200-ԱՄԵԱԿ ԾԵՐԵՆՑԻ
Պոլսեցի հայ գրող, հրապարակախօս, բժիշկ եւ պատմավիպագիր Ծերենցի 200-ամեակն է: Մեր դասական պատմավիպագրութեան մէջ մեծ ներդրում ունեցող Ծերենց՝ Յովսէփ Շիշմանեան, հայոց պատմութեան մէջ իր հետքը ձգած է ո՛չ միայն իբրեւ վիպագիր («Թորոս Լեւոնի», «Երկունք Թ. դարու», «Թէոդորոս Ռշտունի»), այլեւ՝ իբրեւ մանկավարժ, ազգային գործիչ եւ մանաւանդ, իբրեւ հակահասունեան շարժման պարագլուխներէն:
1853 թուականին, Ծերենց որպէս վկայեալ բժիշկ Եւրոպայէն կը վերադառնայ Պոլիս, ուր այդ օրերուն, խումբ մը կաթողիկէ եկեղեցականներ, Հռոմի պապին դրդումով եւ Անտոն Հասունեանի գլխաւորութեամբ, կը վարէին ազգադաւ ուղղութիւն՝ նպատակ ունենալով Հայ Կաթոլիկ եկեղեցին ձուլել Լատին եկեղեցւոյ հետ։ Հասունեաններու հակառակորդները, որոնք ծանօթ էին «հակահասունեան» անունով, ընդհանրապէս կը պահանջէին ազգային եկեղեցւոյ ինքնուրոյնութիւնը։ Թէեւ այս հակընդդէմ պայքարը երեւութապէս կրօնական վէճ մըն էր, սակայն խորքին մէջ քաղաքական խաղ մըն էր հայ ժողովուրդին մէկ հատուածը հոգեւորապէս ենթարկելու Հռոմի պապի իշխանութեան, որ կը ձգտէր հայ կաթոլիկ համայնքին ազգային դիմագիծը ջլատել։ Ծերենց, հակառակ իր կաթոլիկ ըլլալուն, կը կանգնի հակահասունեաններու կողքին եւ կը դառնայ ազգային շարժումը գլխաւորողներէն մին։ Ան յօդուածներով իր աշխատակցութիւնը բերած է Իւթիւճեանի «Մասիս»ին, Մամուրեանի «Արեւելեան Մամուլ»ին եւ «Ծիածան»ին։
Ծերենցի գրականութեան, ազգային կեանքէն ներս ունեցած գործունէութեան եւ մանաւանդ հակահասունեական շարժման մասնակից ըլլալուն մասին շատ գրուած է: Լոյս տեսած են վերլուծական, գրականագիտական, պատմական բնոյթով բազում ուսումնասիրութիւններ, որոնք կը քննեն Ծերենցի կեանքը, վիպագրութիւնը եւ գործունէութիւնը: Սակայն այդ ամենէն զատ միշտ անմահ կը մնայ մեծն Յակոբ Պարոնեանի «Ազգային ջոջեր»ու դիմանկարներու շարքին մէջ Ծերենցին նուիրուած մասը՝ «Յովսէփ Շիշմանեան» խորագրով: Մօտաւորապէս 150 տարի առաջ գրուած այդ գործը արդիական է միշտ, եւ այդ ժամանակի ականաւոր գործիչներուն անդրառնալով, անկարելի է անգամ մը եւս չթերթել «Ազգային ջոջեր»ը եւ հոն չփնտռել անոնց անունները.
