ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

​«Պահքը միայն Աստուծոյ փառքին համար պէտք է ըլլայ»
(Պօղոս Պատրիարք Ադրիանապոլսեցի)

Քառասնորդաց Պահեցողութիւնը կը յատկանշուի անով, որ մեր Եկեղեցւոյ Սրբազան Հայրերը, իւրաքանչիւր կիրակի կոչած են յատուկ անունով, ատով հաւատացեալին մղելու իր իրավիճակին մասին մտածելու, խորհրդածելու: Աւելին, Եկեղեցւոյ Հայրերը Մեծ պահքի իւրաքանչիւր կիրակին առընչած են մարդ արարածին առընչուած երեւոյթի մը, որոնց միջոցով հերթաբար մարդուն մտածելու առիթ կու տան իր գոյութեան նպատակի մասին մտորելու։ Տակաւին, այդ երեւոյթներուն միջոցով՝ անցեալին կատարուած իրադարձութիւններուն եւ կամ Սուրբ Աւետարանին մէջ արձանագրուած առակներուն ընդմէջէն, մարդու հոգին դաստիարակելու եւ յղկելու առիթ ըլլալու, հոգեւորապէս աճեցնելու եւ զօրացնելու համար զայն։ Արդարեւ Մեծ պահքի երկրորդ կիրակին կը կոչուի Արտաքսման:

Արտաքսման կիրակին յիշատակութիւնն է մեր նախածնողներուն Ադամի եւ Եւայի դրախտէն արտաքսման, այլ խօսքով դուրս դրուելուն: Արարիչն Աստուած երբ Իր կատարած ստեղծագործութեան վերջին փուլին հասած էր, որոշեց մարդը ստեղծել նաեւ: Ըսաւ. «Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք: Ան ծովու ձուկերուն ու երկինքի թռչուններուն եւ անասուններուն ու բոլոր երկրի ու սողացող բոլոր սողուններուն վրայ թող իշխէ» (Ծն 1.26): Կը տեսնէ՞ք, ո՛չ միայն լոկ ստեղծեց մարդը, այլեւ զայն Իր ամբողջ ստեղծագործութեան իշխան կարգեց: Ասոր կողքին սակայն Ամենաբարին Աստուած պատուիրեց մարդուն. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս» (Ծն 2.16-17): Պատուէրը շատ յստակ էր եւ միաժամանակ պատուիրանազանցութեան պարագային սպասուող պատիժը: Եւ գիտենք, թէ ինչպէս օձը խաբելով Եւային եւ Եւան ալ Ադամին բերելով ծառի պտուղէն կերան, անհնազանդ գտնուելով Աստուծոյ պատուէրին: Այդ պատճառով ալ Աստուած զանոնք վռնտեց Եդեմի պարտէզէն (Ծն 3.22-24):

Ծննդոց գիրքի երրորդ գլուխին մէջ կը կարդանք. «Եւ Տէր Աստուած ըսաւ. «Ահա Ադամ մեզմէ մէկուն պէս եղաւ՝ բարին ու չարը գիտնալով եւ հիմա պիտի չթոյլատրեմ որ ձեռքը երկնցնէ ու կենաց ծառէն ալ առնէ եւ ուտէ եւ յաւիտեան ապրի»: Ուստի Տէր Աստուած Եդեմի պարտէզէն դուրս ըրաւ զանիկա, որպէսզի երկիրը մշակէ, ուրկէ առնուեցաւ։ Այսպէս վռնտեց Ադամը ու Եդեմի պարտէզին արեւելեան կողմէն քերովբէներ ու ամէն կողմ դարձող բոցեղէն սուրը դրաւ, կենաց ծառին ճամբան պահելու համար» (Ծն 3.22-24): Այս տողերէն յստակ կը դառնայ անուանման դրդապատճառը, որն էր Ադամին ու Եւային դրախտէն արտաքսումը, ընդ որում ամբողջ մարդկութեան Աստուծոյ ներկայութենէն հեռացման փաստը։ Ադամն ու Եւան մինչեւ արգիլուած ծառէն ճաշակելը, Աստուծոյ ներկայութեան մէջ երանական վիճակով կ՚ապրէին. սակայն, հետաքրքրասիրութիւնը, որ չարը մտցուց Եւայի մէջ, պատճառ դարձաւ կորսնցնելու եւ զրկուելու Աստուծոյ ներկայուեթենէն եւ այդ երանական վիճակէն։ Ներկայիս նաեւ, շատ յաճախ մեր չափազանցուած հետաքրքրասիրութիւններուն պատճառով մենք մեզ կը զրկենք Աստուծոյ ներկայութենէն, որովհետեւ այդ հետաքրքրասիրութեան պատճառով գործած մեր արարքները ինքնաբերաբար մեզ կը հեռացնեն Աստուծմէ, որով մենք մեզ է, որ կը վռնտենք Եդեմի պարտէզէն, այլ խօսքով՝ Աստուծոյ ներկայութենէն:

