8 ՄԱՐՏ ԿԱՆԱՆՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ
Համաշխարհային տարողութեամբ տօնակատարուող Միջազգային օրերու շարքին իր առանձնայատուկ տեղը կը գրաւէ Կանանց միջազգային օրը:
Մարտ 8-ին, աշխարհի չորս կողմը լուսարձակները կը կեդրոնանան կանանց վրայ՝ մարդկային քաղաքակրթութեան մէջ կնոջ վերապահուած տեղն ու դերը արժեւորելու եւ մեծարելու համար: Մամուլը յաճախ կ՚արծարծէ կնոջական հարցերը՝ զանազան դիտանկիւններէ. իսկ իւրայատուկ «օր»եր առիթներ են լուսարձակի տակ առնելու իգական գործօնի դերակատարութիւնն ու իրավիճակը, կատարելով ախտաճանաչումներ, սակայն հազուադէպօրէն յանգելով շեշտակի գործնական լուծումներու:
Ինչպէս ծանօթ է 20-րդ դարու սկիզբը բազմաթիւ կիներ մուտք գործեցին աշխատանքի ասպարէզ՝ ցած աշխատավարձեր ստանալով եւ վատ պայմաններու մէջ ստիպողաբար աշխատելով:
20-րդ դարու սկիզբը արագընթաց թափով ծագում առին կանանց արհեստակցական միութիւնները թէ՛ Եւրոպայի, եւ թէ մանաւանդ, Միացեալ Նահանգներու մէջ:
1905 թուականին Նիւ Եորքի մէջ, հիւսուածեղէնի գործարանի մը մէջ աշխատող կիներ փողոց իջան՝ բողոքի ցոյցերով իրենց իրաւունքները պաշտպանելու համար: Աշխատանքի պայմաններու եւ աշխատավարձերու բարելաւման պահանջներով պայքարի ալիք մը արձագանգ եւ տարածում գտաւ աշխարհի չորս ծագերուն:
Ընկերվարական եւ ժողովրդավարական կողմնորոշում ունեցող ամերիկեան եւ եւրոպական կուսակցութիւններու կին գործիչները իրենց պատկանած կուսակցութիւններէն պահանջեցին, որ միանան եւ ղեկավարեն կիներու անհաւասարութեան դէմ սկսած պայքարը:
Այդպէս ալ եղաւ: Երկրորդ Միջազգայնականի Քոփենհակի համագումարին որոշումը իր առաջին գործադրութիւնը ստացաւ… 8 Մարտ… 1910 թուականին, երբ ամէնուր ընկերվարական կուսակցութիւնները միացան կիներու կազմակերպութիւններուն՝ միասնաբար բողոքի հաւաքներով եւ ցոյցերով նշելու համար Կանանց միջազգային օրը:
Հայաստանի մէջ կնամեծարութեան բացառիկ տօնի վերածուած է Մարտի 8-ը: Անիկա ո՛չ միայն արձակուրդի օր է, այլեւ՝ կանացի գեղեցկութեան նուիր-ւած խանդաղատանքի տօն դարձած է:
Հայաստասնի մէջ ոչ միայն մեծ խանդավառութեամբ կը նշուի այս օրը, այլեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի որոշումով, պետական տօներու շարքին աւելցած է Մարտ 8-ը, որպէս Կանանց միջազգային օր` պահպանելով նաեւ նախապէս հաստատուած Ապրիլ 7-ի տօնը՝ որպէս Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր:
Այսօր ամէնուր կը տօնուի Կանանց միջազգային օրը, որ իր սկզբնական, գաղափարական մարտունակութենէն շատ բան կորսնցուցած ըլլալով հանդերձ, առիթ է անդրադառնալու, թէ որքան ճամբայ առած է մարդկութիւնը իրաւունքներու հաւասարութեան եւ յառաջդիմութեան իմաստով: Առիթ է անդրադառնալու նաեւ միասնականութեան իմաստին ու հետեւողական աշխատանքի կարեւորութեան, որ շինիչ ձեռքբերումներու կ՚առաջնորդէ իմաստալից փոփոխութիւններ յառաջացնելով ընկերութիւններուն մօտ: Կնոջ յաջողութիւնը պէտք է ընդուիլ ամէն մարզէ ներս…