ԵՈՀԱՆ ԿԷՕԹԷ. «ԼՈ՜ՅՍ, ԱՒԵԼԻ՜ ԼՈՅՍ»
Գերմանացի նշանաւոր քնարերգակ, բանաստեղծ, վիպասան, դրամատուրգ, ինքնակենսագիր, ասացուածքներու հեղինակ, գրականագէտ, Աստուածաբան, փիլիսոփայ, իրաւաբան, դիւանագէտ, փաստաբան, քաղաքական գործիչ, պետական գործիչ, թատերագէտ, երաժշտահան, երաժշտական քննադատ, մշակութային քննադատ, նկարիչ, գրադարանավար, բուսաբան, կենդանաբան, բնագէտ, հանքաբան…
Եոհան Վոլֆկանկ ֆոն Կէօթէն ծնած է 28 օգոստոս, 1749-ին, Գերմանիոյ Հեսսէն նահանգի Մայնի Ֆրանքֆուրթ քաղաքը, հարուստ ազնուական ընտանիքի յարկին տակ: Անոր մեծ հայրը քաղաքապետ եղած է, իսկ հայրը՝ կայսերական բարձր պաշտօնեայ, որ իրաւաբանական տոքթորի աստիճան ունէր (ան կը հետաքրքրուէր արուեստով եւ ժամանակի առաջաւոր գաղափարներով):
Պատանի Եոհանի կրթութեամբ եւ դաստիարակութեամբ զբաղած է հայրը. ան իր տուն հրաւիրած է տեղւոյն առաջաւոր, գիտուն մանկավարժներ՝ որդւոյն անթերի կրթութիւնը ապահովելու համար: Կէօթէն օժտուած էր արտակարգ ընդունակութիւններով. տակաւին պատանի հասակին արդէն քանի մը լեզուներու կը տիրապետէր, լաւ գիտէր գրականութեան պատմութիւն, փիլիսոփայութիւն, լրջօրէն կը զբաղէր բնագիտութեան ուսումնասիրութեամբ:
Կէօթէն ուսանած է Լայփցիկի եւ Սթրազպուրկի համալսարաններու մէջ։
Ան ստեղծագործած է վաղ տարիքէն։ Կէօթէի ստեղծագործութիւններու մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ համաշխարհային գրականութեան գլուխ գործոցներէն համարուող «Ֆաուսթ» ողբերգութիւնը, որու վրայ ան աշխատած է աւելի քան վաթսուն տարի։
Մարդկութիւնը անյիշելի ժամանակներէն կ՚երազէր այն մարդուն մասին, որ կը կարենար հասկնալ եւ իրեն ենթարկել բնութեան գաղտնիքները։ 16-րդ դարու առաջին կիսուն Գերմանիոյ մէջ տարածուած էր թափառաշրջիկ բժիշկ եւ գուշակ Տքթ. Ֆաուսթի մասին առասպելը, որ իբր արեամբ կնքուած պայմանագիրով իր հոգին Սադայէլին ծախած էր: Կէօթէն նոյնպէս հետաքրքրուած ըլլալով Ֆաուսթի կերպարով, իր ողբերգութեան գլխաւոր հերոսը ըրած է զայն։
Ֆաուսթը իր կեանքը կը նուիրէ գիտութեան, գործունէութեան շատ ոլորտներ կը փորձէ եւ, անցնելով կեանքի բոլոր վայելքներու միջով, զառամեալ տարիքին այն իմաստնութեան կը յանգի, թէ մարդուն միակ երջանկութիւնը ազատութեան համար պայքարելու ձըգ-տումն է, իսկ նպատակը՝ ստեղծարար աշխատանքը։
Կէօթէի նշանաւոր գործերէն են՝ «Փրոմէթեւս», «Իփիկենիան Տաւրիսի մէջ», «Թորքվաթօ Թասսօ», «Էկմոնթ» տրամաները, «Վիլհելմ Մայսթեր» երկհատոր («Ուսման տարիներ» եւ «Թափառումի տարիներ») փիլիսոփայական վէպը, «Հռոմէական էլիկիաներ», «Իտալական ուղեւորութիւն», «Հերման եւ Տորոթէա», «Արեւմտա-արեւելեան դիւան» եւ այլ երկեր: Ան ստեղծագործած է նաեւ մանուկներու համար՝ «Ռայնեքէ աղուէսը»: Կազմաբանական հետազօտութիւններէն յայտնի է անոր «Փորձ բոյսի ձեւափոխութեան վերաբերեալ» աշխատութիւնը։
Կէօթէն մօտաւորապէս 1600 բանաստեղծութիւն գրած է։
1830-ին՝ տակաւին հեղինակի ողջութեան օրօք, անոր գործերէն առաջին անգամ հայերէնի թարգմանած է Խաչատուր Աբովեանը՝ «Անտառի արքան» բանաստեղծութիւնը։ Յովհաննէս Թումանեանը թարգմանած է «Լերանց շարքերը» եւ «Վարդը» բանաստեղծութիւնը. վերջինիս համար գեղեցիկ երաժշտութիւն գրած է Ռոմանոս Մելիքեանը։ Կէօթէի ստեղծագործութիւններէն հայերէնի թարգմանած են նաեւ Յովհաննէս Յովհաննիսեանը («Դաշտի վարդը», «Ձկնորս»), Յակոբ Յակոբեանը («Պայրոնին», «Մի անգամ»):
25-ամեայ Կէօթէն հռչակ ձեռք բերած է «Երիտասարդ Վերտերի տառապանքները» վէպով, որ գրած է նամականիի ձեւով։ Վէպի գլխաւոր հերոսը՝ Վերտեր, իր ընտանեկան երջանկութիւնը կ՚որոնէ, սակայն, դժբախտ սիրոյ պատճառով յուսախաբ ըլլալով՝ անձնասպան կ՚ըլլայ:
Մարդոց հետ դիւրութեամբ շփուող, հանդուրժող եւ խաղաղասէր բանաստեղծը իր ընկերական շրջապատին հոգին էր:
Ան ընկերներուն հետ «բանաստեղծութիւններու արտադրամաս» (քաղաքին մէջ այդ անունով գիտցուած էր գրասենեակը) բացած էր կեանքի զանազան դէպքերու համար՝ սէր, հարսանիք, դաւաճանութիւն, բաժանում, թաղում… Ընկերները պատուէրներ կ՚ընդունէին, իսկ Կէօթէն կը ստեղծագործէր ատոնց համար:
Կէօթէի ստեղծագործութիւններուն հիմքը անձնական երջանկութիւնն ու ողբերգութիւնները եղած են:
Քսաներեք տարեկանին Կէօթէն սիրահարուեցաւ Քրիստիանէ Վուլպիուսին, որ դարձաւ «Երիտասարդ Վերտերի տառապանքները» հերթական գլուխ գործոցի մուսան: Այդ ծաղկավաճառ կնոջ հետ (որ քաղաքին յայտնի էր որպէս թեթեւաբարոյ կին մը), Կէօթէն տասնեօթ տարի ապրեցաւ՝ առանց ամուսնութեան: Քրիստիանէն սիրով հոգ կը տանէր Կէօթէին եւ միշտ անոր քովն էր. բարեգթօրէն կը կատարէր անոր բոլոր ցանկութիւնները, ուրախութեամբ կը լեցնէր անոր կեանքը, կը ստիպէր ժպտիլ նոյնիսկ ամենասարսափելի տխուր պահերուն: Համատեղ կեանքի տասնութերորդ տարին Կէօթէն վերջապէս ամուսնացաւ Քրիստիանէի հետ, սակայն կարճ ժամանակ անց կինը հիւանդացաւ, իսկ բանաստեղծը անգթօրէն լքեց զայն՝ յայտարարելով, թէ չի կրնար հանդուրժել հիւանդի մը ներկայութեան իրեն քով, եւ որ ինք չի կրնար հոգ տանիլ անոր…
Մինչ Քրիստիանէն բացարձակ միայնութեան մէջ կեանքէն կը հեռանար, Կէօթէն արդէն նոր հիացմունքի տիպար մը գտած էր՝ Տիկին Ֆոն Շթէյն:
Ահաւասիկ Կէօթէի նամակներէն մէկը (յապաւումներով)՝ ուղղուած իր նոր մուսային.
