ՄԵՆՔ ԵՒ ԾԱՌԵՐԸ…

Տարօրինակ է
Որքան նման ենք
Մենք եւ ծառերը
Եւ որքան օտար․․․

Մեր արմատները
Բնութեան ինչ որ օրէնքով մը մութ
Խրուած են հաստատ
Ընդերքներուն մէջ Երկրին եւ երկրի։ 

Մեր բունը կանգնած
Գիտակից ճիգով
Մէջքը շտկելով
Կը ձգտի շալկել
Իր վրայ դրուած 
Լոյսի եւ յոյսի երազանքները։
Որոնման ծիրի մէջ կը դեգերի,
Դէպի ո՞ւր արդեօք,
Ի՛նքն ալ չի գիտեր․․․:
Մշուշածածկ է կայանը վաղուց․․.

Իսկ մեր Ճիւղերը․․․ 
Հողմերու հեւքին
Հնազանդ ծառայ,
Ծուռ ու մուռ կ՚երթան,
Երբեմն մօտիկ երբեմն հեռու,
Միշտ փախուստ տալով՝
Յոյսի նաւակով
Ափեր փնտռելով
Ուր կրնան շնչել, 
Շնչել եւ․․․ ապրիլ․․․

Իսկ ցօղունները․․․
Նոր ճանապարհի մոլուցքով տարուած
Մէկը միւսին հրմշտկելով
Կը փախչին տեղեր առանց գիտնալու․․․։
Ցօղուններէն մին,
Երբեմն երկու,
-Չես գիտեր ինչու-
որոնման երթին,
Աւիշէն հեռու    
Կը մեռնին -աւաղ- առանց գիտնալու․․․:
Որքան նման ենք․․․ մենք եւ ծառերը․․․

Տարօրինակ է․․․ 
Երկուորեակ ճիւղեր յար եւ հաւասար,    
Նոյն բունէն կազմուած,
Նոյն երազանքով սնած եւ մեծցած,
Բնութեան ուժով երկփեղկուած, բաժնուած,
Մէկը վառ ծաղկա՛ծ, ներկան է գրկած,
Միւսը հանդարտ կանգնած․․․ մահացած․․․
Մենք եւ ծառերը․․․

Իսկ տերեւները․․․
Արեւ կը փնտռեն ապրելու համար
Եւ ապրեցնելու շնչող եւ անշունչ գոյութիւնները։
Գարնան, կը պարեն հովի հպումէն,
Աշնան կը թօշնին մահուան խենթ լուրէն,
Իսկ ձմրան բօթէն, մերկ ու քարացած կ՚աղօթեն անյոյս,
Որ ապրին այնքան մինչեւ որ հեռուէն
- ուրկէ՞, չե՛ն գիտեր -
Փրկարար ձայն մը 
Նոր օրուան լուրով գայ եւ աւետէ,
Ամոքէ վիշտը եւ ցաւը
Մեղմիւ աւետէ․․․

Մէջքերնիս տուած խուլ ժամանակին
Արահետներ ենք մենք բաղեղներուն, որ
Կը մագլցին մեր ուսերն ի վեր, 
Նոր շունչ եւ նոր կեանք,
Եւ երջանկութեան նոր որոնումով․․․
Նմանակներու այս հաւաքին մէջ
Մենք եւ ծառերը
Բեւեռուած ենք լուռ
Համընկերներ չենք․․․

Մենք՝ ստեղծագո՜րծ, մենք՝ կառուցողնե՜ր
Մենք՝ գրող, մրող․․․
Մենք գիտենք ատել, 
Պերճախօս ստել
Նախանձիլ, հեգնել
Եւ արիւն հեղել
Մենք գիտենք գերել
Խոստում տալ․․․ դրժել
Սահմաններ քանդել
Եւ բանտել․․․ բանտել․․․ ուղեղներ ջարդել․․․
Կացնահար ընել․․․
Իսկ խեղճ ծառերը․․․

Այս դաժան կեանքի խամաճիկներն ենք
Մենք եւ ծառերը:
Ժամանակի խօլ հոլովոյթին մէջ,
Դատապարտուած ենք
Կեանքի ու մահուան կանչին յանձնուած
Նարտի խաղալու… 
Ուր տառապալից ճանապարհ մը կայ
եւ յաղթող չկայ․․․

Մենք եւ ծառերը
Կ՚ապրինք երազով,
Անյոյս յուսալով,
Բեկուած, 
Բզկտուած, 
Երազի ճամբուն երազն կորուսած․․․

Մենք եւ ծառերը՝
Հողմերուն գերի,
Օրերուն գերի,
Գերութեան գերի․․․
Անորոշութեան հեգնանքին գերի՝
Հայելիի մը երկու կողմերը 
Մեր մէջի «Է»ին կը նայինք խոհով,
Դառը խորհուրդով․․․
Եւ կը մտածենք
Թէ մեզմէ արդեօք 
Ո՞վ պիտի միւսին,
-խորաններուն մէջ խունկէ որբացած-
«Ի վերին» երգէ․․․ խաչերով խաչուած․․․

***

Արահետներով սեւ ժամանակի,
Անցորդներ կ՚անցնին,
Ապշած կը նային՝
«Այստեղ ծառ մը կար
Փարթամ ու պայծառ
Պտուղներով լի»։ 
Մրմունջով կ՚ըսեն․․․։

Ափսոսա՞նք է այդ, 
Թէ՝․․․ ահազանգող ակնարկ մը ցնցող․․․

***

Որքան նման ենք
Մենք եւ ծառերը․․․

Կը ծնինք ակամայ
    Առանց հարցումի
Կ՚ապրինք հեռակայ
    Տենչեր հիւսելով
Կը մեկնինք անկատար
    Երազներ թողած:

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Նիւ Եորք

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2023