ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԵՐՊՈՒՄ

Հոգեբանական դատարկութիւնը մարդ յաճախ կը զգայ, երբ դուրս կու գայ «համակերպուած» իրավիճակէ մը։ Այս համակերպութեան համատեսքին մէջ երջանկութեան արցունքներու, յետհոգեցնցումի ճնշուածութեան խանգարման (post-traumatic stress disorder) եւ ցուրտէն տաք վայր մը անցնելէ յետոյ պահ մը մսելու պատճառները նման են։

Մարդիկ ինքնաբերաբար, հակում ունին յարմարելու որեւէ միջավայրի կամ իրավիճակի՝ այն աստիճան, որ որոշ դէպքերու պարագային ճնշուածութեան պատասխանը կու տանք ո՛չ թէ ճնշուածութիւն պատճառող պայմաններու տակ, այլ՝ աւելի վերջ, երբ այդ պայմանները կը վերանան, քանի որ «համակերպելու» վիճակը աւարտած է։ 

Մտածենք այն պահը, երբ տարօրինակօրէն կը մսինք ցուրտէն տաք միջավայր անցած ժամանակ։ Դուրսը ձիւն կը տեղայ, օդը սառնամանիք է։ Միանգամայն կը մտնէք սրճարան, որու կեդրոնին վառարան կը վառի։ Բնականաբար կը մօտենաք այդ վառարանին, բայց… դուրսը այսքան չէիք մսեր։ Ճիշդ այդ պահուն կը հասկնաք, որ կը մսիք։ Մարմինը ճնշուածութեան մէջ էր եւ այս վիճակը յաղթահարելու համար «համակերպման համակարգ»ով յարմարեցաւ ցուրտ օդին։ Այս համակերպումը սրճարան մտնելով աւարտեցաւ եւ մարմինը «գիտակցեցաւ», որ մսած է։  

Դուք կը գտնուիք պատերազմի/բախումի միջավայրին մէջ։ Փամփուշտները ձեր գլխի վրայով կ՚անցնին, ռումբերու ձայնը գրեթէ կը խուլացնեն, ձեր ընկերները կը մահանան կամ կը վիրաւորուին եւ այլն։ Պատերազմը կ՚աւարտի, կը վերադառնաք քաղաքացիական կեանք։ Որոշ ժամանակ անց կը սկսիք անքունութենէ տառապիլ՝ վախնալով եւ կասկածելով ամէն ինչէ։ Անուշադրութիւն, միջավայրը տարբեր ու անիրական տեսնել, սեփական մարմնին օտարանալ, բացասական իրադարձութիւնները կրկին-կրկին վերյիշել եւ զանոնք տեսնել երազին մէջ, կրկնուող մտածումներ, զգացումներ եւս կրնան նկատուիլ ձեր մօտ։ Կ՚երթաք հոգեբոյժի, ձեր մօտ կ՚ախտորոշուի «յետհոգեցնցումային ճնշուածութեան խանգարում»։ Այսի՞նքն… Դուք նման խանգարում չունէիք ռազմադաշտի վրայ։ Ձեր մարմինը յարմարած էր այդ ճնշուած վիճակի։ Երբ պատերազմէն վերադարձաք, այդ «համակերպումը» վերջացաւ։ Բայց, քանի որ պնտերազմի օրերու հետքերը դեռ չեն մաքրուած ձեր մարմնէն/հոգիէն, չէք կրնար յաղթահարել այդ խանգարուածութիւնը։ 

Խորհեցէք մայր մը, որու զաւակը անտառային պտոյտի մասնակցած է եւ քանի մը օրէ ի վեր չէ կրցած որեւէ կապ հաստատել անոր հետ։ Հեռախօսը անհասանելի է ու ոչ ոք գիտէ, թէ ուր է ան։ Մայրը ոստիկանութեան կը տեղեկացնէ այս մասին, բայց անոնք եւս չեն կրնար գտնել։ Անհանգստութիւն ու մտահոգութիւն համակած է մօրը մարմինը/հոգին, բայց կը փորձէ ինքզինք վերահսկել։ Երեք օր յետոյ զաւակը կը վերադառնայ տուն։ Մայրը կը գրկէ զայն ու կը սկսի լալ։ Երջանկութի՞ւն… Երբ ճնշուածութեան վիճակը, որ յառաջացած էր իր զաւկի ճակատագրի անորոշութեան պատճառով, անհետացաւ, համակերպումը աւարտեցաւ եւ այլեւս ի զօրու չէ վերահսկել ճնշուածութիւնը։ 

Անշուշտ կարելի է նմանատիպ բազմաթիւ օրինակներ տալ, բայց բոլորը կը մատնանշեն նման իրավիճակ։ Թէեւ հոգեցնցումային իրադարձութիւնները բոլորի վրայ նոյն ազդեցութիւնը չեն ունենար, սակայն պատահածները անպայման որոշ հետքեր կը թողեն հոգեկան առողջութեան վրայ։ 

Որքան ալ վատ պայմաններու մէջ գտնուինք, ձեւով մը, ակամայ կը համակերպինք, կը յարմարինք այդ իրավիճակին։ Եւ երբ այդ պայմանները վերանան, համակերպելու ջանքերն ալ զուգահեռաբար կ՚աւարտին եւ վերահսկողութենէ դուրս կու գանք։ Վերահսկողութենէ դուրս ելած մարմնի/հոգւոյ հակազդեցութիւնն ալ կ՚ըլլայ «յետցնցումային ճնշուածութեան խանգարում»։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 7, 2021