ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Անցնող օրերուն, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան յարկին տակ տեղի ունեցած հանդիպման մը ընթացքին, Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» շքանշանը շնորհեց պէյրութահայ մշակութային, հասարակական գործիչ, ՍԴՀԿ Լիբանանի օրկան «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն, ծանօթ ասմունքող Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանին:

Նախքան շքանշանի շնորհումը՝ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յատուկ խօսքով հանդէս գալով ըսաւ. «Անի Եփրեմեան-Սարաֆեան հայ արուեստին եւ մշակոյթին նուիրուած անձնաւորութիւն մըն է: Ան յատկապէս Պէյրութի հասարակութեան մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած է մեր դարաւոր բանաստեղծութիւնը հասանելի դարձնելու իմաստով եւ իր գործունէութեան շնորհիւ յաջողած է գրաւել լիբանանահայութեան սէրն ու յարգանքը»:

Պարգեւատրման յաջորդ օրը Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան Երեւանի Առնօ Բաբաջանեան համերգասրահին մէջ հանդիսատեսին ներկայացաւ գրական երեկոյով՝ ասմունքելով հայ գրականութեան գոհարներէն: Ան շուրջ երկու ժամ բեմէն արտասանեց արեւելահայ եւ արեւմտահայ հեղինակներու սիրուած գործերէն: Երեկոն լիբանանահայ նշանաւոր ասմունքողին առաջին ելոյթն էր Հայաստանի մէջ եւ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան զայն խորագրած էր՝ «Իմ երազը»:

Հայաստանեան այցի օրերուն Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան մեկնեցաւ նաեւ Արցախ, ուր իբրեւ դատական յանձնախումբի անդամ մաս կազմեց Մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարութիւններուն կազմակերպած Ասմունքի համահայկական փառատօնին: Արցախէն վերադարձին ան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:

-Անի, նոր վերադարձած էք Արցախէն, ի՞նչ են Ձեր տպաւորութիւնները:

-Երեւանի մէջ իմ ելոյթս խորագրած էի «Իմ երազը» եւ այդ ելոյթն էր իմ երազս, բայց այնպէս փաստուեցաւ, որ այդ երազը տակաւին շարունակութիւններ ունեցաւ: Շատ ուրախ եմ, եւ թերեւս միտքէս չէր անցներ, որ ես այս երազը կրնամ իրականացնել: Այն վայրերը, որոնց մասին մենք լսած ենք Սփիւռքի մէջ՝ Ասկերան, Շուշի, Մարտակերտ, Աղտամ, Տիգրանակերտ, Դադիվանք, Ամարաս, Գանձասար միայն լսելով է, որ ներշնչանք տուած են մեզի: Ես, միայն անունները լսելով, առանց տեսնելու որքան ներշնչումով ու ապրումով միշտ ասմունքած եմ անոնց մասին: Պատկերացուցէք, որ ես ֆիզիքապէս, հոգեպէս այնտեղ գտնուեցայ, ինչպիսի՞ն պիտի ըլլան իմ զգացումներս: Շատ մեծ տպաւորութիւններով վերադարձայ Արցախէն, շատ աւելի ոգեւորուած, շատ աւելի հզօրացած, շատ աւելի ազգային ջիղս լիցքաւորուած:

Արցախի հողին վրայ գտնուելով ա՛լ աւելի իրական կը զգաս Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ եռամիասնութիւնը: Այդ զօրաւոր շղթային ամէն մէկ օղակը ամուր ձեւով կապուած է իրարու հետ: Եւ միշտ պէտք է այդ շղթան այդպէս ամուր մնայ, որովհետեւ այդ միասնականութիւնն է, որ մէկը միւսը կը զօրացնէ, մէկը միւսը կ՚ամբողջացնէ ամէն տեսակ գետնի վրայ: Հայրենիքը Սփիւռքով հզօր է, Արցախը՝ հայրենիքով, Սփիւռքը՝ անոնցով, այս բոլորը մէկ ամբողջութիւն են ինծի համար, որ անքակտելի պիտի մնան:

-Ինչպէ՞ս տեսաք արցախցիները, ինչպէ՞ս են անոնց տրամադրութիւնները:

-Մարդիկը շատ զօրաւոր տեսայ: Ես հիացայ արցախցիներով, որոնք իրապէս, դժուար պայմաններու մէջ պահած են այդ հողը, արեան գնով, իրենց զաւակները նահատակուած են այնտեղ… Իրենց մօտ գտայ այդ զօրաւոր կամքը, ուժը, հողի հանդէպ սէրը, սահմանները պահելու կամքը, որ բոլորիս համար մեծ հպարտութիւն է: Շուշիի Սրբոց Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ հանդիպեցայ մօր մը, որ գրկած էր իր զինուոր տղան, որ ծառայելու պիտի երթար սահմանին վրայ, շատ յուզիչ պահ էր, լուսանկարեցի եւ բարի ծառայութիւն մաղթեցի, ըսելով՝ Աստուած թող պահէ եւ պահպանէ զաւակդ: Մայրն ալ իր կարգին աղօթքներ կ՚ընէր իր զաւակը ճամբելէ առաջ… Այնքան իրական, այնքան յուզիչ պահեր էին, որոնք մենք միայն տեսանիւթերով, լուսանկարներով գիտենք: Հերոս մայրեր կան Արցախի մէջ: Եւ հետաքրքրական զուգադիպութիւն մը տեղի ունեցաւ: Հոն իմ ելոյթս (որ ի դէպ նախատեսուած չէր եւ ես դատակազմին մէջ ըլլալուս համար գացած էի, բայց զիս բեմ հրաւիրեցին եւ ելոյթ ունեցայ), սկսայ «Ով հայոց մայրեր, որ տուիք ազգին բիւրընտիր քաջեր» բանաստեղծութեամբ: Մինչ այդ, իմ բացակայութեանս յանձնախումբի անդամները նստած են որոշելու, թէ գալ տարի ինչ պիտի ըլլայ ասմունքի փառատօնին նշանաբանը եւ հոն որոշած են անուանել զայն «Ով հայոց մայրեր»: Եւ ես ասմունքեցի՝ բացարձակ անտեղեակ իրենց այս որոշումէն: Ուղղակի ըսին, որ ամբողջութեամբ զգացած եմ օրուան շունչը, զգացած եմ, թէ ո՞վ է այդտեղի հերոսը: Իսկ այս տարուան ասմունքի փառատօնի նշանաբանն էր «Մենք կանգուն ենք մեր լեռներուն նման»: Հրաշալի կերպով կազմակերպուած փառատօն մըն էր, որուն հարիւրաւոր երիտասարդներ մասնակցեցան Հայաստանէն, Սփիւռքէն եւ Արցախէն: Վեցերորդ տարին է, որ փառատօնը տեղի կ՚ունենայ, ես առաջին անգամ մասնակցեցայ եւ ինծի համար մեծ յայտնութիւն էր, փորձառութիւն էր, պատիւ էր ներկայ գտնուիլը նման ձեռնարկի մը: Հոն ծանօթացայ հայ գրականագիտութեան, մշակոյթի անուանիներուն հետ, մարդոց հետ, որոնք նուիրեալներ են իրենց գործին եւ ամէն օր լուռ ու մունջ կը ծառայեն հայ գիրին, գրականութեան, ազգին…

-Իսկ հետագայ ձեր ասմունքին վրայ կ՚անդրադառնա՞ն այդ զգացումները՝ նոր նիւթեր, նոր բանաստեղծութիւններ ընտրելու հարցին մէջ դեր կ՚ունենա՞ն անոնք:

-Արցախը ինքնաբերաբար ուժ կու տայ: Ես յայտագրին մէջ ընդգրկուած չէի, բայց երբ անունս յայտարարեցին եւ արտասանեցի Արցախին նուիրուած իմ համադրումս, զարմացայ, որ այդքան ուժ, ոգի ինչպէս մտած էր մէջս, որ ես անակնկալ կերպով ելայ եւ շատ անկաշկանդ ելոյթ ունեցայ: Շուշիի, Արցախի հողին վրայ ես տարբեր ձեւով ասմունքեցի:

Մեր թթուածինն է Արցախը, նմանապէս՝ հայրենիքը: Մենք Սփիւռքի մէջ ենք, բայց ամէն վայրկեան Հայաստանի հետ ենք: Մենք Հայաստանի ամէն իրադարձութիւններուն տեղեակ ենք, դժուարութիւններուն հետ կը տառապինք, նուաճումներով կ՚ուրախանանք, միշտ հայրենիքի հետ ենք, պարզապէս մեր ոտքերուն տակ այդ հողը չունինք եւ ամէն այցելութեան թթուածին կ՚առնենք Հայաստանէն՝ առաւել եւս ներշնչուած կը վերադառնանք յարատեւելու եւ շարունակելու մեր հայապահպանման պայքարը:

-Այդ պայքարը նաեւ ձեր թերթին մէ՞ջ կը դրսեւորուի: «Արարատ» թերթը որքանո՞վ տեղ կու տայ հայրենիքի լուրերուն, հայրենի կեանքին:

-Մեծ տեղ կու տանք հայրենի լուրերուն: Քաղաքական, ազգային եւ տնտեսական գետնի վրայ բոլոր լուրերը մեր թերթի էջերուն մէջ են: Ինչ որ կ՚ըլլայ Հայաստանի մէջ, մենք առաջնահերթութիւնը միշտ հայրենիքին կու տանք, եւ ընթերցողները միշտ շատ-շատ մօտէն կը հետեւին այս լուրերուն եւ այսպիսի լուրերով շատ հետաքրքրուած են:

-Անի, կարծիքներ լսած ենք, որ «Արարատ» թերթը, որուն հիմնադրման 80-ամեակը այս տարի կը լրանայ, ձեր կողմէն, իբրեւ տնօրէն ստանձնումէն ետք նոր շունչ ստացած է: Ի՞նչ ըրած էք, որ այդ փոփոխութիւնը տեղի ունենայ:

-Թերթին աշխատանքը, ըստ իս, հաւաքական աշխատանք է, մէկ հոգիով թերթ մը չի կրնար լոյս տեսնել, այդ մէկը դէպի լճացում կը տանի եւ ընթերցողն ալ չի կրնար երկար մնալ թերթին հետ: Ես իմ գալէս ետք այնպիսի խմբագրական կազմ մը ստեղծեցի թերթին շուրջ՝ երիտասարդ, կարող, նոր աւիւնով եւ նոր շունչով, որոնք նոյնպէս կը հաւատան այդ հաւաքականութեան, միասնական աշխատանքին: Անոնք շունչ տուին թերթին եւ թերթը երիտասարդացաւ: Այն ժամանակ առցանց ալ չկար, հիմա կայքէջ ալ ունեցանք, եւ աշխարհի չորս կողմէն ընթերցողներ ունինք: Արձագանգները կը ստանամ նամակներով, զանազան միջոցներով, շնորհաւորանքներ, գնահատանք, քաջալերանք կը յղեն: Լիբանանի մէջ բազմաթիւ բաժանորդներ ունինք: Թերթը ամէն օր Այնճար հայաւանէն մինչեւ Լիբանանի հեռաւոր Թրիփոլի քաղաքը կը ղրկեմ: Առտու հինգուկէսին-վեցին արդէն մարդոց դրան առջեւն է թերթը: Այնքան ատեն, որ մեր նիւթական կարողութիւնները կը ներեն, մենք պիտի փորձենք թերթը պահել: Անշուշտ, դժուար է այսօրուան պայմաններուն տակ. երիտասարդները շատ հետաքրքրուած չեն տպագիր տարբերակով, աւելի միջին սերունդն է, որ թերթը կը փնտռէ, բայց ասով հանդերձ, ես չեմ յուսահատիր, տպագիր մամուլը իր տեղը ունի եւ տպագիր մամուլին սպասողներ միշտ կան:

-Գալով ասմունքին, ե՞րբ սկսած էք ասմունքել, եւ ո՞վ քաջալերած է ձեր առաջին քայլերը:

-Ասմունքել սկսած եմ պզտիկ տարիքէն: Այնպիսի ընտանիքի մը մէջ մեծցած եմ, ուր հայկական ոգի եւ արուեստի սէր եղած է: Հայրս՝ արդէն հանգուցեալ Յակոբ Սարաֆեանը բացառիկ ճաշակ ունէր արուեստի եւ մշակոյթի հանդէպ, մեծ հայրենասէր էր: Իր նշանաբանն էր՝ հայրենիքը բոլոր վարչակարգերէն վեր է: Մենք այս շունչով, այս դաստիարակութեամբ մեծցած ենք մեր տան մէջ: Իրեն համար էական էր Հայաստանը, Հայաստանը իր ինքնութեան ճանաչման գլխաւոր աղբիւրն էր, երբ ես կ՚ասմունքէի, իմ դաստիարակութեանս կողքին նաեւ հօրս գնահատանքը, իր քաջալերանքը կար: Մանրակրկիտ, բծախնդիր կերպով կը հետեւէր ամէն ինչին, թէ՝ ի՞նչ պիտի ասմունքեմ, բեմին վրայ ի՞նչ պիտի հագնիմ, ամէն ինչին ուշադրութիւն կը դարձնէր: Դպրոցական տարիներէն միշտ ասմունքած էի, բայց քսանհինգ-քսանվեց տարեկան էի, երբ առաջին ելոյթս մեծ բեմին վրայ, մեծ լսարանին առջեւ ունեցայ՝ վեց հարիւր հոգիի ներկայութեամբ, եւ նաեւ հօրս քաջալերանքով էր, որ ես այդ ուժը ունեցայ: Անշուշտ, լիբանանահայ դպրոցը, հայաշունչ գաղութն ալ իր դերն ունեցած են: Առաջին օրէն կրնամ ըսել, որ ժողովուրդը զիս սիրեց, ես ժողովուրդը սիրեցի: Վստահ եմ, որ բանաստեղծութիւնը, որ կը ներկայացնեմ եւ ես հասկցած-զգացած եմ, կ՚ուզեմ իմ ձեւով բացատրել, հասկցնել, փոխանցել… Ամէն մարդ գրականութեամբ չի հետաքրքրուիր, ամէն մարդ չի կարդար, ամէն մարդ տեղեակ չէ, եւ եթէ մենք ունինք այդ շնորհը, կարողութիւնը՝ Աստուծմէ տրուած, ինչո՞ւ համար չփոխանցենք, եւ ամէն մարդու մեր ունեցած գրական հարստութիւնները ինչո՞ւ չհասցնենք:

-Դուք կարծեմ այս բարձունքին հասած էք առանց մասնագէտներու, ուսուցիչներու, ինքնաշխատութեամբ: Դժուար չէ՞ր առանց ուղեցոյցի մը հասնիլ այս մակարդակին:

-Մասնագիտական առումով ոչ մէկ ուսուցիչ ունեցած եմ, կրնամ ըսել Աստուած էր իմ ուսուցիչս, ինք զիս առաջնորդած է, օժտած է… Այս մէկը օժտուածութիւն է, որ կամ ունիս կամ չունիս: Բանաստեղծութիւն մը ընտրելու ժամանակ միշտ կը գիտնամ, թէ ո՞ր առիթին եւ ո՞ր ձեռնարկին ի՞նչ պիտի ասմունքեմ եւ այդ օրը հանդիսատեսի սրտին ի՞նչը կը խօսի:

-Հայ ասմունքողներէն որո՞ւ ձայնը եւ մօտեցումը աւելի սիրած էք:

-Շատ սիրած եմ Վերա Յակոբեանը, որ Հայաստան-Սփիւռք առաջին մշակութային կապը հաստատողներէն եղած է: Երբ ան Լիբանան կու գար խորհրդային տարիներուն, ես կլանուած կը դիտէի իր ելոյթները:

Զարմանալի զուգադիպութեամբ, այս օրերուս, երբ Հայաստան պիտի գայի, ցաւ ի սիրտ, մեր սիրելի Վերա Յակոբեանը մահացաւ…

-Հայաստանի մէջ մեծ տարածում ունի ասմունքը, իբրեւ բեմական արուեստի տեսակ, բայց նոյնը չենք կրնար ըսել Սփիւռքի պարագային: Ինչո՞ւ Սփիւռքի մէջ չէ զարգացած այդ արուեստը. եւ կարծեմ Լիբանանի մէջ այսօր դուք միակն էք:

-Լիբանանի մէջ մենք ունեցած ենք ասմունքողներ, շրջան մը եղած են լաւ անուններ: Լիբանանի մէջ դեռ ասմունքին որոշ արժէք եւ նշանակութիւն կը տրուի: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Խաչիկ Պապիկեան հիմնադրամի հովանաւորութեամբ, եօթներորդ տարին է, որ կը կազմակերպէ միջդպրոցական ասմունքի մրցոյթներ, ես այնտեղ ալ դատակազմին մէջ եմ: Դժբախտաբար մասնակիցներուն հետագային շատ ալ առիթներ չեն տրուիր բեմ ելլելու, պէտք է առիթ տրուի այդ երիտասարդներուն, որպէսզի իրենք իրենց կարողութիւնները տեղէ մը սկսին զարգացնել, ամէն մարդ օր մը տեղէ մը պիտի սկսի, առաջին քայլը առնել:

