ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՓՐԿՉԻ ԾՆՈՒՆԴԸ

Այսօր այս սիւնակով մեր սիրելի ընթերցողներու ուշադրութեան պիտի յանձնենք երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսին Փրկիչին ծնունդին առիթով գրած մէկ քարոզը նոյնութեամբ, երբ ինք տակաւին վարդապետ էր: Քարոզը լոյս տեսած է

«Արարատ» պաշտօնական ամսագիր Հայրապետական Աթոռոյ, Սուրբ Էջմիածին, Տարի ԽԱ. Յունուար 1908, էջ 11-18:

ՓՐԿՉԻ ԾՆՈՒՆԴԸ

«Ծնաւ ձեզ այսօր Փրկիչ» (Ղկ 2.11)

Երկու տօն տարուայ մէջ քրիստոնեայ աշխարհի համար բացառիկ նշանակութիւն ստացած են, ծննդեան եւ յարութեան տօները: Ըստ երեւոյթին անոնք բոլորովին տարբեր յիշողութիւններ են, բայց ոչ ըստ էութեան: Թէ՛ առաջինը եւ թէ երկրորդը մեզի համար նշանակութիւն ստացած են Յիսուսի փրկչական գործունէութեամբ. մէկը կապուած է անոր ապագայի, միւսը անցեալի հետ: Յարութեան տօնի մէջ աւելի գաղափարական շեշտ կայ եւ առաքելական քարոզութեան ժամանակ աւելի կարեւորութիւն ստացած է, բայց ծնունդն ալ յետագայ դարերուն դարձած է աւելի սիրելի եւ ժողովրդական։ Ան մի ուրախութեան եւ ընտանեկան տօն է արեւելեան եւ արեւմտեան քրիստոնեայ ազգերու համար հաւասարապէս եւ կապուած ժողովրդական ծէսերու եւ աւանդութիւններու հետ: Ան ուրախութիւն կը բերէ ոչ միայն մանուկներուն, այլեւ ոգեւորութիւն եւ վերածնութեան յոյս կը ներշնչէ հասակաւորներուն։ Յուսոյ գաղափարը ապագայի ծոցին մէջ թաքնուած պայծառ պատկերներու արտացոլումն է մարդկային հոգիի մէջ. այդ տեսակէտով Յիսուս մանկան ծնունդը արշալոյս մըն էր, որ յայտարար պիտի հանդիսանար նոր արեգակի ծագման: Ի զուր չէ այդ իրողութիւնը այնքան սիրելի նիւթ դարձած է քրիստոնէական արուեստի համար. դասական ամենամեծ նկարիչները իրենց տաղանդը գործադրած են ծննդեան տեսարանը իր յաւիտենական գաղափարով թանձրացնելու. այդ պատկերներու մէջ կ՚արտացոլայ խորհրդաւորութեան եւ սքանչման հետ, նաեւ ուրախութեան եւ աւետեաց գաղափարը: Անոնք եւս իրենց ստեղծած հովիւներու եւ մոգերու նման ծունկ չոքած են հոգւով նորածին մանկան առաջ եւ հրեշտակներու հետ աւետած մարդկութեան. «Ծնաւ ձեզ այսօր Փիրկիչ»:

