ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ. ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՈԴԻՍԱԿԱՆԻՆ ԽՈՐԱՍՈՅԶ ՔՆԱՐԵՐԳԱԿԸ

Ապրիլի 4-ին, 71 տարի առաջ, Գահիրէի, Եգիպտոս, մէջ մահացաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք տաղանդներէն բանաստեղծ, հրապարակագիր եւ ազգային-հասարակական գործիչ Վահան Թէքէեան (1878-1948)։
Սիրոյ եւ խոհականութեան, այլեւ հայու յուզականութեան ինքնատիպ բանաստեղծն է Վահան Թէքէեան, որուն ստեղծագործութիւնը յորդեցաւ սրտի եւ մտքի վարար զեղումով՝ խորապէս ապրուած յոյզերու խոհուն եւ գեղեցկագոյն աշխարհ մը բանալով հայոց սերունդներուն առջեւ։
Ժամանակը դասաւորեց այնպէս, որ 1878-ի յունուար 21-ին Պոլսոյ Օրթագիւղ թաղամասը ծնած Վահան Թէքէեան, բառին ուղղակի եւ փոխաբերական խոր իմաստով, ականատեսն ու վերապրող վկան դառնայ հայ ժողովուրդի տառապանքին։ Առաւելաբար Թէքէեանի բանաստեղծութեամբ հայ ժողովուրդի տառապանքը շունչ եւ լեզու առին։
Թէքէեանի բանաստեղծութեամբ՝ հայ ժողովուրդը յաչս աշխարհին ներկայացուց իրա՛ւ վկայութիւնը ոչ միայն քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակած առաջին ազգը ըլլալու իր արժանաւորութեան, այլեւ՝ Յիսուս Քրիստոսի օրինակով խաչ հանուելու ողբերգութեան, ապա եւ յարութիւն առնելու հրաշքին՝ Հայաստանի անկախութեան կերտումով ու Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումով։
Հայկական ճակատագրի «ահաւոր» ողբերգութիւնն ու «հրաշափառ յարութիւն»ն է, որ Վահան Թէքէեանի արարումով յանձնուեցաւ յաւերժութեան՝ Հայկեան Հանճարի բազմաշնորհ տաղանդով։
Իր պատեանին մէջ քաշուած կամ փղոսկրեայ իր աշտարակին մէջ վերացած բանաստեղծը չեղաւ Թէքէեան, որուն անձնական կեանքի դժբախտութիւնները բաւարար պատճառ էին թէեւ, որպէսզի ան ինքնամփոփ կեանք մը ապրէր եւ, իր բանաստեղծութեանց առաջին հատորի (Փարիզ, 1901) խորագրին հետեւողութեամբ, «Հոգերը» երգէր միայն.-
Ես սիրեցի, բայց ոչ ոք
Սիրածներէս գիտցաւ թէ՝
Զինքը որքա՜ն սիրեցի…
Ո՞վ կարդալ սիրտը գիտէ։

Ամէնէն մեծ հրճուանքիս,
Ամէնէն սուր վշտերուս
Ներշնչողները, աւա՜ղ,
Զիս չեն ճանչնար այս պահուս։

Սէրս կարծես այն գետն էր,
Որ իր հոսանքը անբաւ
Առաւ լերան ձիւներէն
Ու լեռը զայն չտեսաւ։

Սէրս այն դուռն էր կարծես,
Ուրկէ ոչ ոք մտաւ ներս.
Ծաղիկներով ծածկըւած՝
Գաղտնի պարտէզ մըն էր սէրս։

