ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԻՊԱՐ

Իմ մեծ մայրն ու մեծ հայրը ազնուութեան ու բարութեան մարմնացում էին: Թէպէտ երէկ մեծ հօրս տարեդարձն էր, ան կը դառնար 92 տարեկան, սակայն այսօր կ՚ուզեմ աւելի շատ պատմել իմ մեծ մայրիկի մասին:

Փոքրամարմին, կարճահասակ, գեղեցկադէմ իր մեծ դէմքին պատկերուած էր արեւ: Արեգակը երբեք չէր խամրեր անոր դէմքէն ու իր համեստ ժպիտը մշտապէս տաք էր: Ան ինքնին ջերմութիւն կը ճառագէր: Իսկ թախծոտ աչքերու խորքին ակնբախ էր անյատակ բարութիւնը: Հոգեբան մըն էր իմ մեծ մայրը: Ո՛չ մասնագիտութեամբ, այլեւ էութեամբ: Շատեր վստահելով անոր, իմ մեծ մօր հոգին վերածեցին գաղտնարանի:

Ես իմ կեանքի մէջ կը ճանչնամ միայն մէկ չար հոգի, որ չէր ախորժեր Իզապելլայէն, առհասարակ հարսերը իրենց կեսուրները չեն սիրեր: Այս անյաջող դէպքէն զատ, Իզապելլային՝ առանց չափազանցութեան բոլորը կը պաշտէին, կը խոնարհէին անոր դիմաց:

Իմ մեծ մայրը եօթ երեխայ էին՝ երեք քոյր, չորս եղբայր: Ընտանիքի առջինեկը ան էր, որ յետագային հոգ պիտի տանէր իր ընտանիքի, քոյր-եղբայրներու մասին: Եօթնամեայ դպրոցն աւարտելէ վերջ, իրենց գիւղացիներէն մին չձգեց, որպէսզի մեծ մայրս բարձրագոյն կրթութիւն ստանայ այն տարիներուն հեղինակաւոր համարուող Պաքուի համալսարանին մէջ. «Այդ էր պակաս, որ Միշայի աղջիկը երթար Պաքու սորվելու: Միշան Պաքուի մէջ ուսանելու աղջիկ չունի»: Այդպէս իմ մեծ մայրը չստացաւ բարձրագոյն կրթութիւն: Ան իր ուսման ծարաւը յագեցուց Ստեփանակերտի քոլէճներէն մէկուն մէջ՝ ստանալով հաշուապահի մասնագիտութիւն: Յետագային գլխաւոր հաշուապահը դարձաւ՝ երեք հազար աշխատակից ունեցող Ղարաբաղի «մետաքսի կոմպինատ»ին:

Անոնք լաւագոյնն էին՝ օրինակելի զոյգ ու անհատներ՝ Զաւէն եւ Իզապելլա: Անոնք իրենց ոլորտներուն մէջ լաւագոյնն էին. մեծ մայրս լաւ հաշուապահ, իսկ մեծ հայրս՝ ինքնաշարժներու շարժիչներու նորոգման յայտնի մասնագէտ: Անոնք իրենց կեանքը ապրեցան շատ համեստ ու պատուով: Երբեք իրենց աչքը չտնկեցին ուրիշի ունեցուացքին վրայ: Երբեք աւելիին չձգտեցան: Մշտապէս բաւարարուեցան իրենց ունեցածով, եւ իրենց ունեցածէն, անվերադարձ, անշահախնդիր բաժին հանեցին շուրջիններուն: Կտոր մը հացի մէկ քառորդը իրենք կ՚ուտէին, իսկ մնացեալը կը բաժնէին: Անոնք՝ երկուքն ալ իրենց կեանքը ապրեցան անյատակ նուիրումով:

Մեծ մայրս չկրցաւ ստանալ բարձրագոյն կրթութիւն, սակայն անոր եղբայրները իր օգնութեամբ ստացան. ան աշխատեցաւ՝ անոնք ուսանեցան: Միքայէլի ու Նուրվարդի եօթ երեխաները փայլուն սերունդ էին, օրինակելի քոյր-եղբայրներ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր քոյրը կամ եղբայրը կը սիրէր իր անձէն շատ: Բացառիկ սիրով, յարգանքով, հոգատարութեամբ ու գնահատանքով օժտուած էին իրարու նկատմամբ:

Ամէն տարի մեծ մօրս տարեդարձին մեր տան հեռաձայնը չէր լռեր: Առտուընէ մինչեւ իրիկուն շնորհաւորականներու տեղատարափ կը տեղար: Եղբայրները կը յիշէին իրենց աւագ քրոջ ծնունդը ու իրենց ընտանիքով կը շտապէին մեր տուն շնորհաւորելու: Նուէրներու մէջ առատաձեռն էին՝ միշտ ամենալաւը:

