Շարլ Ազնաւուր Պիտի Մասնակցի «Աուրորա» Մրցանակաբաշխութեան

«Աու­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան հա­մաշ­խար­հա­յին մրցա­նա­կը ա­մէն տա­րի Ապ­րի­լին պի­տի շնոր­հուի մէկ հո­գիի եւ ընտ­րուած թեկ­նա­ծուն կը ստա­նայ 100 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի պար­գեւ եւ նուի­րա­տուու­թեան շղթան շա­րու­նա­կե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն՝ 1 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի դրա­մաշ­նոր­հի ներ­կա­յաց­նե­լով ի­րեն ո­գեշն­չած մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն:

«Աու­րո­րա» մրցա­նա­կը հիմ­նած են 100 LIVES (Հարիւր կեանք) նա­խա­ձեռ­նու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րը՝ յայտ­նի գոր­ծա­րար­ներ եւ բա­րե­րար­ներ Ռու­բէն Վար­դա­նեանն ու Նու­պար Ա­ֆէ­յեա­նը եւ Նիւ Եոր­քի «Քար­նե­կի» հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­գահ Վար­դան Գրի­գո­րեա­նը: Ա­մէ­նա­մեայ այս մրցա­նա­կը ստեղծուած է մարդ­կու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը ան­գամ մը եւս ուղ­ղե­լու աշ­խար­հի մէջ այ­սօր տե­ղի ու­նե­ցող ա­ղէտ­նե­րուն եւ ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն եւ խրա­խու­սե­լու ջա­նքե­րը այն հե­րոս­նե­րուն, ո­րոնք մարդ­կա­յին կեան­քեր կը փրկեն: 100 LIVES նա­խա­ձեռ­նու­թեան հիմ­նադ­րած «Աու­րո­րա» (Aurora) մրցա­նա­կի ար­ձա­նի­կի գծագ­րա­կան պատ­կե­րը պի­տի ստեղ­ծեն Հա­յաս­տա­նի «Թու­մօ» ստեղ­ծա­րար ա­րուես­տա­գի­տու­թեան կեդ­րո­նի սա­նե­րը: Յաղ­թող կար­գա­խօսն ու գու­նապ­նա­կը պի­տի յայ­տա­րա­րուին 100 LIVES-ի պաշ­տօ­նա­կա­տար ան­ձե­րուն կող­մէ՝ Ապ­րի­լի 23-ին, Դի­լի­ջա­նի մէջ:

«Աու­րո­րա» մրցա­նա­կը դափ­նեկ­րին կը շնոր­հէ Ընտ­րող յանձ­նա­խում­բի հա­մա­նա­խա­գահ,  Not On Our Watch բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մի հա­մա­հիմ­նա­դիր աշ­խար­հահռչակ դե­րա­սան Ճորճ Քլու­նին՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Միւս կող­մէ, ֆրան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւուր Ապ­րի­լին Հա­յաս­տան պի­տի ժա­մա­նէ: «Ար­մէնփ­րէս»ի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին այս մա­սին տե­ղե­կա­ցու­ցած է Ազ­նա­ւու­րի մամ­լոյ խօս­նա­կը՝ Քրիս­տի­նա Սարգ­սեան:

«Մենք կը պատ­րաս­տուինք Հա­յաս­տան ժա­մա­նե­լու, եւ ներ­կայ պի­տի ըլ­լանք «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան», տե­ղե­կա­ցու­ցած է ան: Ազ­նա­ւու­րի այ­ցին մա­սին այլ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ դեռ յայտ­նի չեն:

Ինչպէս ծանօթ է, Շարլ Ազ­նա­ւուր 2009 թուա­կա­նէն ի վեր Զուի­ցե­րիոյ մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պանն է, ինչ­պէս նաեւ Ժը­նե­ւի ՄԱԿ-ի գրա­սե­նեա­կի եւ այլ մջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2016