ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԶՕՐԱՎԱՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ ԿԱՄ ՍԻՐՈՅ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ
Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնը Հայաստանի մէջ ընդունուած է նշել ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, այլ նաեւ՝ ժողովրդական սովորութիւններով, որոնք նուիրական աւանդութիւններ դարձած են եւ տարուէ տարի կ՚ընդարձակին: Հետեւելով այս տօնին ժողովուրդին կողմէ սիրուած ըլլալուն՝ այս տարի Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը սկիզբ դրած է Երիտասարդներու եւ սիրոյ արագահաս բարեխօս Սուրբ Սարգիսի տօնին նուիրուած փառատօնի մը, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ: 1 Փետրուարէն սկսեալ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ գործող թատրոններու բեմերուն վրայ՝ Երեւանի եւ Հայաստանի մարզերուն մէջ կ՚ընթանան սոյն տօնին նուիրուած ներկայացումներ:
Հանրապետութեան ստեղծագործական խումբերուն մասնակցութեամբ, համերգային ծրագիրները կը սկսին Երեւանի վեց բացօթեայ հարթակներուն վրայ՝ 10-11 Փետրուարին:
Սիրոյ տօն անուանուած փառատօնին համար նախատեսուած են յատուկ ձեռնարկներ՝ Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ, Հիւսիսային պողոտային մէջ, Վարդան Մամիկոնեանի արձանին յարակից տարածքին վրայ, Աւետիք Իսահակեանի արձանին յարակից այգիին մէջ, Խաչքարերու պուրակին մէջ եւ գլխաւոր ձեռնարկը՝ Ազատութեան հրապարակին վրայ՝ Շաբաթ օր:
Մինչ այդ, Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնի ճեմասրահին մէջ, այս տօնին առթիւ տեղի կ՚ունենայ երիտասարդ նկարիչներու մրցոյթ, որ կը շարունակուի մինչեւ Փետրուարի 11-ը:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Հայրապետի տնօրինումով Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնը հռչակուած է «Երիտասարդներու օրհնութեան օր»: Ամէն տարի այդ օրը Սուրբ Սարգիս զօրավարի անունը կրող եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ս. Պատարագ, որմէ ետք կը կատարուի երիտասարդներու օրհնութեան կարգ:
Սուրբ Սարգիս զօրավարը եղած է հայերու ամենէն սիրուած սուրբերէն մին: Իր որդիին՝ Մարտիրոսին եւ տասնչորս քաջ մարտիկներուն հետ ան նահատակուած է յանուն քրիստոնէական հաւատքին: Արիութեան համար Սուրբ Սարգիսը Մեծն Կոստանդիանոս կայսեր (285-337) կողմէ Հայաստանին սահմանակից Կապադովկիոյ մէջ կարգուած է իշխան եւ սպարապետ: Պատմական թուղթերը կը վկայեն, որ ան ոչ միայն գերազանց սպարապետ մըն էր, այլեւ՝ հիանալի քարոզիչ մը: Օգտուելով կայսեր յօժարութենէն՝ իր իշխանութեան տակ գտնուող քաղաքներուն մէջ քանդած է մեհեանները, կառուցած է եկեղեցիներ, տարածած է քրիստոնէութիւնը: Երբ Յուլիանոս Ուրացողի թագաւորութեան օրօք (360-363) կը սկսին Քրիստոսի եկեղեցւոյ հալածանքները, Սուրբ Սարգիսը, աստ-ւածային յայտնութեամբ պատգամ մը կը ստանայ՝ հեռանալ կայսրութեան սահմաններէն. իր որդիին՝ Մարտիրոսին հետ կու գայ եւ ապաստան կը գտնէ քրիստոնեայ Հայաստանի մէջ, ուր կը թագաւորէր Տիրան արքան՝ Մեծն Տրդատի թոռը՝ Խոսրովի որդին: Տեղեկանալով, որ Յուլիանոս մեծ զօրքով կը շարժի