ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ԵՂԱՆԱԿԻ ԲԱՑՈՒՄԸ

Գնալը կղզիի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Գարակէօզեան Տան Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական բացումը, որու առթիւ կազմակերպուած կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական հանդիսութիւնները ստեղծեցին տօնախմբութեան մթնոլորտ։ Արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Առաւօտուն կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ նորին սրբազնութեան եւ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու, Մուրատ Սրկ. Խաչիկօղլու, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Կարպիս Սրկ. Չիչէք եւ այլ դպիրներ։ Յունաց Պատրիարքութեան կողմէ ալ արարողութեան ներկայ էր Հայր Պենիամին։ Տեղապահ սրբազան հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց նորին սրբազնութիւնը, որու կողքին էր հայր սուրբը։ Արդէն 53-րդ անգամ Կազդուրման կայանը կը բանար իր դռները։ Եղանակի պաշտօնական բացման ներկայ էին Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր գործակից ընկերները, Կղզեաց քաղաքապետ Էրտէմ Կիւլ, Պէշիկթաշի փոխ-քաղաքապետ Ալի Ռըզա Եըլմազ, համայնքային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։ Ատենապետ Արի Չոլաքի կողմէ գլխաւորուած Կազդուրման կայանի նորընտիր Խնամատար մարմինը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Սարօ Պենկլեանի, որ արտասանեց նաեւ բացման խօսք մը։ Աւելի վերջ արտայայտուեցան ատենապետ Արի Չոլաք եւ կայանի տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու։ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւս հանդէս եկաւ խօսքով մը։ Կղզեաց քաղաքապետ Էրտէմ Կիւլ սրտի խօսքին մէջ կարեւորեց մանուկներու երջանկութիւնը։ Ալի Ռըզա Եըլմազն ալ ելոյթին մէջ յայտնեց, որ Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը պիտի շարունակէ սատար կանգնիլ Կազդուրման կայանին։

Յուշանուէրներ պատրաստուած էին Կազդուրման կայանին անսակարկ ծառայած խումբ մը երախտաւորներու համար, որոնք էին Ազնիւ Մեծատուրեան, Ովսաննա Գալէնտէր, Մաթիլտա Ֆըրատօղլու, Անի Խաւըթերս, Նուարդ Յակոբեան եւ հանգուցեալ Կարօ Տէյիրմենճեան։ Այս վերջնոյն յուշանուէրը ստացաւ՝ որդին Սեւան Տէյիրմենճեան։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ կայանի տղաքը խմբերգներով հանդէս եկան՝ Հրանդ Չիզմեճեանի մականին ներքեւ։ Նուագակցեցան Ռաֆֆի Տէր-Գէորգեան եւ Նորա Իփեքճի։

Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ յայտագիրը աւարտին հասաւ միասնաբար արտասանուած Տէրունական աղօթքով։

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2019