Ծնողներուն Կոչ՝ Պոյքոթի Ենթարկել «Վիթեք» Խաղալիքները
Կասկած չկայ, որ առաջին մարդն իսկ իր նորածինը զբաղեցնելիք առարկայ մը փորձած է ստեղծել, մանուկին համար խաղալիք մը հնարել, բնազդաբար զգալով, որ երախաներուն համար կենսական է խաղալը: Յաճախ նշմարած էք, որ նուէրը երբ տրուած է մանուկին, ան սկիզբը աւելի ժամանակ յատկացուցած է տուփին եւ ժապաւէնին, քան՝ մէջի խաղալիքին: Դարերու ընթացքին անշուշտ խաղալիքները իրենց ձեւը, բնոյթն ու բովանդակութիւնը փոխեցին՝ «քայլ պահելով» ժամանակի պայմաններուն, ատոնք ստեղծողներուն երեւակայութեան, նկարագրին, քաղաքական հայեացքներուն, մանկավարժական ըմբռնումներուն եւ մանաւանդ նոր արհեստագիտութեան եւ… սպառողական շուկային հետ: Այսօր ունինք «ՎիԹեք» (VTech) խաղալիքները, որոնք օրէ օր կը կատարելագործուին, սակայն ինչպէս բոլոր արհեստագիտական սարքերը, նաեւ ունին իրենց անպատեհութիւնները: Այսպիսի երեւոյթի մը վերջերս անդրադարձած է «Պի. Պի. Սի.»ի մեկնաբան Լէօ Քելիոն:
Համացանցային սիպերանվը-տանգութեան (cybersecurity) մասնագէտները ըսին, որ ծնողներ պէտք է պոյքոթի ենթարկեն կամ առնուազն ուշադիր ըլլան «ՎիԹեք»ի ելեկտրոնային խաղալիքներուն, կայքահենային յարձակումներէ պաշտպանուելու համար անոր գործողութիւններուն պատճառով: Մասնագէտները այդ թելադրութիւնը ըրին, երբ բացայայտուեցան «ՎիԹեք»ի նոր եզրերն ու պայմանները, ըստ որոնց, ծնողնե՛րը պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնեն յառաջիկայ խախտումներուն համար: Շուրջ 6.5 միլիոն երախաներու համացանցային օգտատէրերուն վնասներ պատճառեց անցեալ տարուան խզումը, որ յանցագործներուն համար մատչելի դարձուց նկարներն ու զրոյցներու արձանագրութիւնները:
«ՎիԹեք» կ՚ըսէ, թէ ինք ճշդը-ւած պայմաններուն կը կառչի: Ընկերութեան բանբերը ըսաւ. «ՎիԹեք» երբ տեղեկացաւ, որ իր տուեալներու շտեմարանները (databases) ցանցահէնային յարձակումներու ենթարկուած են, մեծ ջանք ի գործ դրաւ իր կայքերուն եւ ծառայութիւններուն մէջ անվտանգութիւնը բարձրացնելու համար, ինչպէս նաեւ՝ պաշտպանելու յաճախորդին տե-ղեկութիւնները: Բայց առցանց գործող ոչ մէկ ընկերութիւն կրնայ 100 տոկոսով երաշխաւորել, որ ցանցահէնային յարձակումի պիտի չենթարկուի: Ճշդուած եզրերով եւ պայմաններով, բազմաթիւ կայքերու եւ ծառայութիւններու համար, կը սահմանափակուի ընկերութեան պատասխանատուութիւնը երրորդ կողմերու՝ յատկապէս ցանցահէններու գործողութիւններուն վերաբերեալ: Այսպիսի սահմանափակումներ սովորական երեւոյթ են համացանցին վրայ»: Սակայն սիպերյարձակումի անվտանգութեան մասնագէտ մը մանրամասնեց «ՎիԹեք»ի արտադրութեանց յաւելեալ սպրդումները՝ պնդելով, որ ընկերութիւնը ապակողմնորոշում կ՚ընէ, երբ յարձակումները «խեղաթիւրուած» կ՚անուանէ:
Ընկերութիւնը իր հրապարակած նոր եզրերով եւ պայմաններով ծնողներուն կ՚ըսէ.