 Աւետարանական աւանդութիւններու համաձայն, Յիսուսի ծնունդը աստուածային էր եւ գերբնական: Այդ մի ճշմարտութիւն է ըստ էութեան: Քննութեան ենթարկել անոր մանրամասնութիւնները բանականութեան օրէնքներով, փոխանակ անոր անձնաւորութեան կենսատու ճառագայթներու առաջ բանալու մեր սրտի եւ հոգիի լուսամուտները, կը նշանակէ արուեստի չքնաղ, հրաշակերտ ստեղծագործութիւնը կոպիտ եւ տգէտ դարբնի ձեռքը տալ, որպէսզի ան իր մուրճով թերութիւնները ուղղէ: Այսօր գիտնական վերլուծութեամբ չենք զբաղուած, այլ ծննդեան իրողութեան նշանակութիւնը կը կամենանք շեշտել մեր հոգեւոր կեանքի համար։ Յիսուս հաւատով եւ յուսով մեռած մարդկանց Փրկիչը չէ, այլ կենդանիներու. իսկ այդպիսիներու համար գերբնական նշանակութիւն ունեցողը Անոր ծննդեան մանրամասնութիւնները չեն: Աստուածային է Անոր անձնաւորութիւնը. Անոր հաւատը դէպի երկնաւոր Հայրը, Անոր սէրը դէպի մերձաւորը, Անոր ամբողջ յայտնութիւնը: Հանճարեղ մարդիկ պատմութեան մէջ շատ կան. բայց ո՞վ է Յիսուս Քրիստոսի նման: Անոնց ամէնքը մարդ են, նկատելի եւ շօշափելի իրենց ստուերներով եւ սափմանաւոր կատարելութիւններով. բայց այստեղ աստուածայինը իր մաքրութեամբ մարմին ստացած է մարդկային կերպարանքով: Աւետարանական խօսքի համաձայն, բանը մարմին է դարձած: Պատմութեան հերոսներէն, խորիմաստ փիլիսոփաներէն ու արուեստագէտներէն իւրաքանչիւրը աստղ մըն է, որ կը զարդարէ մարդկային հոգիի զարգացման երկինքը, բայց ի՞նչ են անոնք Յիսուս Քրիստոսի անձնաւորութեան արեգակի առաջ: Արարատեան անհուն դաշտի հորիզինին կը բարձրանայ ամպածրար եւ երկնամերձ գագաթով Մասիսը. ի՞նչ են անոր առաջ հասարակ բլուրները: Այսպէ՛ս է Յիսուսի անձնաւորութեան համեմատութիւնը պատմութեան բոլոր հերոսներու նկատմամբ։ Գիտութիւնը աշխատած է լուսաբանել Անոր ծագման պատմութիւնը, ժամանակակից փիլիսոփայութեան եւ կրօնական հոսանքներու առընչութեամբ, բայց ան մնացած է դարձեալ աստուածային, չքնաղ խորհուրդ մը, անհունութեան հորիզոնի վրայ ձգուած նօսր եւ պայծառ շամանդաղի նման ակնապարար, առանց թանձրացեալ ըմբռնողութիւն դառնալու ըստ ամենայնի պատմական իրողութիւններու օղակներու մէջ: Եւ առհասարակ մի՞թէ ըմբռնելի է պատմութեան ամէն մի երեւոյթ, անձնաւորութիւն. ինչպէս խորհուրդ է մարդկային հոգին իր շատ կողմերով, եւս առաւել խորհուրդ են աստուածամերձ անձնաւորութիւնները։ Ո՛չ, Յիսուսի ծագումը սովորական չէ, որովհետեւ Աստուծոյ, անարատ սիրոյ, լուսոյ եւ ճշմարտութեան մասին մեկին գաղափար կը ստանանք՝ միայն անոր անձնաւորութեամբ: Պատմութեան ամենավսեմ խորհուրդն է այս ծնունդը, որու առաջ միայն պէտք է լռէ բանականութիւնն ու մարդկային տկար իմաստութիւնը եւ անոր սրտէն պէտք է միայն որպէս կնդրուկի անուշ բուրմունք դէպի երկինք բարձրանայ անհուն երախտագիտութեան եւ գոհութեան զգացմունքը:

Բ.

