ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԵՐԸ

Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութիւնը կրկին կիրքեր բորբոքած է աշխարհով մէկ: Ռուսաստանի մէջ տեղի ունեցող այս մրցաշարքը աշխարհի 21-րդ ախոյենութիւնն է, եւ Ռուսաստանը Արեւելեան Եւրոպայի մէջ աշխարհի առաջնութիւններու պատմութեան առաջին կազմակերպիչ երկիրն է:

Աշխարհի ուշադրութիւնը դէպի այս խաղերը եւ դէպի Ռուսաստան ուղղուած են ոչ միայն 15 յունիսին, երբ սկսած են խաղերը, այլ աւելի վաղ՝ երբ կ՚ընտրուէին հաւաքականները, որոնք պիտի մասնակցէին խաղերուն, ինչպէս նաեւ մարզադաշտերը, քաղաքները, ուր տեղի պիտի ունենային խաղերը: Նաեւ մեծ ուշադրութիւն ու հետաքրքրութիւն կար ախոյենութեան տարբերանշանը, գնդակը եւ այլ խորհրդանիշներ եւ ախոյենութեան վերաբերող ամէն ինչ ընտրելու եւ որոշելու ժամանակ:

Ինչպէս ծանօթ է՝ Հայաստանի ազգային հաւաքականը չէ յաղթահարած նախընտրական փուլը եւ մասնակից չէ Ռուսաստանի մէջ իրականանալիք քառամեակի ամենէն գլխաւոր ֆութպոլային իրադարձութեան, սակայն, ինչպէս կ՚ըսեն՝ ի՞նչ իրադարձութիւն առանց հայերու մասնակցութեան: Պարզ կը դառնայ, որ աշխարհը գրաւող այս իրադարձութիւնը բոլորովին առանց հայերու մասնակցութեան չէ, որ տեղի կ՚ունենայ: Ֆութպոլի աշխարհի ախոյենութեան ներկայացուած հաւաքականներուն մէջ կ՚աշխատին երկու հայ մասնագէտներ՝ մէկը Պրազիլէն, միւսը՝ Իրանէն:

Զանգուածային լրատուամիջոցները զանազան առիթներով, ներկայացուցած են աշխարհի հաւաքականները, ինչպէս նաեւ այս երկու հայերը: Անոնցմէ մին Պրազիլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր բնաբոյժ (ֆիզիոթերափիսթ) Ֆապիօ Մահսէրէճեանն է, որ նաեւ կը ղեկավարէ բնաբոյժներու մեծ կեդրոնատեղին, միւսը՝ Իրանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչին օգնականը՝ Մարգար Աղաճանեանն է, որ մեծ դեր ունի ոչ միայն Իրանի ազգային հաւաքականին, այլ առհասարակ իրանական ֆութպոլին մէջ: Երկուքն ալ, երկար տարիներ, մեծ ու արհեստավարժ ֆութպոլի մէջ են:

Պրազիլա-փորթուգալական ծագման անունով եւ հայկական մականունով Ֆապիօ Մահսէրէճեան պատասխանատու է Պրազիլի հաւաքականի բոլոր ֆութպոլիստներուն գործառական եւ ֆիզիքական պատրաստուածութենէն:

Մահսէրէճեանի հայկական ծագումին մասին քիչ տուեալներ հրապարակուած են, աւելի շատ են անոր մասնագիտութեան մասին տեղեկութիւնները, որով ալ հայազգի այս մասնագէտը հետաքրքրած է մարզական աշխարհի հետեւորդները: Ծնած է Պրազիլի ամենէն մեծ քաղաքը՝ Սան Փաուլօ, ուր նաեւ հայկական մեծ համայնք մը կայ: Իր մօր անունը Արաքսի է, իսկ հայրը՝ Ժիրայր Մահսէրէճեան, Պրազիլի ՍԱՄԱ հայկական ֆութպոլի ակումբին նախագահն է, եւ ակնյայտ է, որ ֆութպոլի հանդէպ սէրը ընտանեկան ծագում ունի: Իբրեւ բնաբոյժ Ֆապիօ Մահսէրէճեան իր մասնագիտական գործունէութեան սկսած է քսան տարի առաջ՝ Պրազիլիոյ ֆութպոլի զանազան ակումբներու մէջ: Մինչեւ Պրազիլի հաւաքական հրաւիրուիլը՝ Ֆապիօ Մահսէրէճեան հրապարակած է աշխատանքներ մարզական բնաբուժութեան մասին, ուսումնասիրութիւններ՝ ֆիզիքական պատրաստուածութեան մասին, որոնք հիմնուած եղած են իր համալսարանական կրթութեան եւ փորձառութեան վրայ: Պրազիլի ֆութպոլի ազգային հաւաքական հրաւիրուած է 2010 թուականին՝ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Մանօ Մենեսեզի օրով: Ֆապիոյին համար, բնականաբար մեծ պատասխանատուութիւն էր աշխատիլ այնպիսի հաւաքականի մը կազմին մէջ, որ նկատուած է ֆութպոլի պատմութեան ամենէն արդիւնաւէտութիւն ցուցաբերող հաւաքականը՝ հինգ անգամ դառնալով աշխարհի ախոյեան: Բացի այդ, միակ հաւաքականն է, որ մասնակցած է աշխարհի բո-լոր ախոյենութիւններուն։ Transfermarkt համաշխարհային ֆութպոլային կանխատեսումներուն, վերլուծութիւններուն եւ լուրերու հարթակին հաշուարկներով՝ 2018 թուականի ֆութպոլի աշխարհի ախոյենութեան եզրափակիչ մրցաշարքի մասնակիցներէն ամենէն թանկագինը Պրազիլի հաւաքականի կազմն է:

Պրազիլի ֆութպոլիստներուն ընդհանուր փոխանցագրային արժէքը կը կազմէ 671.5 միլիոն եւրօ: Երկրորդը Սպանիոյ հաւաքականն է, երրորդը՝ Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի հաւաքականները:

Ութ տարիէ ի վեր Ֆապիօ Մահսէրէճեան կը նկատուի Պրազիլի ազգային հաւաքականի մարզչական կեդրոնատեղիին ամենէն կարեւոր անդամներէն: Ան աշխատանքի հրաւիրուած է մարզիչ Մենեսեզի օրով, սակայն Պրազիլի հաւաքականի մարզիչի պաշտօնին մէջ, Թիթէի նշանակումէն ետք, Մահսէրէճեան պահպանած է պաշտօնը: Ան եւ Թիթէն միասին աշխատած են նաեւ կարգ մը պրազիլական ակումբներու մէջ, մասնաւորապէս՝ «Փալմէյրաս», «Ինթերնասիոնալէ»  եւ «Կորինտիաս» :

Մամուլը չի մոռնար նշելու նաեւ կարեւոր հանգամանք մը. Ֆապիօ Մահսէրէճեան այն անձն է, որ օգնած է փորթուգալցի աշխարհահռչակ աստղ Ռոնալտոյին եւ պրազիլցի Ատրիանօ Քորիային՝ յաղթահարելու աւելորդ կշիռքի հետ կապուած հարցերը, ինչ որ անոնք ունէին զանազան շրջաններու ընթացքին։

Ֆապիօ Մահսէրէճեանի անունը ձեւով մը նաեւ հայազգի աշխարհահռչակ ֆութպոլի աստղ Հենրիխ Մխիթարեանի անունին հետ կը կապուի:

2003 թուականին, երբ շատ երիտասարդ Հենրիխ Մխիթարեան կը մարզուէր պրազիլական Սան Փաուլօ ակումբին մէջ՝ Ֆապիօ Մահսէրէճեան հանդիպած է անոր հետ: Այդ հանդիպումէն ծանօթ է այն, որ հայազգի բնաբոյժը իր հայրենակից եւ ապագայ խոստմնալից ֆութպոլի աստղ Հենրիխ Մխիթարեանին խորհուրդ տուած է, որ ան մարզումներուն ընթացքին պէտք է աւելի ուշադրութիւն դարձնէ մկանային զանգուած հաւաքելու վրայ: Վերջերս պրազիլական Սան Փաուլօ ակումբը իր թուիթըրեան էջին վրայ հրապարակած է պատանի Մխիթարեանի մարզումներուն լուսանկարը եւ գրած՝ «Ինչպիսի՜ յիշողութիւն, երբ ըլլաս Պրազիլիոյ մէջ, նորէն այցելէ մեզի, Մխիթարեան: Մեր դռները միշտ բաց են քու առջեւդ»: Մխիթարեան պատասխանած է. «Շնորհակալ եմ, անշուշտ, կ՚ընեմ ատիկա»:

Մամուլը, անդրադառնալով հայազգի բնաբոյժ Ֆապիօ Մահսէրէճանին, կը նշէ նաեւ, որ աշխարհի ախոյենութեան ընդառաջ ան անհատական աշխատանք կը տանէր Պրազիլի հաւաքականի յառաջատար Նէյմարին հետ, որ վնասած էր սրունքաթաթային յօդը եւ կը վերականգնուէր ծանր վնասուածքէն: Ֆապիօն աշխարհահռչակ ֆութպոլիսթին մասին ըսած է, որ ան հետեւողական է եւ վնասուածքէն յետոյ արագ վերականգնուելու հնարաւորութիւնը ունի:

*

2018 թուականի Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութեան մասնակից Իրանի հաւաքականի գլխաւոր հայազգի մարզիչին օգնականը՝ Մարգար Աղաճանեան, ծնած է Իրանի մայրաքաղաքը Թեհրանի մէջ, հայ ընտանիքի երդիքին տակ: Իր առաջին ֆութպոլի քայլերը առած է հայկական ակումբներու մէջ։ Այդ ակումբներէն մանաւանդ Թեհրանի «Արարատ»  ակումբը լաւ աւանդոյթներ ունեցած է Իրանի ֆութպոլի կեանքին մէջ:

Մարգար Աղաճանեան եղած է պաշտպան եւ բաւական լաւ ասպարէզ մը հարթած է Իրանի առաջնութեան մէջ: Իր գործունէութեան աւարտին ան երկու հանդիպում ունեցած է Իրանի ազգային հաւաքականին մէջ եւ հեռացած է ֆութպոլէն, ութ տարի ետք վերադարձած է եւ սկսած է զբաղիլ մարզչական գործունէութեամբ:

Երբ իրանահայ ուրիշ նշանաւոր ֆութպոլիստ մը՝ Անդրանիկ Թէյմուրեան, տեղափոխուած է Անգլիոյ առաջնութիւն՝ Մարգար Աղաճանեան մէկ ամիսով գործուղուած է Անգլիա՝ աշխատելու համար Անդրանիկին հետ, իսկ յետագային երկուքն ալ վերադարձած են Իրան:

Իրանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Քարլուշ Կէյրոշ ինք առաջարկած է Մարգար Աղաճանեանի թեկնածութիւնը՝ որպէս գլխաւոր մարզիչի օգնական: Անոնք ծանօթացած են պանդոկի մը մէջ, ուր երկուքին խումբերն ալ ուսումնամարզական հաւաքի մը համար իջեւանած էին: Անոնց ծանօթութիւնը յետագային վերածուած է վստահելի ընկերութեան, ճակատագրական դարձած է Աղաճանեանին համար, քանի որ լիովին փոխուած է անոր գործունէութեան ընթացքը: Աղաճանեան Քէյրուշին Իրանի ազգային հաւաքականին համար քանի մը ֆութպոլիստի անուն առաջարկած է, եւ այդ ֆութպոլիստները այժմ առանցքային են Իրանի հաւաքականին համար: Ան համաձայնած է գլխաւոր մարզիչին օգնականը ըլլալ, քանի որ ըսած է, թէ շատ բան սորված է Քէյրուշէն:

Իրանական խումբերէն մէկուն մէջ Մարգար Աղաճանեան աշխատած է նաեւ Հենրիխ Մխիթարեանի հօր՝ Համլէթ Մխիթարեանի հետ: Մխիթարեան ընտանիքին հետ անոնք մինչ օրս ունին ընտանեկան ջերմ յարաբերութիւններ: Մարգար Աղաճանեան պատմած է, որ շատ ջերմ յարաբերութիւններու մէջ է կարգ մը հայ ֆութպոլիստներու եւ մարզիչներու հետ: Իրանահայ մամուլին տուած իր մէկ հարցազրոյցին մէջ Մարգար Աղաճանեան ըսած է.

«Այս մարզաձեւը զիս հետաքրքրած է, երբ ես տակաւին երիտասարդ էի: Սկսած էի խաղալ «Արմէն»  խումբին մէջ: «Արմէն»ի կազմին մէջ մասնակցած եմ Համահայկական խաղերուն եւ ընտրուած եմ անդամակցելու Հ. Մ. «Արարատ»  կազմակերպութեան ֆութպոլի երիտասարդական խումբին: Որոշ ժամանակ ետք, հեռացայ «Արարատ»էն եւ խաղացի «Էսթեղլալ»ի մէջ, ապա կրկին վերադարձայ «Արարատ»:

«1984 թուականին, մեծ թիւով խաղացողներու ծառայութեան համար երթալու պատճառով, խումբը գրեթէ կազմալուծուեցաւ եւ ես որոշեցի ֆութպոլը շարունակել «Փաս»ի մէջ: Տասնհինգ տարի խաղացի նշուած խումբի կազմին մէջ, բացառութեամբ երկու տարիէն, երբ հանդէս եկայ «Պահման», «Պանք Թեճարաթ»  եւ «Պարղ»  խումբերուն մէջ: Երեք շրջան ընդգրկուած եմ Իրանի հաւաքականի նախնական ցուցակին մէջ, սակայն, միայն մէկ անգամ յաջողած եմ մաս կազմել հաւաքականին: Այդ շրջանին, ընկերային երկու խաղերու ժամանակ, դարձած եմ հաւաքականին աւագը»:

Մարգար Աղաճանեան 2014 թուականին առաջին հայ մարզիչը եղած է, որ մասնակցած է Պրազիլի Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութեան խաղերուն: Սակայն, անկախ միջազգային ասպարէզ դուրս գալէն, ան միշտ եղած է իրանահայ մարզիկներու կողքին: Իբրեւ մարզիչ Մարգար մասնակցած է ֆութպոլի մարզչական միջազգային դասընթացքներուն եւ ստացած է զանազան վկայականներ, որոնցմէ են՝ CBA, Asia եւ Prolicense:

ԾԱՆՕԹ ՈՒ ԱՆԾԱՆՕԹ

Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութիւնը ամենէն վարկանշային ֆութպոլի մրցաշարքն է աշխարհի մէջ, ամենէն շատ դիտուող մարզական մրցոյթն է, որ դիտումներու քանակով առաջ անցած է նոյնիսկ ողիմպիական խաղերէն:

Ինչպէս ծանօթ է՝ Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութիւնը՝ Մոնտիալը, առաջին անգամ տեղի ունեցած է 1930 թուականին։ 1942 եւ 1946 թուականներուն՝ Երկրորդ աշխարհամարտին պատճառով, այս մրցաշարքը չէ իրականացուած։

Այդ նոյն ընթացքին, երբ Եւրոպայի մէջ կը մոլեգնէր պատերազմը, Արժանթինի ու Պրազիլի մէջ ֆութպոլը մեծ զարգացում կ՚ապրէր:

Պատերազմի աւարտէն ետք, երբ կրկին որոշուած է ախոյենութիւններ կազմակերպել, Պրազիլը միակ երկիրը եղած է, որ կարող էր հիւրընկալել: Այդ ժամանակ ալ՝ 1946 թուականի Աշխարհի բաժակը վերակոչուած է Աշխարհի ախոյենութիւն, իսկ յաղթող հաւաքականին տրուող մրցանակը կոչուած է Ժիւլ Ռիմէի՝ ՖԻՖԱ-ի նախագահի պատուին, որ 1930 թուականին առաջին անգամ կազմակերպած է Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութիւնը:

Բաժակը նախ զուիցերական դրամատան իտալական բաժանմունքին մէջ պահուած է: Իսկ երբ պատերազմը սկսած է, Իտալիոյ ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Օտորինօ Պարասի, ձեւով մը կրցած է բաժակը իր հսկողութեան տակ առնել: Գերմանացի ու իտալացի ֆաշականները անոր տունը բազմիցս խուզարկած են, սակայն ոչինչ գտած են: Բաժակը պատերազմի ամբողջ ընթացքին Պարասիի մահճակալին տակ պահուած է հին իրերուն հետ:

1966 թուականին աշխարհի առաջնութեան բաժակը Անգլիոյ մէջ Մոնտիալի մեկնարկէն առաջ Ուէսթմինսթըրեան ամրոցին մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսին ժամանակ գողցած են, սակայն առաջնութեան մեկնարկէն քանի մը օր վերջ զայն գտած է Փիքըլզ անունով շունը, որ իր տիրոջ հետ զբօսայգիին մէջ զբօսնելու ժամանակ գտած է ֆութպոլի այս հեղինակաւոր մրցանակը: Բաժակը լոնտոնեան այգիներէն մէկուն մէջ պահուած է թուփերուն տակ: Փիքըլզ մեծ ճանաչում ձեռք բերած է Անգլիոյ մէջ. կենդանիներուն համար սնունդ արտադրող ընկերութիւններէն մէկը անոր համար ամէն օր անվճար ուտելիք տրամադրած է, իսկ Փիքըլզին տիրոջ թոյլատրուած է իր շունին հետ անվճար ներկայ գտնուիլ ֆութպոլի բոլոր հանդիպումներուն:

Անկէ ետք ՖԻՖԱ-ն խստացուցած է բաժակը պահելու կանոնները: Յաղթող երկիրը պէտք է դրամատան աւանդ ներդնէր անոր արժողութեամբ, որմէ ետք միայն կը թոյլատրուէր մինչեւ յաջորդ ախոյենութիւնը զայն իր մօտ պահել:

1970 թուականին, երբ Պրազիլ երրորդ անգամ նուաճած է աշխարհի ախոյեանի կոչումը՝ բաժակը անվերադարձ յանձնած են անոնց: 1983 թուականին բաժակը կրկին գողցած են եւ հակառակ որոնողական աշխատանքներուն՝ չեն յաջողած գտնել: Այժմ Պրազիլի մէջ կը պահուի Բաժակին կրկնօրինակը, որ գրեթէ ոչինչով կը տարբերի բնօրինակէն:

1974 թուականէն սկսեալ Համաշխարհային ախոյենութեան յաղթողը կը ստանայ նոր բաժակ, որ կը կոչուի ՖԻՖԱ-ի Աշխարհի բաժակ: Անիկա ձոյլ ոսկի է, զայն պատրաստած է իտալացի ձեւագէտ-ոսկերիչ Սիլվիօ Կականիկա: Բաժակը կը կշռէ 4 քկ. 970 կրամ եւ ունի 35 սմ. երկարութիւն: ՖԻՖԱ-ն աշխարհի բաժակը ապահովագրած է 230 հազար տոլարով: Բաժակը նորով չի փոխարինուիր, մինչեւ որ յաղթող հաւաքականներու անուններուն գրառումներով չգոցուի, իսկ այդ մէկը չի կրնար տեղի ունենալ մինչեւ 2038 թուականը։

Մինչեւ այժմ տեղի ունեցող ախոյենութիւններուն ընթացքին հինգ անգամ Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյեան հռչակուած է Պրազիլի (1958, 1962, 1970, 1994, 2002), 4-ական անգամ՝ Գերմանիոյ (1954, 1974, 1990, 2014) եւ Իտալիոյ (1934, 1938, 1982, 2006), կրկնակի անգամ՝ Ուրուկուայի, (1930, 1950) եւ Արժանթինի (1978, 1986), մէկական անգամ՝ Անգլիոյ (1966), Ֆրանսայի (1998) Սպանիոյ (2010) ազգային հաւաքականները։ Աշխարհի գործող ախոյեան է Գերմանիոյ հաւաքականը, որ այս տարի արդէն հրաժեշտ առաւ:

Հնդկաստանի ազգային հաւաքականը հը-րաժարած է մասնակցիլ 1950-ի աշխարհի ախոյենութեան, քանի չեն արտօնուած խաղալ առանց խաղակօշիկներու:

Ըստ վերլուծողներուն, աշխարհի ախոյենութիւններուն ամենէն «կոշտ» հանդիպումը տեղի ունեցած է Փորթուգալի եւ Հոլանտայի միջեւ: 2006 թուականի ախոյենութեան հանդիպման ընթացքին ռուս մրցավար Վալենթին Իվանով 16 դեղին քարտ ցոյց տուած է, չորս ֆութպոլիստ հեռացուած է խաղադաշտէն:

Գերմանիոյ ազգային հաւաքականի նախկին դարպասապահ Օլիվէր Քան իր ձախ աչքին հետ խնդիրներ ունի՝ վատ կը տեսնէ, սակայն այդ մէկը չի խանգարեր զայն՝ դառնալ աշխարհի լաւագոյն դարպասապահներէն մին:

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութեան ժամանակ արձանագրուած առաջին կոլը եղած է ինքնակոլ:

Աշխարհի ախոյենութիւններուն ժամանակ ամենաքիչ հանդիսատեսը եղած է 1930 թուականին Ուրուկուայի մէջ կայացած ախոյենութեան խաղերէն մէկուն ժամանակ՝ ընդամէնը 300 ֆութպոլասէր:

2022 թուականի աշխարհի առխոյենութեան եզրափակիչը պիտի կայանայ Քաթարի Լուսէյլ (Lusail) քաղաքին մէջ, որ առայժմ գոյութիւն չունի: Քաղաքը կառուցման փուլին մէջն է: Քաթարի Տոհա քաղաքը կը վերափոխուի եւ անոր մերձակայքը կը կառուցուի Լուսէյլ քաղաքը:

«Տը Տէյլի Մէյլ»ը գրած է, որ ընթացքի մէջ է երկկենցաղ ութոտնուկ յիշեցնող հանգստավայրին, 1 միլիառ ֆունտ արժողութեամբ լողացող պանդոկին, 12 մարզադաշտերուն կառուցումը, որոնք պիտի ըլլան «վերջին խօսքը»՝ այս ոլորտին մէջ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 5, 2018