ՅՈՎՍԷՓ ՇԻՇՄԱՆԵԱՆ
1820-ին -Քրիստոսէ ետք, Հասունեանէ առաջ- Աբբայեան վարդապետները Հայ եկեղեցի կու գային եւ իրարմէ բաժնուած եղբայրներու մէջ սէր եւ միութիւն քարոզելով հերետիկոսութիւն կը տարածէին: Աբբայեաններուն այս ընթացքը, որ թէպէտեւ համաձայն էր Քրիստոսի տեսական Աւետարանին, բայց տարաձայն ըլլալով սրբազան պապին գործնական Աւետարանին՝ կատաղութիւնը հրաւիրեց Քոլէճեաններուն, որոնք Վատիկանի Աւետարանը կը գործածեն միշտ իբրեւ լաւագոյն դասագիրք… ժողովրդեան մէջ երկպառակութիւն ձգելու: Ուստի Քոլէճեան կուսակիցներէն գաղատացի մը հայ կը ձեւանայ եւ կը սկսի կեսարացի կօշկակարներուն խանութները պտտիլ՝ ծոցն ունենալով սրբազան պապին մէկ պատկերը: Բայց ոչ այն ծիծաղաշարժ պատկերներէն, որոնք այսօր գրավաճառներու քով կը վաճառուին եւ պապերը կը ներկայացնեն կամ սեղանի մը առջեւ նստած օղի խմելով, կամ պատի մը ծակէն կին մը… խոստովանանք ընելով:
«Ինչո՞ւ անհոգ նստած էք, եղբայրներ, կը պոռայ անոնց, պատրիարքը Լուսաւորիչն ուրացաւ եւ պապն ընդունեց, տեսէք այս պատկերը, Լուսաւորչին կը նմանի՞: Ալ ասկէ ետքը սրբալոյս միւռոն չկայ, մեր զաւակները կամ ձէթով պիտի օծուին կամ ձկան իւղով: Լռելու ժամանակ չէ, ոտք ելէք, ո՛վ կօշկակարներ, եւ պաշտպանեցէք Լուսաւորչին… կօշիկները»: Այս բեմբասացութեան վրայ կօշկակարները ուրիշ ընկերներ ալ կը գտնեն, հետեւեալ օրը պատրիարքարան կ՚իջնեն եւ ազգը տակն ու վրայ կ՚ընեն: Խռովայոյզ գաղատացին, որ ամէն տուներ կը մտնէր՝ գիշեր մը կը գտնուի տան մը մէջ, ուր ներկայ էր նաեւ Շիշմանեանի մայրը: Հոն երբ կը սկսի պատմել իւր ըրած մեծագործութիւնները, եւ ահա ձայն մը կը լսուի, որ կ՚ըսէր՝ դուրս վռնտեցէք այս մարդը: Ամէնքը շուարած իրարու երես կը նային: Նորէն ձայն: Նորէն շուարում: Երրորդ անգամ լսելի կ՚ըլլայ ձայնը: Այս անգամ ուշադրութիւն ըրած ըլլալով՝ կը հասկնան, որ ձայնը Շիշմանեանի մօրը նստած կողմէն կու գար եւ կը վճռեն, թէ այդ տիկինը որովայնախօս է: Հարկ չէ կարծեմ հերքել այդ վճիռը, ամէնքդ ալ գուշակեցիք արդէն, որ տիկինը որովայնախօս չէր, այլ Յովսէփ Շիշմանեանն էր, որ Քոլէճեաններուն ըրածները լսելով սաստիկ յուզուած էր, եւ ահա այն գիշեր աշխարհ կու գայ Յովսէփ եօթն ամիս մօրն արգանդին մէջ մնալէն ետք: Եթէ այս դէպքը չպատահէր՝ հաւանական էր, որ տասնեւութ ամիսէն ծնէր, վասնզի ամէն զինքը ճանաչողները գիտեն արդէն, թէ որչափ ծանր կը քայլէ… իւր յօդուածներուն մէջ, կամ բնաւ չէր գար աշխարհ, եթէ Հասունեանի մը աշխարհ եկած ըլլալը առաջուց գիտնար, վասնզի շատ անգամ յայտարարած է թէ՝ Հասունեանի գտնուած տեղը ես գործ չունիմ:
Կարծես Հռովմայ եկեղեցին բարեկարգելու պաշտօնով ղրկուած էր աշխարհ, ինչպէս Պէյքըր փաշան Հայաստան ղրկուեցաւ, Հայաստանի քիւրտերը ի կարգ հրաւիրելու համար. վասնզի լոյս տեսնելուն պէս սկսաւ հարուածել իւր կրօնքը: Մայրը երբ կը տեսնէր, որ զաւակը այնչափ հակակրութիւն կը սնուցանէր կեանքին դէմ, օրհնեալ ջուրով արօրօդ կ՚եփէր եւ կը կերցունէր իրեն: Զո՜ւր ջանք: Երբոր չորս տարեկան եղաւ, թաղին բոլոր տղաները ժողվելով անոնցմէ բանակ մը կազմեց Հռովմայ գահը տապալելու համար:
1835-ին Վենետիկի վանքը ղրկուեցաւ, որ վարդապետ ըլլայ: Յովսէփ ձայն չհանեց եւ պէտք եղած ուսումն ու գիտութիւնը առնելէն ետքը՝ յայտնեց թէ վարդապետութեան յարմարութիւն չունէր, թէ աշխարհական մնալ հարկ էր իրեն, որպէսզի դիւրաւ կարենար իւր եղբայրներն ազատել Վատիկանու… Փարաւոնէն:
1844-ին Կ.Պոլիս Միջագիւղի Ս. Լուսաւորչեան վարժարանին մէջ դասատու կարգուեցաւ հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու: Այս պաշտօնը առիթ տուաւ իրեն, որ Պապերը ամէն օր հարուածէ… աշակերտներու առջեւ: Վարժութեան համար ինք կը պատրաստէր օրինակներ, որոնց մէջ անպատճառ Պապ մը պիտի ապտակուէր:
1846-ին դեղագործութիւն սորվելու համար դեղագործի մը քով գնաց: Իւր մտքին այն յատկութեամբն, որով ամէն բան շուտ կ՚ըմբռնէ, քիչ ժամանակի մէջ գործնականապէս սորվեցաւ դեղագործութեան արհեստը: Եւ որովհետեւ մեղք կը համարէր գերապայծառ Հասունեանը հարուածելու համար առիթ փախցունելը, գրգռիչ դեղերու ամաններուն վրայ Հասունեան կը գրէր: Կը պատմուի թէ օր մը բժշկի մը մէկ դեղագիրը կը պատրաստէ եւ հիւանդին կը յանձնէ դեղն, որ զօրաւոր լուծողական էր: Մարդը տուն կ՚երթայ, դեղը կը խմէ եւ արդիւնքին կը սպասէ: Չորս ժամ կ՚անցնին. դեղն իւր զօրութիւնը չցցուներ: Վեց ժամ կը սահին, դեղն անզօր է, կարծես պատրիարքարանէ Բ. Դուռը ղրկուած թագրիր մ՚է, բնաւ ազդեցութիւն չըներ եւ վերջապէս մարդը կը ստիպուի դեղարան երթալ եւ Շիշմանեանի հարցունել.
-Եղբայր, տուած դեղդ ի՞նչ էր:
-Դեղագրին մէջ գրուածն էր:
-Բնաւ ազդեցութիւն չըրաւ:
-Անկարելի է:
-Բժիշկն ըսած էր, թէ այդ դեղը ուժով էր…
-Այո՛, լուծողական դեղերուն մէջ ամենէն զօրաւորն է:
-Ինչո՞ւ չազդեց ուրեմն:
-Ի՞նչ գիտնամ… Հասունեանի մատն ըլլալու է այս գործին մէջը:
Մարդը ծիծաղելով կը մեկնի: Շիշմանեանը քանի մը ամիս ետքը կ՚իմանայ, որ լուծողականի տեղ պնդեցուցիչ տուած էր, որ Աննմանի դրութեամբ պէտք էր լուծումն տալ: Վասնզի բժշկական երկու դրութիւններու համեմատ միեւնոյն դեղը թէ՛ քուն բերող է եւ թէ՛ քուն փախցնող, քնացողին քունը կը փախցունէ. օրինակի համար, եթէ մեր Ընդհանուր ժողովին տրուի՝ իսկոյն կ՚արթննայ, բնաւ չքնացողին ալ քունը կը բերէ, կարծես աւետաբեր մ՚է, այս աստիճան զարմանալի յատկութիւններ ունին այս դեղերը: Բայց մենք թողունք բժիշկներն իրարու գլուխ պատռել եւ դառնանք մեր պատմութեանը: Շիշմանեան քաջալերուելով այս գործած սխալէն՝ որուն համար պատիժ մը չկրեց, միտքը դրաւ Բարիզ երթալ եւ բժիշկ ըլլալ: Սակայն մարդս մտքին մէջ բան մը դնելով ամէն ուզածը չկրնար ընել, պէտք է գրպանին մէջ ոսկի դնել: Շիշմանեան գրպան ունէր, բայց ոսկի չունէր եւ կը խորհէր, թէ ի՛նչ հնարքով կարելի էր հասնիլ առաջադրած նպատակին: Յանկարծ խորհուրդ մը յղացաւ. այն է Բարիզ Մուրատեան վարժարանին մէջ դաս տալ եւ բժշկական դպրոցին մէջ դաս առնել… ճիշդ կրկնատոմարի դրութեամբ: 1848-ին Բարիզ ուղեւորուեցաւ եւ սկսաւ գործադրել ինչ որ առաջադրուած էր: Տուած դասերովը կ՚ապրէր, իսկ առած դասերովն օր մը ուրիշներն պիտի ապրեցունէր:
Քանի մը տարուան մէջ մեծ յառաջադիմութիւն ըրաւ բժշկութեան մէջ. մանաւանդ ջղային ճիւղին մէջ այնչափ յառաջ գնաց, որչափ գացին մեր… փոխառութիւնները: Կատարեալ բժիշկ ըլլալէն ետքը դպրոցէն ելաւ եւ, ինչպէս որ սովորութիւն է, թեզ մը գրեց, որուն մէջ խօսեցաւ ազգային միութեան վրայ: Վարժարանէն նոր ելած բժիշկի մը բերնէն առաջին անգամ ազգային միութիւն բառերը լսուելուն պէս՝ շատերն զարմանքով իրարու հարցնել սկսան թէ՝ առողջաբանութեան հետ ի՛նչ վերաբերութիւն ունի ազգային միութիւնը, սակայն վերջէն համոզուեցան, թէ ազգերն ալ ապրելու համար միութեան դեղի պէտք ունին:
Վկայականը ծոցը դնելուն պէս ելաւ Պոլիս եկաւ 1853-ին: Ոստիկանութեան բժիշկ եղաւ: Ամէն օր մարդասպաններուն գտնուած սենեակը կ՚երթար, եւ անշուշտ քանի մը մարդ ալ ինքը կը սպաննէր… որովհետեւ ամէն հիւանդ չբժշկուիր. եւ ինչո՞ւ չսպաննէ, քանի որ վկայական ունի: Մեր ազգայիններն, որ ամէն օր լրագիրներու մէջ կը կարդային մարդասպան քիւրտերու ըրած սպաննութիւններն՝ կ՚ըսէին իրենց մտքէն. ահ, թշուառականներ, Շիշմանեանի պէս մէկը ղրկելու է ձեզի: Բայց Շիշմանեան, որ պատմագէտ, գրագէտ եւ ատենաբան էր, բնաւ չէր փափաքեր բժշկական ասպարէզին մէջ փայլիլ, ինքը միայն իրարմէ բաժնուած եղբայրներն ինչ կերպով միացնելու վրայ կը խորհէր: Արդէն 1851-ին նամակ մը գրելով Հ. Ղեւոնդ Վարդապետ Յովնանեանցին, յայտնած էր այս բաժանումը վերցնելու համար իր կարծիքներն, զորս բառ առ բառ կը տառագրենք հոս.
«Նախ ազգին մեծ մասը պզտիկ մասին հետեւցնել, այսինքն բոլոր հայ ազգը պապական ընել.
Երկրորդ՝ ազգին պզտիկ մասը մեծ մասին հետեւցնել, այսինքն բոլոր հայ ազգը Էջմիածնայ կաթողիկոսի հնազանդեցնել»:
Այս երկու ճամբաները ցոյց տալէն ետքը, ազգին մեծ մասը պզտիկին հետեւցնելու համար անկարելիութիւն կը տեսնէր. վասնզի, կ՚ըսէր, ազգին մեծ մասը ինքնիրեն մնալով ազգ մը կրնայ ձեւացնել, երբ պզտիկ մասը աննշան եւ անանուն ժողովուրդ մը կրնայ մնալ եւ ոչ տապանագրի արժանի: Այս տողերէն կ՚ուզէր հասկցնել Շիշմանեան, որ եթէ ազգին պզտիկ մասը մեծ մասը ըլլար՝ առաջին ճամբան գործադրելի պիտի առաջարկէր, այսինքն բոլոր հայ ազգը տանիլ յանձնել Հռովմայ աթոռին եւ դժբախտ բաժանման պատճառն վերցնելու համար, ամբողջ հայ ազգը վերցնել աշխարհէն… ազգը միացնելու համար: Եւ որովհետեւ այս տեսակ միութիւնը շատերու ճաշակին դէմ էր, թող տուաւ առաջին ճամբան եւ փափաքեցաւ, որ պզտիկ մասը առնէ, վրան քիչ մը սոսինձ քսէ եւ բարակ թելով մը մեծ մասին փակցունէ, ինչպէս կը փակցունեն հրէաները կոտրուած հողէ ամանները: Կը վռնտէր ժամանակն եւ անոր պաշտօնն իր վրայ առնել կ՚ուզէր, եւ երբ կրիայ մնալ հարկ էր իրեն՝ նապաստակի պէս կը վազէր: Կը կարծէր, թէ համոզումներն մարդերու պէս են եւ թէ քիչ մը նեղուելուն պէս անմիջապէս կրնան ամէնը մէկէն մէկ կրօնքէ ուրիշ կրօնք մը գաղթականութիւն ընել՝ ինչպէս կ՚ընեն մարդեր մէկ քաղաքէն միւսը, մինչդեռ ամէն օր կը տեսնենք, որ կաթիլ մը օղի չենք կրնար խմցունել այն մարդուն, որ քոնեաքէն ճաթելու մօտ է եւ այնպէս համոզուած է՝ թէ քոնեաքով կրնայ… արքայութիւն երթալ: Ազգային միութեան համար ունեցած անյաղթ սէրն էր, որ ասանկ կարծիքներու մէջ կ՚առնէր կը նետէր զինքը, եւ համարձակութիւն կու տար իրեն վատ անունը տալ Թղլեանի, որ հակասութեան մէջ գտնուած ըլլալն լրագիրներու մէջ հրատարակելէն ետքը, կու գար հայ պատրիարքարանի իրաւասութեանը ներքեւ կը մտնէր: Մինչեւ մօտ ատեններս կը հաւատար, որ Հռովմայ գահը, որ բողոքականութիւնը ծնած է, Շիշմանեանին ատենաբանութիւններն նկատողութեան առնելով պիտի հաճի տիեզերական ժողով գումարել եւ բարեփոխել իւր եկեղեցին՝ չկորուսելու համար ափ մը ժողովուրդ, որուն անունը Վատիկանու մթերատետրին մէջ անգամ նշանակուած չէ: Որչափ ատեն որ բախտը ժպտեցաւ եւ Հասունեանի վրայ յաղթանակ տարաւ, բոլոր յաղթութիւններն իւր կարծիքներուն առգրեց. իսկ երբ բախտը քիչ մը ծամածռեց երեսը՝ ինքն ալ ստիպուեցաւ հրաժարական տալ իր առժամանակեայ կարծիքներուն - վասնզի վերջէն հասկցուեցաւ, որ մշտնջենաւոր կարծիքներ ալ ունի եւ ազգութիւնը շահելու համար բռնեց այն ճամբան, զոր Թղլեանը բացած էր վերջին տարիներս, եւ զգացուց իր ընկերներուն, որ պաշարումէն փախչիլը վատութիւն չէ:
1874-ին Միջագիւղի Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյն վարժարանին մէջ տնօրէնութեան պաշտօն ստանձնեց, զոր կանոնաւոր կերպով շարունակեց քանի մը տարիներ: Չափազանց ճշմարտախօս ըլլալուն պատճառաւ երբեմն կը վիրաւորէր աշակերտները: Աշակերտին մէկը, օր մը խելօք նստած չըլլալուն համար, վարժարանէն արտաքսեց եւ անոր հօրն ալ նամակ մը գրեց գրեթէ այս իմաստով.