դէպի Պարսկաստան, հայոց արքան, ջանալով իր երկիրը զերծ պահել յարձակման վտանգէն, կը յորդորէ Սարգիսին՝ ծառայութեան անցնիլ Շապուհին մօտ: Շապուհ սիրով կ՚ընդունի Սուրբ Սարգիսը եւ կը նշանակէ զայն զօրագունդերու հրամանատար: Զօրականներէն շատեր, տեսնելով փայլուն զօրավարի բարեպաշտութիւնն ու վարքով վկայուած նուիրումն առ Աստուած, իր աղօթքներով Տիրոջ գործած հրաշքները, կը հրաժարին հեթանոսութենէն եւ կը դառնան քրիստոնեայ: Սակայն Շապուհ անոնցմէ կը պահանջէ՝ պաշտել կրակը եւ զոհ մատուցել: Զօրավարը անմիջապէս կը մերժէ ըսելով. «Երկրպագելի է մէկ Աստուած՝ Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, որ ստեղծած է երկինքն ու երկիրը: Իսկ կրակը կամ կուռքերը, ի բնէ աստուածներ չեն, հողեղէն մարդը զանոնք կրնայ փճացնել»: Այս խօսքերէն ետք Սուրբ Սարգիս բագինը կործանած է:
Զայրացած ամբոխը կը յարձակի Սուրբ Սարգիսի եւ իր որդիին վրայ: Առաջին նահատակութեան պսակը կ՚ընդունի իր որդին՝ Մարտիրոսը: Սուրբ Սարգիս կը բանտարկուի եւ իր հաւատքին մէջ աներեր մնալով՝ կը գլխատուի: Ան նահատակուելէ առաջ աղօթած է. «Ո՜վ Տէր, Քրիստոս Աստուած իմ, անոնք, որոնք կը յիշեն իմ անունս իրենց նեղութեան մէջ եւ կը կատարեն իմ նահատակութեանս յիշատակը ուխտով եւ Պատարագով, ինչ որ ուզեն Քեզմէ, լսէ զանոնք եւ շնորհէ անոնց խնդրանքը»: Այն ատեն երկինքէն ձայն մը եկաւ, որ կ՚ըսէր. «Պիտի տամ քու խնդրածդ եւ պիտի կատարեմ աղաչանքդ. իսկ դուն, եկուր վայելէ քեզի համար պատրաստուած բարիքները»: Նահատակուելէն ետք Սուրբ Սարգիսի մարմնին վրայ լոյս կը ծագի: Քրիստոնէական հաւատքին համար կը նահատակուին նաեւ Սուրբ Սարգիսին հաւատարիմ տասնչորս զինուորները: Հաւատացեալները նահատակներուն մարմինները կ՚ամփոփեն Համիան քաղաքին մէջ:
Սուրբ Սարգիսի՝ հայոց ամենէն սիրուած սուրբերէն մէկը ըլլալուն փաստը կը վկայէ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետը, երբ անոր մասունքները կը բերէ Ուշի (Աշտարակի շրջան)՝ տեղւոյն վրայ կառուցելով երանելիին անունը կրող եկեղեցի մը:
Այսօր Սուրբ Սարգիսի անունը կրող եկեղեցիներ եւ սրբատեղիներ կան Հայաստանի եւ հայկական գրեթէ բոլոր համայնքներուն մէջ: Նոյնիսկ Սուրբ Սարգիսի անունով մարդիկ լեռ մը կոչած են:
Տօն ժողովրդական
Հին ժամանակներուն սովորութիւն մը կար, որ ցայսօր պահպանուած է մանաւանդ Հայաստանի մէջ, այդ մէկը նուիրական դարձած սովորութիւն մըն է, որուն ամէն տարի անհամբերութեամբ կը սպասեն ամուրիները: Սուրբ Սարգիսի տօնին նախորդող գիշերը երիտասարդները աղի կրկնեփ կ՚ուտեն, որուն հետ կը կապեն իրենց փեսացուին կամ հարսնցուին երազայայտնութիւնը: Քանի որ բլիթը կը պատրաստուի շատ աղի, եւ պայման է, որ ուտողը մինչեւ գիշեր ջուր չխմէ. սպասելին այն է, որ զայն ուտողը գիշերը ծարաւնայ եւ երազին մէջ տեսնէ, թէ ո՞վ ջուր կու տայ իրեն: Յաջորդ առտու արդէն աղի կրկնեփ կերած աղջիկներն ու տղաները կը պատմէին իրենց երազները, թէ ո՞վ իրենց ջուր տուաւ, ինչպիսի՞ գաւաթով, որքա՞ն ջուր կար գաւաթին մէջ եւ այլն… Եւ ըստ աւանդութեան, ջուր տուողն ալ այդ անձին ապագայ կինը կամ ամուսինը կ՚ըլլար: Երազին մէջ տեսած ոսկեայ գաւաթը հարուստ ամուսին կը նշանակէր, փայտեայ գաւաթը՝ աղքատ, լեցուն գաւաթը երկար ամուսնական կեանք կը կանխագուշակէր, իսկ կէսը լեցունը՝ կարճ ամուսնական կեանք եւ այլն…
