ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ԱԽՏՈՐՈՇՄԱՆ ՎՍՏԱՀԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԸՍՏ ՌՈԶԸՆՀԱՆԻ

Դարեր շարունակ վարկածները յստակեցնելու նպատակով կատարուած են զանազան գիտական փորձեր, որոնք նպաստած են գիտութեան զարգացման եւ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ ստացուած գիտելիքի օգտագործման։ Ամերիկացի հոգեբան Տէյվիտ Ռոզընհան 1973 թուականին իրականացուցած է գիտափորձ մը, որ հոգեբանութեան ոլորտէ ներս ստեղծեց լայն արձագանգ։ Այս գիտափորձով Ռոզընհան կասկածի տակ առած է հոգեբուժական ախտորոշման վստահելիութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը։

Ամերիկացի հոգեբանի գիտափորձը տեղի ունեցած է երկու փուլով։ Առաջին փուլին ընդգրկուած էին հոգեպէս առողջ մարդիկ, որոնք կեղծելով լսողական զգայապատրանքներ ունենալը՝ մուտք գործեցին ամերիկեան տասներկու տարբեր հոգեբուժարաններէն ներս։ Հոգեբուժական նախնական զննութեան ժամանակ բոլոր կեղծ այցելուներ յայտնեցին, թէ անոնք կը լսեն իրենց սեռէն մարդոց ձայներ, որոնք յաճախ կ՚ըսեն «դատարկ, սին, պարապ»ի նման բառեր։ Այդ բառերը մասնաւորապէս ընտրուած էին, որովհետեւ անոնք մասամբ կը պարունակէին գոյացական նշաններ։ Գիտափորձի բոլոր մասնակիցները դարմանման տակ առնուեցան եւ բոլորի պարագային ախտորոշուեցան հոգեկան հիւանդութիւններ։

Երկրորդ փուլին՝ դարմանման տակ առնուելէ յետոյ կեղծ հիւանդները սկսան անձնակազմին յայտնել, թէ իրենք լաւ կը զգան, այլեւս զգայապատրանքներ չեն ունենար։ Այցելուներէն ոմանք մեկուսացման պայմաններու ներքեւ անցուցին քանի մը ամիս։ Արդարեւ, բոլորը ստիպուած էին ընդունիլ իրենց «հոգեկան հիւանդութիւնը» եւ համաձայնիլ համապատասխան բուժման՝ գործածելով դեղամիջոցներ, ինչ որ հոգեբուժարաններու պայմանն էր։ Հիւանդանոցի աշխատակիցները չյաջողեցան յայտնաբերել կեղծ այցելուները։ Վերջիններս ազատ արձակուեցան «մտաթուլութեան յետադիմելու» ախտորոշմամբ։ Ռոզընհան սա կը համարէ այն բանի ապացոյց, թէ որպէս անդառնալի վիճակ կ՚ընկալուի հոգեկան հիւանդութիւնը, որու արդիւնքին ալ կը ձեւաւորուի ցմահ ընկերային պիտակ։ Այսինքն՝ երբ մէկը մտաթուլութեամբ պիտակուած է, այլեւս ոչինչ կրնայ ընել այդ պիտակի ոչնչացման համար։ Արդիւնքները նաեւ կը վկայեն, թէ այդ պիտակաւորումը նաեւ կը հիմնաւորէ տուեալ անձի եւ անոր վարքի մասին իր շրջապատի տպաւորութիւնը։

Գիտափորձի արդիւնքները ամփոփուեցան «Հոգեպէս առողջներ խելագարներու եզրին» խորագրեալ յօդուածին մէջ, որ հրապարակուեցաւ «Science» թերթին մէջ։ Այս հրատարակութիւնը կը համարուի հոգեբուժական ախտորոշման մասին գրի առնուած կարեւորագոյն քննադատական յօդուածներէն մին։ Գիտափորձը լայն արձագանգ ստեղծեց ոչ միայն ԱՄՆ-ի, այլ զանազան երկիրներէ ներս։

Հիւանդանոցի մը անձնակազմը տեսնելով հրապարակուած յօդուածը, կապ կը հաստատէ Ռոզընհանի հետ եւ կը պահանջէ անոնց ուղարկել կեղծ հիւանդներ։ Հիւանդանոցի աշխատակիցները ծանօթ ըլլալով նախորդ գիտափորձի արդիւնքներուն՝ կը հաւատային, որ իրենց հաստատութեան մէջ նման սխալներ չեն գործուիր։ Ռոզընհան անոնց հետ պայմանաւորուեցաւ, որ յառաջիկայ երեք ամսուան ընթացքին հոգեբուժարան կրնան դիմել մէկ կամ մէկէ աւելի կեղծ այցելուներ, որպէսզի իւրաքանչիւր դիմում ներկայացուցած այցելուի գնահատումը իրականացուի այն հաշուարկով, որ ան կրնայ կեղծարար ըլլալ։ Անձնակազմը ձախողելով՝ իբր կեղծարարներ նշեց բաւական մեծ քանակութեամբ իսկական հիւանդներ։ 193 հիւանդը կեղծարար համարեցին եւ աւելի քան 60 հիւանդէ կասկածեցան կեղծարար ըլլալու հանգամանքով։ Մինչդեռ, իրականութեան մէջ Ռոզընհան այդ հիւանդանոցը կեղծ այցելու չէր ուղարկած եւ բոլոր այն հիւանդները, որոնք անձնակազմի կողմէ կեղծարար նկատուած էին կամ կասկածելի էին, իրական հիւանդներ էին։ Այսպէսով պարզուեցաւ, որ նման սխալներու տեղի տուող որեւէ ախտորոշում վստահելի կամ ապահով չի կրնար ըլլալ։

Այս գիտափորձով կարելի եղաւ եզրակացնել, որ հոգեբուժարաններու մէջ հնարաւոր չէ զանազանել առողջ եւ հիւանդ մարդիկ։ Ռոզընհանի գիտափորձը թոյլ տուաւ ենթադրել, թէ հոգեբուժարաններու ընկերային-հոգեբանական խնդիրներու գիտակցումը եւ լուծումը կրնայ նպաստել աշխատակիցներու վերապատրաստումը եւ հոգեբուժական ծառայութիւններու հիմնումը։ Այս բոլորին համար հոգեկան եւ վարքային շեղումներու մասին աշխատանքը առաւել արդիւնաւէտ կ՚ըլլայ՝ քան հոգեբուժական ախտորոշումը։

Այլ հետազօտողներու գիտափորձերէն եւս ստացուած են նման արդիւնքներ, որոնք կը վկայեն հոգեբուժական ախտորոշման անվստահելիութեան մասին։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024