«… աղայ, դուք մարդ չըլլալու համար երդում ըրած էք. մեր վարժարանը յիմարանո՞ց կարծեցիք, հէ… ձեր զաւակը խենդին մէկն է, եւ կարծեմ՝ թէ դուք աւելի խենդ ըլլալու էք, որ ձեր տղան չէք կրցած քիչ մը կրթել: Այս օրէ սկսելով վարժարանին դռները գոց են ձեր տղուն համար, ուստի կը խնդրիմ, որ զայն նորէն ղրկելու անկրթութիւնը չունենաք. հասկցա՞ք:
Ընդունեցէք, կ՚աղաչեմ, խորին յարգանացս հաւաստիքն, որով մնամ ձեր խոնարհ ծառայ եւ այլն»:
Նամակն կը ստորագրէ եւ ուսումնապետին կը յանձնէ, որ տնտեսին հետ ղրկէ: Ուսումնապետը քովը կը պահէ նամակը: Հետեւեալ երեկոյ Շիշմանեան կու գայ եւ կը հարցունէ ուսումնապետին.
-Նամակը ղրկեցի՞ր:
-Ոչ, կը պատասխանէ ուսումնապետն:
-Շատ խոհեմութեամբ վարուած ես, վասնզի գրելէս ետքը ես ալ զղջացի թէպէտեւ վիրաւորիչ խօսք մը չեմ ըսած մէջը, այնպէս չէ՞:
-Այո՛…
-Մնաք բարով:
-Երթաք բարով:
Վարժարանի տնօրէնութիւն ըրած ժամանակն ալ իւր ժամերուն մեծ մասը Հասունեան խնդրոյն կը զոհէր: Հակահասունեաններու հրամանատարն ըլլալով՝ ամէն բան ինքը կը կարգադրէր եւ գլուխ քերելու ժամանակ չէր գտներ: Շատ անգամներ հիւանդները տունը կ՚երթային եւ սպասաւորէն հետեւեալ պատասխանը կ՚առնէին.
-Բժիշկը հոս է, բայց հիւանդ չկրնար ընդունիլ այսօր, վասնզի րէվէրսուրուսի դէմ յօդուած շինելու զբաղած է:
Ետ կը դառնային հիւանդներն եւ իրարու կ՚ըսէին.
-Մինչեւ որ Հռովմայ եկեղեցին չբարեկարգուի, այս մարդը հիւանդ նայելիք չունի:
Կը պատմուի, թէ օր մը Հակահասունեան բժշկի մը հետ խորհրդակցութեան կը հրաւիրուի հիւանդի մը տունը: Հիւանդը քննելէն ետքը՝ իւր ընկերի հետ ուրիշ սենեակ մը կը մտնէ տրուելիք դեղին վրայ խորհրդակցելու համար. նախ Շիշմանեան խօսք կառնէ.
-Նստէ նայինք:
-Շնորհակալ եմ:
-Ի՞նչ կարծիք ունիք:
-Նախ եւ առաջ հրամանքնիդ ըսէք:
-Ես կարծեմ թէ ա՛լ չյաջողիր րէվէրսուրուսը:
-Ես ալ այն կարծիքն ունիմ, բայց չեմ կարծեր որ…
Տան տիկինը ներս կը մտնէ.
