ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, օրհնեալ է յայտնութիւնը Քրիստոսի»։ Անգամ մը եւս հոգեւոր ուրախութիւնը ունինք տօնելու մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Ս․ Ծնունդը, որուն մասին պարտաւոր ենք խորհրդածելու, հասկանալու համար՝ թէ ի՛նչ կը նշանակէ Իր ծնունդը։

Մանուկի մը ծնունդը անշուշտ ուրախութիւն կը պարգեւէ թէ՛ իր ծնողքին եւ թէ իր շուրջիններուն, նոյնիսկ բարեկամներ ու ծանօթներ եւս կը բաժնեն այդ ընտանիքին ուրախութիւնը եւ կը շնորհաւորեն զիրենք՝ զաւակ մը ունեցած ըլլալու բախտաւորութեան համար… յետո՞յ, միայն այդքան… Մանուկի մը ծնունդը ասկէ աւելի ին՞չ նշանակութիւն կրնայ ունենալ այլոց համար, չէ՞ որ օրուան մը ընթացքին աշխարհի վրայ միլիոնաւոր մանուկներ կը ծնին։

Բայց Քրիստոսի Ս․ Ծնունդը, որ թէեւ լուռ պայմաններու մէջ տեղի ունեցաւ, հոգ չէ թէ իր այցելուները սակաւաթիւ էին, բայց եւ այնպէս, Իր ծնունդը ո՛չ միայն իր ծննդավայրի սահմանները՝ այլ բոլոր սահմանները շրջանցելով՝ եղաւ աշխարհի թիւ մէկ նիւթը ու իրականութիւնը։ Այլեւս ամէն բան իր ծնունդով իմաստաւորուեցաւ ու դրոշմուեցաւ։ Այնուհետեւ աշխարհ նախքան Քրիստոս եւ յետ Քրիստոս պիտի անուանուէր։

Քրիստոսի Ս․ Ծնունդը՝ մարդիկ հաւատան կամ ոչ, մինչեւ այսօր եւ աշխարհի վախճանը պիտի շարունակէ զբաղեցնել մարդոց միտքը։ Քրիստոսի Ս․ Ծնունդով սկսաւ փոխուիլ կեանքը. մարդիկ Քրիստոսի հետեւողներ ու Քրիստոս մերժողներ ըլլալով երկուքի բաժանուեցան։ Իր իսկ խօսքերով՝ բաժանում բերելու եկաւ. «Մի՛ կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութիւն ձգելու եկայ։ Խաղաղութիւն ձգելու չեկայ, հապա՝ սուր։ Վասնզի եկայ տղան իր հօրմէն զատելու ու աղջիկը՝ իր մօրմէն ու հարսը՝ կեսուրէն։ Մարդուն թշնամիները իր ընտանիքը պիտի ըլլան» (Մատթ 10.34-36)։ Ուրեմն, Քրիստոսի ծնունդը այս աչքով դիտելու ենք, հասկնալու համար Իր Ծննդեան, Գալստեան եւ Յայտնութեան սուրբ նպատակը։

Որպէս Քրիստոս ճանչնալու՝ ծննդեան պայմանները ու դէպքերը մեր առջեւ անշուշտ շատ կարեւոր տուեալներ կը ներկայացնեն․ օրինակ՝ մսուրի մը մէջ աշխարհ գալը, հովիւներուն տուած վկայութիւնները (Ղուկաս 2.8-20), մոգերուն այցելութիւնը (Մատթ 2.1-12) եւ այլն։

Բայց եւ այնպէս, եթէ միայն այս դէպքերը մեր միտքերը մնան, ինչպէս շատերու համար Քրիստոսի Յարութիւնը միայն կարմիր հաւկիթ ու տուրմ կը նշանակէ, պիտի չկարենանք թափանցել անոր խորքին։ Աւետարանի մէջ տեղ գտած այս մանրամասնութիւնները առիթ կ՚ընծայեն, որ քրիստոնեայ հաւատքի կորիզը կազմող Ս․ Ծննդեան պատճառները աւելի լաւ հասկանանք։

Մատթէոս աւետարանիչ Քրիստոսի կեանքը պատմելու ատեն կ՚ըսէ. «Աբրահամ ծնաւ Իսահակը. Իսահակ ծնաւ Յակոբը» (Մատթ 1.1) ու կը վերջացնէ՝ «Յակոբ ծնաւ Յովսէփը՝ Մարիամին այրը, որմէ ծնաւ Յիսուս, որ կոչուեցաւ Քրիստոս» (Մատթ 1.16)։ Այս տողերով Քրիստոսի աշխարհիկ ազգատոհմին կը ծանօթանանք։

Մարկոս աւետարանիչ Իր Աստուած Որդիութեան եւ մարգարէական նախատեսութեանց ակնարկելով կը սկսի հետեւեալ տողերով՝ «Աստուծոյ Որդիին Յիսուս Քրիստոսի աւետարանին սկիզբը։ Ինչպէս մարգարէներուն մէջ գրուած է» (Մարկ 1.1)։ Այսպէսով ալ կը սորվինք, թէ ո՛վ է Քրիստոս եւ Անոր ծնունդը Աստուծոյ կողմէ Աւետուած եւ մարդոց դարեր շարունակ պատգամուած է։