Վերջերս խորհեցայ, թէ ինչպէս անձ մը անյատակ կրնայ նուիրուիլ իր ընտանիքին ու շուրջիններուն: Ինչպէս անհատ մը կրնայ ճառագել անհուն սէր ու ջերմութիւն: Եւ ինչպէս անհատ մը կրնայ իր ճառագած սէրն ու բարութիւնը կրկնապատիկ ետ ստանալ: Բնական է, որ եղբայրներն ու քոյրերը կը սիրէին, կը մեծարէին իրենց աւագ քոյրը. բոլոր առիթներուն ողջոյնի, շնորհաւորանքի առաջին խօսքը կը տրուէր իմ մեծ մայրիկին. «Իսկ այժմ կը ցանկամ առաջին խօսքը փոխանցել  մեր ընտանիքի աւագին, մեր աւագ քրոջ՝ Իզապելլային: Իզապելլան մեզի համար լոկ քոյր մը չէ, ան այսօր կը փոխարինէ մեր ծնողներուն, ան մեր ծնողն է՝ մեր հայրն ու մայրը, մեր ընտանիքի աւագը», այս խօսքերով կը սկսէին միջընտանեկան բոլոր հաւաքոյթները:

Մեծ մայրս կը վայելէր իր հարսերու՝ եղբօր կանաց ու զաւակներու սէրն ու յարգանքը: Ամէն բան փոխադարձ էր: Անոնք պարզապէս կը պաշտէին Իզապելլային: Եղբօրորդիներէն մին՝ Գարիկը, այլեւս հասուն տղամարդ, մեծ մօրս կեանքի վերջին տարիներուն, օր մը այցելութեան եկաւ: Իր յաղթանդամ գրկին մէջ պահելով մեծ մօրս փոքրացած, բուռ մը դարձած մարմինը, իր ափերուն մէջ առնելով անոր բազմաչարչար ձեռքերը, տամուկ աչքերով խոստովանեցաւ. «Հաքու՝ հօրաքոյր, կը ներես զիս: Ես այդպէս ալ չկրցայ իրականացնել իմ պատանեկութեան խոստումը: Ես այդպէս ալ չկրցայ քու տասն մատները պատել տասն ոսկեայ մատանիներով, մինչդեռ խոստացայ», այս խօսքերը արտասանելով կու լար մանուկի պէս: Իսկ անոր մայրը՝ Ալվարդ քոյրիկը ինծի ըսաւ. «Ես իմ երեք զաւակներուն, մասնաւորապէս իմ հարսերուն, թոռներուն պատուիրած, աղաչած եմ երբեք չմոռնալ Իզապելլան: Անոնց կ՚ըսեմ՝ աւելի լաւ է զիս չփնտռէք, իմ որպիսութեամբ չհետաքրքրուիք, սակայն Իզապելլան երբեք չմոռնաք: Եթէ ան ձեզմէ բան մը խնդրէ՝ տեղւոյն խնդրանքը կատարեցէք, անհնարինը դարձուցէք հնարաւոր...»:

Այսպիսի ակնածանքով ու սիրով իմ մեծ մօր մասին կ՚արտայայտուէին անոր բոլոր հարսերն ու անոնց զաւակները: Մաքուր անբասիր սէր ու նուիրում կը տիրէր անոնց միջեւ՝ առանց կեղծիքի, նախանձի, վիրաւորանքի: Վերջերս մայրս պատմեց. «Օր մը Իզապելլան Ալվարդի հագած բաճկոնը տեսաւ, որու արմունկներու հատուածը մաշած ու կարկատած էր: Ան շատ բարկացաւ: Այդ տարիներուն ալ եւրոպական ապրանք շատ քիչ կը մտնէր Խորհրդային Հայաստան: Ան անմիջապէս հերթագրուեցաւ ու գեղեցիկ բաճկոն մը ստանալուն պէս նուիրեց Ալվարդ քոյրիկին. «Ամօթ է իմ եղբօր՝ Շահէնի կինը պտտի կարկատած բաճկոնով: Այդ մէկը մեզի յարիր չէ»:

Ամէնքին նուիրուեցաւ, բոլորն ալ անոր նուիրուեցան: Ոչ մէկուն տարեդարձը, տօները կը մոռնար: Զաւէն մեծ հայրս ալ կը քաջալերէր անոր: Օր մը չըսաւ, թէ ինչո՞ւ այդքան շատ բան կ՚ընես քու ընտանիքիդ համար: Ան ալ կը միանար մեծ մօրս: Ամէնուր կ՚երթային միասին, ամէն բան կ՚ընէին սիրով: Մեծ մայրս չէր մոռնար նաեւ մեծ հօրս ընտանիքը՝ անոր մայրը, քոյրերը:

Շատ կը կարօտնամ ձեզ:

Եզակի մարդիկ էին: Թող Աստուած լուսաւորէ անոնց հոգիները եւ արժանացնէ երկնային արքայութեան:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 6, 2023