ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՅՎԱԶՈՎՍԿԻ. ԾՈՎԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՀԱՆՃԱՐԵՂ ՎԱՐՊԵՏԸ

Յու­լիս 29-ին, ա­րո­ւես­տա­սէր ողջ մարդկու­թեան հետ, հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան տա­րե­դար­ձը ­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րին հա­մաշ­խար­հա­յին ճա­ռա­գայ­թում­նե­րէն ­Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­կիի:

Հա­մաշ­խար­հա­յին տա­րո­ղու­թեամբ՝ ծո­վան­կար­չու­թեան հան­ճա­րեղ վար­պետ­նե­րէն է Այ­վա­զովս­կի, ան­վի­ճե­լիօ­րէ՛ն:

Նաեւ մեծ հայն է Այ­վա­զովս­կի, ո­րուն ազ­գա­յին ապ­րում­նե­րուն եւ նո­ւի­րու­մին մա­սին կը վկա­յեն ա­մե­նէն ա­ռաջ իր ստեղ­ծած մե­ծար­ժէք կտաւ­նե­րը, ո­րոնք յա­ւեր­ժին կը յանձ­նեն իբ­րեւ հայ մար­դու Այ­վա­զովս­կիի ապ­րած տա­ռա­պանքն ու ընդվ­զու­մը:

Այ­վա­զովս­կի՝ թէ՛ ո­րա­կով եւ թէ՛ քա­նա­կով՝ վիթ­խա­րի հարս­տու­թիւն մը կտա­կեց մարդ­կու­թեան: Ա­նոր հիա­նա­լի ծո­վան­կար­նե­րը կը զար­դա­րեն Փե­թերս­պուր­կի, Մոս­կո­ւա­յի, Փա­րի­զի, Լոն­տո­նի, ­Մատ­րի­տի, Ե­րե­ւա­նի եւ շատ ու­րիշ քա­ղաք­նե­րու թան­գա­րան­նե­րը:

Իր կեան­քի ըն­թաց­քին ան ար­ժա­նա­ցաւ մե­ծար­ժէք մրցա­նակ­նե­րու, պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ բազ­մա­թիւ կայ­սե­րա­կան ըն­տա­նիք­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ բա­զում պե­տութ­իւն­նե­րու գե­ղա­րո­ւես­տից ա­կա­դե­միա­նե­րու կող­մէ: ­Հայ մե­ծա­նուն նկա­րի­չը պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ նաեւ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ:

Յու­լիս 29ին, 198 տա­րի ա­ռաջ, ­Սեւ ծո­վու ա­փին, Խ­­րի­մի ­Թէ­ո­տոս­իա հա­յաբ­նակ քա­ղա­քին մէջ, ծնաւ ­Յով­հան­նէս ա­նու­նով հրաշք մա­նուկ մը, որ կո­չո­ւած էր դառ­նա­լու ­Հայկ­եան ­Հան­ճա­րին աշ­խար­հահռ­չակ ճա­ռա­գայ­թում­նե­րէն մէ­կը՝ իր Այ­վա­զովս­կի ազ­գա­նու­նով խորհր­դան­շե­լով ծո­վան­կար­չա­կան ա­րո­ւես­տի վա­րա­րու­մը:

Ի­վան Այ­վա­զովս­կի, ­Յով­հան­նէս Յայ­վազ­եան կամ Օ­հան­նէս Այ­վազ­եան ամ­բողջ յու­զաշ­խարհ մը յա­ւեր­ժա­ցուց Ծո­վու խոր­հուր­դով՝ ա­նոր բազ­մե­րանգ գոյ­նե­րով եւ լոյ­սի ու ստո­ւե­րի ան­վերջ խա­ղե­րով, ա­նոր ա­լիք­նե­րուն կա­տա­ղու­թեամբ եւ փո­թոր­կում­նե­րուն ցա­սու­մով, ա­նոր խո­րա­խոր­հուրդ հան­դար­տու­թեամբ եւ տի­ե­զե­րա­կան ի­մաս­տու­թեամբ:

Ար­ո­ւես­տա­գէ­տի բո­լո­րան­ո­ւէր կեանք մը վի­ճա­կո­ւե­ցաւ ­Հա­յու այս բա­ցա­ռիկ ծնուն­դին: ­Հին յու­նա­կան գաղ­թա­վայր եւ այժ­մու ուք­րանա­կան աշ­խոյժ նա­ւա­հան­գիստ ­Թէ­ո­տոս­ի­ան մեծ­ցաւ եւ աշ­խար­հով մէկ հռչակ­ո­ւե­ցաւ Այ­վա­զովս­կի­ով, ո­րուն ա­նու­նով 1880-ին բաց­ո­ւած պատ­կե­րաս­րա­հը մին­չեւ այ­սօր դէ­պի ­Թէ­ո­տոս­իա կ­­՚ուղ­ղէ քայ­լե­րը բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ­Ծո­վու խոր­հուր­դով հա­ղորդուե­լու ներ­քին սէրն ու պա­հան­ջը ու­նին:

Աշ­խար­հի բո­լոր մեծ թան­գա­րան­նե­րուն եւ պատ­կե­րաս­րահ­նե­րուն մէջ մնա­յուն ցու­ցադ­րու­թեան իր ու­րոյն ան­կիւ­նը ու­նե­նա­լու փառ­քին ար­ժա­նա­ցած հայ մեծ ծո­վան­կար­չին գոր­ծե­րը, կա­րե­ւոր մա­սով, ցու­ցադր­ո­ւած են իր ծննդա­վայ­րի իր ա­նու­նը կրող այդ պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ եւ այ­ցե­լու­նե­րը, որ­քան ա­ւե­լի մօ­տէն շփո­ւին ա­նոր գլուխգոր­ծոց­նե­րուն հետ, այն­քան ի­րենց մէջ կ­­՚ար­մա­տա­ւոր­ո­ւի ան­խառն հա­մա­րումն ու սքան­չու­մը Այ­վա­զովս­կիի ծո­վան­կար­չա­կան անկրկ­նե­լի մե­ծու­թեան նկատ­մամբ:

Ծ­­նած էր՝ ­Գէ­որգ Այ­վազ­եան ա­նու­նով մին­չեւ ­Մոլ­տաւ­իա հա­սած եւ ի վեր­ջոյ Խ­­րիմ վե­րա­դար­ձած ու ­Թէ­ո­տոս­իա հաս­տատ­ո­ւած հայ ա­ռեւտ­րա­կա­նի մը ըն­տա­նե­կան յար­կին տակ: ­Նախ­նա­կան ու­սու­մը ստա­ցած էր տեղ­ւոյն հա­յոց ծխա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ՝ մա­նուկ տա­րի­քէն ցու­ցա­բե­րե­լով նկար­չա­կան յա­տուկ սէր եւ շնոր­հա­լի ըն­դու­նա­կու­թիւն: 1830-1833 յա­ճա­խած էր Սիմ­ֆե­րո­պո­լի ռու­սա­կան երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նը, իսկ այ­նու­հե­տեւ՝ 1833-1837, Սէն ­Փե­թերս­պուր­կի ­Գե­ղար­ո­ւես­տի ա­կա­դեմ­իա­յին մէջ, բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւած էր ռուս հռչա­կա­ւոր բնան­կա­րիչ Մ. Ն. ­Վո­րո­փի­ո­վի դա­սա­րա­նին մէջ:

1837-ին, իր «Ան­դորր» ա­նուն նկա­րին հա­մար, Այ­վա­զովս­կի ար­ժա­նա­ցաւ իր կեան­քի ա­ռա­ջին պար­գե­ւին՝ Ա­կա­դեմ­իա­յի բարձ­րա­գոյն մրցա­նա­կին՝ ոս­կէ շքան­շա­նի եւ եր­կու տար­ո­ւան հա­մար Խ­­րի­մի մէջ նկար­չու­թեամբ պա­րա­պե­լու ու­ղե­գի­րի: Այդ­պէ՛ս սկսաւ Այ­վա­զովս­կիի գե­ղարո­ւես­տա­կան վե­րել­քը, որ շա­րու­նա­կա­կան մագլ­ցում մը ե­ղաւ ծո­վան­կար­չու­թեան գա­գաթն ի վեր:

