ԿԻՍԿԱՏԱՐ ԿԵԱՆՔԵՐ

-Մարիամս պիտի երթամ,- կնոջն ամուր կուրծքին սեղմելով, տամուկ աչքերով ըսաւ կամաւորը:

-Կ՚աղաչեմ, մի՛ երթար... մնայ մեզի հետ՝ ինձ ու մեր չծնած երեխայի:

-Գեղեցկուհի՛ս, դուն ալ գիտես, որ չեմ կրնար: Պարտաւոր եմ պիտի երթամ, մեր հայրենիքը ինծի կարիք ունի:

-Եկուր երթանք Ռուսաստան՝ իմ ընտանիքի քովը: Այո՛, այո, եկուր երթանք,- ամուսինի գիրկէն պոկուելով, արցունքները աչքերէն սրբելով՝ վճռական կերպով ըսաւ Մարիամ ու շարունակեց.- Քանի դեռ ուշ չէ, եկուր երթանք: Տակաւին ճամբաները չեն գոցած, փրկուելու, նոր կեանքի սկսելու հնարաւորութիւն ունինք:

-Մարիամ, մտքովդ ինչպէ՞ս կրնայ այդպիսի բան մը անցնիլ: Ախր ես ինչպէ՞ս կրնամ սա օրհասական պահուն լքել իմ հայրենիքը: Ի՞նչ խղճով պիտի ապրիմ, ընկերներուս աչքերուն մէջ ինչպէ՞ս պիտի նայիմ...

Բալի շուրթերով իմ հեքիաթ, իմ անգին ու թանկագին գանձ, մի անհանգստանա՛ր: Վստահ եղի՛ր, յաղթանակած ետ պիտի դառնամ: Մինչեւ մեր փոքրիկի ծնունդը պիտի դառնամ:

Հազիւ ձեւով մը իր յղի կինը համոզելով ու հանգստացնելով՝ Յարութիւնը կրցաւ քանի մը անհրաժեշտ իր դասաւորել ուսապարկին մէջ եւ շտապել դուրս: Մինչեւ մօտակայ զինուորական կեդրոն հասնիլը ամէն մէկ քայլին հետ աչքէն արցունք կը թափէր: Երբեմն արցունքի կաթիլը կ՚իյնար ուղիղ կօշիկին վրայ: Թէպէտ սիրելի կնոջը խոստացած էր ժամ առաջ, ողջ եւ առողջ վերադառնալ տուն, սակայն Յարութիւն կը գիտակցէր, որ իր խօսքերը սին են: Իսկ եթէ չվերադառնայ... եթէ այսուհետ զրկուի իր առջինեկի հետ հանդիպումէն... այս եւ նմանատիպ մտքեր կը տանջէին զինքը: Սակայն ընելիք բան մը չկար, ուրիշ տարբերակ առաւել եւս, հայրենիքը վտանգուած է, պէտք է շտապել:

Մարիամ օր ու գիշեր կ՚աղօթէր: Կը խնդրէր Աստուծմէ՝ ամուսինը ողջ եւ առողջ տուն վերադարձնել: Առաջին երկու օրը կապերու վնասման, գերծանրաբեռնուածութեան պատճառաւ Յարութիւն չկրցաւ իր կնոջ հեռաձայնել: Այդ քանի մը օրը Մարիամի համար վերածուեցան տարիներու: Անդադար յուսահատ էր, յոռետես միտքերն ալ հանգիստ չէին ձգեր զինքը: Փոքրիկն ալ շտապեց օր առաջ լոյս աշխարհ գալ:

Տակաւին հայրիկը չհեռաձայնած՝ Անին ծնաւ:

Յաջորդ օրը առաւօտեան հեռաձայնը մը հնչեց. ան էր: Մարիամը չէր կրնար զսպել ուրախութեան արցունքները: Բարի լուրն ալ անմիջապէս շտապեց աւետելու ամուսինին: Յարութիւնի ուրախութիւնը չափ ու սահման չունէր: Անհամբեր էր, կ՚ուզէր ժամ առաջ իր գիրկը առնել դուստրը: Սկսաւ ամէն օր, նոյնիսկ օրը քանի մը անգամ հեռաձայնել:

Օրերը կ՚անցնէին շուտափոյթ: Պատերազմի երեսուներրորդ օրն էր: Կրկին հնչեց զանգ մը: Յարութն էր.

-Մարիամս, ինծի թոյլատրած են հինգ օրով այցելել ձեզի: Այսօր կէսօրէ ետք պիտի գամ:

Ամիս մը վերջ, վերջապէս առաջին անգամ Մարիամի հոգին ցնծաց: Բոլորը անհամբեր կը սպասէին ժամը երեքին: Ժամը երեքը եկաւ, սակայն Յարութիւնէն ոչ մէկ լուր: Քանի մը ժամ եւս գլորուեցաւ, բայց դուռը բախող չեղաւ:

Կէսգիշերին հնչեց անսպասելի զանգ մը:

Յարութիւնը այլեւս ոչ եւս է: Տունդարձի ճանապարհին հակառակորդը թիրախաւորած էր վերջինիս ինքնաշարժը եւ խոցած զայն: Ինքնաշարժն ու երիտասարդ կամաւորը բաժնուած էին քանի մը մասի:

Այսօր սգաւոր կինն ու Յարութիւնի ազգականներն ու հարազատները Եռաբլուրի մէջ վերջին հրաժեշտը կու տան հերոսին:

Այս տխուր օրերուն մարդոց հոսքը դէպի Եռաբլուր չի դադրիր: Ժամը տասնմէկէն սկսեալ, ամէն ժամ, Արցախի դրօշակով ծածկուած երեք դագաղ, քով քովի շարուած երեք հերոսներ կը բռնեն յաւերժի ուղին:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2020