-Դեղագիրը գրեցի՞ք:
-Հանգիստ եղէք, տիկին, անոր վրայ կը խորհրդակցինք, կը պատասխանէ Շիշմանեան:
Տան տիկինը դուրս կ՚ելնէ:
-Սակայն ինչ որ ալ ըլլայ, կ՚ըսէ միւս բժիշկը, պարտաւոր ենք Հասունեանի դէմ մինչեւ վերջը մաքառիլ:
-Այո՛, մինչեւ որ ամբողջ ժողովուրդը հասկնայ անոր բռնած ընթացքը:
-Սիկար մը կը շինէ՞ք:
-Շնորհակալ եմ, չեմ գործածեր կերակուրի վրայ:
-Ճաշ ըրած է՞ք:
-Այո՛, աղուոր պիֆթէք մը կերայ…
Հիւանդին եղբայրը սենեակին դուռը զարնելով ներս կու գայ.
-Դեղագիրը կու տա՞ք, գլխին ցաւը նորէն բռնեց, կը չարչարուի… կ՚աղաչեմ:
-Հիմա, հիմա, կը պատասխանեն երկու ընկերները:
Այստեղ չպիտի կրնանք խօսիլ, դեղագիր մը տանք ու երթանք: Մատիտն եւ թուղթ հանեցէք, տէր բժիշկ, կ՚ըսէ Շիշմանեան:
-Դուք գրեցէք, քանի որ հիւանդը ձերն է:
-Վնաս չունի, գրեցէք հրամանքնիդ:
-Ինծի չվայլեր:
-Կ՚աղաչեմ:
-Ոտքդ պագնեմ:
-Չեմ ընդունիր:
-Կը բարկանամ:
-Անկարելի է:
Հիւանդին հայրը կը ներկայանայ.
-Քիչ մը շուտ ըրէք, կ՚աղաչեմ, ցաւէն պիտի մեռնի:
-Հիմա, հիմա, կը կրկնեն երկու բարեկամները:
-Տղայութիւն մի՛ ըներ, գրէ, որ երթանք ուրիշ տեղ մը խօսինք:
Վերջապէս ընկերը կը հաւանի դեղագիրը տալու եւ երկուքը մէկէն դուրս կ՚ելնեն, նորէն սկսելով Հասունեանի վրայ շարունակել իրենց խօսակցութիւնը:
Շիշմանեան զգալով, որ ազգային միութեան խնդիրը շատ գրաւած է իր միտքը, կ՚որոշէ Պոլսէն քիչ մը հեռանալ եւ հանգիստ ընել: 1876-ին Կիպրոս կը մեկնի, ուր տարի ու կէս մնալէն վերջը Պոլիս կը դառնայ, ուսկից Տփղիս կ՚ուղեւորուի, նորէն Պոլիս կը դառնայ, ուր քանի մը շաբաթ մնալէն ետքը դարձեալ ճամբայ կ՚ելնէ երթալու համար Տփղիս, ուր կը գտնուի հիմա:
Իբրեւ պատմագէտ մեծ համբաւ կը վայելէ եւ որուն իրաւամբ արժանի է: Միայն թէ պատմութեան կը դիմէ երբեմն այնպիսի խնդիրներու մէջ, ուր պէտք էր թուաբանութեան դուռն ափ առնել: Երբ ջրավաճառն խաբէ զինք եւ յստակ ու մաքուր ջուրի տեղ պղտոր ջուր տայ, Շիշմանեան իսկոյն Պատմութիւնը ձեռք առնելով՝ գաւաթ մը ջուրի համար ջրհեղեղին պատմութիւնն ընել կը սկսի համոզելու համար ջրավաճառը՝ թէ Նոյ նահապետին օրով ալ ջրավաճառներուն այսպէս վարուելուն համար Աստուած ջուրին մէջ խղդեց զիրենք, թէ եթէ շարունակեն ասանկ պղտոր ջուր ծախել՝ անկարելի կ՚ըլլայ ազգային միութիւնը, թէ պղտոր ջուր ծախելը Հասունեանի հացին եղ քսել է:
Ոչ նուազ նշանաւոր հանդիսացած է իւր ատենաբանութիւններովն, զորս արտասանած է Միջագիւղի լսարանին մէջ: Ամէն անգամ, որ ատենաբանութիւնը լմնցնէր՝ լսարանին սպասաւորը օթեակներուն դռները կը բանար եւ կ՚արթնցնէր անոնց մէջ գտնուող ունկնդիրներն, իմացնելով, թէ ատենաբանութիւնն վերջացած է, թէ ազատ են իրենց տուներն երթալու եւ անկողին մտնելով հանգիստ քնանալու: Ունկնդիրներուն քնանալուն պատճառն այն էր, որ Շիշմանեան էֆէնտին լակոնական ոճին վարժեցնել կը փափաքէին:
Ազգային թերթերու մէջ ալ երեւցած է, եւ կ՚երեւի երբեմն բուն եւ երբեմն կեղծ ստորագրութեամբ: Լրագիրներն երկար տարիներէ ի վեր մէյմէկ պարահանդէսներ դարձած են. հոն դիմակով ալ կ՚ընդունուին, առանց դիմակի ալ: Իսկ ես կը զարմանամ, թէ ճշմարտութիւն խօսելու համար ինչո՛ւ ամչնայ մարդ եւ երեսը դիմակ անցունելու հարկադրուի: Թէ՛ հրապարակի, թէ՛ լսարաններու եւ թէ վէպերու մէջ Շիշմանեան էֆէնտին աշխատած է եւ կ՚աշխատի երիտասարդներու սրտին մէջ հայրենասիրութիւն արծարծել. ուստի իւր խօսքերն միշտ սիրով մտիկ ըլլուելու արժանի են:
Շիշմանեան էֆէնտին որչափ ալ ծեր կարծէ ինքզինքը՝ դեռ երիտասարդ է իւր զգացումներով, երիտասարդի պէս կրակոտ, եւ երբ կէտի մը վրայ պնդէ՝ քար կը կտրի, բնաւ չկակուղնար եւ վայրկեան մը իրաւունք կու տայ մեզի հաւատալ Տեւկալիոնեան ջրհեղեղէն ետքը մարդերու քարերէ կազմակերպուելուն: Ծերի հետ ծեր կ՚ըլլայ, տղայի հետ տղայ եւ կնոջ հետ կին: Զուարճախօս է, ընկերութիւններու մէջ կ՚ախորժի կատակներ ընել, իսկ երբ մէկն իր մէկ արարքն հրապարակաւ հեգնէ՝ կրակ կը կտրի:
Քանի մը տարիներէ ի վեր Շիշմանեան էֆէնտիին գլուխն իւր արտաքին կարծիքը փոխած է. ֆէսի տեղ գլխարկ կը դնէ: Ասկից հետեւցնելու չէ՝ թէ ներքինը փոխած չէ, քանի որ Էջմիածնայ գիրկը կը գտնուի այսօր: Մազերն ուսերուն վրայ կը ծածանին եւ բարերարի մը կը սպասեն, որ սանտրուին: Մտաւորական աշխատութիւններն ստիպած են զինքը գլուխը ծռելու, որով միշտ գետինը կը նայի եւ բարձր նիւթերու վրայ կը խորհի: Գրեթէ միշտ ի ձեռին ունի հովանոց մը, զոր անձրեւի ատեն չբանար, որպէսզի չթրջուի հովանոցը. արեւուն ալ չբանար, բայց երբ գիշեր ատեն լապտերով դուրս ելնէ՝ կը բանայ հովանոցն, որպէսզի լապտերին լոյսն արգելէ, որ վեր չելնէ: Թեւին տակը միշտ ունի լրագիրներ, թուղթեր եւ գրքեր, զորս այնչափ տարիներէ ի վեր կը կարդայ եւ չկրնար լմնցնել:
Շիշմանեան էֆէնտին միջին հասակով, ո՛չ ճերմակ եւ ո՛չ թուխ դէմքով մարդ մ՚է: Ձայնը հաստ է, եթէ օբերայի թատրոնի մը մէջ պասոյի դեր կատարէր՝ հինգ հազար ֆրանք ամսական կ՚առնէր: Այնպիսի դէմք մը ունի, որ կարծես փռնգտալ կ՚ուզէ եւ չկրնար:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