ՅԻՇԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

«Թոփ­հա­նէի Ա­մի­րէ» մշա­կոյ­թի եւ գե­ղա­րուես­տի կեդ­րո­նը, որ կը գոր­ծէ «Մի­մար Սի­նան» հա­մալ­սա­րա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ, այս օ­րե­րուն կը հիւ­րըն­կա­լէ հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ ցու­ցա­հան­դէս մը։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած այս ձեռ­նար­կը կը կո­չուի «Որ­պէս նուռ»։ Կար­գա­խօ­սը այն է, որ հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ոչ թէ մոռ­նա­լու, այլ յի­շե­լու ժա­մա­նակն է։

Օր­լան­տօ Քար­լօ Քա­լու­մե­նո­յի քարտ­փոս­տալ­նե­րու ժո­ղո­վա­ծո­յէն ըն­տիր հա­ւա­քա­ծո­յի մը ընտ­րա­նիի հի­ման վրայ պատ­րաս­տուած է այս ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Քիւ­րա­թէօրն է Կիւ­զին Էր­քան։ Այդ քարտ­փոս­տալ­նե­րը ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նան պատ­կե­րաց­նե­լու հա­մար, թէ ներ­կա­յիս հայ­կա­կան ժա­ռան­գու­թեան որ­քան վիթ­խա­րի մէկ բա­ժի­նը ար­դէն ան­հե­տա­ցած է ան­վե­րա­դարձ։

Օր­լան­տօ Քար­լօ Քա­լու­մե­նո­յի քարտ­փոս­տալ­նե­րուն ա­ռըն­թեր այս ձեռ­նար­կը կը ցո­լաց­նէ հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ պաշ­տօ­նա­կան տե­սա­կէտ­նե­րու ե­ղա­փո­խու­թիւ­նը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի կող­մէ ան­ցեալ եւ նա­խան­ցեալ տա­րի­նե­րուն կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն մէջ­բե­րում­ներ ներ­կա­յա­ցուած են մե­ծա­դիր պաս­տառ­նե­րու վրայ։ Նոյն մի­ջա­վայ­րին մէջ ներ­կա­յա­ցուած են նաեւ Ա­ՍԱ­ԼԱ-ի ա­հա­բեկ­չու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուած թուրք դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու առ­կայ փա­կու­ղիին վե­րա­բե­րեալ Ան­գա­րա­յի մօ­տե­ցում­նե­րը։ Ար­դի թեք­նիկ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ըն­ձե­ռած բո­լոր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը օգ­տա­գոր­ծուած են այս ցու­ցա­հան­դէ­սին հա­մար, ո­րու այ­ցե­լու­նե­րուն տրա­մադ­րու­թեան տակ դրուած են նաեւ Աւ­րա­սիոյ հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նին կող­մէ հրա­տա­րա­կուած գրքոյկ­ներ, ո­րոնք պատ­րաս­տուած են ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րուն շուրջ հայ-թրքա­կան ան­հա­մա­ձայ­նու­թեան պատ­մա­կան ֆո­նը։ Գրքոյ­կին մէջ ընդգ­ծուած է, թէ այն­տեղ կա­տա­րուած մատ­նան­շում­նե­րուն նպա­տակն է ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րել՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ տե­սա­կէտ­նե­րուն հիմ­քէ զուրկ ըլ­լա­լուն վրայ։

Այս ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման առ­թիւ ե­րէկ օ­րուան ա­ռա­ջին կէ­սին զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ծա­նօ­թաց­ման հա­ւա­քոյթ մը։ Ա­ւե­լի վերջ Օր­լան­տօ Քար­լօ Քա­լու­մե­նօ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց իր ժո­ղո­վա­ծո­յի քարտ­փոս­տալ­նե­րուն շուրջ։

Ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը։ Այս առ­թիւ ե­լոյթ­նե­րով  հան­դէս ե­կան Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Նա­ճի Քո­րու եւ «Մի­մար Սի­նան» հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ Փրոֆ. Եալ­չըն Քա­րաեա­ղըզ։

Ներ­կա­նե­րու շար­քին էին Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, Իս­թան­պու­լի մօտ Ֆրան­սա­յի ա­ւագ հիւ­պա­տոս Միւ­րիէլ Տո­մե­նաք, Պէ­յօղ­լուի քա­ղա­քա­պետ Ահ­մէտ Միս­պահ Տե­միր­ճան, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն պաշ­տօ­նա­տար­ներ, դի­ւա­նա­կալ­ներ եւ բազ­մա­թիւ հիւ­րեր։

Ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման հանգ­րուա­նի ծրա­գի­րը ընդգր­կեց նաեւ ե­րաժշ­տա­կան բա­ժին մը։ Այս առ­թիւ կա­տա­րում­նե­րով հան­դէս ե­կան ա­մե­րի­կա­հայ ու­տա­հար Ա­րա Տինք­ճեան եւ Իս­թան­պու­լի Պե­տա­կան թրքա­կան ե­րաժշ­տու­թեան հա­մոյ­թը։

Այս ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց պի­տի մնայ մին­չեւ Ապ­րի­լի 29-ը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 7, 2016