ԵՐԿՐԻ ԵՒ ԵՐԿԻՆՔԻ ՄԻՋԵՒ. ԵՍԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

Երբ հանդիպիք եսապաշտի մը, կը կարծէք, որ ծանօթացած էք կատարեալ մարդու մը հետ։ Ան շատ խելացի, ստեղծագործ եւ ինքնավստահ կը թուի։ Ան կը սիրէ գնահատուիլ, կը փորձէ հասարակաց յայտարար մը գտնել՝ ձեր աչքերուն հիացումի փայլ հաղորդելու համար։ Այն ինչ որ դուք կը սիրէք, կը ջանայ մատուցել ձեզի։ Ան այս խաղը կը շարունակէ՝ մինչեւ որ շահի ձեր հիացումը իրեն հանդէպ։ Երբ ան հասնի այս նպատակին, առաջին քայլը աւարտած կ՚ըլլայ։ Ան ինքզինք բաւարարուած զգալէ ետք, կարելի է տեսնել, թէ «խաղադաշտէն» դուրս կու գայ եւ անխուսափելիօրէն կը զարմանաք։ Ան այս փուլին կը յաջողի ձեր մօտ ցանկութիւն յառաջացնել։ Ան կրցած է ձեր մօտ իրեն հետ շփուելու պահանջ ստեղծել։ Զինք աւելի շատ կը հետաքրքրէ անոր նկատմամբ ձեր աչքերու հիացումը՝ քան ձեզ։

Եսապաշտը շատ շքեղ տեսք ունի։ Ան կը սիրէ յաջողութիւն, կը փափաքի լաւագոյնը, կը «խաղայ» լաւագոյնի համար։ Անոր ներաշխարհին կայ երեխայ մը, որ երկչոտ է ու ինքն իրեն անվստահ։ Եսապաշտը իր արժէքը կը սահմանէ ուրիշի հաւանութեան արժանանալով։

Եսապաշտի համակրական հասկացողութիւնը թոյլ է։ Դժուար է ընկալել, թէ ինչ կը զգան այդ մարդիկ։ Ան նոյնիսկ կրնայ արհամարհել զգացումները եւ յոյզերու մասին խօսիլը թուլութիւն կը կարծէ։ Ան միշտ կ՚ուզէ խօսիլ իր մասին. սեփական ձեռքբերումներու, քարիէրի, ապագայի ծրագրերու… Անոր չի հետաքրքրեր, թէ դուք արդեօք ի վիճակի՞ էք զինք լսելու այդ պահուն։ Անոր հաստատած յարաբերութիւնները ուղղուած են կարիքներուն։ Անոր համար դժուար է ընդունիլ, որ ուրիշի կարիքն ունի: Ան կը կարծէ, թէ ինքնաբաւ է։ Իր հանդուրժողութեան զգացումը թոյլ է եւ չի սիրեր իր թերութիւնները բացայայտել։

Եսապաշտի մօտ ամօթի ու նախանձի զգացումները շատ ուժեղ են։ Իւրաքանչիւր եսապաշտ իր ինքնավստահ կերպարի տակ կը կրէ երեխայ մը, որ ինքզինք թերի կը զգայ եւ կը վախնայ, թէ իր թերութիւնները որեւէ պահու կրնան բացայայտուիլ։ Սա այն ամօթի զգացումն է, որ ան կը զգայ իր հոգւոյն խորքին։ Իսկ եսապաշտը կը նախանձի անոնք, որոնք ունին իր չունեցածը։ Անոր նախանձը կրնայ հասնիլ այնպիսի մակարդակի, թէ կրնայ իր առջեւ գտնուած գեղեցիկ տեսարանը աղաւաղել։ Երբ դիմացինը ունենայ այն ինչ որ ան չունի, կը նախանձի ու կը զայրանայ։ Ան միշտ կը մատնանշէ իր դիմացինի թերութիւնները՝ յաճախ անխղճօրէն քննադատելով ու նուաստացնելով։ Ան կրնայ բառացիօրէն դաժան ու ակրեսիւ ըլլալ, երբ զայրանայ։ Ներողութիւն խնդրելը իրեն համար շատ դժուար է։

Եսապաշտի «անթերի» կերպարի տակ, իրականութեան մէջ, մեծ դատարկութիւն մը կայ։ Իր մէջ այդ դատարկութիւնը ձեւաւորուած է առհասարակ մանկութեան տարիներուն։ Հնարաւոր է, որ ան զրկուած ըլլայ հոգատար ու ջերմ ծնողական յարաբերութիւններէն։ Ան հաւանաբար զրկուած է նաեւ անվերապահ սէրէ ու իրեն նկատմամբ համակրական հասկացողութենէ։ Ան կարելի է, որ այս պատճառով տարիներով փորձած ըլլայ հասնիլ իտէալին, որպէսզի արժանանայ սիրոյ ու ստիպուած ըլլայ ապրիլ հսկայական բեմի մը ետին։ Եսապաշտութիւնը կրնայ նաեւ յայտնուիլ նաեւ այն մարդոց մօտ, որոնք չեն սորված սահմաններու մասին, չեն սորված նաեւ պատկերացնել ուրիշներու զգացումներու եւ հոգեվիճակի մասին։ Ան կը կարծէ, որ ոչ ոք զինք կը սիրէ, երբ տեսնեն այդ երկչոտ երեխան։

Բոլորս կը սիրենք հաւանութիւն ստանալ ուրիշներէն։ Գովաբանութիւնը բոլորս կ՚ուրախացնէ։ Եսապաշտի տարբերութիւնը այն է, որ ան իր ողջ կեանքը կ՚ապրի հաւանութիւն ստանալու փնտռտուքի ներքեւ։ Ան կը փափաքի տեսնել հիացումի շող մը՝ մարդոց աչքերուն մէջ…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 7, 2023