Այսօր, մեզմէ շատեր կ՚ըսեն, լաւ մեր յանցանքը ի՞նչ է, Ադամն ու Եւան մեղանչեցին: Պատասխանը մէկն է. ճի՛շդ է, որ Ադամն ու Եւան մեղանչեցին, սակայն մենք՝ մարդիկս, Ադամին ու Եւային սերունդն ենք, այսինքն՝ անոնց բնութիւնը կրողները, եւ որպէս այդպիսին, մենք ալ կրնանք մեղանչել՝ կը մեղանչենք իսկ անհնազանդ գտնուելով Աստուծոյ հրամաններուն: Այլապէս, եթէ այդպէս չըլլար, ինչպէ՞ս բացատրել այսօրուան աշխարհի մէջ գործուած մեղքերը: Աւելին, ինչպէ՞ս բացատրել Քրիստոսի աշխարհ գալը:

Այսօր մենք եւս մեր արարքներով կրնանք Աստուծոյ պատուիրաններուն հակառակիլ, այսինքն՝ չգործադրել այն ինչ որ Ամենաբարին Աստուած պատուիրած է մեզի Աստուածաշունչով: Չգործադրելու պարագային, բնականաբար նոյն վճիռը որ Ադամին տուած էր, մեզի ալ պիտի վերաբերի, որովհետեւ երբ մեղանչենք՝ այսինքն զանց ընենք Աստուծոյ պատուիրանները, «անշուշտ պիտի մեռնինք»: Վճիռը յստակ է. մեռնիլ. պէտք է աւելի հոգեւորապէս հասկնալ քան ֆիզիքապէս, քանի որ այսօր այնքան շատ է թիւը ֆիզիքապէս կենդանի եղողներուն սակայն հոգիով՝ մեռածներուն, որ այլ խօսքով կը նշանակէ Աստուծոյ ներկայութենէն արտքսուած մեր վիճակին:

Շատեր, Մեծ պահքի կիրակիներուն կը նային պարզ ձեւով՝ առանց նկատի ունենալու անոնց դաստիարակիչ յատկութիւնը։ Այդպիսիները կը մտածեն, թէ այդ անուանումներուն պատճառները պատմութեան որոշ ժամանակահատուածի մը ընթացքին տեղի ունեցած են եւ կամ Սուրբ Աւետարանին մէջ արձանագրուած են, եւ վերջ։ Այս մտածումը սակայն առողջ չէ, որովհետեւ այդ երեւոյթները անցեալին չեն պատկանիր միայն, այլեւ աւելի եւս այսօրուան մեր իրականութեան։ Անցեալին պատահած դէպքերը որոնց մասին կը կարդանք Աստուածաշունչին մէջ, եթէ ճիշդ կերպով կարդանք ու ճիշդ կերպով ըմբռնենք, ապա Աստուածահաճոյ կեանք մը ապրելու լաւագոյն ուղեցոյցը կը դառնան իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար:

Կ՚ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ մոռցած է ու իրմէ հեռացուցած է ամէն տեսակի սկզբունք, արժէք ու բարոյականութիւն։ Նիւթը դարձած է բոլորին տէրն ու տիրականը եւ բոլորը ստրկացուցած է։ Անդին, յայտնի թէ անյայտ կազմակերպութիւններ, ամէն ջանք կը թափեն մարդիկը դատարկելու ամէն տեսակի արժէքէ, սկզբունքէ ու բարոյականութենէ եւ զայն վերածելու ուղղակի շարժող կենդանիի մը՝ առանց տրամաբանութեան։ Այլ խօսքով, այսօր մարդիկ իրե՛նք են, որ իրենք զիրենք արտաքսած են Աստուծոյ ներկայութենէն. մոռցած են Աստուծոյ իրենց պարգեւած շնորհքները. մոռցած են որ մօտաւորապէս աւելի քան երկու հազար տարիներ առաջ Ամենաբարին Աստուած նոյնիսկ իր Միածինը աշխարհ ղրկեց, փրկելու համար մեզ՝ մարդկութիւնը (տե՛ս Յհ 3.16) եւ վերստին վերադարձնելու Աստուծոյ որդեգրութեան՝ Աստուծոյ ներկայութեամբ ապրելու եւ գոյատեւելու։ Այս բոլորը մոռցած, մարդը դարձած է անզգայ, եւ հետեւաբար ոչինչով տարբերուող միւս կենդանի էակներէն, որոնք բնազդով կ՚ապրին։