Արդարեւ այսօրուայ տօնը մեծ մարդու մը ծննդեան յիշատակ չէ, այլ աւելի: Բեթղեհէմի մսուրքի իրողութիւնը մարդկային պատմութեան օրհնութեան աղբիւրը դարձաւ: Հրեշտակի աւետիսը «ծնաւ ձեզ այսօր Փրկիչ» միլիոնաւոր մարդկանց սրտի մէջ արձագանգ գտաւ դարերու ընթացքին եւ անոնք դասակից ըրաւ հրեշտակներու հետ օրհնելու Աստուծոյ անունը. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ»: Իւրաքանչիւր պարգեւ երախտագիտութեան զգացմունք յառաջ կը բերէ ստացողի մէջ, իսկ այսօր մարդկութեան առջեւ դրուած է Բարձրեալի ամենամեծ նուէրը մանուկ Յիսուսի ծննդեամբ: Խաւարի ստուերներու մէջ խարխափող մարդկութեան համար Բեթղեհէմի մսուրէն փրկութեան եւ լուսոյ նոր աստղ մը ծագած է. հանդէս եկած է Աստուծոյ Հոգին երկրաւոր նժդեհի կերպարանքով: Բարձրագոյն բարին, գեղեցիկն ու ճշմարիտը երկնային եթերներէն իջած է այսօր երկրի վրայ: Աստուած մարմնացել է մարդու մէջ, որպէսզի մարդն ալ Աստուածութեան հասնի։ Այսպէս ձեւակերպած են եկեղեցիի հայրերը Քրիստոսի ծննդեան բարոյական խորհուրդը եւ շատ գեղեցիկ կերպով: Մարդկութեան Փրկիչը ծնած է այսօր, անոր հոգիի առաջնորդը: «Ծառն ի պտղայ իւրմէ ճանաչի». Քրիստոնէութեան Հիմնադիրն ալ իր ներգործութեամբ դարերու ընթացքին: Կարելի չէ հին ազգերու կեանքի վերջալոյսին եւ նոր ազգերու ծագման եւ զարգացման ամբողջ շրջանին՝ հոգեւոր-բարոյական-քաղաքակրթական-մարդասիրական որեւէ վսեմ շարժում ցոյց տալ, որ չի կրեր Քրիստոսի հոգիի ներգործութիւնը: Կարելի է Անոր պատմութեան հնոցը համարել. Անոր մէջ ամփոփուած են հին քաղաքակրթութեան ամենէն ազնիւ գիծերը եւ այնտեղէն ալ աւելի պայծառ կերպով բղխած են նոր ազգերու կեանքի ճառագայթները: Եւրոպական ներկայ նշանաւոր ազգերու քաղաքակրթութեան, գիրի եւ գրականութեան ծագումը կապուած է քրիստոնէութեան հետ: Պէտք է համեմատել քրիստոնեայ ազգերու քաղաքակրթութիւնը արեւելեան հին կրօններու ազդեցութեան հետ, որպէսզի միանգամէն պարզ ըլլայ մեր կրօնի եւ անոր Հիմնադրի լուսաւոր առաւելութիւնները: Արեւելեան կրօններուն ենթարկուած ազգերը կը նիրհեն խորին թմրութեան մէջ եւ իսկապէս պատմութիւն չունին, որովհետեւ իրենց կրօններու ազդեցութեամբ զուրկ մնացած են զարգացման ունակութենէն, այն ինչ քրիստոնէութիւնը իր Հիմնադրի օրհնեալ բերանով մարդկութեան առաջ անսահման կատարելութեան նպատակը դրած է: Մահմետականութիւնը հուրով ու սուրով կը տարածէր իր ազդեցութիւնը, նման լաւայի, որ կը մեռցնէ իր հոսանքի տակ ինկած ամէն բուսականութիւն եւ կենդանութիւն, այն ինչ քրիստոնէութիւնը երկնային ցօղ դարձած է իր ազդեցութեան ենթարկուած բոլոր ազգերու մտաւոր անդաստաններու համար. ան իւրացուցած է հին ազգերու քաղաքակրթութիւնը եւ աւանդած նոր ազգերուն, անոնց համար գիր ու դպրութիւն, արուեստ ստեղծած է եւ կանգնեցուցած է զանոնք գիտակցական շաւիղի վրայ: Քրիստոնէութեան շատ գաղափարները լիովին չեն իրագործուած եւ անոնք անիրագործելի են իբրեւ իտէալ բովանդակ կատարելութեամբ, բայց հէնց այդպիսի գերական է, որ կեանքի բարոյական զարգացման աղբիւրը դարձած է: Մարդկութեան զարգացման լաւ ծանօթ անձանց համար կասկածի ոչ մէկ տեղիք կայ, թէ դարերն ու ժամանակները անհետեւանք չեն անցած գիտութեան, արուեստի, քաղաքակրթութեան յառաջադիմութիւնը, վայրենի եւ կոշտ բարքերու աստիճանաբար մեղմացումն ու փոփոխութիւնը, բարոյական հայեացքներու խորութիւնն ու հրամայական արժէք ստանալը քրիստոնէութեան բարերար ազդեցութեան արդիւնքն է եւ դէպի կատարելութիւն տանող մի ունակութիւն: Կինը քրիստոնեայ ազգերու մէջ բարոյապէս հաւասար է մարդուն, անոր լծակիցն է կեանքի մէջ եւ ընկերը, բայց ոչ միայն հաճոյքի առարկայ, հարեմի զարդ, զրկուած Աստուծոյ շնորհած արեւէն ու լոյսէն, ինչպէս մահմետականութեան եւ արեւելեան կրօններուն ենթարկուած ազգերու մէջ: Մարդկութեան անարգանք ստրկութիւնը մեղմացաւ եւ ի վերջոյ ոչնչացաւ նոյնիսկ շատ ոչ քրիստոնեայ ազգերու մէջ քրիստոնէութեան կարեկցութեան եւ մարդասիրութեան ազդեցութեան շնորհիւ: Բարեգործական ամէն տեսակ հաստատութիւնները՝ -հիւանդանոցներն ու անկելանոցները, որբանոցներն ու արհեստանոցները, աղքատանոցներն ու դպրոցները, նոյնիսկ մարմնապէս եւ հոգեպէս պակասաւորներու համար- բոլորը ծագած են եւ ծաղկած քրիստոնէութեան կենսատու արեւի ճառագայթներու տակ: Քրիստոնէութիւնը ձեռք մեկնած է բարոյապէս ինկածին, օգնութեան հասած է նիւթապէս կարօտին եւ մխիթարած է սգաւորը, մաքառած է մարդկային ամէն տեսակ ախտերու՝ անբարոյականութեան, արբեցութեան, վաշխառութեան դէմ, խրախուսած է ազնիւ աշխատանքը, մաքուր կեանքը...: Այնտեղէն ծագած է եւ Աւետարանի լուսոյ ջերմութեան մէջ զարգացած մարդասիրութեան գաղափարը իր պէս-պէս երեւոյթներով, որ արդի քաղաքակրթութեան զարդն է եւ մարդկութեան բարոյական յառաջադիմութեան լաւագոյն ապացոյցը: Այսօր եւս քրիստոնէութիւնը աւետարանական լուսոյ եւ քաղաքակրթութեան բարի սերմերը կը տարածէ Ափրիկէի եւ Ասիայի կիսավայրենի կամ թմրութեան ենթարկուած ցեղերու եւ ազգերու մէջ. հազարաւոր միսիոնարներ կը գործեն այնտեղ Քրիստոսի աշակերտին վայել անձնուիրութեամբ եւ զրկանքներով…: Բայց բաւական է, կարելի է համարել ծովի ափին կուտակուած աւազը, բայց ոչ չափել ու կշռել այն շօշափելի բարիքն ու օրհնութիւնը, որ բղխած է Բեթղեհէմի մսուրի իրողութենէն: Եւ դեռ երկար դարերու համար անսպառելի բարոյական դրամագլուխ կ՚ըլլայ այն մարդկային հոգիի զարգացման պատմութեան մէջ։