1840-ին, առ ի գնա­հա­տանք Այ­վա­զով­կիի խրիմ­եան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան շրջա­նի ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն, Փե­թերս­պուր­կի Ա­կա­դեմ­ի­ան զինք ու­ղար­կեց ար­տասհ­ման՝ ինք­նա­կա­տա­րե­լա­գործ­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ըն­ձե­ռե­լով ե­րես­նամ­եայ ար­ո­ւես­տա­գէ­տին: Այ­վա­զովս­կի ե­ղաւ Ի­տալ­իա՝ նա­եւ Ս. Ղա­զար, Ս­­պան­իա, Ֆ­­րան­սա, Անգլ­իա եւ ­Հո­լան­տա, ա­մէ­նուր մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լով ժա­մա­նա­կի եւ­րո­պա­կան մեծ նկա­րիչ­նե­րուն հետ, ինչ­պէս նա­եւ ընդ­հան­րա­պէս խո­րա­նա­լով նկար­չա­կան ար­ո­ւես­տի գլուխ-գոր­ծոց­նե­րու իւ­րո­վի ու­սում­նա­սիր­ման մէջ: Այս շրջա­նին է, որ Այ­վա­զովս­կի մաս­նակ­ցե­ցաւ, յատ­կա­պէս ­Փա­րի­զի եւ Ամս­թեր­տա­մի մէջ, նկար­չա­կան հե­ղի­նա­կա­ւոր ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու՝ մի­ջազ­գա­յին մրցա­նակ­նե­րու տի­րա­նա­լով եւ ա­կա­դե­մա­կան կո­չում­նե­րու ար­ժա­նա­նա­լով, ո­րոնց մին­չեւ մահ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս տէր կանգ­նե­ցաւ, շա­րու­նակ վե­րագ­նա­հատ­ման ու նո­րո­վի մե­ծար­ման փառք կու­տա­կե­լով իր ա­նու­նին շուրջ:

1844-ին Այ­վա­զովս­կի վե­րա­դար­ձաւ ­Ռու­սաս­տան, ստա­ցաւ ­Ռու­սա­կան Գե­ղար­ո­ւես­տա­կան ա­կա­դիմ­իա­յի ա­կա­դե­մի­կո­սի կո­չում (1887-էն՝ պատ­ո­ւա­ւոր ան­դամ) եւ նշա­նակ­ո­ւե­ցաւ ­Ծո­վա­յին ընդ­հա­նուր շտա­պի գե­ղան­կա­րիչ: 1845-ին Այ­վա­զովսկ­քի վերջ­նա­կան բնա­կու­թիւն հաս­տա­տեց իր ծննդա­վայ­րին՝ ­Թէ­ո­տոս­իա­յի մէջ, ուր ոչ միայն շա­րու­նա­կեց իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան բե­ղուն աշ­խա­տան­քը, այ­լեւ՝ աշ­խու­ժօ­րէն լծո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէ­ու­թեան:

Ձա­րա­կան ­Ծո­վու­ժի գե­ղան­կա­րի­չի իր հան­գա­ման­քով, Այ­վա­զովսկ­ի ան­ձամբ մաս­նակ­ցե­ցաւ ռու­սա­կան զօր­քե­րու մղած պա­տե­րազմ­նե­րուն եւ մեծ է թի­ւը այն նկար­նե­րուն, ո­րոնք նո­ւիր­ո­ւած են ռու­ս-թուրք ծո­վա­յին ընդ­հա­րում­նե­րուն: Այդ շար­քէն յի­շա­տա­կե­լի են մա­նա­ւանդ 1853-1856-ի Խ­­րի­մի պա­տե­րազ­մին նո­ւիր­ո­ւած Այ­վա­զովս­կիի նկար­նե­րը, ո­րոնք 1854-ին, ­Սե­ւաս­տո­փո­լի պա­շար­ման օ­րե­րուն, ա­ռան­ձին ցու­ցա­հան­դէ­սով ներ­կա­յաց­ո­ւե­ցան:

1850-ա­կան­նե­րուն եւ 1860-ա­կան­նե­րուն, Այ­վա­զովս­կի շա­րու­նակ ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան մէջ ե­ղաւ՝ գե­ղա­րուեստա­կան իր աշ­խա­տան­քով: Ե­ղաւ Ա­մե­րի­կա­ներ, ափ­րի­կէ ու Ծայ­րա­գոյն Ա­րե­ւելք, ա­մէ­նուր ցու­ցա­հան­դէս­ներ բա-ցաւ եւ մրցա­նակ­նե­րու տի­րա­ցաւ: Այդ ճամ­բով է, նա­եւ, որ Այ­վա­զովս­կիի հռչա­կը եւ գոր­ծե­րը սե­փա­կա­նու­թիւ­նը դար­ձան ամ­բողջ աշ­խար­հին:

Բայց յատ­կա­պէս հայ ի­րա­կա­նու­թեան հետ մնա­յուն եւ յա­րա­ճուն կա­պով յատ­կան­շո­ւե­ցաւ ու շնչա­ւոր­ո­ւե­ցաւ Այ­վա­զովս­կիի կեան­քը: 1868-ին ան ու­ղե­ւոր­ո­ւե­ցաւ ­Կով­կաս, ե­ղաւ ­Թիֆ­լիզ ու Պա­քու, 1869-ին իր գոր­ծե­րուն ցու­ցա­հան­դէ­սը տո­ւաւ ­Թիֆ­լիզի մէջ եւ, այդ­պէ­սով, հի­մը դրաւ հայ նկա­րիչ­նե­րու անձ­նա­կան ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու ա­ւան­դու­թեան: Այ­վա­զովկ­սիի ա­շա­կեր­տե­ցին եւ ա­նոր ար­ո­ւես­տին շա­րու­նա­կող­նե­րը ե­ղան հայ մե­ծա­նուն նկա­րիչ­ներ Վ. Մա­խոխ­եան, Մ. ­Ճի­ւան­եան եւ Մ. Մահ­տես­եան:

Ա­ւե­լի քան 6000 նկար հա­շո­ւող մե­ծար­ժէք ժա­ռան­գու­թիւն մը Այ­վա­զովս­կի կա­պեց իր ա­նու­նին: Գե­ղար­ո­ւես­տա­կան տա­ղան­դի այդ վա­րար­ման ար­գա­սիքն են հայ ժո­ղո­վուր­դին ու Հա­յաս­տա­նին՝ յատ­կա­պէս մե­ծա­խոր­հուրդ Ա­րա­րա­տին նո­ւիր­ո­ւած Այ­վա­զովս­կիի գոր­ծե­րը, ո­րոնց լա­ւա­գոյն նմոյշ­նե­րէն ո­մանք մնա­յուն ցու­ցադ­րու­թեան ի­րենց փա­ռա­ւոր տե­ղը գտած են Ե­րե­ւա­նի Ազ­գա­յին ­պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ: ­Միայն օ­րի­նակ­ներ թո­ւե­լու կար­գով կ­­՚ար­ժէ յի­շա­տա­կել «Ա­րա­րատ լե­րան հո­վի­տը», «Հայ մար­տի­կի եր­դու­մը», «­Հայ ժո­ղովուր­դի մկրտու­թիւ­նը», «Պայ­րո­նի այ­ցը Մ­­խի­թար­եան­նե­րին Ս. ­Ղա­զար կղզում» եւ «Խ­­րիմ­եան ­Հայ­րի­կը Էջմ­իած­նի շրջա­կայ­քում» գոր­ծե­րը, ո­րոնք 19-րդ դա­րու հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին, ո­գո­րում­նե­րուն եւ մա­քա­ռում­նե­րուն, տա­ռա­պանք­նե­րուն եւ յոյ­սե­րուն, վե­հու­թեան եւ ան­կու­մին խո­րա­գոյն պա­հե­րը որ­սա­ցած եւ յա­ւեր­ժու­թեան յանձ­նած են՝ գե­ղար­ո­ւես­տա­կան բարձ­րար­ժէք վա­րա­րու­մով:

