսնէ Սուրբ Ծնունդի դրուագներ:

Հմայիլները «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի հարստութիւններէն են, եւ այնտեղ պահուող 161 հմայիլներէն միայն հինգի վրայ պատկերուած են Սուրբ Ծննդեան տեսարաններ, այդ հինգէն չորսը դրուած են ցուցադրութեան: Հմայիլները՝ աղօթքներու, աղերսներու, մաղթանքներու հնամենի այս նշանագրերը շատ գործածական եղած են հայոց մէջ, անոնք պահպանիչ-բուժիչ նշանակութիւն ունեցած են, եւ շատ ընթերցուած են, ուստի անոնցմէ որոշ էջեր կորսուած են, որոշ հմայլիներ Մատենադարան հասած են թերի, ուստի հնարաւոր է, որ Սուրբծննդեան տեսարաններ եղած ըլլային նաեւ կորսուած էջերուն մէջ:

Այս Աւետարանները, ցուցանմոյշները անձամբ տեսնելը եւ այս խորհուրդներուն առընչուիլը նման է տաճար ոտք դնելուն, եւ Հայոց Մատենադարանն ալ, իրաւ, իւրօրինակ տաճար մըն է՝ իր անկրկնելի գանձերով եւ համամարդկային արժէքներով:

600 ՏԱՐՈՒԱՅ ԴԵԳԵՐՈՒՄՆԵՐԷ ՅԵՏՈՅ՝ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԶԱՐԴԸ

Տարեվերջը «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի կեանքին մէջ նշանաւորուեցաւ նաեւ անով, որ Մատենադարանը հայրենի կառավարութենէն նուէր ստացաւ 15-րդ դարու մեծարժէք Աւետարան մը, որ «Սուրբ Ծնունդ. Մանրանկարչական ներշնչումներ» խորագրով ցուցադրութեան զարդը եղաւ, քանի որ Աւետարանը հայրենիք վերադարձած է 600 տարուան դեգերումներէ յետոյ: Այս իրադարձութիւնը տօն դարձաւ թէ՛ Մատենադարանի եւ թէ ողջ հայութեան համար:

Առբերդի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ ստեղծուած այս Աւետարանին մէջ Սուրբծննդեան տեսարան պատկերող մանրանկար չկայ, սակայն զայն կը ցուցադրուի նոյն Գրիչին պատկանող մէկ այլ Աւետարանի կողքին, որու մէջ կան Սուրբ Ծնունդի մեծաշուք մանրանկարներ: Այս երկու Աւետարանները միասին ցուցադրելու իմաստը այն է, որ 600 տարի յետոյ հայոց հայրենիքի մէջ հանդիպած են նոյն ընդօրինակողի՝ Ստեփանոս (Իզիտ) կրօնաւորի երկու Աւետարանները: Ծաղկողի անունը յայտնի չէ: Աճուրդէն խոշոր գումարով գնուած եւ Մատենադարանին ընծայաբերուած ձեռագիրը գրուած է 1405 թուականին: Այս մատեանը Նարեկավանքին մերձակայ Առբերդի Սուրբ Աստուածածին վանքէն պահպանուած եւ պատմաբաններուն յայտնի միակ ձեռագիրն է: Առբերդի վանքը այժմ հիմնովին աւերուած է, եւ այս նորայայտ Աւետարանն է միակ վկան այդ վանքի երբեմնի գոյութեան, հոն արարուած արուեստի, հայ ժողովուրդի կերտած գրչական աւանդոյթներու:

Անոր հարուստ մանրանկարները կը պատկանին վասպուրականեան դպրոցին:

Կաղանդի եւ Սուրբ Ծնունդի տօնին ընդառաջ Մատենադարանի մէջ բացուած «Սուրբ Ծնունդ. Մանրանկարչական ներշնչումներ» խորագրով ցուցադրութիւնը ամենաարժէքաւոր նուէրն է Սուրբ Ծնունդի աստուածային լոյսը վառ պահող մարդու, արուեստը գնահատող, հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը սիրող, անցեալը արժեւորող եւ մեր աւանդոյթներն ու հոգեւոր արժէքները պահպանող, տարածող հայուն համար: Ցուցահանդէսը կը մնայ մինչեւ յառա-ջիկայ փետրուար:

«ՀԱՅՈՑ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ»

Սուրբծննդեան տօնի առթիւ՝ յունուարի 6-ին «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին, տեղի կ՚ունենայ «Հայոց Սուրբ Ծնունդ» հոգեւոր-դասական համերգը:

Հոգեւոր-դասական համերգի ընթացքին կը հնչեն հոգեւոր երգեր՝ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբի նուագակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Սուրբծննդեան աւանդական երգեր, աշխարհահռչակ դասականներու՝ Մոցարթի, Հենտէլի, Հայտընի, Շուպերթի, Քերուպինիի, Շթրաուսի, Չայքովսքիի յայտնի ստեղծագործութիւնները:

Մեներգերով հանդէս կու գան ճանչցուած օփերային մեներգիչներ։ Կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբը: «Հայոց Սուրբ Ծնունդ» խորագրով համերգներ, կազմակերպութեամբ Մայր Աթոռի եւ մեր դասական նուագախումբերու, տեղի ունեցած են նաեւ նախորդ տարիներուն եւ աւանդական դառնալու միտում ունին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 4, 2024