ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ ԻՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԻՆ ՉԻ ՊԱՏԿԱՆԻՐ

Շաբաթավերջին, շրջանառութեան մէջ դրուած ձայնագրութենէ մը իմացայ, որ լիբանանահայ վարժարանի մը տարիներու տնօրէնը  հերթական զոհն է վարժարանը հովանաւորող հաստատութեան մը պատասխանատուներուն, որոնք ինչպէս նաեւ շատ մը այլ հայկական հաստատութիւններու, այսպէս կոչուած, պատասխանատուներ, պատահմամբ տուեալ վարժարանին ճակատագիրը որոշողներն են...:

Նաեւ իմացայ, որ տուեալ տնօրէնին կողակիցն ալ, աւելի կանուխ, հայկական ուրիշ դպրոցի մը անձնակազմէն դուրս դրուած էր...:

Տնտեսական ճգնաժամի թէ ծախսերու կրճատումի, աշակերտներու թիւի պակասի թէ դպրոցներու միացման  պատճառաբանութեամբ առնուած՝ պաշտօնակազմ արձակելու, Հայ դպրոց փակելու, անոր կառոյցը ծախելու եւ  որեւէ այլ կամայական թէ հապճեպ, այսպէս կոչուած, վարչական տնօրինման վերաբերող կամ «կամքէ անկախ» որոշում, ո՛չ միայն այպանելի է, այլեւ մեղադրելի, անուանելու համար նուազագոյնը...: Բոլորս գիտենք Հայ ուսուցիչը ի՜նչ նուիրուածութեամբ եւ ինչ զրկանքներով ու զոհողութիւններով տարիներով գտնուած է պատնէշի վրայ: Ա՞յս է իր վարձատրութիւնը: Այսպէ՞ս պիտի քաջալերենք սերունդները, որ իրենց ապագային համար որպէս ասպարէզ ընտրեն ուսուցչական նուիրական առաքելութիւնը...: 

Հայ դպրոցը ո՛չ զինք հովանաւորող կամ բախտի բերմամբ անոր ֆիզիքական կառոյցին տէրը հանդիսացող հաստատութեան խնամակալներուն, հոգաբարձուներուն, թէ տնօրէններու խորհուրդին կը պատկանի, ո՛չ ալ կրօնապետին, համայնքապետին, կուսակցապետին կամ միութեան ատենապետին ու վարչականներուն: Հայ դպրոցը սեփականութիւնն է ժողովուրդին եւ տունն է իւրաքանչիւր հայու: Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ Հայ ժողովուրդի բեկորներուն Հայ դպրոցն է, որ հայացուց եւ հայ պահեց Լիբանանի մէջ թէ այլուր: Ի զուր չէ, որ իւրաքանչիւր հայասփիւռքի ատենի պատասխանատու երախտաւորներ Հայ եկեղեցին, Հայ մամուլը եւ Հայ դպրոցը միատեղ եւ միաժամանակ հիմնեցին: 

Հայկական հաստատութիւններու այսօրուան պատասխանատուները պէտք է մտահան չընեն, թէ իրենց ղեկավարած եկեղեցական կամ միութենական հաստատութեան առաքելութիւնը ի՞նչ է կամ զայն հիմնած ու մեզ փոխանցած երախտաւորները ինչո՞ւ համար հիմնած են զայն: Ինչպէս Հայ ընտանիք մը յանկարծ անգործ ձգելը, կրօնական հաստատութեան մը կամ անոր գլուխը գտնուող՝ իբր թէ Քրիստոսը ներկայացնող գլխաւորողին ո՛չ քրիստոնէավայել կամայական  որոշումը  խորթ պէտք է ըլլայ իր քարոզած հաւատքին, նոյնքան խորթ է բարեգործական հաստատութեան կամ միութեան մը առաքելութեան համար հայ աշակերտին ծնողքին կրթաթոշակ վճարելու անկարողութիւնը կամ դպրոցին նիւթական անբաւարարութիւնը պատճառաբանելով Հայ դպրոց փակելը կամ ծախելը...: Պէտք է միշտ յիշել, որ անցեալին նոյնիսկ աւելի համեստ կրթութիւն ունեցող մեր երախտաւորները, ըլլան անոնք թաղական, հոգաբարձու թէ բարերար, աւելի տեսլապաշտ էին ու հաւատացած Հայ հաստատութիւններու առաքելութեան: Այդ էր պատճառը, որ անոնք ի գին մեծ զոհողութիւններու եւ մեծ հաւատքով, ծրագիրներով ու սիրով հիմը դրած ու կառուցած են մեր հաստատութիւնները: Ո՞վ ենք մենք, որ հողմին յանձնենք կամ ի դերեւ հանենք այդ Լաւ մարդոց ազնիւ երազանքները:  

Իսկ եթէ տուեալ հաստատութիւններուն երբեմն «մշտնջենական» պատասխանատուները կարգուած կամ ինքզինքնին կարգած մարդիկը տակաւին չեն հասկցած իրենց գլխաւորած հաստատութիւններուն հաւատամքն ու առաքելութիւնը կամ անճարակ ու անկարող են ժողովուրդին կողմէ իրենց վստահուած պատասխանատուութիւնը գլուխ հանելու, ապա լաւ կ՚ըլլայ, որ գոնէ ազնուութեամբ մը մէկ կողմ քաշուին ու իրենց տեղը տան աւելի ատակ մարդոց, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել ազգային ժառանգութիւններ հանդիսացող  եւ ո՛չ թէ տուեալ անձերուն պապենական ինչքը եղող հայկական հաստատութիւններն ու կառոյցները կամ այն ինչ որ ձգած են անոնցմէ...:

Անարդարութիւններու ի տես անտարբերութիւնը կը նշանակէ դիրքաւորուիլ հարստահարողին կամ բռնատէրին կողքին: Հետեւաբար այս ուղղութեամբ եղածներուն հանդէպ մեզմէ շատերուն եւ ի մասնաւորի հայ մամուլին կողմէ որդեգրուած լռութիւնը մարդկային իմաստով այլեւս անբարոյականութիւն է իսկ ազգային իմաստով՝ դաւաճանութիւն: Ատենն է բարձրաձայնելու եղածը: Պատմութիւնը մեր մասին ի՞նչ պիտի ըսէ:

Դաւադրութեան տեսութեան հաւատացող մը չեմ, սակայն հոս տեղին է նշել, որ եթէ հայ ժողովուրդի թշնամին միլիոնաւոր տոլարներու հասնող պիւտճէ յատկացուցած ըլլար հայկական հաստատութիւներուն` նման սիսթեմաթիկ կարգով հարուածներ հասցնելու, ապա հաւանաբար պիտի չկարենար հասնիլ այսօրուան այն ցաւալի եւ աղէտալի արդիւնքներուն, որոնց հասնելու համար թերեւս ձրիաբար ու նաեւ տգիտօրէն կը սատարեն մեր ազգին, այսպէս կոչուած, (ան)պատասխանատուները:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

«Զարթօնք», Պէյրութ

Ուրբաթ, Յուլիս 6, 2018