«Դուք կ՚ընդունիք եւ կը համաձայնիք, որ պատասխանատուութիւն կը կրէք ձեր օգտագործած կայքին եւ որեւէ ծրագիր կամ որոնուած նիւթ ներբեռնելու (download) համար»:
«Դուք կ՚ընդունիք եւ կը համաձայիք, որ կայքի օգտագործման ատեն որեւէ տեղեկութիւն, զոր կը ղրկէք կամ կը ստանաք, կրնայ անվտանգ չըլլալ եւ կողմնակի անձերու կողմէ կրնայ խափանուիլ»:
«Դուք կ՚ընդունիք եւ կը համաձայնիք, որ վտանգի ձեր պատասխանատուութեամբ կ՚օգտագործէք որեւէ կայք, կամ կը ներբեռնէք որեւէ ծրագիր»:
Ըստ անվտանգութեան հետազօտութիւն կատարող մասնագէտ Սքոթ Հելմի, մարդիկ նոյնիսկ չեն կարդար այս պայմանները: «Եթէ «ՎիԹեք» անկեղծօրէն կը զգայ, որ անձնական տուեալներ եւ տեղեկութիւններ պաշտպանելու ատակ չէ, լաւ կ՚ըլլայ, որ ատիկա նշէ տուփին վրայ, թոյլ տալով, որ գնողները գիտակցաբար նկատի առնեն վտանգի հաւանականութիւնը, այլ ոչ թէ կուրօրէն ընտրեն «զերօ հաշուետուողականութեան» դրոյթը»: Անոր այս դատապարտումին ձայնակցեցան առնուազն չորս այլ մասնագէտներ, որոնցմէ Քեն Մոնրօ ըսաւ. «Ընկերութեան կողմէ ասիկա անհաւատալիօրէն ամբարտաւան եւ նուաստացուցիչ պատասխան մըն է՝ նկատի ունենալով տուեալներու անվտանգութեան անոնց փորձառութիւնը: Եթէ «ՎիԹեք» կը կարծէ, որ այս պայմանները կը լուծեն իր խնդիրները, պէտք է աւելի մեծ խնդիրներ յառաջացնել. պոյքոթի՛ ենթարկեցէք զայն եւ ձեր դրամները այլ բաներու ծախսեցէք»:
Իսկ սիպերանվտանգութեան Բրիտանական հետազօտական գիտական հիմնարկի տնօրէն Փրոֆ. Անժելա Սասս աւելցուց, որ ինք «պիտի զգուշանայ» ընկերութեան բոլոր արտադրութիւններէն: Փաստաբան մը «ՎիԹեք»ի մօտեցումը «արտառոց» անուանեց:
Բոլորն ալ տարօրինակ կը տեսնեն սպառողական համաձայնագրերու մէջ այդպիսի պայմաններ, եւ կասկածին, որ ատոնք կը գործադրուին: Մինչ «ՎիԹեք»ի հարստութիւնը պիտի աճի, որովհետեւ համաձայնած է գնել Միացեալ Նահանգներու իր մրցակից Լիփֆրոկ ընկերութիւնը: Բայց ընկերութեան գործունէութեան հետեւող մեկնաբան մը հաստատեց, որ այդ ազդեցութիւնը նոյնիսկ աւելի հեռու կ՚երթայ: «Լուսարձակները կեդրոնացած են «ՎիԹեք»ի վրայ, որովհետեւ խաղալիքներու ճարտարարուեստին մէջ այս ծաւալով ոչինչ եղած էր», ըսաւ «Թոյ Նիւզ» ամսաթերթի խմբագիր Պիլլի Լանկզուորթի՝ աւելցնելով. «Խաղալիքներու ընկերութիւնները պէտք է գիտակցին, որ այսպիս սիպեր յարձակումներ աւելի յաճախակի եւ ընդհանրական պիտի դառնան, ուրեմն անվտանգութեան ճիշդ եւ խիստ միջոցառումներ պէտք է որդեգրուին»:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Օգտագործուած աղբիւներ՝ «Կարտիըն» եւ «Պի. Պի. Սի»