ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԱՐԴՈՑ ՆԿԱՐԱԳԻՐԻՆ ՄԱՍԻՆ
Վաղուան Ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 63.7-18:
Պօղոս առաքեալին Տիմոթէոսին ուղղած երկրորդ նամակէն 3.1-12:
Յովհաննէսի Աւետարանէն 6.22-32:
Պօղոս առաքեալին Տիմոթէոսին ուղղած երկրորդ նամակին 3-րդ գլուխին 1-9 համարներուն մէջ կը կարդանք.
«Վերջին ժամանակներու մարդոց նկարագիրը
Սա՛, եւս գիտցիր, թէ վերջին օրերուն դժուար ժամանակներ պիտի գան, որովհետեւ մարդիկ պիտի դառնան անձնասէր, դրամապաշտ, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներուն անհնազանդ, ապերախտ, սրբութիւնները ոտնակոխող, տմարդի, անգութ, չարախօս, անհանդուրժող, դաժան, բարիին թշնամի, մատնիչ, անպատկառ, գոռոզ, եւ աւելի հեշտանքը սիրող՝ քան զԱստուած։ Երեւութապէս աստուածապաշտ են անոնք, բայց խորքին մէջ չեն հաւատար աստուածպաշտութեան զօրութեան։ Զգուշացի՛ր անոնցմէ։ Անոնց մէջ կան նաեւ այնպիսիները, որոնք տունէ տուն կը մտնեն եւ իրենցմով կը հրապուրեն մեղքերով ծանրաբեռնուած եւ զանազան ցանկութիւններէ բռնուած թեթեւաբարոյ կիները, որոնք միշտ կ՚ուզեն գիտնալ, բայց երբեք ճշմարիտ գիտութեան չեն հասնիր։ Այնպէս ինչպէս Եանէս եւ Եամբրէս մոգերը Մովսէսի հակառակեցան, միտքով ապականած եւ հաւատքով սնանկ այս մարդիկն ալ ճշմարտութեան կը հակառակին։ Բայց իրենց յաջողութիւնը երկար չի տեւեր, որովհետեւ իրենց անմտութիւնը շուտով յայտնի պիտի ըլլայ բոլորին, ճիշդ ինչպէս այն երկուքինը եղաւ»:
Առաքեալը իր աշակերտին կը ներկայացնէ վերջին ժամանակներու մարդոց նկարագիրը: Այսօր առանձին-առանձին պիտի փորձենք անդրադառնալ առաքեալին թուարկած կէտերուն: Այսպէս.
ա. Վերջին օրերուն դժուար ժամանակներ պիտի գան. վերջին օրեր ըսելով, Առաքեալը նկատի ունի Տէր Յիսուսի աշխարհ գալուստէն ետք ինկող ժամանակաշրջանը, որ քրիստոնեաներուն՝ զԱստուած ընդունողներուն համար շնորհքի ժամանակաշրջան է, իսկ մեղաւորներուն համար՝ սատանային գերիշխանութեան իրենք զիրենք յանձնողներուն համար դժուար ժամանակներ պիտի ըլլան, որովհետեւ հակառակ այն իրողութեան, որ սատանան մարդիկը կը խաբէ ու կը մոլորեցնէ այս կեանքի հեշտանքներով եւ բարօրութեամբ, որ խորքին մէջ մարդս կը շեղէ ճշմարտութեան ճանապարհէն, կը զրկէ շնորհքէն, որով մարդուն կեանքը որ շնորհքի մէջ էր եւ հակառակ դժուարութիւններուն խաղաղ ու հանգիստ էր, աշխարհիկ թուացեալ հաճոյքներուն մէջ դժուար ժամանակներու կը վերածուի, որովհետեւ Աստուծմէ եւ Անոր մեզի պարգեւած շնորհքէն հեռու, մարդ չի՛ կրնար բարօր կեանք ապրիլ:
բ. Մարդիկ պիտի դառնան անձնասէր. քննենք մենք մեզ եւ մեր շրջապատը. քաջութիւն ունենանք մեր նկատածը բարձրաձայն յայտարարելու, թէ այո՛, այսօրուան մարդը, ընդ որում մեզմէ իւրաքանչիւրը՝ դարձած ենք անձնասէր, մենք մեզմով եւ մեզի համար ապրող, անտեսելով մեր շրջապատը, անտեսելով մեր բարկեամներն ու մտերիմները, անտեսելով մանաւանդ աղքատներն ու կարիքաւորները, որոնք շատ յաճախ իրենց ձեռքը մեզի կ՚երկարեն չնչին օգնութիւն մը՝ բարոյական թէ նիւթական ակնկալելով:
Անձնասիրութիւնը նաեւ մարդս կը հեռացնէ Աստուծմէ: Մեծագոյն պատուրիանը զԱստուած սիրելն է, իսկ երկրորդ պատուիրանը, որ ասոր համազօր է մեր նմանը սիրելուն (կարդա՛ Մտ 22.34-40), իսկ զԱստուած սիրելուն ճանապարհը կը սկսի ու կ՚անցնի մեր նմանը սիրելով նախ եւ առաջ, որովհետեւ ինչպէս Յովհաննէս առաքեալը կը գրէ, «այն մարդը որ կ՚ըսէ՝ "ես կը սիրեմ զԱստուած", բայց իր եղբայրը կ՚ատէ, ստախօս մըն է: Ով որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կրնայ սիրել զԱստուած՝ որ չի տեսներ: Մինչդեռ Քրիստոսի մեզի տուած պատուէրը սա է.- ով որ զԱստուած կը սիրէ, պէտք է իր եղբայրն ալ սիրէ» (Ա. Յհ 4.20-21):
գ. Դրամապաշտ. այսօրուան ամենէն «զօրաւոր» զէնքը, որ անխնայ կը հարուածէ ամէն սրբութիւն, սկզբունք, համոզում ու նկարագիր: Այսօրուան կեանքին դժուար պայմաններն ու պարագները, տկարակամ մարդիկը կը մղեն ամէն տեսակի նուաստութեան: Մարդկային նուաստութեան ամենէն երեւելի արտայայտութիւններէն մէկը դրամապաշտութիւնն է, յանուն որու, մարդ պատրաստ է ամէն ինչ զոհելու: Այսօր, դժբախտաբար, քիչ չէ թիւը դրամապաշտներուն…:
դ. Ամբարտաւան. Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանը ամբարտաւանութիւնը կը համարէ մարդու տկարութիւններէն մէկը, եւ կը յորդորէ մեզի, որպէսզի «քննենք մենք զմեզ Աստուծոյ խօսքին լոյսին տակ եւ լրջօրէն խնդրենք ներկայութիւնը Ս. Հոգիին, որ իրապէս պիտի բանայ մեր հոգիին աչքերը, տեսնելու համար նախ մեր տկարութիւնները եւ մեղքերը -ամբարտաւանութիւնը, նախապաշարումները, աշխարհային ցանկութիւնները- եւ ապա օժտելու համար զմեզ զօրութեամբ ասոնցմէ ազատագրելու համար: Ի վերջոյ պիտի բանայ մեր աչքերը, որպէսզի ճանչնանք մեր իսկական նկարագիրը եւ մեր հոգեկան կացութիւնը, որպէսզի հետամուտ ըլլանք տիրանալու մեր փրկութեան եւ պահպանելու զայն մեծագոյն խնամքով եւ գուրգուրանքով»:
ե. Հպարտ. հպարտութիւնը չարիքներու մայրն է, որ մարդս կ՚առաջնորդէ այլ ամէն տեսակի մեղքեր գործելու: Հպարտութիւնը մեծամտիլն է, ինքզինք իր նմաններէն տարբեր կարծելն է: Ախտ մըն է այս մէկը, որով սատանան վարակուեցաւ եւ այդ վարակումին պատճառով երկինքէն անդունդ նետուեցաւ եւ յաւիտենական դատապարտութեամբ դատապարտուեցաւ: Եւ հիմա, ան կը փորձէ նոյն վարակով վարակել մարդիկը, որպէսզի զրկէ զանոնք յաւիտենական երանութենէն, եւ իրեն ընկերակից դարձնէ իր չարչարանքներուն մէջ: Հետեւաբար, մարդ պէտք է հեռու մնայ հպարտութենէն եւ խոնարհութեան զգեստը հագուի, որպէսզի հասնի Խոնարհ Իշխանին՝ Տէր Յիսուսին, Անոր հետ վայելելու յաւիտենական հանգիստը:
զ. Հայհոյիչ. այսօրուան տասը երիտասարդին իննը հայհոյանքով կը պարծենայ, այսօրուան տասը պատանիէն ութը հայհոյանքով կ՚ուրախանայ: Հայհոյանքը սակայն մեղք է, որ մարդս կը դատարկէ առաքինութիւններէն եւ աստուածային շնորհքներէն: Յովհաննէս Երզնկացին հայհոյանքին մասին կը գրէ. «Մեծ եւ անքաւելի մեղք է հայհոյանքը եւ աւելի չար՝ քան Ադամէն մինչեւ այսօր բոլոր հերձուածները, որոնք ժողովով նզովուած են։ Մեծագոյն հերձուածը հայհոյանքն է, որ բոլոր մոռցուած մեղքերն ու չարիքները յիշել կու տայ Աստուծոյ, հրեշտակներուն ու սուրբերուն. կը դողացնէ Աստուծոյ արարածները եւ գարշելի ու զազիր հոտով կը լեցնէ երկիրը»:
է. Ծնողներուն անհնազանդ. պահ մը դարձեալ քննենք մենք մեզ եւ մեր շրջապատը, ինչքանո՞վ տակաւին հնազանդ ենք, կամ կը հնազանդինք մեր ծնողներուն: Կարդա՛նք, թէ ի՞նչ կը յորդորէ Պօղոս առաքեալը զաւակներուն. «Զաւակնե՛ր, իբրեւ Տիրոջ հետեւորդներ՝ ձեր պարտականութիւնն է հնազանդիլ ձեր ծնողներուն, որովհետեւ ա՛յդ է շիտակը: "Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ" պատուիրանը առաջինն է՝ որ իրեն կապուած խոստում մը ունի՝ "որպէսզի միշտ բարիք գտնես եւ երկրի վրայ կեանքդ երկար ըլլայ"» (Եփ 6.-1-3):
ը. Ապերախտ. ապերախտութիւնը անմարդկային երեւոյթ մըն է, քանի որ մարդս անասունէն աւելի ստոր կը դարձնէ: Արդարեւ, իրենց տուները շուն, կատու եւ այլ ընտանի կենդանիներ պահողները անպայմանօրէն զգացած կ՚ըլլան, թէ երբ այդ անբաններուն ուտելիք տանք, կամ եթէ ինչ որ տեղ վիրաւորուած ըլլան ու փորձենք օգտակար դառնալ անոնց, կը սկսին լիզել իրենց տէրերը, սեղմուիլ անոնց ոտքերուն, արտասովոր ձայներ հանել, առ ի շնորհակալութիւն: Ապա, եթէ անսունները, որոնք բնազդով կ՚ապրին, երախտագիտութեան նման արտայայտութիւն կը դրսեւորեն, հապա որքա՞ն աւելի մարդիկ պէտք է երախտապարտ ըլլան իրենց հանդէպ եղած մարդասիրութեան որեւէ մէկ արարքի մը նկատմամբ:
Այսօր մարդը ամենէն ապերախտ արարածը դարձած է այս ստեղծագործութեան: Ապերախտ, ո՛չ թէ իր նմաններուն հանդէպ միայն, այլեւ ա՛ւելին, այսօրուան մարդը ապերախտ է իր Փրկիչին նկատմամբ, Ով ասկէ շուրջ երկու հազար տարիներ առաջ աշխարհ եկաւ ու խաչ բարձրանալով ու զոհուելով խաչին վրայ, մարդուն վերստին վերադարձուց Աստուծոյ որդեգրութեան շնորհին. սակայն, այսօրուան մարդը գիտակցաբար թէ՛ անգիտակցաբար, կ՚անգիտանայ այդ ճշմարտութիւնը: Մարդուն այս տեսակի ապերախտութեան մասին ի՜նչքան խօսուն են Սուրբ Օգոստինոս Երանելիին հետեւեալ տողերը. «Տէր, երբ մէկը ստեղծես եւ ապերախտ ըլլայ Քեզի՝ արժանի կ՚ըլլայ դժոխքի, իսկ երբ ապրեախտ ըլլայ զինք փրկելուդ համար՝ նոր դժոխք մը պէտք է բացուի անոր դիմաց»:
թ. Սրբութիւնները ոտնակոխող. այսօրուան «ժամանակակից» եւ «զարգացած» մարդէն աւելի սրբութիւնները ոտնակոխող մարդ երեւի տիեզերքը չէ տեսած: Իսկ սրբութիւնները կ՚ոտնակոխուին յանուն մարդու ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներուն, այլ խօսքով մարդուն ԵՍ-ին, անձնասիրութեան: Միւս կողմէ, բոլոր անոնք որոնք սրբութիւններու նկատմամբ կը շարունակեն յարգանք տածել եւ երկիւղածութեամբ մօտենալու, վերածուած են հին գլուխներու, յետամնացներու, բան չհասկցողներու: Այսպիսիներուն համար է, որ ըսուած է. «Բայց ով որ մինչեւ վերջը դիմանայ՝ անիկա պիտի փրկուի» (Մր 13.13):