Առաջաւորաց պահք
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ արդէն սկսած է Առաջաւորաց պահքը, որ սկիզբ կ՚առնէ Սուրբ Սարգիսի տօնին նախորդող Երկուշաբթի օրը, կը տեւէ հինգ օր եւ յատուկ է միայն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ:
Կը խորհրդանշէ այն հինգ օրերու ապաշխարութիւնը, երբ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն ելլելէն ետք Տիրոջ հրաշքով դարձի եկած Տրդատ արքայն, հայոց մեծամեծերն ու ողջ ժողովուրդը նախքան մկրտելը, վաթսունհինգ օր շարունակ քարոզեց Քրիստոսի վարդապետութիւնը, որմէ ետք պատուիրեց հինգ օր պահեցողութեամբ ապաշխարիլ:
Այդ հինգ օրերուն ժողովուրդը իր արքայով հանդերձ ոչ միայն ինքզինք զրկած էր կերակուրներէ, այլ, ինչպէս հարկ է՝ հոգեւոր պահեցողութեամբ մեծապէս կը զղջար իր նախկին հեթանոսական, անբարոյ կեանքին եւ բոլոր տեսակի մեղքերուն համար: Իսկ հայոց արքան ու մեծամեծները այսպէսով կը քաւէին Քրիստոսի հաւատքին պատճառով Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը օձալից ու խաւար խոր փոսը՝ վիրապը նետելու եւ բազմաթիւ տանջանքներու ենթարկելու, ինչպէս նաեւ Հռիփսիմեաց կոյսերը՝ չարչարելով սպաննելու մեղքերը:
Այսպէս հաստատուեցաւ Առաջաւորաց պահքը կամ Առաջաւորքը՝ Հայ Աոաքելական Եկեղեցւոյ որպէս առաջին պահք (որ հիմնական ձեւով կը բացատրուի անոր անունը):
Հին ժամանակներուն պահք ըսելով կը հասկցուէր մեր այսօրուան ծոմը, այսինքն՝ ընդհանրապէս ոչինչ կ՚ուտէին (ջուրի սակաւ գործածութեամբ) կամ կ՚ուտէին միայն սակաւ բանջարեղէն: Բայց հետագային բանջարեղէնին աւելցան բուսական ծագում ունեցող, նաեւ այլ կերակուրներ ու մեղր, եւ տարբերակի մէջ մտաւ պահքի ու ծոմի միջեւ՝ ծոմը դարձնելով պահքի աւելի խիստ տեսակը:
Այսօր Առաջաւորաց պահքը պահելու կերպը՝ ծոմ թէ սովորական պահք, սովորաբար ձգուած է հաւատացեալի կամքին։ Առաջաւորաց պահքը կը համընկնի Մեծ Պահքէն երեք եւ Զատիկի տօնէն տասը շաբաթ առաջ։ Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ ներառեալ պահքը պահելէն յետոյ, Շաբաթ օրը Հայ Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Սարգիսի տօնը եւ այդ պատճառաւ Առաջաւորաց պահքը յաճախ կը կոչեն Սուրբ Սարգիսի պահք, սակայն Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը նախընտրէ գործածել պահքին բուն անունը, նշելով, որ Առաջաւորաց պահքը Սուրբ Սարգիսի տօնին հետ, բացի ժամանակային համընկնումէ, կապ չունի:
Սուրբ Սարգիսի տօնին համընկնող Առաջաւորաց պահքի օրերուն մարդիկ ոչ միայն արգելքներ կը դնէին իրենց սնունդին, այլ նաեւ աշխատանքի որոշ տեսակներուն եւ մարմնի խնամքին վրայ: Արգիլուած էր լուացք ընել, ճախարակ մանել, գործ ունենալ բուրդի, մազի հետ, որովհետեւ կը հաւատային, որ մազ լուալու պարագային Սուրբ Սարգիսի ձիուն ոտքերուն թնճուկ կը փաթթուի եւ որպէս պատիժ՝ իրենց մազերը կը թափին…
Ուրբաթ օրը մարդիկ կը սկսէին թաթախման՝ պահքը բանալու նախապատրաստական աշխատանքներուն: Մեղրաջուրով կամ շաքարջուրով փոխինդ կը շաղէին, ընտանիքին անդամներուն թիւով գունդերու կը բաժնէին եւ երեկոյեան պահքը կը բանային այդ գունդերով:
Սակայն ծոմ պահած երիտասարդները չէին ուտեր. անոնք այդ երեկոյ միայն աղի կրկնեփ կ՚ուտէին: Երբեմն տանտիկինները սկուտեղի մը վրայ փոխինդ կը լեցնէին, փոխինդով մատուցարանը կը դնէին տանիքին գետինը, պատշգամը կամ դրան սեմին եւ կը սպասէին Սուրբ Սարգիս զօրավարի ձիու պայտի հետքին: Ըստ աւանդութեան՝ Սուրբ Սարգիսը պէտք է հրեշտակներու ուղեկցութեամբ անցնէր եւ որուն մատուցարանին մէջ դրուած ալիւրին կամ փոխինդին մէջ ձգէր իր ճերմակ ձիու պայտին հետքը, այսպէս կ՚իրականանար հաւատացեալին երազանքը: Շաբաթ առաւօտեան այդ փոխինդէն ճաշ՝ խաշիլ կը պատրաստէին եւ պասը կը բանային:
Կար ուրիշ սովորութիւն մը եւս. ծոմ պահողները իրենց փոխինդէն կտոր մը կը դնէին տան տանիքը եւ կը հետեւէին, թէ այդ կտորը կտցող թռչունները ո՞ր կողմ կը թռչին, այդ կողմէն ալ կը սպասէին իրենց ապագայ ամուսինը կամ կինը:
Սիրահարուած երիտասարդները այս տօնին առթիւ իրարու բացիկներ եւ քաղցրեղէններ կը նուիրեն:
Կ՚ըսեն, թէ Սուրբ Սարգիսը երիտասարդներու արագահաս բարեխօսն է, իր միջնորդութեամբ հրաշքներ տեղի կ՚ունենան: Այդ օրը երիտասարդները կ՚աղօթեն սուրբին, որպէսզի իրենց աղօթքները հասցնէ Աստուծոյ:
Վերջին տարիներուն նաեւ այս տօնը մեծ տօնակատարութիւններու տեսք ստացաւ, որպէսզի հայ երիտասարդները, իբրեւ սիրոյ օր նշեն այս օրը եւ չերթան օտարամուտ ճանապարհներով եւ չտօնեն Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ ոչ տօնելի՝ Սուրբ Վալենթնիոսի յիշատակութեան օրը՝ Սուրբ Վալենթինի տօնը, որ երրորդ դարու հռոմէացի սուրբ մըն է եւ մեր պատմութեան հետ կապ չունի:
Տօնական ուտելիքներ
Եթէ Հայաստանի մէջ, իբրեւ Սուրբ Սարգսի ուտելիք ընդունուած է աղի բլիթը, ապա Սփիւռքի շատ մը հայ գաղթօճախներու մէջ հայերը այս տօնին կը շինեն Սուրբ Սարգսի հալուա՝ սիմիտով, ընկոյզով կամ պիստակով:
Ահաւասիկ, ըստ ազգագրագէտ, հայկական խոհանոցի ուսումնասիրող Սոնիա Թաշճեանի, Մուսա լեռցիները այդ օրուան համար կը պատրաստեն Ս. Սարգիսի Գաթա, որ ծիսական հաց-քաղցրեղէնն է, որու խմորը կը շաղեն երեկոյեան եւ ամբողջ գիշերը կ՚եփի մարած թոնիրի տաքութեամբ:
Գաթան կը բաժնուի ընտանիքի անդամներուն թիւով: Բաժիններէն մէկուն մէջ մետաղադրամ կը դրուի, եւ որո՛ւն որ բաժին իյնայ մետաղադրամով գաթան, ան կը համարուի տարուան բախտաւորը:
Սոնիա Թաշճեան սիրով տրամադրեց Սուրբ Սարգսի գաթայի բաղադրատոմսը.
1 գաւաթ ձէթ,
1 գաւաթ տաք ջուր,
1 գաւաթ շաքար,
5 գաւաթ ալիւր,
1 թէյի դգալ կերակուրի սոտա,
1 գաւաթ մանրուած ընկուզեղէն՝ գետնանուշ, ընկոյզ, կաղին,
1-ական թէյի դգալ դարճենիկ (cinnamon), անիսոն,
1/2-ական թէյի դգալ մեխակ, մահլէպ, մշկընկոյզ,
Շուշմայ՝ վրան ցանելու համար:
Պատրաստութիւնը
Խառնել ալիւրը, համեմունքը, շաքարն ու սոտան։
Աւելցնել ձէթն ու ջուրը եւ շաղել։
Խառնել մանրուած ընկուզեղէնը, տարածել փուռի ափսէին մէջ, թաց մատներով հարթեցնել, դանակով վերածել կտորներու: Կարելի է մետաղադրամ դնել ընդհանուրին մէջ, որոշելու համար ամենէն բախտաւորը:
Վրան ցանել շուշման եւ եփել:
Այս հացը սովորաբար կը կտրեն Շաբաթ գիշեր, կը ճաշակեն զայն եւ կ՚ըսեն. «Սուրբ Սարգիսի օրհնանքը ըլլայ ձեր բոլորին վրայ»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