«ԷՋՄԻԱԾԻՆ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՇՐՋԱԳԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ Կ՚ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԷ ԴԷՊԻ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԵՒ ՍՊԻՏԱԿ ՌՈՒՍԻԱ

Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի «Էջ­միա­ծին» երգ­չա­խում­բը այս օ­րե­րուն շրջա­գա­յու­թիւն մը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ դէ­պի Ռու­սաս­տան եւ Սպի­տակ Ռու­սիա։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ երգ­չա­խում­բը հան­դէս կու գայ հա­մերգ­նե­րով։ Շրջա­գա­յու­թեան ըն­թաց­քին խում­բը կը գլխա­ւո­րեն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հո­գե­ւոր-կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու վե­րա­տե­սուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սա­րո­յեան, Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի տե­սուչ Տ. Գա­րե­գին Վրդ. Համ­բար­ձու­մեան, ինչ­պէս նաեւ երգ­չա­խում­բի հիմ­նա­դիր-խմբա­վար Ար­թուր Սրկ. Վար­դա­նեան։

Շրջա­գա­յու­թեան ըն­դա­ռաջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը Մայր Ա­թո­ռի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ «Էջ­միա­ծին» երգ­չա­խում­բի սա­նե­րուն հետ։ Այս առ­թիւ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը փո­խան­ցեց իր գնա­հա­տան­քը Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի տես­չու­թեան եւ «Էջ­միա­ծին» երգ­չա­խում­բի սա­նե­րուն նկատ­մամբ՝ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նե­լով նա­խա­ձեռ­նու­թեան առ­թիւ։ Ան վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ ան­նա­խա­դէպ այս ձեռ­նար­կը ո­գե­ւո­րու­թեան ու մեծ խան­դա­վա­ռու­թեան ա­ռիթ պի­տի հան­դի­սա­նայ ճե­մա­րա­նա­կան­նե­րուն մօտ՝ դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծե­լով ու­սում­նա­կան գոր­ծըն­թա­ցին վրայ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը կա­րե­ւո­րեց երգ­չա­խում­բի շրջա­գա­յու­թիւ­նը՝ ընդգ­ծե­լով, որ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­ւոր-ազ­գա­յին մշա­կոյ­թը պի­տի ներ­կա­յա­ցուի եր­գի մի­ջո­ցաւ։

Այ­սօր երգ­չա­խում­բը հա­մեր­գով մը հան­դէս կու գայ Մոս­կուա­յի Սուրբ Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թիւն ա­ռաջ­նոր­դան­իստ ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մա­լի­րէն ներս։ Ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պուած է Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ռու­սաս­տա­նի եւ Նոր Նա­խի­ջե­ւա­նի Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Եզ­րաս Արք. Ներ­սի­սեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ։ Երգ­չա­խում­բը տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն կը ներ­կա­յաց­նէ յայ­տա­գիր մը, ո­րուն մաս կը կազ­մեն հո­գե­ւոր եւ աշ­խար­հիկ եր­գեր։

Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն երգ­չա­խում­բը ե­լոյթ­ներ պի­տի ու­նե­նայ Ռուս Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ Մոս­կուա­յի հո­գե­ւոր ա­կա­դե­միա­յէն ներս եւ այլ զա­նա­զան հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու հա­մար։

Ռու­սաս­տա­նեան շրջա­գա­յու­թեան ա­ւար­տին, Ճե­մա­րա­նի տե­սուչ Տ. Գա­րե­գին Վրդ. Համ­բար­ձու­մեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, երգ­չա­խում­բը պի­տի անց­նի Սպի­տակ Ռու­սիա։ Կրոտ­նօ քա­ղա­քին մէջ խում­բը մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի բե­րէ մրցոյթ-փա­ռա­տօ­նի մը։ Այս ծրագ­րին պի­տի մաս­նակ­ցին շուրջ քա­ռա­սուն­հինգ երգ­չա­խում­բեր։

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017