ժ. Տմարդի. այսօր ի՜նչքան բրտութեամբ եւ վարնոցութեամբ կը վարուինք մեր նմաններուն նկատմամբ, միայն զգանք, թէ մեր ձեռքին իշխանութիւն կամ հեղինակութիւն կայ: Կ՚անգիտանանք սակայն, այն մարդը, որ իրեն ընձեռուած իշխանութիւնն ու հեղինակութիւնը այս կերպով կը գործադրէ, ապա տակաւին չէ՛ կայացած, չէ՛ մարդացած, ու տակաւին երկա՜ր ճանապարհ ունի կայանալու եւ ՄԱՐԴ դառնալու:
ժա. Անգութ. մարդ միայն որեւէ մէկ բանի կարիք ունենայ, գառնուկի մորթը առնելով վրան այստեղ ու այնտեղ կը դիմէ, մինչեւ հասնի իր ուզածին: Որոշ ժամանակ ետք, սակայն, երբ ուրիշ մը որեւէ մէկ խնդրանքով կը դիմէ իրեն, այնպիսի անգթութեամբ կը վարուի, որ պահ մը կը մտածէք, այս չէ՞ր միթէ այն մարդը, որ ժամանակ մը առաջ դուռէ դուռ ինկած օգնութիւն կը մուրար… անգթութիւնը, արդարեւ, մարդս ո՛չ միայն կ՚այլափոխէ, այլեւ գազանի կը վերածէ:
ժբ. Չարախօս. մեզմէ շատեր դժբախտաբար անմասն ու անբաժին չեն այս մեղքէն: Այսօրուան մարդը պատեհ ու անպատեհ առիթի, նպատակ ունենալով կամ աննպատակ, մտածուած կամ ոչ, կամայ կամ ակամայ կը չարախօսէ իր եղբօր, իր ընկերոջ, իր մտերիմին, իր հարազատին, իր վերադասին, իր հոգեւոր առաջնորդին, մէկ խօսքով՝ բոլոր-բոլորին: Կ՚անգիտանանք, սակայն, թէ չարախօսութիւնը կը տգեղցնէ մեզ, մեզմէ կը խլէ աստուածային պատկերը ու մեզ կը վերածէ դեւերու: Պետրոս առաքեալը կը թելադրէ հեռու մնալ չարախօսութենէ, երբ կ՚ըսէ. «Հետեւաբար մէկդի՛ ձգեցէք ամէն տեսակի չար մտածում ու նենգութիւն, կեղծաւորութիւն ու նախանձ եւ ամէն տեսակի չարախօսութիւն: Որպէս հաւատքի նորածին մանուկներ՝ Աստուծոյ խօսքին անխարդախ կաթին փափաքեցէք, որպէսզի անով աճիք եւ փրկութեան հասնիք» (Ա. Պտ 2.1-2):
ժգ. Անհանդուրժող. դարձեալ ծանօթ եւ «հարազատ» երեւոյթ մեզմէ շատերուն կեանքէն ներս: Այսօրուան մարդը աւելի քան երբեք անհանդուրժող դարձած է ամէն ինչի նկատմամբ: Այսօրուան մարդը իր եսը բաւականացնելու համար ամէն տեսակի անհանդուրժողութիւն կը դրսեւորէ բոլորին նկատմամբ:
ժդ. Դաժան. դաժանութիւնը եւս այսօրուան մարդուն առօրեային անբաժան մէկ մասնիկը դարձած է: Դաժանութիւն թէ՛ անհատական գետնի եւ թէ՛ ընկերային կեանքին մէջ: Միւս կողմէ նաեւ դաժանութիւն պետական մակարդակներու վրայ, ինչ բանի արդիւնքով այսօր աշխարհի զանազան անկիւններուն մէջ պատերազմներ են, որոնց ընթացքին ամէն օր անմեղ մարդիկ կը զոհուին, յանուն մութ ուժերու մութ հաշիւներուն եւ շահերուն, իսկ այդ մութ ուժերը ուրիշ ոչինչ են, եթէ ոչ այս աշխարհի վրայ սատանային ներկայացուցիչներն ու անոր կամքը կատարողները:
ժե. Բարիին թշնամի. վերը անդրադարձանք հին գլուխութեան եւ կարծրատիպերու պիտակումներուն բոլոր այն մարդոց նկատմամբ, որոնք տակաւին սրբութիւններու նկատմամբ յարգանք ունին, որոնք ազնիւ ու առաքինի կեանքով կ՚ապրին, բարութիւն կը սփռեն ամէն կողմ՝ ինչքան կը ներէ իրենց հնարաւորութիւնը, սատանան ի տես այս բոլորին իր արբանեակները գործի կը մղէ տարբեր կերպերով յարձակումներ գործադրելով վերը յիշուած մարդոց նկատմամբ, յարձակում՝ թէ՛ բարոյական, թէ՛ նիւթական եւ երբեմն նոյնիսկ ֆիզիքական: Ահա այսպիսիներն են, որոնք բարիին թշնամի կը կոչուին:
ժզ. Մատնիչ. Յուդան, Վասակ Սիւնին եւ ուրիշներ մարդկութեան պատմութեան մէջ մինչեւ այսօր եւ մինչեւ աշխարհի վախճանը պիտի յիշատակուին որպէս մատնիչներ: Մատնիչութիւնը արդարեւ զազրելի արարք մըն է, որովհետեւ այն կը կատարուի հակառակ այն իրողութեան, որ տուեալ անձը, կամ հաւաքականութիւնը, որոնց նկատմամբ կը գործէ մատնութիւնը, իրեն հանդէպ միայն բարի կամեցողութիւն ունեցած են, իսկ ինք, ուրանալով այն բոլոր բարիքները, օգնութիւնները, բարի կամեցողութիւնը, որոնք ստացած է բոլորէն, յանուն գումարի եւ կամ զանազան խոստումներու կը տարուի մատնելու զանոնք:
ժէ. Անպատկառ. անպատկառութիւնը այսօրուան չափանիշներով վերածուած է համարձակութեան, քաջութեան եւ ազատամտութեան: Յատկապէս երիտասարդներուն մէջ անպատկառութիւնը օր օրի լայն տարածում կը գտէն եւ մեզմէ շուրջ մի քանի տասնամեակներ առաջ եղած յարգանքն ու ակնածանքը սկսած են կամաց-կամաց վերանալ: Կը մոռնանք, սակայն, որ անպատկառութիւնը երբեք չի՛ կրնար համարձակութեան ու քաջութեան նշան ըլլալ, ընդհակառակը, անպատկառութիւնը թուլութեան, անզօրութեան եւ անկամութեան խօսուն փաստ մըն է:
ժը. Գոռոզ. գոռոզութիւնը եւս, այլ խօսքով՝ խրոխտութիւնն ու յոխորտացող բնաւորութեան տէր ըլլալը անբաժան մէկ մասնիկը դաձած են մեր առօրեայ կեանքին ու մարդկային փոխյարաբերութեան:
ժթ. Աւելի հեշտանքը սիրող՝ քան զԱստուած. այս մասին շատ բան պիտի չգրեմ, պարզապէս առաջարկ մը պիտի ներկայացնեմ մեր յարգելի ընթերոցողներուն. մէկ շաբաթուան ընթացին փորձեցէք երթալ գիշերային ակումբներ, գինետուներ, ճաշարաններ, ժամանցի վայրեր, խաղահրապարակներ, խաղավայրեր, ակումբներ, խաղադաշտեր, իսկ կիրակի օրը գացէք որեւէ եկեղեցի, եւ մտովի պատկերացուցէք, ինչքա՜ն մարդ կար՝ յատկապէս երիտասարդներ վերը յիշատակուած ժամանցի վայրերէն ներս, եւ ինչքա՜ն մարդ կար եկեղեցիէն ներս. (մի՛ պատճառաբանէք հոգեւորականները եւ անոնց վարքն ու բարքը, ատով օգուտ չենք ունենար, ընդհակառակը սատանային ջրաղացին ջուր կը լեցնենք):
