ԶԳՈ՛ՒՇԱՑԻՐ ՍՏԱՊԱՏԻՐ ԱՂԱՆԴԱՒՈՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐԷՆ

Աղանդաւորական շարժումները քրիստոսահաստատ Եկեղեցւոյ սկբզնաւորման շրջանէն սկսեալ քամիի նման դէսուդէն կը փչեն, քրիստոնէական Եկեղեցիէն աւելի՛ բան մը ըրած ըլլալու յաւակնոտութեամբ։ Լորձնաշուրթն աղանդաւորները կը փորձեն «թերահաւատները Աստուծոյ ճամբուն առաջնորդել, խաւարի մէջ խարխափող մարդիկը լուսաւորել, մեղքի թմբիրի մէջ եղողները զգաստացնել եւ մոլորածները ճամբու բերել»՝ զանոնք առաջնորդելով իրենց նախասիրած ուղղութեամբ։

Ներկայ դարու հասարակութիւնը հովէն քշուող ամպերու պէս կը տարուի ու կը հրապուրուի՝ ի տես արտասովոր երեւոյթներու եւ խաբեբապատիր «նորարարութիւններու»։ «Նորարարութիւն», որ լի է ֆիլմարուեստի ճարտարութիւններով ու շարժուձեւերով։ Այս տիպի շարժումներու անդամագրուողներ իրենք զիրենք խաբելով ու համոզելով՝ կ՚ըսեն. «Անոնք ընկերային հաւաքներ ունին, իրենց պաշտամունքներուն բազմաթիւ երիտասարդներ ներկայ կ՚ըլլան, հաճելի ժամանցներ կը կազմակերպեն…»։ Նման ազատամտութեան ջատագով մարդիկ անձնական դժուարութիւններէ առաջնորդուած, հոգեգալարումներէ մղուած, իրենց Եկեղեցւոյ մէջ պատահած մասնաւոր երեւոյթէ մը սրտնեղած եւ Եկեղեցւոյ պաշտամունքային «պարզութիւն»ը կամ «հաղորդականութիւն»ը պատճառաբանելով՝ աւելորդ կը համարեն Եկեղեցի յաճախելը։

Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնն ու ուսուցողականութիւնը անկարեւոր նկատելով՝ նման մարդիկ կը սկսին իրենց «սրտին խօսող» ու «մտքին համապատասխանող» աղանդաւորական շարժուներու հետեւիլ։ Շատ յաճախ փողոցին մէջ կրնաս հանդիպիլ ժպտերես երիտասարդուհիի մը, որ կը փորձէ լոլոզուն եւ քաղցրալիր խօսքերով քեզ հրաւիրել իրենց «եկեղեցւոյ» պաշտամունքներուն։ Առանց անդրադառնալու՝ կ՚ընդառաջես աղանդաւոր-երիտասարդուհիին հրաւէրին եւ կը համաձայնիս ներկայ գտնուիլ անոր նորաստեղծ խումբի պաշտամունքին՝ դուն քեզ կամաւորաբար յանձնելով խաբեբաներու ճիրաններուն ու սնահաւատութեան։

Իմանալու համար աղանդաւորական շարժումներու ինչութիւնը, համառօտ տողերու մէջ փորձենք խօսիլ անոնց ծագումնաբանութեան եւ հետապնդած նպատակներուն մասին։ Աղանդը առաքելահիմն Եկեղեցւոյ պաշտօնական դաւանանքին հակասող ուսմունք դաւանող եւ քարոզող մարդոց խումբն է։ Աղանդը կարելի է անուանել քայքայիչ պաշտամունք կամ պաշտամունքային նորագոյացութիւն մը, որ չունի առաքելական հիմք եւ վարդապետութիւն։ Աղանդները Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան օրէն իսկ գոյութիւն ունեցած են։ Անոնց գոյութիւնը պայմանաւորուած էր Եկեղեցւոյ գոյութեամբ՝ մշտապէս խեղելով անոր ուղղափառ դրոյթներն ու դաւանանքը: Մերօրեայ աղանդները. սակայն. սկիզբ առած են արեւմտեան երկիրներու մէջ եւ Արեւելք ներթափանցած են 19-րդ դարու երկրորդ կէսին եւ 20-րդ դարու սկիզբին:

Աղանդաւորները մեծ մասամբ հիմնուած են Աւետարանի այս կամ այն հատուածի կողմնակալ մեկնաբանութեան վրայ՝ ըստ աղանդի հիմնադրին, առաջնորդին, շահերուն եւ համոզումներուն։ Աղանդաւորները, որպէս առանձին կազմակերպուած համայնքներ. ոչ միայն աւանդական Եկեղեցւոյ դէմ են. այլեւ՝ պետութեան ու պետական կառոյցներուն: Աղանդներու հետեւորդները կը խուսափին ազգային, հասարակական ու բարոյական պարտաւորութիւններէն: Իսկ անոնց առաջնորդները Սուրբ Գիրքի մեկնաբանմամբ դաւանանքի նոր սահմանումներ կը կատարեն եւ իրենք զիրենք նոր մարգարէներ կամ նոր քրիստոսներ ու մխիթարիչներ կը կոչեն:

Ինչպէս վերեւ նշեցինք, որ աղանդաւորական շարժումները քրիստոնէական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս նոր երեւոյթներ չեն: Առաջին երեք դարերուն փիլիսոփայական տարբեր հոսանքներու ազդեցութեամբ բազմաթիւ աղանդներ, հերձուածներ ու հերետիկոսական ուղղութիւններ ձեւաւորուած են, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր առաջնորդը ունէր: Ժամանակակից աղանդներուն հիմնադիրներն են՝ Ռասէլը՝ եհովայի վկաներու. Սմիթը՝ մորմոններու…: Սկզբունքը նոյնն էր նաեւ առաջին դարերու աղանդներու պարագային, ինչպէս Արիոսը՝ արիոսականներու. Պօղոս Սամոսատցին՝ պաւղիկեաններու…։ Հին եւ նորագոյն ժամանակաշրջաններու աղանդաւորներու կարծիքով՝ Աստուածաշունչը Աստուծոյ խօսքին միակ աղբիւրը չէ եւ քրիստոնէական ճշմարտութիւնը միայն Հին ու Նոր Կտակարաններուն մէջ չի՛ գտնուիր։ Ըստ անոնց՝ Սուրբ Գիրքի պատգամները շատ յաճախ շաղախուած են հեթանոսական կրօններու. փիլիսոփաներու կամ գիտական յայտնագործութիւններու մէջ՝ իրենց ձեռնտու մտքերով ու փաստերով:

Իւրաքանչիւր աղանդ ունի իր բնորոշ առանձնայատկութիւններն ու ձեւերը, որոնց շնորհիւ «որս» համարուող հաւատացեալը իրենց ժանիքներուն մէջ կը կարողանան պահել։ Այսպէս.

• Աղանդի անդամները պէտք է լիովին եւ անխօս ենթարկուին կազմակերպութեան կարգուկանոնին: Որպէսզի հաւատացեալները լիովին կախուածութեան մէջ ըլլան, «առաջնորդները» հոգեւոր-հոգեբանական բռնութիւններու կը դիմեն:

• Կիրառուող հոգեբանական ազդեցութեանց եւ հոգեմէտ միջոցներու շնորհիւ, աղանդի հետեւորդը կը հիփնոսացուի, իսկ անոր ինքնագիտակցութիւնը կորուստի կ՚ենթարկուի՝ ընկերներու եւ հարազատներու հանդէպ իր վերաբերմունքը փոխուելով եւ իր անհատականութիւնը քայքայուելով։ Նմանատիպ մարդիկ, դժբախտաբար, հասարակութեան համար վտանգաւոր կը համարուին եւ պատրաստ են իրենց «հոգեւոր առաջնորդի» թելադրանքով որեւէ մէկ յանցագործութիւն կատարել։

• Աղանդի «առաջնորդներու» գլխաւորագոյն նպատակը հարստանալն է` ստիպողական հանգանակութեանց միջոցաւ: Իրենց նպատակներուն հասնելու համար՝ յաճախ ընտանիքները կը դրդեն ամուսնալուծման քայլն առնելու՝ ունեցուածքի բաժանման ակնկալիքով։ Կը փորձեն ծնողներու եւ երեխաներու վիճաբանութիւնները կառավարել՝ յօգուտ իրենց սեփական շահերուն: Իսկ նոր անդամագրուածներու անչափահաս երեխաները կ՚ուզեն իրենց խնամակալութեան տակ առնել՝ իրենց եկամուտը ընդարձակելու համար:

• Աղանդներու ղեկավարութիւնները խումբի անդամներուն արտաքին հասարակութեան հանդէպ բացասական եւ անհանդուրժող վերաբերմունք կը ներշնչեն. համոզելով, որ աղանդի նպատակները աշխարհիկ օրէնքներէն շատ աւելի բարձր են, որովհետեւ, ըստ անոնց, այդ սատանայածին կանոնները անհրաժեշտ են համայն մարդկութեան «փրկութեան» համար:

Պղծաշուրթն աղանդներու պաշտամունքային ծէսերու ընթացքին որոշակի մեթոտներ կը կիրարկուին, որոնք խոր ազդեցութիւն կը թողուն մարդու գիտակցութեան վրայ եւ հետեւորդը շարունակ կախուածութեան մէջ կը պահեն։ Այդպիսի մեթոտներէն են՝ խմբակային միօրինակ կրկնութիւնները, աղօթքի արտասանութիւնները եւ բարձրաձայն. յատուկ ռիթմերով երգեցողութիւնը. որոնք ծիծաղ. լաց. անտեղ շարժուձեւեր ու ծափահարութիւններ կը յառաջացնեն: Հոգեբաններ դիտել կու տան, որ երբ մարդու ուշադրութիւնը կեդրոնացած է միապաղաղ գործողութիւններու վրայ. մարդ կը կորսնցնէ ինքնագիտակցութիւնը եւ հեշտութեամբ կ՚ենթարկուի «ծէսը» վարող առաջնորդողի հրահանգներուն։ Աղանդներու պաշտամունքները առհասարակ երկար կը տեւեն։ Տեւական. միօրինակ պաշտամունքային «ծէսեր» կատարելով՝ մարդ կը սկսի անզգամ դառնալ, անոր ցանկութիւնները կը բթանան, անտարբեր անձ մը կը դառնայ, շրջապատին եւ ընտանիքին հանդէպ հետաքրքրութիւնը կը վերանայ, չի կրնար երեւոյթները վերլուծել եւ իւրաքանչիւր խօսքի շատ դիւրութեամբ կը սկսի հաւատալ…։ Մարդուն այսպիսի վիճակի հասցնելու համար, աղանդները հետեւեալ մեթոտները կը կիրառեն.

• Խոկումային երաժշտութիւն եւ միապաղաղ մեղեդիներ կ՚օգտագործեն։ Իսկ պաշտամունքներու ժամանակ թմրանիւթեր կը գործածեն՝ ըմպելիքներու միջոցով եւ կամ պաշտամունքի սրահին մէջ անհոտ. անգոյն կազ արձակելով:

• Հաւատացեալը սովորական քունէ կը զրկեն։ Քունի սովորական ժամերը խախտելու պատճառաբանութիւնը այն է, որ գիշերուայ որոշ ժամերուն պէտք է արթննալ եւ աղօթել:

• Մարդու օրկանիզմը կը թուլացնեն՝ արգիլելով վերջինիս համար անհրաժեշտ եւ համապատասխան սնունդի օգտագործումը: Կարգ մը աղանդներ ո՛չ միայն միսն ու ձկնեղէնը կ՚արգիլեն, այլեւ՝ կաթնամթերքի. հաւկիթի. մեղրի. աղի եւ այլ սննդամթերքներու օգտագործումը:

• Հաւատացեալը գերյոգնած վիճակի մէջ կը պահեն՝ աղանդի բարօրութեան համար զինք անդադար աշխատցնելով:

• Աղանդի անդամները մշտապէս «աշխարհի մօտալուտ վախճանի» սարսափի մէջ կը պահեն. որուն մասին աղանդի «առաջնորդը» ինք միայն կրնայ յայտնել:

Ի տարբերութիւն աղանդներու, Առաքելահաստատ Հայ Եկեղեցին հաւատքդ պաշտպանող, քեզ խնամող ու հոգեպէս սնող միակ Մայրդ է։ Եկեղեցին դարձաւ ողջմիտ տեսութիւնը ապրուած ճշմարտութեան վերածող ներշնչարանը, բարեպաշտական զգացումները յայտնող հանդիսարանը, պատեհապաշտութեան հոսանքներէն փրկող պահպանակը, պայծառ խորհրդածութեան գրաւականը, հաւատքի ճշմարտութեան շեփորահարը, հոգեւոր մշակոյթի ծաղկման երաշխիքը, հայաբոյր ապրումներու կենսառողջ սիրտը եւ առաքեալներէն կտակուած սրբապատկերը եւ անխորտակելի հաւատալիքներուն սկզբնագիրը՝ Աւետարանէն արտաբերուած։ Եկեղեցին որպէս Աւետարանի ընտիր սերմնահատիկները ցանող սերմնացան, մշտարթուն դիտակի հանգամանքով, աստուածատուր տաղանդները ողջմիտ վարդապետութեան ծառայեցուց՝ մնալով հաւատարիմ գործակիցը իր հաւատքի Զօրագլուխին։ Ահա թէ ինչո՛ւ ուղղափառ դաւանութեան ստոյգ բանաձեւումները, հաւատքի սկզբունքներուն ճշդորոշիչ սահմանումները եւ հոգեւոր սովորութիւններուն առաքելաւանդ ըմբռնումները Եկեղեցւոյ միջոցաւ քեզի կը փոխանցուին։

Քրիստոսահաստատ ուսուցումները անխախտ ճշմարտութիւններ են, որոնց շնորհիւ Եկեղեցին հերքեց սխալը. յանդիմանեց անփոյթը. երեւան հանեց կեղծիքը ու մերժեց խաբեբայական խօսքերը՝ խորապէս հաւատալով եւ հաստատապէս ընդունելով, թէ ճշմարտութիւնը եւ իրականութիւնը Քրիստոսի մէջ է (Հմմտ. Կղ 2,17, Եփ 4,21): Քրիստոս աստուածապաշտ կեանքի վերաբերեալ մասնակի սահմանումներ եւ որոշակի պարզաբանումներ չկատարեց. առաքեալին բառերով՝ «Քրիստոս Իր աստուածային զօրութեամբ մեզի պարգեւեց ամէն ինչ որ անհրաժեշտ է աստուածապաշտ կեանքի մը համար» (Բ,Պտ 1,3): «Ամէն ինչ» բառերը կը բացայայտեն Քրիստոսի հիմնած հաւատքին կատարելագործուած ըլլալուն իրողութիւնը։ Հաստատուն ճշմարտութիւն մը, որուն հիման վրայ ձեւակերպուեցաւ Եկեղեցւոյ քարոզչական ծառայութիւնն ու հոգեւոր գրականութիւնը:

Սիրելի՛ ընթերցող, քրիստոնէական Եկեղեցին հիմնուած է Սուրբ Գիրքի ճշմարտութեանց, հինէն եկող աւանդութեանց եւ կենդանի խօսքին վրայ։ Իսկ Սուրբ Գիրքը կը կանգնի Եկեղեցւոյ պատուանդանին վրայ իբրեւ ճշմարտութեան վէմ, առանց որուն հեղինակութեան, չարաշահութեան աղբիւրի կրնայ վերածուիլ, կարգ մը գաճաճ իմացականութեան տէր եւ փցուն հաշիւներով զբաղող փերեզակներու պատճառով։ Ճշմարիտ Եկեղեցւոյ ուսուցումներով համակէ ողջ էութիւնդ՝ ուղեկորոյս չդառնալու, դուն քեզ չկորսնցնելու եւ մարդս քանդող ապաբարոյական աղանդաւորական շարժումներէն չտարուելու համար։

Ճշմարիտ կեանքը արդարութեամբ եւ սրբութեամբ կը յատկանշուի (Հմմտ. Եփ 4,24)։ Ճշմարտութիւնը կ՚ազատագրէ (Հմմտ. Յհ 8,32). նոյնիսկ եթէ բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներ քեզ ինքնութեանդ արմատէն հեռացնելու. առաքինի կեանքէդ օտարացնելու եւ այլասերման ազդեցութեան ներքեւ պահելու վտանգով կը ներկայանան։ Առ այդ, հայրերուդ քալած ճանապարհէն քալէ եւ հետեւէ դարերով աւանդականացած Հայ Եկեղեցւոյ որդեգրած ուղիին, որ ճշմարիտ հաւատքի կիզակէտն է։ Հաւատքդ խաղաքարտ չէ, այլ ան երկնքի արքայութեան երաշխիքն է։ Առ այդ, զայն անարատ պահէ եւ մի՛ մխրճեր ցեխաթաթաւ աղանդաւորական շարժումներու ճահիճին մէջ…

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 4, 2017