Գ.

Այսօրուայ հոգեւոր երգերն ու սրբազան ընթերցուածները մեզ դէպի մսուրք կը հրաւիրեն, ծունկ խոնարհելու այն երկնային մանկան առաջ, որ մեր Փրկիչը հանդիսացաւ. «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի, որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ»: Մեզ առաջնորդող աստղը բանականութիւնը չէ, այլ պարզ հովիւներու եւ իմաստուն մոգերու անկեղծ բարեպաշտութիւնը, սքանչացման եւ հիացմունքի զգացմունքը նուիրականի, վսեմի, աստուածայինի առաջ: Թող լռէ ամէն մի քննութիւն եւ յարութիւն առնէ խիղճի մաքուր ձայնը: Լսենք պատմութեան խորին խորհուրդներու սօսաւիւնը մեր ականջին, որ հրեշտակի աւետման կրկնութիւնն է. «Ծնաւ ձեզ այսօր Փրկիչ»:

Բայց ծննդեան տօնը միայն մեր Փրկչի յայտնութեան յիշատակը չէ, այլեւ մի քարոզ վերածնութեան համար: Եթէ մեր յարգանքն ու երախտագիտութիւնը արտաքին տօնակատարութեամբ եւ ձեւերով պէտք է արտայայտուի, կը դատապարտուի նոյնիսկ Փրկչի խօսքերով: Անոր բողոքն ու քննադատութիւնը ուղղուած էր հէնց հրէութեան այդ թերութիւններու, յատկապէս արտաքին ծիսակատարութեանց ներկայացուցիչ ու պաշտպան փարիսեցիութեան դէմ։ Մեր հոգեւոր երգերն ու ընթերցուածները կ՚ըլլան անհամապատասխան այն անձնաւորութեան յիշատակին, որ կեանք էր եւ սէր, եւ ոչ ղօղանջող պղինձ: Ի զուր կ՚ըլլան տօնի հետ կապուած արտաքին փառաւորութիւնները, եռաձայն եւ քառաձայն երգեցողութիւնները, հարիւրաւոր մոմերու եւ ջահերու արձակած ճառագայթները, եթէ մեր հոգիի խաւարը չփարատուի Քրիստոսէ բղխած սիրոյ նշոյլներով: Եկեղեցիի արտաքին փառաւորութիւնը, անոր պայծառութիւնն ու գեղարուեստական զարդարանքը գնահատելի է դաստիարակչական որոշ տեսակէտով, բայց երբեք պէտք չէ մոռանանք, որ ան շէնք մըն է միայն, թող ըլլայ կոփածոյ քարերէ, նոյնիսկ մարմարիոնէ կերտուած, եթէ սիրոյ հոգին չի սաւառնիր անոր կամարներու տակ: Կրօնը արտաքին պաշտամունք չէ, այլ կեանքի զօրութիւն եւ նպատակ: Տէրը իր աշակերտներու զգացմունքներու, նիստ ու կացի, գործունէութեան մէջն կը թանձրանայ եւ պատկեր կը ստանայ: Ան չէ եկած Դաւիթի նիւթական աթոռի վրայ բազմելու Հին Կտակարանի բարեպաշտներու իղձերու համաձայն, այլ՝ իր հաւատացեալներու հոգիի եւ սիրտի մէջ: Ան չէ եկած հրէից թագաւորութիւնը նորոգելու եւ հռովմայեցիներու իշխանութիւնը խորտակելու, այլ մեր հոգիները փրկելու՝ չարի, սատանայի, մեղքի իշխանութենէն: Ի՞նչ է մարմնաւոր ստրկութիւնը հոգեւոր ստրկութեան առաջ: «Զինչ օգուտ է մարդոյ, եթէ զաշխարհ ամենայն շահեսցի եւ զանձն իւր տուժեսցէ»։ Ան եկած է աւելի բարձր, ազատ, վսեմ եւ աստուածային թագաւորութիւն ստեղծելու մարդկանց հոգիներու մէջ. «Արքայութիւնն ի ներքս ի ձեզ է», իր սիրոյ ջերմութեամբ հալեցնելու մեր սիրտի եսականութեան սառնամանիքները, բաղխելու անոր փակուած դռները, որպէսզի բացուին մեզ շրջապատող թշուառութեան առաջ: Աւա՜ղ, մարդկային հոգիի աչքերը շատ կարճատես են. ի՞նչ բազմատեսակ թշուառութիւններ կան, որոնք կը վրիպին մեր տեսութենէն, եթէ Քրիստոսի սիրոյ եւ կարեկցութեան ճառագայթները չեն թափանցած մեր հոգիին: Հարիւրաւոր, հազարաւոր մարդիկ իրենց վերջին շունչը կը փչեն՝ աղքատութեան, տգիտութեան եւ անբարոյական ախտերու ճիրաններու մէջ, եւ մենք Կայէնի նման չքմեղ կը ձեւանանք Աստուծոյ եւ մեր քարացած խիղճի առաջ: Հարիւրաւոր, հազարաւոր երեխաներ մերկ, բոկոտն, քաղցած իրենց հայեացքը մեզ կ՚ուղղեն տաճկահայաստանի եւ այստեղ, որոնք կը կամենային ծննդեան տօներուն նոյնպէս հագուիլ, վայելել իրենց ծնողներու փայփայանքն ու սէրը։ Մի ամբողջ ժողովուրդ կը տառապի նիւթական եւ հոգեւոր աղքատութեան, ստրկութեան, խաւարի եւ մոլորութեան մէջ: Դարերու արհաւիրքներէն ճողոպրած ազգային եկեղեցին արիւնաքամ ինկած է Երիքովի ճանապարհին եւ իր որդիներու օգնութեան կը սպասէ, որ Սամարացիի նման սպեղանի դնեն վէրքերուն…:

Կը Տեսնե՞նք այս բոլորը, կը լսե՞նք անոնց հառաչանքի եւ հեծութեան ձայները: Եթէ այո՛, Բեթղեհէմի աստղը ծագած է եւ մեզի համար, հրեշտակի աւետիքը հովիւներու հետ եւ մեզի ուղղուած է, թէ «ծնաւ ձեզ այսօր Փրկիչ»։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 8, 2022