ՌԸՆԷ ՀՈՎԻՒԻ «ԱԶՆԱՒՈՒՐ»Ը ԺՊԻՏԱՆԿԱՐՆԵՐ ԵՒ ՄՏԵՐՄԻԿ ՇԱՐԺԵՐ

«Շարլ Ազնաւուր-100» միջոցառումներու հայաստանեան շարքի առաջին ձեռնարկներէն մէկը տեղի ունեցաւ Կիւմրիի մէջ, որ հոգեհարազատ քաղաք եղած է Շարլ Ազնաւուրին համար՝ 1988 թուականի երկրաշարժէն յետոյ:

Ասլամազեան քոյրերու պատկերասրահին մէջ բացուեցաւ ֆրանսահայ երգիծանկարիչ Ռընէ Հովիւի (Հովիւեան) գծանկարներու ցուցահանդէսը՝ նուիրուած Շարլ Ազնաւուրին: Հովիւ եւ Ազնաւուր եղած են ո՛չ միայն ժամանակակիցներ, այլեւ՝ մօտիկ բարեկամներ։ Ազնաւուրի համերգային պաստառներու, ազդագրերու ձեւաւորողներէն մին եղած է հայազգի նկարիչ Ռընէ Հովիւը, որու ընտանիքը եւ ինք անձամբ Ազնաւուրի ընտանիքին պէս ունեցած են գաղթականի զարմանալի պատմութիւն մը: Այդ պատմութիւնը սակայն չէ ընկճած անոնց, այլ՝ պայքարելու, նորը ստեղծելու, ինքնութիւնը հաստատելու գրաւական դարձած է: Այդպէս եղած է թէ՛ Ազնաւուրի, թէ՛ Հովիւի պարագային:

Հովիւ մահացած է 2005 թուական՞ին՝ Քլամարի մէջ, Ֆրանսա, ձգելով հարուստ կենսագրութիւն, նկարներ: Այդ կենսագրութիւնը, ժառանգութիւնը երկար ժամանակ գրեթէ անյայտ ու անծանօթ էին հայաստանցիներուն, մինչեւ հայրենի վաւերագրող Տիգրան Պասկեւիչեան, մանրամասներ բացայայտելով՝ ցուցահանդէսով եւ այլ ձեռնարկներով ներկայացուց զայն հայաստանեան հանրութեան:

Այժմ Կիւմրիի մէջ բացուած է Հովիւի տասնչորս նկարներով եւ ատոնց հիման վրայ ստեղծուած շարժուն պատկերներով ցուցահանդէսը: Այս ցուցահանդէսին կազմակերպիչները Հովիւի ազնաւուրեան գծապատկերները տեսած էին 2018 թուականին Տիգրան Պասկեւիչեանի կազմակերպած «Վերադարձ դէպի Արարատ» խորագրով ցուցահանդէսի ժամանակ, ուր Հովիւի միւս գործերուն կողքին ցուցադրուած էին նաեւ Ազնաւուրը պատկերող նկարները: Այդպէս միտք յղացած է 100-ամեակի յոբելենական տարուան ընթացքին Ազնաւուրի շարքը ցուցադրել Կիւմրիի մէջ, եւ ցուցահանդէսը միւս կողմէ պաշտօնապէս ներառուած է նաեւ «Ֆրանսախօսութեան օրեր-2024» միջոցառումներու ծիրէն ներս եւ կը խորհրդանշէ հայ-ֆրանսական բարեկամական կապերը:

Ռընէ Հովիւը Ֆրանսայի մէջ շատ ցուցահանդէսներ ունեցած է, բայց Հայաստանի մէջ անոր 2018 թուականի եւ այս ցուցահանդէսը առաջիններն են հայրենի հասարակութեան անոր ժառանգութիւնը ներկայացնելու առումով եւ շարունակութիւն պիտի ունենան:

«Ռընէ Հովիւ-Շարլ Ազնաւուր» ցուցահանդէսը յաջորդը պիտի ըլլայ Գորիսի մէջ, այնուհետեւ պիտի շրջի Հայաստանով մէկ:

Շարլ Ազնաւուրին անունը սերտօրէն կապուած է Կիւմրիի հետ: 1988 թուականին՝ այցելելով Կիւմրի՝ Ազնաւուր, շատերուն պէս ցնցուած է հայ ժողովուրդին պատուհասած աղէտի հետեւանքները տեսնելով եւ որոշած՝ ամէն բան ընել աղէտի գօտիի համար, օգնել որբերուն, աղէտեալներուն, կառուցել դպրոցները, վերականգնել կեանքը, մշակոյթը, վերադարձնել յոյսը… «Ազնաւուրը Հայաստանին» հիմնադրամը կառավարութեան մը չափ աշխատանք տարած է աղէտի գօտիի, մանաւանդ՝ Կիւմրիի մէջ: Այժմ ալ «Ազնաւուր» հիմնադրամն է, որ կը շարունակէ այդ գործը:

Ցուցահանդէսը առիթ է կիւմրեցիներուն համար՝ ուրիշ տեսակէտէ դիտել սիրելի երգիչը, որ մտերմիկ շարժերով պատկերուած է Հովիւի տաղանդով:

Հովիւ ոչ թէ փորձած է ստեղծել երգիծանկարները Ազնաւուրին, այլ՝ անոր բեմական, զուարթ, երբեմն ալ՝ տրտում կերպարը տալ իր գիծերուն միջոցով: Այդ նկարները ժպիտ կը բերեն դիտողին, ահա թէ ինչու, արուեստաբան Նազարէթ Կարոյեան ատոնք անուանած է ժպիտանկարներ:

Ազնաւուր նոյնպէս օրին շատ հաւնած է Հովիւին այդ պատկերները, ատոնցմով իր համերգային պաստառները ձեւաւորուած են, այդ նկարները տեղ գտած են այլ ձեւաւորումներու մէջ, մասնակցած ցուցահանդէսներու:

Հովիւի ցուցահանդէսը Կիւմրիի մէջ կը մնայ մէկ ամիս:

ԳԻԾԵՐՈՒ ՀՈՎԻՒԸ

Ռընէ Հովիւ (Ռընէ-Խորէն Հովիւեան) զինք անուանած է նաեւ «Գիծերու հովիւը»: Ան բաւական ճանչցուած եղած է իր ծննդավայր Ֆրանսայի մէջ:

Հովիւը 1960-ականներէն մինչեւ իր մահը՝ 2005 թուականը, համագործակցած է ֆրանսական հեղինակաւոր կարգ մը թերթերու եւ ամսագրերու հետ: Իր ծաղրանկարները տպագրուած են նաեւ գերմանական, ամերիկեան ամսագրերու էջերուն մէջ. հրատարակած է աւելի քան տասնեակ ալպոմներ եւ ծաղրաշարերու գիրքեր։ Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու մէջ յայտնի այս հայ ծաղրանկարիչին Հայաստանի արուեստասէր հանրութիւնը, ինչպէս նաեւ սփիւռքի այլ համայնքներ, դժբախտաբար ծանօթ չեն եւ անոր անունն ու գործը հայրենիքի մէջ ներկայացնելու շնորհակալ աշխատանքին տարիներ առաջ ձեռնարկած է վաւերագրող, հրապարակագիր Տիգրան Պասկեւիչեան: Իր ստեղծագործական խումբին հետ հայրենադարձութեան մասին շարժանկարի նկարահանումներու ընթացքին, Տիգրան Պասկեւիչեան տեղեկացած է Ռընէ Հովիւի մասին եւ յայտնաբերած՝ որ ան մեծ գործունէութիւն մը ունեցած է եւ կ՚արժէ, որ անոր մասին նոյնպէս տեղեկանայ Հայաստանի արուեստասէր հասարակութիւնը: 2018 թուականին Պասկեւիչեան բացած է ցուցահանդէս, տպագրած Հովիւեանի հօր գիրքը:

Հովիւեանի հայրը՝ Վահան Հովիւեան, 1904 թուականին ծնած է Սեբաստիոյ Կեմերէկ գաւառակին մէջ, 1915-էն ետք Հովիւեաններու մեծ գերդաստանին միակ վերապրողը եղած է։ Ան յայտնուած է Պէյրութի ամերիկեան որբանոցին մէջ, ուրկէ ալ տեղափոխուած է Ֆրանսա: Ֆրանսայի մէջ ալ 1929 թուականին ծնած է որդին՝ Ռընէ Խորէն Հովիւեանը: Ռընէ ունի երկու եղբայր եւ քոյր մը:

1947 թուականին Վահան Հովիւեան եւ իր կինը՝ Շնորհիկ, ընտանիքով ներգաղթած են Խորհրդային Հայաստան։ Երկու տարի վերջ, շինծու ամբաստանութեամբ մը, անոնք աքսորուած են Սիպիրիա՝ Ալթայի երկրամաս, ցմահ բնակութեան հրամանով: Եւ միայն խորհրդային երկրի ղեկավար Սթալինի մահէն ետք՝ 1957 թուականին է, որ Հովիւեաններու ընտանիքը հնարաւորութիւն ունեցած է վերադառնալու Հայաստան։ Եօթը տարի վերջ Հովիւեանները կրկին տեղափոխուած են Ֆրանսա եւ Վահան Հովիւեան, ինչ որ յիշած է իր կեանքէն, 1904-էն մինչեւ 1964 թուականը՝ Հայաստանէն տեղափոխումը, շարադրած է: «Տէր Զօրէն մինչեւ Սիպիրիա: Կեանքի ելեւէջներ» խորագրով անոր յուշագրութեան գիրքը նոյնպէս Տիգրան Պասկեւիչեանի եւ խումբ մը մարդոց ջանքերով լոյս տեսած է՝ յետմահու, ձեռագիրներու հիման վրայ:

1947 թուականին, երբ Վահան Հովիւեան կնոջ, քրոջ եւ երկու որդիներուն հետ Ֆրանսայէն հայրենադարձած է Երեւան, անոնք մէկ-մէկուկէս տարի ապրած են Հայաստան, եւ այդ ընթացքին զանոնք մեղադրած են իբրեւ դաշնակցականներ: Սակայն Վահան Հովիւեան իր գիրքին մէջ կը գրէ, որ 1924 թուականէն յետոյ ոչ մէկ կապ ունեցած է ՀՅԴ-ի հետ: Այդ մեղադրանքով ալ Սիպիրիա աքսորուած է եւ աքսորէն յետոյ Երեւան գալէն ետք, Վահան Հովիւեանի երկու որդիները՝ Էտմոնն ու Ռընէն գացած են Մոսկուա, ուր Էտմոն դպրոցի մը մէջ ուսանած է, իսկ Ռընէն աշխատած է զանազան ռուսական թերթերու, ամսագրերու մէջ՝ իբրեւ ծաղրանկարիչ եւ միաժամանակ մասնակցած է քանի մը մանկական շարժուն ժապաւէններու ստեղծման:

1964 թուականին, պատահական դիպուածով մը, այս ընտանիքը կրկին վերադարձած է Ֆրանսա, ուր Ռընէն մեծ թափով սկսած է իր ստեղծագործական աշխատանքին։ Ան աշխատած է հռչակաւոր թերթերու մէջ. ինչպէս՝ «Փարի Մաչ», «Լը Քոթիտիէն տը Փարի», «Ֆրանս-Արմենի» եւ այլն:

Անշուշտ, իր ֆրանսական շրջանի նկարները կը տարբերին խորհրդային երկրի մէջ կատարած նկարներէն. ֆրանսական շրջանի նկարներուն մէջ վերացած էին կաշկանդումը, գաղափարախօսութիւնը, խմբագիրներու թելադրանքը եւ այլն: Մօտաւորապէս տասն ալպոմներ հրատարակած է, ցուցահանդէսներ ունեցած է, Ֆրանսայի մէջ, մշակութային ասպարէզէն ներս ընդունուած անուն մը եղած է… Տակաւին իր կենդանութեան օրօք հրատարակուած է գիրք մը, ուր ութ յայտնի գծանկարիչներու հանրայայտ կտաւներու հիման վրայ գծանկարներ նկարուած են: Եւ այդ ութ նկարիչներէն մէկը Ռընէ Հովիւն է, որ նոյնպէս գծանկարներ կատարած է ծանօթ գեղանկարիչներու՝ Վան Կոկի, Թուլուզ Լոթրէքի, Փոլ Կոկէնի եւ այլոց գործերուն հիման վրայ:

Ռընէ Հովիւ ծանօթ եղած է առաւելաբար իբրեւ ֆրանսացի ծաղրանկարիչ եւ իր ապրած միջավայրին մէջ հայութիւնը շեշտելու հարց չէ եղած: Իր հրատարակած ալպոմներէն մէկ-երկուքը միայն հայկական նիւթերու կը վերաբերին: Ան անխնայ ծաղրած է հայկական միջավայրը, համայնքներու միջեւ յարաբերութիւնները, Հայաստանի հետ կապերը եւ այլն: Արհեստավարժ արուեստագէտ մը եղած է եւ արդէն Հայաստան գալէն՝ 1947-էն առաջ, Ռընէ Հովիւ, որ 18 տարեկան էր այդ ժամանակ, Լիոնի Գեղարուեստի քոլէճը աւարտելու վրայ եղած է եւ, կիսատ ձգելով այդպէս ընտանիքով Հայաստան հասած են՝ հազարաւոր մարդոց նման հաւատալով հայրենիքի մէջ անհոգ եւ բարեկեցիկ կեանք ունենալու խոստումներուն:

Հետաքրքրական դրուագ մը կայ Ռընէ Հովիւին կեանքին մէջ. երբ Սիպիրիա աքսորուած են եւ հոն անտառահատի գործ կ՚ընէր, այդ ընթացքին նամակ կը գրէ Մոսկուա եւ կ՚ըսէ՝ ես արհեստավարժ նկարիչ եմ, զիս, այո՛, բերած էք այս հեռաւոր վայրը, չեմ ալ գիտեր ինչու, բայց ձգեցէք հոսկէ երթամ մօտակայ քաղաքը՝ Պառնաուլ, հոն թերթերուն, ամսագրերուն աւելի օգտակար կ՚ըլլամ մասնագիտութեամբս: Եւ ի վերջոյ ստացած է այդ արտօնութիւնը, տեղափոխուած է, աշխատած է, շուրջ եօթ մանկական գիրք ձեւաւորած է։ Անոր կենսագրութեան խորհրդային այդ շրջանին մասին տակաւին շատ նիւթ կայ, որ յայտնի չէ: Այս ցուցահանդէսը կու գայ անգամ մը եւս հանրութեան ծանօթացնելու անոր գործերը: Հովիւի ցուցահանդէսը Կիւմրիի մէջ բացուած է Մարիամ եւ Երանուհի Ասլամազեան քոյրերու պատկերասրահին մէջ:

ԱՍԼԱՄԱԶԵԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀԸ

Ասլամազեան քոյրերու պատկերասրահը քաղաքի նշանաւոր սրահներէն մէկն է, որ հիմնուած է 1987 թուականին, երբ Ասլամազեան արուեստագէտ քոյրերը իրենց աշխատանքները՝ շուրջ 620 բնօրինակ գործեր, նուիրաբերեցին Կիւմրիին: Այս պատկերասրահը ընդգրկուած է Կիւմրիի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ: Պատկերասրահին մէջ կը պահուի քոյրերու գեղանկարչական, գծագրական, խեցեգործական աշխատանքներու ամբողջական հաւաքածոն:

Մէկ տարուայ կեանք ունէր պատկերասրահը, երբ երկրաշարժը կ՚ըլլայ եւ շէնքը 1988 թուականէն սկսեալ կը տրամադրուի անօթեւաններուն: Պատկերասրահը կը վերաբացուի 2004 թուականին: Պատկերասրահը տեղակայուած է շէնքի մը մէջ, որ կառուցուած է 1880-ին՝ մեծահարուստ վաճառականներ, յայտնի կիւմրեցի ընտանիքի Քեշիշովներու կողմէ եւ եղած է իրենց տունը: Շէնքը 19-րդ դարու Ալեքսանդրապոլեան քաղաքաշինութեան ճարտարապետութեան վառ օրինակ մըն է՝ կը խորհրդանշէ այն ժամանակուան եւրոպական եւ աւանդական հայկական ճարտարապետութեան տարրերը, ձեւաւորած է Կիւմրիին բնորոշ սեւ տուֆաքար ունեցող շարուածքով, ներքին շքեղ բակով եւ փայտեայ պատշգամով: Կը գտնուի Կիւմրիի կեդրոնական հրապարակին մէջ: 19-րդ դարու ճարտարապետութեան նմոյշ հանդիսացող այդ կառոյցը իր հարիւրէ աւելի տարիներու ընթացքին երկու անգամ ենթարկուած է հզօր փորձութիւններու՝ Կիւմրիի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժերուն (1923, 1988), բայց միշտ վերականգնուած եւ վերաբացուած է:

Ասլամազեան քոյրերու պատկերասրահը ցուցահանդէսներէ զատ նաեւ կրթական ծրագիրներ կ՚իրականացնէ, եւ այդ մէկը նաեւ եղած է նկարչուհի քոյրերու փափաքներէն մին, որ հասարակութիւնը հաղորդակից դառնայ արուեստին եւ նոր սերունդը կրթուի նաեւ ա՛յդ ճանապարհով:

Մարիամ Ասլամազեան ծնած է Պաշ-Շիրակ, յաճախ համարուած է իբր «հայ Ֆրիտա Քալոն»՝ իր իւրայատուկ գոյներով, անձնական ոճով եւ ինքնադիմանկարներով, որոնք կը յիշեցնեն մեքսիքացի նշանաւոր գեղանկարչուհին: Ասլամազեան վայելած է յաջող անկախ գործունէութիւն մը իբր կին արուեստագէտ, ոլորտի մը մէջ, ուր ընդհանրապէս արական սեռի պատկանող արուեստագէտները կը յաջողէին: Իր ասպարէզի մէջ յաջողութեան հասած է Խորհրդային Միութեան մէջ, ունենալով լաւ ընդունելութիւն պաշտօնական կառոյցներէ: Ստացած է նիւթական աջակցութիւն Արուեստագէտներու միութենէն՝ ճամբորդելու համար զանազան երկիրներ. ինչպէս՝ Ալճերիա, Արժանթին, Պելժիա, Չինաստան, Գերմանիա, Ֆրանսա, Հնդկաստան, Իտալիա, Ճաբոն, Մատակասքար, Սպանիա, Շուէտ, Հոլանտա, Եգիպտոս, Սուրիա եւ Եուկոսլավիա: 1957 թուականին, Խորհրդային կառավարութիւնը զինք Հնդկաստան կը ղրկէ՝ որպէսզի Ասլամազեան օգնէ երկու պետութիւններու դիւանագիտական կապերը ամրացնելու ջանքերուն: Ճամբորդութեան վերջաւորութեան ան կ՚ունենայ նաեւ անհատական ցուցահանդէս մը, որու այցելուներէն կ՚ըլլայ նաեւ Ինտիրա Կանտի, որուն նաեւ գծած էր Ասլամազեանը: Այս եւ հետեւող երեք ճամբորդութիւնները (1970, 1973, եւ 1975 թուականներուն) շատ կարեւոր դեր կը խաղան խորհրդա-հնդկական դիւանագիտական կապերու ամրացման գործին մէջ: Ասլամազեանի գործերը նաեւ տեւական ձեւով կը ցուցադրուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին եւ Տըրֆնըր Ճուտայքա թանգարանին (Նիւ Եորք) մէջ: Մարիամ Ասլամազեան կը մահանայ Մոսկուայի մէջ եւ մարմինը կը տեղափոխուի Երեւանի «Կոմիտաս» պանթէոնը: Վերջերս Ասլամազեանի գործերուն շուրջ ծագած է հետաքրքրութիւն եւ իր գործերը մասնակցած են արդի ցուցահանդէսներու:

Իր քոյրերէն մին՝ Երանուհի Ասլամազեան, նոյնպէս արուեստագէտ էր, որու մանաւանդ խեցեգործական արուեստը կը բնորոշուի իբրեւ բարձր ճաշակով կազմակերպուած զուսպ, նուրբ գունային անցումներով, հարուստ կենսափիլիսոփայական շերտերով արուեստ մը, որու մէջ ան փորձած է բացայայտել նոյնիսկ շերտերն ու խորքերը: Երանուհի Ասլամազեան իր արուեստով մեծ ուշադրութիւն դարձուցած է մարդու հոգեվիճակին, կարեւորած է աշխատանքը։

Քոյրերը թէեւ ծնած են Կիւմրիի մերձակայքը, սակայն իրենց գործերը Կիւմրիին նուիրելով՝ մեծ գործ կատարած են քաղաքի մշակութային կեանքը արժեւորելու առումով: Անոնք երկար տարիներ ապրած են Կիւմրիի մէջ եւ զգացած հայոց հիւսիսային մայրաքաղաքի դերը՝ հայրենիքի մշակութային կեանքին մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2024