ի. Երեւութապէս աստուածապաշտ են անոնք, բայց խորքին մէջ չեն հաւատար աստուածպաշտութեան զօրութեան. մեզմէ շատերուն բերանին մէջ ծամօնի վերածուած են Սուրբ Երրորդութեան երեք Անձնաւորութիւններուն անունները, եւ տեղի ու անտեղի կը գործածենք զանոնք: Կը գործածենք թէ՛ օրհնելու, եւ միաժամանակ՝ անիծելու համար, կը գործածենք մեզի համար բարիք ու առողջութիւն խնդրելու, եւ միաժամանակ՝ մեր նմաններուն համար չարիք ու հիւանդութիւն…: Այս բոլորը արդիւնք են մեր երեւութապէս աստուածապաշտ ըլլալուն, քանի որ չե՛նք ճանչնար զԱստուած, չենք գիտեր ո՞վ է Ան, չենք ճանչնար Անոր ամենազօրութիւնն ու ամենակարողութիւնը, եթէ ճանչցած ըլլայինք զԱստուած, ապա պիտի գործադրէինք Իր պատուիրանը, որ կ՚ըսէ. «Տիրոջ, քու Աստուծոյդ անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես. վասն զի Տէրը Իր անունը պարապ տեղ բերան առնողը անմեղ պիտի չսեպէ» (Ելք 20.7): Յովհաննէս Երզնկացի վարդապետը աստուածապաշտ ըլլալը իմաստուն ըլլալուն կը կապէ, երբ կ՚ըսէ. «Ան որ իմաստուն է, բարեգործ եւ աստուածապաշտ է»:
Առաքեալը երեւութապէս աստուածապաշտ եղողներու մասին իր խօսքը կը շարունակէ այսպէս. «Զգուշացի՛ր անոնցմէ։ Անոնց մէջ կան նաեւ այնպիսիները, որոնք տունէ տուն կը մտնեն եւ իրենցմով կը հրապուրեն մեղքերով ծանրաբեռնուած եւ զանազան ցանկութիւններէ բռնուած թեթեւաբարոյ կիները, որոնք միշտ կ՚ուզեն գիտնալ, բայց երբեք ճշմարիտ գիտութեան չեն հասնիր». այսօր եւս մեծ է թիւը փողոցներուն վրայ զԱստուած քարկոծողներու եւ Աստուծոյ Խօսքը «ձրիաբար» տարածողներուն թիւը, մեծ է թիւը Աստուածաշունչը իրենց թեւին տակ առած տունէ տուն շրջող ժպտերես տղամարդոց եւ գեղատեսիլ աղջիկներու ու կիներու թիւը, որոնք կու գան «բարի լուր»ը փոխանցելու մարդոց… Եթէ առիթ տրուի այդպիսիներուն, ապա կ՚ունենանք առաքեալին նկարագրած պատկերը. կ՚ուզեն գիտնալ, բայց երբեք ճշմարիտ գիտութեան չեն հասնիր. ինչո՞ւ չեն հասնիր. քանի որ իրենց փափաքը ճշմարտութիւնը գիտնալուն թիւր ըմբռնողութեան արդիւնք է, իսկ անոնք որոնք ներկայացած են որպէս Աստուծոյ դեսպաններ, իրականութեան մէջ ճիշդ հակառակն են, որովհետեւ մոլորուած ըլլալով ստութեան հօր՝ սատանային կողմէ, գանռուկի հագուստ զգեցած աղուէսներ են, որոնք մեղքով ծանրաբեռնուած մարդիկը փոխանակ դէպի Երկինքի Արքայութիւն առաջնորդելու, կ՚առաջնորդեն, դէպի տարտարոս ու յաւիտենական տանջանք եւ կորուստ:
Առաքեալը այդ ինքնակոչ եւ ստախօս քարոզիչներու աւարտին մասին կը շարունակէ խօսիլ, ըսելով. «Բայց իրենց յաջողութիւնը երկար չի տեւեր, որովհետեւ իրենց անմտութիւնը շուտով յայտնի պիտի ըլլայ բոլորին, ճիշդ ինչպէս այն երկուքինը եղաւ [Մովսէս Մարգարէին ժամանակ երկու խաբեբաներուն՝ Եանէսի եւ Եամբրէսի]». հետեւաբար, պէտք է զգոյզ եւ զգաստ ըլլանք, եւ պատահած առաջին մարդուն դիմաց դուռ բանալով, պատճառ չդառնանք մեր ինքնակործանումին, այլ՝ քննենք, հարցնենք, հետաքրքրուինք, նոր միայն առիթ տանք, չնայած, եթէ Փրկութեան Լաստին՝ Եկեղեցւոյ մէջ ենք, ապա նման երեւոյթներու արմատը շուտով կրնանք հասկնալ, թէ ուրկէ է, եւ առիթ չենք տար, որպէսզի անոնք մեր տուներէն ներս մտնելով քայքայեն մեր ընտանիքները եւ մեզ յաւիտենական տանջանքի ու կործանումի առաջնորդեն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
25 յունուար 2023, Վաղարշապատ