-Ի՞նչ կարեւոր յատկանիշներ պէտք է ունենայ ասմունքող մը:

-Ասմունքողի պարագային կարեւոր է, որ տեղ մը չկենայ: Ես յամառ աշխատող եմ անձիս վրայ, միշտ կ՚ուզեմ յաջորդ ելոյթին նոյնը չասմունքել, նոր գործեր, նոր հեղինակներ ընտրել, ատոր համար խաղացանկս քիչ մը ընդլայնուած է եւ շատ-շատ բանաստեղծներէ գործեր սորված եմ: Ասմունքի ցանկիս վրայ կան արեւելահայ եւ արեւմտահայ բանաստեղծներ, կ՚ընտրեմ թէ՛ դասական, թէ՛ ժամանակակից քերթուածներ:

-Ինչպէ՞ս կը սորվիք այդքան գործերը, քիչ մը դժուար չէ՞ մտապահել զանոնք:

-Յիշողութիւնը շատ մեծ դեր ունի: Նախ կը կարդամ, եթէ սիրեմ, անգամ մըն ալ կը կարդամ, նորէն կը կարդամ եւ երբ իմաստը հասկցայ, յիշողութիւնը արդէն կ՚օգնէ: Բայց ոչ թէ բառերը քով քովի դնելով կը սորվիմ, այլ իմաստը կ՚առնեմ եւ շատ շուտ կը սորվիմ եւ եթէ սիրեցի, վստահ կ՚ըլլամ, որ հանդիսատեսն ալ պիտի սիրէ, եթէ չսիրեմ, թերեւս չկարենամ տպաւորել հանդիսատեսը:

-Մտածա՞ծ էք ասմունքի դպրոց մը հիմնել եւ ձեր փորձը փոխանցել երիտասարդներուն:

-Ունիմ այդ միտքը: Կ՚արժէ այդ մասին մտածել, բայց նորէն կ՚ըսեմ՝ ասմունքը սորվելով չ՚ըլլար: Բնածին տաղանդ է, բայց բեմական կեցուածք, տեղ մը ինքնավստահութիւն, խօսքի վարպետութիւն կարելի է սովորեցնել, ներշնչել:

-Օրերս ստացաք «Ուիլիըմ Սարոյեան» յուշամետայլը: Ի՞նչ նշանակութիւն ունի անիկա ձեզի համար:

-Երկու բառ պիտի ըսեմ՝ այդ շքանշանը հպարտութիւն է եւ պարտաւորութիւն:

-Դուք բաւական բազմազբաղ առօրեայ մը ունիք՝ ասմունք, թերթի խմբագրական աշխատանք, կուսակցական գործունէութիւն, մշակութային կազմակերպչական գործ, ընտանիք, երախաներ… Ինչպէ՞ս կը հասցնէք:

-Խառնուածքի հարց է: Կրնամ վայրկեանի մը մէջ քանի մը գործ ընել, հեռաձայնով պայմանաւորուիլ, անդին գործ մը վերջացնել, միտքիս մէջ բան մը նախագծել, եւ եթէ ճիշդ դասաւորես օրդ եւ նաեւ ամէն ինչ սիրելով ընես, ոչ մէկ խնդիր կայ: Ես միշտ կ՚ըսեմ՝ կամենալը կարենալ է:

Եւ ես առտուընէ իրիկուն կ՚աշխատիմ առանց ոչ մէկ ակնկալութեան, առանց բան մը սպասելու անոր փոխարէն, ուստի ինծի համար շատ մեծ անակնկալ էր այս պարգեւատրումը հայրենիքի մէջ: Նաեւ Լիբանանի մէջ իմ գործունէութեանս ընթացքին ոչ մէկ խտրութիւն կը դնեմ մշակութային կեանքին մէջ: Բոլոր կազմակերպութիւնները, միութիւնները, որոնք որ կը խնդրեն, որ ես մաս կազմեմ իրենց ձեռնարկած գեղարուեստական յայտագրին, մեծ սիրով կ՚ընդառաջեմ: Կուսակցական ըլլալս իմ գաղափարս է, ես բոլորինը կը յարգեմ եւ չի խանգարեր, որ ես լաւ յարաբերութիւններ ունենամ շուրջիններուս հետ. կը կարծեմ, որ տեղ մը փոխադարձ յարգանք ալ կը ստանամ բոլորէն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2017