Այ­վա­զովս­կի նա­եւ գործ­նա­պէս իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի դի­մագ­րա­ւած ող­բեր­գա­կան հար­ուած­նե­րու դի­մագ­րա­ւու­մին: ­Յատ­կա­պէս մեծ ե­ղաւ Այ­վա­զովս­կիի ներդ­րու­մը 1894-1896-ի հա­միտ­եան կո­տո­րած­նե­րու ժա­մա­նակ: Ամ­բողջ նկա­րա­շար մը ստեղ­ծեց Այ­վա­զովս­կի, մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու ար­ժա­նա­ցուց այդ շար­քը եւ ոչ միայն հայ­կա­կան ի­րա­ւուն­քին ու ար­դա­րու­թեան ձայ­նը իւ­րո­վի ու բարձ­րա­գոռ հնչե­ցուց աշ­խար­հով մէկ, այ­լեւ՝ այդ գոր­ծե­րու վա­ճառ­քէն գո­յա­ցած գու­մար­նե­րով օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րեց ­Կով­կաս ու Խ­­րիմ ա­պաս­տա­նած հայ գաղ­թա­կան­նե­րուն, ա­նոնց պատս­պա­րու­մին եւ հո­գա­տա­րու­թեան:

1887-ին եւ 1897-ին մեծ շու­քով տօ­նա­կա­տար­ո­ւե­ցան Այ­վա­զովս­կիի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քին 50-ամ­եայ ու 60-ամ­եայ յո­բել­եան­նե­րը: Իսկ 1900-ի Ապ­րիլ 19-ին, երբ ու­ղե­ղի ա­րիւ­նախռնու­մով վերջ գտաւ հան­ճա­րեղ հա­յուն հան­դեր­ձեալ կեան­քը, ողջ ­Թէ­ո­տոս­ի­ան՝ զի­նո­ւո­րա­կան մեծ շու­քով կա­տար­ո­ւած յու­ղար­կա­ւո­րու­թեամբ մը, հա­յոց Ս. ­Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, յա­ւի­տե­նա­կան փառ­քի պատ­ո­ւան­դա­նին ար­ժա­նա­ցուց ­Յով­հան­նէս Այ­վազ­եա­նը:

Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի շիր­մա­քա­րին գրո­ւած է ­Մով­սէս ­Խո­րե­նա­ցիի «­Հա­յոց պատ­մու­թիւն» գոր­ծէն քա­ղո­ւած թե­ւա­ւոր վկա­յու­թիւ­նը. «­Մահ­կա­նա­ցու ծնեալ՝ ան­մահ զիւրն յի­շա­տակ ե­թող»:

Եւ այ­սօր, երբ աշ­խար­հի տար­բեր ազ­գե­րու մար­դոց շար­քին հա­յու աչ­քե­րը եւս կը կեդ­րո­նա­նան Այ­վա­զովս­կքիի նկար­նե­րուն վրայ, ան­պայ­ման ­Ծո­վու խոր­հուր­դին մէջ ա­նոնք կը տես­նեն եւ կը հմայ­ո­ւին ա­լե­կո­ծում­նե­րովն ու խա­ղա­ղու­թեամ­բը ­Հա­յու ­Հո­գի­ին, ո­րուն ե­զա­կի թարգ­մա­ննե­րէն հան­դի­սա­ցաւ հա­յոց հպար­տու­թեան աղ­բիւր Այ­վա­զովս­կին:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2015