Ղուկաս աւետարանիչ ալ Քրիստոսի մասին ամէն բան տարբեր ոճով ու բացատրական մանրակրկիտ աշխատութեամբ կը փոխանցէ, որպէսզի ոչ մէկ բացթողում մնայ իր եւ իր գործերուն մասին։ «Որովհետեւ շատերը մեր մէջ հաստատ գիտցուած բաներուն վրայով եղած պատմութիւնը կարգի դնելու ձեռք զարկին, ինչպէս սկիզբէն աչքով տեսնողները եւ խօսքին սպասաւոր եղողները աւանդեցին մեզի, ես ալ որ սկիզբէն այն ամէն բաներուն ճշդութեամբ տեղեկացեր էի, յարմար դատեցի կարգաւ գրել քեզի, ո՛վ պատուական Թէոփիլոս, որպէսզի սորված բաներուդ ստուգութիւնը իմանաս» »Ղուկ 1.1-4)։

Իսկ Յովհաննէս աւետարանիչ՝ մարմնի բոլոր անտեսանելի հատուածները ի յայտ հանող արդի զարգացած բժշկական գործիքներու նման, Աստուածային տեսութեամբ Քրիստոսի Աստուածութեան բոլոր գաղտնիքները ի յայտ կը հանէ այս կարճ եւ կտրուկ նախադասութեամբ՝ «Եւ Բանն մարմին եղեւ եւ բանկեցաւ ի մեզ»։ «Բանը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ (եւ անոր փառքը տեսանք՝ Հօրմէն միածնի փառքին պէս) շնորհքով ու ճշմարտութիւնով լեցուն» (Յով 1.14)։ Մենք այս տողերուն մէջէն՝ որքան մարդկային միտքն ու խելքն կ՚արտօնէ՝ Քրիստոսի Աստուածութեան բոլոր մանրամասնութիւնը կը տեսնենք։

Ուրեմն սիրելի ընթերցող, բոլոր այս բացատրութիւններու մէջ մենք զմեզ կը գտնենք Աստուածային այն իրականութեանց դիմաց, ինչ որ ի վեր է բոլոր միտքերէ ու խօսքերէ։

Քրիստոսի հրաշագործութիւններն ու խօսքերը կարդալու ժամանակ միայն զարմանալի գործեր տեսած ըլլալով պէտք չէ գոհանանք, կամ խօսքերը լսելու ատեն ոչ թէ փիլիսոփայական կամ բանասիրական խօսքեր լսած ըլլալու դիտումով ունկնդրենք, այլ գիտակցինք, որ Որո՞ւ ներկայութեան առջեւ կը գտնուինք եւ Ո՞վ է մեզի հետ խօսողը։

Քրիստոս աշխարհ եկաւ, իսկ մենք անգամ մը եւս կը տօնենք Անոր աշխարհ գալու ու մեզի յայտնուելու տարեդարձը։ Ուրեմն, հաստատ գիտնալու ենք, որ Քրիստոս աշխարհ եկաւ իբր մեր Փրկիչը․ Քրիստոսի ամէն մէկ խօսք ու գործ մեր փրկութեան եւ յաւիտենական կեանքի համար է։ Մեզի համար ուղեցոյց են Քրիստոսի խօսքերը, որոնք մեզ կ՚ուղղեն դէպի յաւիտենական կեանք։ «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով։ Եթէ զիս ճանչնայիք, իմ Հայրս ալ պիտի ճանչնայիք եւ ասկէ յետոյ պիտի ճանչնաք զանիկա ու տեսնէք զանիկա» (Յով 14.6)։

Ներկայիս աշխարհ զանազան ուղիներ ու դռներ կը բանայ մեր առջեւ, կը պարտադրէ, որպէսզի անոնցմէ անցնինք կա՛մ մտնենք, որոնց ետին ի՜նչ փորձանքներ թաքնուած է, չենք գիտեր ու կոյրզկուրայն կ՚արաջնորդուինք դէպի այդ դռները։ Քրիստոս կ՚ըսէ. «Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասնզի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։ Վասնզի նեղ է այն դուռը ու նեղուածք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն» (Մատթ 7.13-14)։ Մենք՝ կորսուածներս պէտք է մանուկ Փրկչին մսուրին առջեւ գանք ու խոնարհինք, որ իբրեւ Անբաւելին երկնի եւ երկրի, Իր բարձրութենէն խոնարհեցաւ եւ մեր փրկութեան համար յարմար տեսաւ մտնել խանձարուրի մը մէջ։

Մանուկ Յիսուս պատրաստ է մեր տանը մէջ բնակելու ու մեզի հետ ըլլալով մեզ առաջնորդելու երկնաւոր Հօր։ «Ահա ես դուռը կայներ եմ ու կը զարնեմ. եթէ մէկը իմ ձայնս լսէ ու դուռը բանայ, անոր քով պիտի մտնեմ եւ անոր հետ ընթրիք պիտի ընեմ, ան ալ ինծի հետ։ Ան որ կը յաղթէ, ինծի հետ իմ աթոռս պիտի նստի, ինչպէս ես ալ յաղթեցի ու իմ Հօրս հետ անոր աթոռը նստայ» (Յայտ 3.20-21)։

ՔՐԻՍՏՈՍԻ Ս․ ԾՆՈՒՆԴԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԸԼԼԱՅ ՄԵՐ ԲՈԼՈՐԻՆ։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 7, 2022