«ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԶԱՓԱԶԱՆՑՈՒԱԾ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆ Է»
Բազմաթիւներու կողմէ յաճախ կ՚ընդգծուի աշխատութեան եւ աշխատասիրութեան կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը։ Ըստ Պերթրանտ Ռասըլի, աշխատասիրութիւնը չափազանցուած առաքինութիւն է։ Ան այս բանը ըսած է ո՛չ թէ արժեզրկելու համար աշխատութեան ու աշխատասիրութեան նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը, այլ՝ ան կը պնդէր, որ հասարակ մարդոց աշխատանքային ժամանակը պէտք է զգալիօրէն նուազի: Ըստ Փոլ Ուէսթերնի՝ «անգործութիւն» հասկացութիւնը բաւարար ձեւով չ՚ընկալուիր։
Պերթրանտ Ռասըլ 1932 թուականին հրատարակուած «Անգործութեան գովասանք» խորագրեալ գիրքին մէջ կը պնդէ, որ աշխատանքն ու աշխատասիրութիւնը չափազանցուած առաքինութիւններ են եւ ազատ ժամանակը, որ անհատը կը նուիրէ իր հաճոյքներուն, ինքն իրեն, քաղաքակիրթ կեանքի անհրաժեշտ տարրերէն մին է։ Ան նաեւ կը կարծէր, որ իր կեանքի ընթացքին արտադրութեան մեքենականութիւնը այնպիսի մակարդակի հասած էր, որ իրեն համար աւելորդ էր շաբաթական քսան ժամէն աւելի աշխատիլ հասարակութեան օգտակար ըլլալու համար։ Թէեւ գործազուրկներու թիւը շատ մեծ էր, բայց ան տեսաւ, որ մնացեալները չափէն աւելի կ՚աշխատին։ Մենք այսօր ունինք շատ աւելի արդիւնաւէտ արտադրական աղբիւրներ՝ քան անցեալը, բայց դեռ շատ հեռու ենք «անգործութեան» արդար բաշխումէն։
Ռասըլի համար աշխատանքը որպէս պարտականութիւն ըմբռնելը «ստրուկի կենցաղի» մէկ մասն էր. այն միջոցը, որով հզօրները կը համոզեն անզօրները, որպէսզի ապրին հզօրներու շահերէն ելնելով: Եւ այս մեթոտը «վարպետներուն» տրամադրեց ազատ ժամանակ։ Բայց Ռասըլ կը կարծէր, որ ուրիշներու եռանդով ձեռք բերուած անգործութիւնը գովելի չէ։ Բայց, ի հարկէ, իշխանութիւն ունեցողներու ստացած ազատ ժամանակի փոքր մէկ մասը յատկացուած է քաղաքակրթութեան զարգացման։ «Ծուլութիւնը քաղաքակրթութեան հիմքն է։ Նախապէս սակաւաթիւներու հաճոյքը կամ ծուլութիւնը կը ստացուէր բազմաթիւներու աշխատանքով: Ջանքերու գնահատանքը աշխատանքի փառքը չէ. ան կու գայ «պարապ» անցած ժամանակի գեղեցկութենէն: Մինչդեռ, այսօրուայ ժամանակակից փորձագիտութեան շնորհիւ հանգիստը կարելի է բաշխել արդարօրէն՝ առանց վնասելու հասարակութիւնը», կ՚ըսէ Ռասըլ։
Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ հասարակութեան բարեկեցութեան տեւականացումը Ռասըլին ցոյց տուաւ, թէ որքան աւելի արտադրունակ կարելի է ըլլալ կրճատուած աշխատուժով։ Խաղաղ ժամանակներու ընթացքին, որպէս առաքինութիւն ընդունուած քրտնաջան աշխատանքի ընկալումը հասարակութեան կէսին գերազանց աշխատանքը կը պահանջէր, իսկ միւս կէսը՝ գործազուրկ կը մնար։ Միւս կողմէ, իւրաքանչիւր անհատ որոշ չափով աշխատանք պարտական էին հասարակութեան եւ օրական չորս ժամ աշխատելով թէ՛ հասարակութեան կարիքները կը բաւարարէին եւ թէ՛ բոլորը կը վայելէին քաղաքակիրթ կեանք։