«Քու սէրդ կարծես առաւօտեան եւ երեկոյեան աստղ ըլլայ, որ արեւէն յետոյ կու գայ եւ այլեւս չ՚երթար: Եւ ես Աստուածներուն կը խնդրեմ, որպէսզի անոնք չլռեն եւ չանհետանան իմ ճանապարհէն… Մնա՛ հետս, դուն միակ բնական քարն ես զարդատուփիս մէջ»:
Բանաստեղծին յաջորդ սէրը՝ Պեթինա ֆոն Արնիմն էր (գերմանացի գրող եւ Կէօթէի ամենաջերմ երկրպագուն), որ խորամանկօրէն ծպտուեցաւ այր մարդու կերպարանքին տակ, որպէսզի իրագործէր Կէօթէին հանդիպելու իր բաղձանքը: Հանդիպումէն վերջ ծայր առաւ երկուքին սիրավէպը, որ Պեթինան նկարագրած է «Նամակագրութիւն Կէօթէի հետ» ստեղծագործութեան մէջ:
Կէօթէի սիրային արկածներու բարձրակէտը եղաւ 17-ամեայ Ուլրիքէ ֆոն Լեւեցովը, որու հետ 72-ամեայ բանաստեղծը ծանօթացաւ 1821-ի ամրան՝ Պոհեմիայի (Չեխիա) հանքային ջուրեր այցելած ժամանակ, ուր դեռատի աղջիկը կը հանգստանար մօրը հետ։ Անոնք հանդիպեցան նաեւ 1822-ի յուլիսին՝ նոյն ամարանոցին մէջ, իսկ երրորդ անգամ 74-ամեայ բանաստեղծը հանդիպեցաւ արդէն 19-ամեայ Ուլրիքէին 1823-ի օգոստոսին՝ Քարլսպատի (Մարիենպատ) ամարանոցին մէջ, ուր անոր արտասովոր սէրը իր գագաթնակէտին հասաւ եւ նոյնքան ալ հոգեցունց վախճան ունեցաւ…
Կէօթէն իր մանկամարդ մուսային ձօնած է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ, որոնցմէ յիշատակութեան արժանի են «Էոլեան տաւիղ» եւ «Էլիկիա» սիրային բուռն զգացումի ժայթքումներով ողողուած գործերը:
Ինչպէս բոլոր հռչակաւոր անձինք, այնպէս ալ Կէօթէն զերծ չէ եղած տարօրինակութիւններ ունենալէ: Յայտնի է, որ ան կ՚ատէր շուներու հաջոցը, սխտորի հոտը եւ ակնոցաւոր մարդիկը։ Ան կ՚աշխատէր միայն գոց տարածքներու մէջ, ուր պէտք չէ թարմ օդ ըլլար, քանի որ սարսափելիօրէն կը վախնար միջանցիկ հովերէն։ Եւ, հաւանաբար, տեղին եղած է այդ վախը՝ կանխազգացումը, քանի որ պաղառութիւնը իր մահուան պատճառ հանդիսացած է: Կէօթէն վախճանած է 22 մարտ, 1832-ին:
Ըստ աւանդութեան՝ «Լո՜յս, աւելի՜ լոյս» (գերմաներէն՝ Mehr Licht!) արտայայտութիւնը հնչած է մահուան մահիճին մէջ գտնուող Կէօթէի շուրթերէն: Սակայն իր կենսագիրին վկայութեամբ, ան վերջին պահուն հետեւեալ խօսքերը արտաբերած է. «Փեղկերը բացէ՛ք որ շատ լոյս թափանցէ սենեակ»…
ԿԷՕԹԷԻ ԳԵՂԵՑԻԿ ՄԻՏՔԵՐԷՆ
- Հաւատա՛ կեանքին։ Կեանքը քեզ բոլոր իմաստուններէն ու բոլոր գիրքերէն աւելի լաւ կը սորվեցնէ:
- Ինչ որ ուշադրութիւն չի գրաւեր՝ մեռած է:
- Ով իր մասին մեծ կարծիք չունի, ան աւելի լաւն է, քան ինքը կը կարծէ:
- Մարդուն յատուկ է վատաբանել այն, որուն անընդունակ է ինքը:
- Օտար երկիրը հայրենիք չի դառնար։
- Երախտամոռութիւնը թուլութեան ծնունդ է։ Մեծահոգի մարդիկ երբեք երախտամոռ չեն ըլլար։
- Առաջին եւ վերջին պահանջը հանճարէն՝ ճշմարտութիւնն է։
- Չկայ այնպիսի յիմարութիւն, որ հնարաւոր չըլլայ ուղղել խելքին շնորհիւ, եւ չկայ այնպիսի իմաստնութիւն, որ հնարաւոր չըլլայ աւրել յիմարութեան միջոցով։
- Ես ստեղծուած չեմ այս աշխարհին համար, ուր բաւական է ոտքդ տունէն դուրս դնես եւ կ՚իյնաս աղբին մէջ:
- Գողերէն աւելի վտանգաւոր տխմարներն են, որոնք մեզմէ կը խլեն մեր ժամանակն ու տրամադրութիւնը:
- Հոգին դժբախտութիւնը կրնայ թաքցնել, սակայն գաղտնի երջանկութեան ան չի կրնար դիմանալ:
- Երկու վիճող մարդոցմէ առաւել մեղաւորը ան է, որ խելացի է:
- Վարքը՝ հայելի մըն է, որու մէջ ամէն մէկը իր պատկերը կը ցուցադրէ:
- Ոչինչ կորսուած է, քանի դեռ կորսուած չէ ամէն ինչ:
- Հոն, ուր յիմարութիւնը օրինակելի է, հոն խելացիութիւնը խենթութիւն մըն է:
- Արդեօք սէրը որեւէ ընդհանուր բան ունի՞ խելքին հետ:
- Սարսափելի է ան, որ արդէն կորսնցնելու բան մը չունի:
- Ոչ ոք կրնայ դատել ուրիշները, քանի դեռ չէ սորված դատել իր անձնական արարքները:
- Ցանկացած վիճակ գեղեցիկ է, եթէ այն բնական է:
- Գեղեցկութիւնը ամէնուր սաստիկ ցանկալի հիւր մըն է:
ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան