ԱՆՎԵՐՋ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Երեւանի Աբովեան փողոցին վրայի Գեղագիտութեան Ազգային կեդրոնէն ներս բացուած է ցուցահանդէս մը. կը ցուցադրուի հայ գեղարուեստական լուսանկարչութեան նշանաւոր ներկայացուցիչ Գագիկ Յարութիւնեանի «Ղարաբաղ» շարքը՝ 29 լուսանկարչական աշխատանքով: Զգայուն ձեռնարկ մըն է այսպիսի ցուցահանդէս մը այս օրերուն, երբ ոչ մէկը անտարբեր կը մնայ: Հակառակ քորոնաժահրով վարակուածներու ահռելի թիւերուն եւ զգուշական միջոցներուն, մարդիկ կը փութան ցուցասրահ եւ իրենք զիրենք կը յայտնաբերեն միջավայրի մը մէջ, որ այսօր բոլորիս սիրտերուն, միտքերուն, հոգիներուն եւ աղօթքներուն մէջ է… Իսկ այդ միջավայրը լուսանկարներով ստեղծուած Ղարաբաղն է… Մինչ նոյն Աբովեան փողոցին վրայ Երեւանի մէջ հանգրուանած արցախցի կիներ Արցախի աւանդական ժենգեալով հացը կը թխեն, ամէնուր կը լսենք արցախեան բարբառը, ցուցասրահին մէջ մեծադիր լուսանկարները կը լրացնեն ղարաբաղեան պատկերները…

Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ բացուած այս ցուցահանդէսին նպատակը, ինչպէս նախարարութիւնն ալ պաշտօնապէս յայտարարեց, թիկունքի ամրապնդման գործին մէջ արուեստի միջոցով ներդրում կատարելն ու առաջնագիծի վրայ գտնուող հայ զինուորին կարելի եղածին չափ օժանդակութիւն ու աջակցութիւն ցուցաբերելն է:

Ցուցադրութեան մուտքի տոմսերէն, վաճառուող պաստառներէն, պատկերագիրքէն եւ բացիկներէն գոյացած ամբողջ հասոյթը կը փոխանցուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին, որ այսօր պատերազմող երկրին համար գումարներ հաւաքող, ամբողջացնող եւ բաշխող հիմնական կառոյցն է:

Պատերազմական դառն իրողութենէն ելլելով, որուն բախած է հայ ժողովուրդը Արցախի ու Հայաստանի սահմանին, այսօր հայաշխարհի մէջ տեղի ունեցող գրեթէ բոլոր ձեռնարկները ուղղուած են բանակին, Արցախին ու արցախցիներուն աջակցելու համար… Հայութիւնը մտած է նոր շրջափուլի մէջ, որ չեղեալ կ՚ընէ նախկին բոլոր օրակարգերը եւ պատերազմը, իբրեւ միակ օրակարգ, ներխուժած է բոլորիս կեանքէն ներս: Մենք կը վերապրինք դառնութիւնը պատերազմին, որ կը թուէր, թէ մոռցած էինք կամ այլեւս անցեալ էր: Բայց այս պատերազմը, իր ողջ ողբերգական հետեւանքներով մեզ վերադարձուց նոյն կէտին եւ կարծես անվերջ է այս տեղապտոյտը…

Այս զգացողութիւններուն յարիր խորագիր մը ընտրուած է նաեւ Գագիկ Յարութիւնեանի ղարաբաղեան նիւթով ցուցահանդէսին համար՝ «Անվերջ վերադարձ»: Առաջին անգամ ան պիտի վաճառէ իր լուսանկարները։ Ան աւելի քան քառասուն տարիէ ի վեր չէ լուսանկարած։

Լուսանկարիչ Գագիկ Յարութիւնեան ունի մեծածաւալ արխիւ մը, որուն մէջ մասնագէտները միշտ բարձր գնահատած են ղարաբաղեան շարքը: Յարութիւնեան կը նկատուի հայ գեղարուեստական լուսանկարչութեան հիմնադիրներէն, ան լուսանկարչութեամբ սկսած է զբաղիլ ոչ մասնագիտական կրթութիւն ստանալով: Նախ լուսանկարչութիւնը եղած է սիրողական զբաղում մը, ապա արհեստավարժ դառնալով այս ասպարէզին մէջ, լուսանկարչութիւնը դարձած է անոր հիմնական մասնագիտութիւնը եւ կեանքը վերափոխող գործը:

Գագիկ Յարութիւնեան ծնած է 1947 թուականին՝ Երեւան: 1965 թուականին աւարտած է Երեւանի Հաստոցաշինական գիտարուեստեան դպրոցը՝ պաղ մետաղներու մշակման մասնագիտացմամբ: 1964-1971 թուականներուն աշխատած է Երեւանի զանազան գործարաններուն մէջ որպէս հաստոցագործ եւ ճարտարագէտ: Կը թուի, թէ արուեստին հետ կապ չունեցող գործ մըն է, բայց մետաղներու փոխակերպման անսովոր պատկերները անոր մէջ սկիզբ դրած են կեանքը այլ տեսանկիւնէ դիտելու փափաքը…

Փոքր տարիքին հօրմէն նուէր ստացած լուսանկարչական գործիքով խորապէս տարուած է եւ 1965 թուականին սկսած է զբաղիլ լուսանկարչութեամբ: 1968 թուականին պատանի լուսանկարիչներու խմբակ մը վարած է Երեւանի մէջ եւ սկսած լուսանկարներ տպագրել թերթերու եւ ամսագրերու մէջ: Ան որպէս թերթերու լուսանկարիչ նախ աշխատակցած է «Կոմսոմոլեց» թերթին, ապա աշխատած է «Արտասահմանեան երկիրներու հետ մշակութային կապերու հայկական ընկերութեան» մէջ, յետագային լուսանկարիչ-թղթակից եղած է նաեւ «Հայք», «Լրագիր» եւ այլ թերթերու…

1970-ականներէն սկսեալ՝ Գագիկ Յարութիւնեանի լուսանկարները հրապարակուած են տեղական ու համամիութենական պարբերական մամուլին մէջ եւ տարածուած են նաեւ արտասահման: Այդ տարիներուն լուսանկարիչը բազմիցս գործուղուած է եւրոպական եւ ափրիկեան երկիրներ՝ ստեղծած եւ հանրութեան ներկայացուցած է իր իւրատեսակ պատմութիւններու շարքերը: Բոլոր երկիրներուն մէջ ան փնտռած է առաւելապէս մարդը, ջանացած է բացայայտել մարդուն եւ բնութեան յարաբերութիւնը, մարդուն եւ աշխարհին, բնութեան, առհասարակ մարդուն եւ տիեզերքին անտեսանելի կապը, որ ակնյայտօրէն կ՚երեւի նաեւ անոր «Ղարաբաղ» շարքի բոլոր լուսանկարներուն մէջ։

«Ղարաբաղ» շարքը հեղինակը ստեղծած է 1992-1997 թուականներուն: Այդ տարիներէն առաջինները եղած են Արցախի համար ամենածանր շրջանը, երբ պատերազմը կ՚ընթանար, իսկ յետոյ՝ 1994 թուականէն ետք, ցոյց տուած է նաեւ յետպատերազմական ծանր շրջանը: Լուսանկարիչը եղած է նաեւ առաջնագիծի վրայ, Արցախի զանազան շրջաններուն մէջ եւ անընդհատ լուսանկարած է մարդը՝ պատերազմի մէջ եւ անկէ ետք:

Լուսանկարչական շարքի բոլոր նկարները կարծես այսօր նկարուած են՝ նոյն տագնապահար դէմքերն են, ապաստարաններուն մէջ կուչ եկած նոյն մարմինները, փախստականի ճամբան բռնած մարդոց նոյն հայեացքը, նոյն քանդումը, աւերումը… Այնպիսի տպաւորութիւն կը թողու, որ ժամանակը կանգ առած է եւ մենք տակաւին արցախեան առաջին պատերազմին մէջ ենք, կարծես չեն եղած քսանհինգ տարիներու խաղաղ ու ժպտուն օրերը…

Այս լուսանկարները կը փաստեն, որ պատերազմը միշտ նոյն դէմքն ու գոյնը ունի, ապաստարանի լոյսը միշտ աղօտ է, քանդուած տան պատկերը նոյնն է, տունէն սարսափահար փախչող մարդը նոյն քալուածքը ունի եւ նոյնն է մահուան սարսափին տակ կորացած մարդու մարմնին ուրուագիծը… Դժուար է տառապանքը տեսնող լուսանկարիչին գործը: Նոյնիսկ ուժեղ մարդը անկարող է դիմանալ պատերազմի դաժանութեան:

Այդպիսի ընկճուածութեան շրջան մը անցած է նաեւ Գագիկ Յարութիւնեան: 1990-ականներուն վերջերը խոր հիասթափութիւն ապրած արուեստագէտը ոչնչացուցած է իր տպուած լուսանկարներուն գրեթէ ամբողջ հաւաքածոն: Բարեբախտաբար, անոր արուեստով հետաքրքրուած մարդիկ կրցած են պահպանուած սեւապատկերներէն շուրջ երկու հարիւրը վերականգնել ու տպագրել, եւ վերականգնման համար անհրաժեշտ եղած է շուրջ վեց տարի: Տպագրուելէն ետք Երեւանի մէջ բացուած է անոր ցուցահանդէսը, Գերմանիոյ մէջ տպագրուած է գործերուն բարձրորակ պատկերագիրքը, բայց Գագիկ Յարութիւնեան ձգած է լուսանկարչութիւնը եւ որոշ ժամանակ աշխատած է որպէս կահոյքագործ:

Այսօր ան չի զբաղիր լուսանկարչութեամբ, բայց արդէն իսկ ստեղծուած շարքերը բաւական են պատկերացում կազմելու լուսանկարիչին արուեստին մասին: Արուեստաբան Վիգէն Գալստեան վստահ է, որ Գագիկ Յարութիւնեանի ժառանգութիւնը շօշափելի ազդեցութիւն ձգած է հայ լուսանկարիչներու երիտասարդ սերունդին վրայ, իսկ անոր ստեղծագործութիւնը ներկայիս կը վերաիմաստաւորուի որպէս 20-րդ դարավերջի հայաստանեան արուեստի կարեւոր մաս:

Յետագային, իր լուսանկարները այրելու մասին խօսելով, Գագիկ Յարութիւնեան ըսած է, որ յետին նպատակներով չէ այրած եւ թերեւս հիասթափութիւնը չէր գլխաւոր պատճառը, այլ կը կարծէր, որ անոնք արդէն որակը կորսնցուցած էին, իսկ հաստ ստուարաթուղթերու վրայ տպուածները այրած է իբրեւ վառելանիւթ, այն տարիներուն, երբ ջեռուցում չկար եւ ամէն մարդ փայտէ վառարաններով կը տաքնար… Ասոնք հոգեկան խռովքը արդարացնելու պատճառներ էին թերեւս, դժուար է ըսել, բայց փաստ է, որ այդ տարիներուն փլուզուած էին հայ արուեստագէտներու ներքին ու արտաքին աշխարհները: Այսօր ալ նախանձելի վիճակ չէ…

*

- «Գրեթէ բոլոր լուսանկարներուն մէջ ամպ կայ: Ինծի համար գոյութիւն ունի երկրին եւ երկնքին միջեւ կապող ամպը, որ խօսք կը նշանակէ»:

- «Ամէն տեղէ կարելի է բան մը յօրինել, սարքել ու լաւ լուսանկար ստանալ: Լուսանկարիչը պէտք է շարժման մէջ ըլլայ, որովհետեւ լուսանկարուող առարկան երբեք իմ մօտս ինքնուրոյն պիտի չգայ, ես պիտի երթամ, գտնեմ այդ առարկան»:

- «Ինծի համար կարեւորը այն է, որ բան մը ըսուի: Դիտողին բան մը տայ: Եթէ արուեստը դիտողին ոչինչ կու տայ, չ՚արթնցներ միտքն ու զգացմունքը, ուրեմն անիկա բանի մը պէտք չէ»:

- «Այո՛, լուսանկարչութիւնը շատ մատչելի է եւ նշանակութիւն չունին ժամանակները: 1960-ականներուն, երբ պատանի էի, լուսանկարելը նոյնպէս դիւրին ու մատչելի էր: Հիմա պարզապէս լուսանկարելը ոչ միայն տարածուած է, այլեւ տարածումը դիւրին է»:

- «Այո՛, նկարները շատ են ու բոլորը կը նկարեն… Է՜, թող նկարեն, կու գայ պահ մը, երբ կը զգան, որ իրենց աշխատանքներուն որակը միւսիններէն աւելի բա՞րձր է, թէ ցած:

«Չափանիշերը աւելի ուշ կը յայտնուին, ինչպէս որ կ՚ըլլայ բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Հայաստանի մէջ անկախութենէն ետք բոլորը առուտուրով կը զբաղէին: Կը յիշեմ, որ 1990-ականներուն տեղի ունեցաւ կօշիկի բոմբիւն՝ ամէն մարդ կօշիկ կը կարէր: Յետոյ սկսաւ ոսկերչութեան բոմբիւնը՝ բոլորը երեխաները կը ղրկէին ոսկերչութիւն ուսանելու: Այսօր ալ, հաւանաբար, լուսանկարչութեան թնդիւնն է»:

- «Հիմա մարդիկ լուսանկարներուն մէջ ցնցում կը փնտռեն, արցունք, իսկ իրականութեան մէջ մարդէ մը արցունք կարելի է կորզել նոյնիսկ առանց դիակ կամ պատերազմ ցոյց տալու: Ես լուսանկարներուս մէջ իմ վիճակներս ու տրամադրութիւններս ցոյց կու տամ»:

- «Խօսիլը բարդ է: Ես աւելի շատ կը նկարեմ, քան՝ կը խօսիմ»:

ԳԱԳԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

 ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2020