ԻՆՉՈ՞Ւ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՄԱՐԴԻԿ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ՎԱՅԵԼԵԼ ԿԵԱՆՔԸ
Ներկայիս վատ տրամադրութիւնը շատ բնականոն է։ Մէկ կողմէ նիւթականի բացակայութիւնը, միւս կողմէ աշխարհով մէկ պայթող ռումբերը անխուսափելիօրէն կը փճացնեն ուրախութիւնը։ Բացի այս բոլորէն, երբեմն մեր առօրեայ կեանքին կրնանք գտնուիլ՝ «այլեւս ոչինչ հաճոյք կը պատճառէ» վիճակին մէջ։ Այսպէս, ինչո՞վ պայմանաւորուած է այս վիճակը։
1. Ներքին խոչընդոտներ՝ փոթորիկի ամպերու կուտակում.
Ընկճուածութիւնը յաճախ առաջնահերթ գործօն մըն է: Հասարակութենէ մեկուսացումը, ձեր կեանքի անորոշութիւնները կրնան պատճառ դառնալ, որ ընկճուիք եւ չկարողանաք վայելել այն, ինչ որ նախապէս կը վայելէիք: Այսպիսով, եթէ այս վատառողջութիւնը երկար տեւէ, կրնայ ընկճուածութեան նշան ըլլալ: Այս իրավիճակը մենք ամենաշատ զգացած ենք համաճարակի շրջանին. տուներու մէջ փակուած ըլլալը եւ պատերուն նայիլը բացասաբար ազդած է բազում մարդոց հոգեկան առողջութեան վրայ: Տանը մնալը, ընկերային մեկուսացումը եւ անորոշութիւնը յանգեցուցած են ներքին խոչընդոտներու կուտակման եւ կեանքը վայելելու անկարողութեան։ Ծայրայեղ պարագաներուն նկատուած են նաեւ ընկճուածութեան դէպքեր։ Եթէ դուք ձեզ վատ կը զգաք, անմիջապէս մտածեցէք համաճարակի շրջանի մասին։ Ճիշդ այնպէս, ինչպէս դուք կը ձանձրանայիք նոյնիսկ դիտել ձեր սիրելի հեռուստաշարը, երբ կը փակուէիք այն ժամանակ, դուք նոյնպէս կրնայիք ձեզ սահմանափակման ենթարկել: Անմիջապէս թափահարեցէք դուք ձեզ եւ վճիտ երկինքի տակ ժամանակ անցուցէք, երբ լաւ եղանակ է:
Ձեր կողմէ պարտադրուած ներքին խոչընդոտները կը նմանին երկինքի ամպերուն: Գեղեցիկ օր մը յանկարծ կը յայտնուին փոթորիկի ամպեր եւ կ՚արգիլեն արեւի ճառագայթները։ Նմանապէս, եթէ թոյլ տաք, որ ամպերը կուտակուին ձեր գլխուն մէջ, անոնք կը փակեն պայծառ արեւի լոյսը, այսինքն՝ ձեզի սովորաբար հաճոյք պատճառող իրավիճակները։
2. Բնախօսական գործօններ՝ լիցքաթափուած հեռախօսի կարգավիճակ.
Հաճոյքը խանգարող ամենակարեւոր գործօնը ճնշումն է, որ կը բարձրացնէ արեան մէջ քորթիզոլի մակարդակը, ինչ որ բացասաբար կ՚անդրադառնայ ձեր տրամդրութեան վրայ։ Այլ խօսքով՝ երբ ճնշումի տակ էք, քորթիզոլը կը մտնէ արեան շրջանառութիւն եւ նոյնիսկ ամենահաճելի իրավիճակներու մէջ ձեզ կրնայ վերածել խոժոռ հրէշի մը։ Եթէ ճնշումին աւելցնենք քունի անկանոն սովորութիւնները, յատկապէս եթէ թեքնոլոժիք կախուածութեան պատճառով ձեր կեանքը կ՚անցընէք պաստառի առջեւ եւ սա կը խախտէ հորմոններու հաւասարակշռութիւնը։ Իմ նշած այս բնախօսական գործօնները կը նմանին լիցքաթափուած հեռախօսի։ Ուժասպառութիւնը, հորմոնային անհաւասարակշռութիւնը կամ թերսնումը կը սպառեն ձեր կեանքի ուժը։ Ճնշումը կը ջնջէ ձեր ներդրած ուժը եւ դուք երբեք չէք կրնար «վերալիցքաւորուիլ»:
3. Ընկերային եւ բնապահպանական գործօններ. ինքնաշարժը երթեւեկութեան մէջ.
Ընկերային բաղդատականը այս պահուն կարեւոր հոգեբանական գործօն մըն է: Մարդիկ անընդհատ իրենք զիրենք կը բաղդատեն ուրիշներու հետ, ինչ որ կը յանգեցնէ անհամապատասխանութեան եւ, հետեւաբար, հաճոյքի բացակայութեան զգացման: Օրինակ՝ ընկերային ցանցերու վրայ անընդհատ «կատարեալ» կեանքեր տեսնելը կը բազմացնէ մարդոց ակնկալիքները սեփական կեանքի վերաբերեալ, ինչ որ կը դժուարացնէ կեանքը վայելելը: Եթէ նայիք այդ շփացած մարդոց, որոնք ամէն օր կ՚ուտեն եւ կը խմեն շքեղ վայրերու մէջ, կը ճանապարհորդեն եւ իւրաքանչիւր ժամ տարբեր վայրերէն լուսանկարներ կը տարածեն ընկերային ցանցերու վրայ, ապա ձեր կեանքը կը սկսի սովորական թուիլ: Եթէ նոյնիսկ ձեր պայմաններով լաւ արձակուրդի մը երթաք, այդքան ալ գոհ չէք մնար, որովհետեւ ձեր միտքին այդ մարդոց կողմէ տարածուած տեսանիւթերը կ՚ունենաք ու չէք կրնար հաճոյք ստանալ։
Ընկերային գործօնները կը ծանրաբեռնեն ձեր միտքը, ինչպէս ինքնաշարժը՝ խցանուած երթեւեկութեան մէջ: Որքան ալ արագ փորձէք երթալ, երթեւեկութիւնը կը դանդաղեցնէ ձեր ընթացքը եւ չէք կրնար յառաջանալ։ Ի վերջոյ պէտք է հասկնալ, թէ ձեր ունեցածի արժէքին անդրադառնալը ամենամեծ առաքինութիւնն է:
Արդիւնքին բարդ յուզական վիճակները սովորաբար մէկէ աւելի գործօններու արդիւնք են, բայց, ընդհանուր առմամբ, այս երեք իրավիճակները, որոնք ես նշեցի, կրնան ըլլալ ձեր հաճոյքի զգացման բացակայութեան հիմնական պատճառը: Բայց ընդգծեմ, որ խօսքս այստեղ լուրջ ճնշուածութեան իրավիճակներու մասին չէ, նման դէպքերու պարագային անպայման պէտք է ստանալ մասնագէտներու աջակցութիւնը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