Ու եթէ սէրս ոմանք
Երկքնին վրայ՝ անսահմա՜ն
Տեսան ծուխի մը նման,
Կրակն անոր չտեսան…։
Բայց ո՛չ. պատանի տարիքին համիտեան առաջին կոտորածները տեսած բանաստեղծը չէր կրնար ողջ էութեամբ չտառապիլ իր ժողովուրդի մեծ ցաւով։ Հայ ժողովուրդի կեանքին ամենէն ծանր ու ողբերգական պահը ապրելու «դատապարտուած» էր Թէքէեան, որ Պոլսոյ հռչակաւոր «Ներսէսեան», «Պէրպէրեան» եւ «Կեդրոնական» վարժարաններուն մէջ հայեցի իր կազմաւորումն ու հոգեմտաւոր պաշարը ստացած ըլլալով, անկասկած չէր կրնար հեռու մնալ սեփական ժողովուրդի մեծ հոգը աշխարհին լսելի դարձնելու, արդար հատուցման արժանացնելու հանրային աշխոյժ գործունէութենէ։
Թէքէեան կեանքի ասպարէզ նետուեցաւ 18 տարեկանին՝ իբրեւ առեւտրական պաշտօնեայ 1896-ին Եւրոպա ղրկուելով։ Բայց գրելու կոչումն ու ազգային-քաղաքական ծառայութեան յանձնառութիւնը Վահան Թէքէեանին աստիճանաբար մղեցին հանրային կեանքի ասպարէզ։ Կանոնաւոր աշխատակցութիւն բերաւ ժամանակի հայ մամուլին՝ Փարիզ թէ Պոլիս։ Իսկ 1900-ականներու սկզբնաւորութեան, Գահիրէ հաստատուելէ ետք, մտերիմն ու գործակիցը դառնալով Պօղոս-Նուպար փաշայի, Վահան Թէքէեան ոչ միայն գրական ասպարէզի մէջ եռանդուն գործունէութիւն ծաւալեց, այլեւ գլխաւոր դրօշակիրներէն մէկը հանդիսացաւ ազգային-ազատական գաղափարախօսութեան։ Գահիրէ մէջ 1905-ին հիմնեց «Շիրակ» գրական-մշակութային հանդէսը, որուն շուրջ համախմբեց ատենի համախոհ հայ մտաւորականութիւնը։ Արեւմտահայ մտաւորականութեան համար ծանր ժամանակներ էին։ Համիտեան հալածանքներուն հետեւանքով՝ Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան երիտասարդ սերունդը, Եւրոպա ապաստանած էր։ Իր կարգին Թէքէեան քալած էր նոյն ուղիով եւ հասած Գահիրէ, ուր հրատարակեց «Շիրակ»ը մինչեւ 1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը, որմէ ետք փութաց Պոլիս տեղափոխուելու եւ հոն տպագրելու իր թերթը։
Պոլիս վերադարձը Թէքէեանի առջեւ լայն ասպարէզ բացաւ ոչ միայն գրական-ստեղծագործական աշխատանքի, այլեւ քաղաքական իր համոզումներուն ուղղութեամբ գործունէութիւն ծաւալելու առումով։ Բայց շուտով ականատեսը դարձաւ Ատանայի կոտորածին, որ խոր հետք ձգեց Թէքէեանի ազգային բովանդակութեամբ բանաստեղծութիւններուն վրայ։ Ան նաեւ եղաւ հիմնադիր անդամներէն մէկը Հայ Սահմանադրական-Ազատական Կուսակցութեան (յետագային՝ 1920-ին կազմուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նախակարապետներէն), որ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ օսմանեան խորհրդարանի աշխատանքներուն մէջ։
Այդ տարիներու իր բանաստեղծութիւնները Թէքէեան 1914-ին լոյս ընծայեց առանձին հատորով՝ «Հրաշալի յարութիւն» անունով։ Նոյն տարին հրաւիրուեցաւ Գահիրէ՝ ստանձնելու համար տեղւոյն նորահաստատ հայոց վարժարանին տնօրէնութիւնը։ Զուգադիպութիւնը նախախնամական եղաւ Թէքէեանի համար, որովհետեւ Պոլսէն բացակայելով փրկուեցաւ հայ մտաւորականութեան 24 ապրիլի հարուածէն։ Բայց մինչեւ կեանքին վերջը չհաշտուեցաւ ճակատագրի այդ «անհամ» խաղին հետ։
Առաջին Աշխարահմարտի աւարտին, Թէքէեան դարձեալ փութաց Պոլիս, ուր ձեռնարկեց «Ժողովուրդի Ձայն» օրաթերթի հրատարակութեան։ Նաեւ ստանձնեց տնօրէնութիւնը Կեդրոնական վարժարանին։ Գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ այդ շրջանին կեանքի կոչուած Պօղոս-Նուպար փաշայի հայկական պատուիրակութեան աշխատանքներուն։
Ազգային-քաղաքական պատմական վերիվայրումներով զատորոշուող եւ անկիւնադարձային այդ հանգրուանին բանաստեղծական բարձրորակ վկայութիւնն է 1920-ին Թէքէեանի լոյս ընծայած «Կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս» հատորը։ Հոն կը գտնուին ոչ միայն մեծ եղեռնի, այլեւ՝ Հայաստանի անկախութեան եւ հայ ժողովուրդի յարութեան նուաճումին ու հուսկ… կորուստին նուիրուած Թէքէեանի անմահ բանաստեղծութիւնները։
Քեմալականներու իշխանութեան գլուխ գալէն ետք, Թէքէեան վերջնականապէս բաժնուեցաւ իր պաշտած հայաբոյր Պոլիսէն եւ հաստատուեցաւ Գահիրէ։ Ստանձնեց Ռամկավար պաշտօնաթերթ «Արեւ»ի խմբագրութիւնը եւ մինչեւ 4 ապրիլ 1945-ի իր վախճանը մնաց այդ պաշտօնին վրայ։
Այդ տարիներու իր ստեղծագործութիւնները լոյս տեսան «Սէր» (1933-ին) եւ «Հայկական երգեր» (1943-ին) բանաստեղծութեանց հատորներով։ Տարագ-րութեան այդ տարիներուն մեծ եղաւ Թէքէեանի ներդրումը նաեւ նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ մշակութային աշխոյժ կեանքի ստեղծման մէջ։ Իր այդ վաստակին ու նուիրումին առ ի գնահատանք՝ ՌԱԿ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի կողմէ Վահան Թէքէեանի անունով կնքուեցան թէ՛ մշակութային միութիւններ, թէ՛ կրթական օճախներ։
Ամբո՜ղջ հայութեան հարստութիւնն ու հպարտութիւնը կը հանդիսանայ Վահան Թէքէեան, որ ազգային մեր մեծագոյն ողբերգութեան՝ Մեծ Եղեռնի խաչելութեան, այլեւ հրաշափառ յարութեան՝ Հայաստանի անկախութեան նուաճումին իրա՜ւ վկայութեան երգը յանձնեց յաւերժին։

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

(Յապաւուած)

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2019