Աստուած մարդը արտաքսեց դրախտէն դատավճիռ տալով «երկիրը մշակել». մարդը սակայն երկիրը ճիշդ ձեւով մշակելու եւ իր «ճակատի քրտինքով իր հացը ուտելու» փոխարէն, ա՛լ աւելի չարացաւ եւ անկարգացաւ, բայց ինչպէս վերը յիշեցի, Աստուած իր Միածինը ուղարկեց եւ մեզ Անոր Սուրբ Արիւնով գնեց։ Ցաւալին այն է, սակայն, որ հակառակ գիտակցելու թէ մենք «Քրիստոսի արեան գինն ենք» եւ արդէն փրկուած ենք, փոխանակ աշխատելու այդ զոհաբերման արժանի ըլլալու եւ երախտապարտ գտնուելու՝ փորձելով վերստին մտնել երանական դրախտ, ընդհակառակը, ա՛լ աւելի կը գազանանանք եւ ա՛լ աւելի կը հեռանանք Ամենաբարի Աստուծմէն, գործելով ամէն տեսակի այլանդակութիւններ ու մեղքեր, ատով Աստուծոյ ցասումն ու դատապարտութիւնը բերելով մեր վրայ։

Առաջին Ադամով վտարուեցանք՝ արտաքսուեցանք դրախտէն, իսկ Երկրորդ Ադամով՝ Քրիստոսով երանական դրախտի սերովբէափակ դուռը կրկին անգամ բացուեցաւ մեր դիմաց։ Մեզի կը մնայ ընտրել, թէ ո՞ւր եւ ո՞ր վիճակին մէջ կ՚ուզենք ապրիլ ու յայտնուիլ։ Մէկ բան միայն յստակ պիտի ըլլայ, որ Ամենաբարին Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրին կողքին կանգնած է ու կը սպասէ մեր դարձին. չմտածենք կամ չկարծենք, թէ Աստուած հեռացած է մեզմէ, ո՛չ, Աստուած մեզմէ չէ՛ հեռացած ու չի ալ հեռանար. մե՛նք է, որ մեր կեցուածքով ու սխալ որշումներով՝ որոնք Աստուծոյ կամքին հակառակ են, ՀԵՌԱՑԱԾ ենք ու կը շարունակենք ՀԵՌԱՆԱԼ ԱՍՏՈՒԾՄԷ։ Չմոռնանք, ժամանակաւոր ենք այս անցողիկ աշխարհին մէջ եւ մեզի յաւիտենականութիւն խոստացուած է, յաւէտ ապրելու Աստուծոյ ներկայութեան մէջ։     

Հետեւաբար, ամէն կերպ պէտք է փորձենք հոգեւորապէս ողջ մնալ, որով եթէ այստեղ՝ աշխարհին մէջ յաջողինք հոգեւորապէս կենդանի մնալ՝ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ մնալ, յաւիտենականութեան մէջ ալ նոյն վիճակը պիտի ունենանք, այլապէս եթէ այստեղ արտաքսուինք Աստուծոյ ներկայութենէն, առ յաւէտ արտաքսուած պիտի մնանք: Մեծ պահոց այս ընթացքին, արդարեւ, փորձենք մեղքէն հեռանալ ու Քրիստոսով կենդանանալ, որովհետեւ Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Ինչպէս մարդով մը սկիզբ առաւ մահը, նոյնպէս մարդով մը սկիզբ կ՚առնէ մեռելներու յարութիւնը: Ինչպէս Ադամէ ծնածները բոլորն ալ կը մեռնին, այնպէս ալ Քրիստոսէ ծնածները բոլորն ալ պիտի կենդանանան» (Ա. Կր 15.21-22):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

27 փետրուար 2022, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 5, 2022