Եթէ մարդիկ չեն գիտեր, թէ ինչ պէտք է ընեն իրենց ազատ ժամանակներուն, սա զուտ մեր քաղաքակրթութեան պարտադրանքներու արդիւնքն է։ Ռասըլ կը բացատրէ այս երեւոյթի լուծումը երկու քայլով։ Նախ՝ պէտք է սորվինք ընդունիլ, որ մեր բարօրութեան համար անհրաժեշտ է հաճոյքը: Եթէ աշխատանքը առաքինութիւն է, ապա աշխատանքի արդիւնքներէն հաճոյք ստանալը պէտք է ըլլայ հաւասարակշռող առաքինութիւն: Երկրորդ՝ մենք պէտք է աւելի լայն տեղ տանք կրթութեան, քանի որ միայն այս կերպով մարդիկ կ՚անդրադառնան, թէ ինչպէս կարելի է աւելի կառուցողական օգտագործել իրենց ժամանակը: Ըստ Ռասըլը, երբ մարդիկ տեսան, թէ ինչ կրնան ընել իրենց կեանքի եւ ստեղծագործութեան հետ, անոնք սկսան աւելի երջանիկ կեանք վարել:
Այնուամենայնիւ, պէտք է խոստովանինք, որ աշխատանքի հաւասար բաշխման վերաբերեալ Ռասըլի մօտեցումը անհասկնալի, նաեւ անհասանելի «իւթոփիա» կը թուի։ Ռասըլի համար իր «իւթոփիայի» հաւանականութիւնը լիովին կախուած էր «արտադրութեան գիտական կազմակերպումէն» եւ սա գիշերուան մը մէջ կամ կարճ ժամանակի ընթացքին իրականանալի չէ։ Ռասըլի «անգործութիւն» գովերգելէն յետոյ անցած 66 տարուայ ընթացքին մենք աւելի՞ արժեւորած ենք մեր կեանքը: Ի հարկէ, այս ուղղութեամբ որոշ քայլեր առնուած են։ Հիմա մեր երեխաները աւելի շատ կը մնան դպրոցներու մէջ, իսկ աշխատանքային օրերը կը մնան գրեթէ նոյնը։ Դեռ եւս բեւեռացում մը կայ գերաշխատածներու եւ ընդհանրապէս չաշխատողներու միջեւ. իրավիճակ, երբ նման «անգործները» ստիպուած են եւ չեն կրնար հաճոյք ստանալ նիւթականի բացակայութեան պատճառով։ Այսինքն, Ռասըլի կանխատեսած հիմնարար անհաւասարութիւնը դեռ մեզի հետ է:
Աշխատաժամերու արդար բաշխումը, որ կարելի էր պատկերացնել 1932 թուականին, այժմ պէտք է ըլլայ երազանքէ մը աւելին: Բայց այսօր դեռ կան այնպէս մարդիկ, որոնք կը կարծեն, թէ երկար աշխատիլը առաքինութիւն է։ Մենք կը շարունակենք յիշեցնել այդ մարդոց, որ այն համոզումը, թէ քրտնաջան աշխատանքը առաքինի է, լրիւ յօրինուածք է. կարելի է կարճ աշխատաժամով աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ: Մենք պէտք է ապահովենք արդար բաշխումը. պէտք է վերջ տալ երկար ժամերով աշխատելու յամառ հրապուրանքին, որ համակարգուած գործազրկութեան հիմնական պատճառներէն մին է: Շաբաթական քսան ժամ աշխատիլը ո՛չ միայն կը բաւարարէ հասարակութեան բոլոր կարիքները, այլեւ ժամանակ կը ստեղծէ, որ պահ մը նուիրուինք մեր սեփական կեանքին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