«ՈՐԴԵԱ՜Կ, ՄԵՂՔԵՐԴ ՆԵՐՈՒԱ՛Ծ ԸԼԼԱՆ ՔԵԶԻ»

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 7.1-9:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակէն 13.11-14.5:
Մարկոսի Աւետարանէն 2.1-12:

Վաղուան Ճաշու Աւետարանին մէջ մեզի կը ներկայացուի դէպք մը, ուր մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս անդամալոյծ մը կը բժշկէ: Մարկոս աւետարանիչ իր Աւետարանին 2-րդ գլուխին մէջ 1-12 համարներուն մէջ կը նկարագրէ այդ դէպքը: Աւետարանիչը կը պատմէ, թէ չորս հոգիներ անդամալոյծ մը շալկելով, բերած են Յիսուսի մօտ, սակայն բազմութեան շատութեան պատճառով չեն կրցած մօտեցնել զայն Յիսուսին: Այդ պատճառով ալ, քակած են այն տան առաստաղը, ուր Յիսուս կը գտնուէր, եւ անդամալոյծը անկէ իջեցուցած են: Աւետարանիչը կ՚ըսէ, թէ «Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով, ըսաւ անդամալոյծին.

-Որդեա՜կ, մեղքերդ ներուա՛ծ ըլլան քեզի» (Մր 2.5):

Մարկոս աւետարանիչը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ նաեւ, թէ այնտեղ գտնուող Օրէնքի ուսուցիչները, անմիջապէս սկսած են մտովի քննադատել Յիսուսի կատարած այս արարքը, ըսելով թէ ինչպէ՞ս կրնայ նման հայհոյութիւն ընել, Աստուծմէ զատ ո՞վ կրնայ մեղքերը ներել (տե՛ս Մր 2.6-7): Յիսուս իմանալով անոնց մտածումը, կ՚ըսէ անոնց.

«Ինչո՞ւ այդպէս կը մտածէք: Ո՞ր մէկը դիւրին է. անդամալոյծին՝ “մեղքերդ ներուած են քեզի” ըսե՞լը, թէ՝ “ե՛լ, մահիճդ առ եւ տո՛ւնդ գնա” ըսելը: Բայց պէտք է գիտնաք, թէ Մարդու Որդին Երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու» (Մր 2.8-10):

Աւետարանիչը կը շարունակէ, ըսելով.

«Ու դառնալով անդամալոյծին, ըսաւ.

-Քեզի կ՚ըսեմ, ե՛լ, ա՛ռ մահիճդ եւ տունդ գնա:

Անդամալոյծը անմիջապէս բոլորին դիմաց ոտքի ելաւ, վերցուց իր մահիճը եւ դուրս ելաւ: Բոլորն ալ զարմացան. կը փառաւորէին զԱստուած եւ կ՚ըսէին.

-Այսպիսի բան բնաւ տեսած չէինք» (Մր 2.11-12):

Այս դէպքէն հիմնական երեք դասեր ունինք քաղելիք:

Առաջին. ճիշդ է, որ որպէս անհատ մարդիկ կ՚ապրինք այս աշխարհին վրայ, սակայն առանձին չենք: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր նմանին նկատմամբ պարտաւորութիւններ ունի: Երբ մեր Տիրոջ հարցուցին ո՞րն է մեծագոյն պատուիրանը, պատասխանեց. «“Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սիրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ միտքովդ”։ Ասիկա է մեծագոյն եւ կարեւորագոյն պատուիրանը։ Երկրորդը ասոր նման է. “Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս”» (Մտ 22.37-39). պարզ ու յստակ՝ «սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»:

Ընկերը սիրելը ինչի՞ մէջ կը կայանայ. բնականաբար բարին ցանկալով եւ կարելի եղծաին չափով բարեգործութիւն եւ օգնութիւն ցուցաբերելով անոր: Վստահաբար, մեր անձերուն նկատմամբ այլ կերպ պիտի չվարուէինք: Եւ այստեղ, անդամալոյծը շալկող «չորս մարդիկը», իրենց ընկերոջ բարիք է որ կ՚ընէին: Լսած էին գալիլիացի Վարդապետին մասին, որ մեծամեծ նշաններ կը գործէր, հաւանաբար իրենց անդամալոյծ ընկերն ալ լսած էր նոյնը, եւ փափաք յայտնած էր հասնելու ցաւերու ու հիւանդութիւններու Բժիշկին: Ինք անկարող էր սակայն միայնակ հասնելու իր նպատակին, բայց իր ընկերներուն ընկերասիրութիւնը զինք առաջնորդեցին հասնելու իր փափաքին: Հասած էին բժիշկներու Բժիշկին, բայց բազմութեան պատճառով չէին կրնար մօտենալ Անոր: Հակառակ արգելքներուն սակայն, իրենց հաւատքն ու վճռակամութիւնը գերադասեց ամէն տեսակի արգելք, եւ ի գին առաստաղը բանալուն, իրենց ընկերը իջեցուցին Յիսուսի մօտ: Իսկ խոնարհ Վարդապետը, տեսնելով անոնց անկոտրուն հաւատքն ու վճռակամութիւնը, իրենց անդամալոյծ ընկերոջը ոտքի հանեց...

Մեր Տէրը մեզմէ կ՚ուզէ, որ մինչեւ վերջ աշխատինք ամէն կերպ հասնիլ մեր նպատակին, անշուշտ, եթէ նպատակը բարի է ու Աստուծոյ կամքին համաձայն: Ինչպէս նաեւ կը պահանջէ մեզմէ, որ մեր նպատակին հասնելու ճանապարհին վրայ յայտնուած դժուարութիւններն ու խոչընդոտները մեր կամքը չկտրեն եւ չյուսահատեցնեն մեզ, ընդհակառակը պարզապէս առիթ ըլլան առաւել եւս մեր կամքը զօրացնելուն եւ աննկուն կամքով ընթանալու դէպի մեր նպատակի իրագործումը: Իսկ մեր Տէրը երբ տեսնէ մեր հաւատքը, ըստ այնմ ալ պատասխան կու տայ մեզի:

Երկրորդ. մեր Տիրոջ բառերով՝ «Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու»: Ո՛չ միայն մեղքերը ներելու, այլեւ բժշկելու եւ յաւիտենական կեանք պարգեւելու: Ի՛նք, որպէս Տէր եւ Արարիչ այս ամբողջ գոյութիւններուն՝ տեսանելի եւ անտեսանելի, բանական եւ անբանական, պատմութեան ընթացքին պահուան մը համար յանձն առաւ մեր նմանութեամբ, այսինքն՝ որպէս մարդ յայտնուիլ մարդկութեան՝ անոր փրկութեան համար: Մարդանալով սակայն, չդադրեցաւ Աստուած ըլլալէ եւ ո՛չ իսկ մէկ ակնթարթ, այլ՝ մնաց նոյնինքն կատարեալ Աստուածը: Իսկ Իր մարդեղութեան ժամանակ, անուղղակի կերպով ցոյց տուաւ Իր Աստուածութիւնը նման արտայայտութիւններով: Անդամալոյծն ու զինք շալկողները կրնայ ըլլալ, որ չէին գիտեր ճշմարտապէս Անոր ով ըլլալը, սակայն լսելով Իր գործած հրաշքներուն մասին, հաւատացած էին, որ իրենց եւս պիտի օգնէ: Գալ հասնելէ ետք սակայն եւ նախքան բժշկելը, անդամալոյծին ըսաւ. «Որդեա՜կ, մեղքերդ ներուա՛ծ ըլլան քեզի». որով, առանց մեր մեղքերը խոստովանելուն եւ անոնց համար ներում ստանալուն, չենք կրնար անցնիլ յաջորդ հանգրուան: Այսինքն, եթէ հոգեպէս ինչ որ մեղքի մէջ ինկած ենք, որ արգելք կը հանդիսանայ մեր յառաջըթնացին, նախ եւ առաջ պիտի աշխատինք այդ մեղքը վերացնել, իսկ վերացնելը կ՚ըլլայ ճիգ թափելով, աշխատելով, խոստովանելով մեր թերութիւնները, որուն առ ի հետեւանք կը ստանանք մեղքերու թողութիւն: «Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու», իսկ այս աշխարհի վրայ Մարդու Որդիին ներկայացուցիչներն են եկեղեցականները, որոնց նոյնինքն մեր Տէրը իշխանութիւն տուած է կապելու եւ արձակելու: Արդարեւ, երբ եկեղեցականի մը կը մօտենանք խոստովանելու համար, խորքին մէջ ո՛չ թէ եկեղեցականի անձին է որ կը մօտենանք, այլ՝ եկեղեցականին ընդմէջէն մեր Տիրոջ Քրիստոսին:

Երրորդ. «Բոլորն ալ զարմացան. կը փառաւորէին զԱստուած եւ կ՚ըսէին.

-Այսպիսի բան բնաւ տեսած չէինք»:

Բնականաբար, մեզմէ իւրաքանչիւրը Աստուծոյ մեծամեծ հրաշքներուն ի տես կը զարմանայ:

Մեզմէ ո՞վ ծովեզերքին կանգնած մայրամուտը դիտելով չի՛ զարմանար:

Մեզմէ ո՞վ երկինքին ամպերուն ի տես, չի՛ զարմանար ու չի՛ հիանար:

Աւելին, մեզմէ ո՞վ աշնան անտառի մը դիմաց կանգնելով ու տեսնելով գունազարդուած անտառը, որ պատրաստուած է տերեւաթափ ըլլալու, չի՛ զրմանար:

Իսկ եթէ այս բոլորով կը զարմանաք, որքանով աւելի էր այն մարդոց զարմանքը, որոնք ականատես եղան, թէ ինչպէս մարդ մը, որ չորս հոգիներու օգնութեամբ որպէս անդամալոյծ մօտեցաւ Յիսուսի՝ սակայն հիմա իր մահիճը շալկած տուն կը վերադառնար: Անոնք չբաւարարուեցան զարմանալով միայն, այլ ինչպէս Աւետարանիչը կ՚ըսէ՝ «կը փառաւորէին զԱստուած եւ կ՚ըսէին.

-Այսպիսի բան բնաւ տեսած չէինք»: Բաւարար չէ հրաշքի մը կամ արտասովոր աստուածային միջամտութեան մը պարագային միայն զարմանալ ու հիանալ, այլեւ աւելի կարեւորը այն է, որ շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ ու փառաւորենք զԻնք, Իր մեծամեծ գործերուն, հրաշքներուն եւ մեզի պարգեւած օրհնութիւններուն ու բարիքներուն համար, որ միմիայն մեր բարիքին ու օգուտին համար են: Աստուած կատարեալ Բարի ըլլալով, բարութենէ բացի այլ բան չի կրնար տալ Իր իսկ ստեղծած արարածներուն: Աստուած Հայր ըլլալով, իր զաւակներուն համար միայն բարին կը կամենայ: Կարեւորը սակայն, մենք գիտակցելով այդ բարիքին շնորհակալութիւն յայտնենք Անոր ու փառաւորենք զԻնք:

Իսկ «այսպիսի բան բնաւ տեսած չէինք» արտայայտութեան առումով, արդարեւ, այսօր եւս, որպէս մարդիկ Աստուծոյ կողմէ գործուած այնպիսի հրաշքներու ականատես կ՚ըլլանք կամ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր անձնական կեանքին մէջ փորձառութիւնը ունեցած կ՚ըլլայ, որ բնաւ տեսած չէինք: Շատեր կասկածով կը մօտենան, ուրիշներ թեթեւութեամբ, ուրիշներ կը պատճառաբանեն ըսելով, թէ մարդիկ եւս կրնան նման բաներ կատարեն, ինչպէս եղաւ պարագան երբ Մովսէս մարգարէն Փարաւոնին մօտ գնաց ու նշաններ գործեց, եգիպտացի գուշակներն ու աճպարարները եւս նման նշաններ գործեցին, սակայն, յաջորդ քայլով Աստուած Իր ամենակարողութիւնը ցոյց տուաւ երբ տասը հարուածներով հարուածեց Եգիպտոսը: Ճի՛շդ է, մարդիկ եւս կրնան նշաններ գործել, սակայն կարեւորը նշաններ գործելը չէ, այլ՝ այդ գործած նշանին արդիւնքը, հետեւանքը: Անդամալոյծի պարագային արդիւնքը յստակ էր, հետեւաբար ո՛չ թէ նշաններ գործելու կարողութեան պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք, այլ՝ այդ նշաններուն ընդմէջէն մեզի փոխանցուած պատգամին, դասին:

Մէկ բան յստակ իմանալով, թէ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ: Իսկ մեզի համար աշխարհը շատ փոքր է հասկնալու համար Աստուծոյ մեծութիւնն ու Ամենակարողութիւնը: Որով մեզի կը մնայ հնազանդիլ Իր Սուրբ Կամքին, շնորհակալութիւն յայտնել Անոր իր շնորհած բարիքներուն համար եւ փառաւորել զԻնք այժմ եւ յաւիտեան:

Աւարտենք արաբերէնէ թարգմանուած երախտագիտութեամբ ու շնորհակալութեամբ լեցուն այս բառերով. «Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Քեզի մեր Աստուած եւ կը փառաբանենք Սուրբ Անունդ՝ Քու մեծ սիրոյդ համար։ Մեր բոլորին համար աշխարհ եկար որպէս Արդար Ուսուցիչ՝ կեանք տուող ուսուցումներով։ Աշխարհ եկար որպէս բժշկող Բժիշկ՝ մէկ հպումովդ շատերը բժշկելով։ Աշխարհ եկար որպէս վստահելի Հովիւ եւ Փրկիչ՝ բոլոր անոնց որոնք կը հաւատան Քեզի, եւ Քու անունովդ քաւութիւն կը ստանան իրենց բոլոր մեղքերէն, Քեզի համար դեսպաններ դառնալով այս աշխարհին վրայ։ Քու անոյշ բոյրդ որ մեր վրայ տարածուելով սէր, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն կը բուրէ մեզմէ՝ բոլոր անոնց որոնց կը հանդիպինք, որովհետեւ Քու զաւակներդ ենք, Քու յատկութիւններդ կրողները, որպէսզի Քու Սուրբ սիրտդ ուրախանայ, որ մեզ սիրեց եւ ինքզինք տուաւ մեր փրկութեան համար». եւ ծնկաչոք խնդրենք Աստուծմէ, ըսելով.

-Տէ՜ր, բժշկէ մեր հոգեւոր անդամալուծութիւնը, որպէսզի մեր դէմ ցցուած դժուարութիւններն ու նեղութիւնները յաղթահարելով հասնինք Քեզի, վայելենք Քու ներկայութիւնդ, անդադար փառաւորելով Քեզ, յաւիտեանս, յաւիտենից: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

30 յուլիս 2023, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Օգոստոս 5, 2023