ԿԵԱՆՔԸ ԱՌԱՆՑ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ…

Արդեօք կեանքը աւելի՞ լաւ էր առանց համացանցի:

«Կեանքը իսկապէս լաւ էր, երբ համացանց չկար…», կ՚ըսեն շատեր։ Իսկապէս այդպէ՞ս էր։ Բազում մարդիկ այսպէս կ՚ըսեն, որովհետեւ չէին գիտեր անցեալի խայտառակութիւններու մասին եւ անոնց տեղեակ չըլլալու երջանկութիւնը կար: Օտարները այս երեւոյթը անուանեցին՝ որպէս «տգիտութեան երանութիւն»: Տարեցներէն յաճախ կը լսեմ. «Մարդիկ խելագարուած են, աշխարհին վերջը հասած է»: Բայց եւ այնպէս, մարդիկ ներկայ ժամանակներուն չխելագարուեցան, մարդիկ միշտ խելագարուած էին, միայն մենք չէինք գիտեր այդ խելագարներու մասին:

Նախ պէտք է նշեմ, որ համացանցի օգտակարութիւնը ենթակայական է։ Այսինքն համացանցը լաւ կամ վատ նպատակի մը համար օգտագործելը մարդոց ընտրութեան կապուած է։

Անուրանալի է, թէ համացանցի մէջ հասանելի է այնքան գիտական ​​տեղեկատուութիւն, որ կարելի չէ սորվիլ մեր կեանքի ողջ ընթացքին: Ծիծաղելի է թերագնահատել այն գիտելիքները, զորս մարդկութիւնը ձեռք կը բերէ համացանցէն: Օրինակ, այսօր հնարաւոր է ել-նամակ ուղարկել Հարվըրտի դասախօսի մը եւ ըսել, որ իր ուսումնասիրութիւնները շատ հետաքրքրական են եւ այսպէսով կարելի է իրմէ անձամբ սորվիլ իր աշխատանքներու մասին։ Այսինքն, ես չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այս բոլորը արհամարհել, զարմանալի է…

Այսինքն, ըսել ուզածս այն է, թէ մենք ունինք չգրաքննուած գիտելիք եւ լուրեր աշխարհի իրադարձութիւններուն մասին: 90-ականներուն կը հաղորդուէին յարձակումներու կամ սպանութիւններու մասին 30-40 երկվայրկեաննոց լուրեր, որոնք մեր հոգեբանութեան վրայ այդքան ալ մեծ ազդեցութիւն չէին թողեր, քանի որ հաղորդումը չէր ցնցեր մեզ: Բայց հիմա նման լուրեր կը տեսնենք համացանցէն, նոյնիսկ այդ դէպքերուն մասին բոլոր տեսանիւթերը՝ առանց որեւէ գրաքննութեան: Անոնք յաճախ շատ ծանր, հոգեբանօրէն վիրաւորող տեսանիւթեր են եւ չափազանց «իրական» են աւանդական լրատուամիջոցներու համար։

Եթէ ամուսնանար վեց տարեկան երեխայ մը ու տարիներ շարունակ բռնութեան ենթարկուէր, առանց համացանցի՝ ան պիտի մտածէր, որ իր ապրածները սովորական են։ Նաեւ մենք չէինք կրնար իմանալ այդ երեխայի ապրումներուն մասին։

Հիմա կու գանք այն հարցին, թէ համացանցը աւելի բաց է խարդախութիւններու համար։ Այո, սա ակնյայտ է, բայց ինչպէս աւելի առաջ ալ յայտնեցի, այդ մէկը մեր ընտրութիւնն է՝ խաբուիլ, թէ ոչ:

Մէկ խօսքով, մենք համացանցի միջոցով հնարաւորութիւն ունեցած ենք տեսնելու իրադարձութիւնները՝ իրենց ամենաիրական տեսքով: Եւ ամէն պահ, որեւէ տեղ, այլանդակութիւն մը կայ, անկասկած։ Նախապէս կարելի էր տեղեակ ըլլալ այդ այլանդակութիւններու շատ փոքր մանրամասնութեան, ինչ որ պատրանք մըն էր, թէ աշխարհի վրայ աւելի քիչ չարիք տեղի կ՚ունենար։ Ի հարկէ, եթէ մարդոց հարցնենք, թէ երջանկութի՞ւնը, թէ գիտակցութիւնը կը նախընտրեն, մեծամասնութիւնը պիտի նախընտրէր երջանկութիւնը։ Որովհետեւ երբ չես կրնար քայլեր ձեռնարկել փոփոխութիւններու համար կամ ոչինչ կրնաս ընել փոփոխութեան դէմ, գիտակցութիւնը, գիտելիքը անէծք է, ոչ թէ օրհնութիւն: Եթէ կը գտնուիք այս իրավիճակի մէջ, համացանցը ծայրայեղ ճնշող է, մեզի համար կը դժուարանայ նոյնիսկ սովորական լուրի մը հաղորդ դառնալը:

Համացանցը չի ստեղծեր վատ մարդիկ կամ իրադարձութիւններ, այլ պարզապէս թոյլ կու տայ գիտակցիլ անոնց գոյութեան:

Համացա՞նցն է մեղաւոր, թէ տեղեակ ըլլալ տեղի ունեցածէն… Դո՛ւք ընտրեցէք։

Երկուշաբթի, Յունուար 9, 2023