ՄԵՐ ԱՇԽԱՐՀԸ

Վեր­ջին թի­թե­ղա­շէն թա­ղե­րու փլու­զու­մը սկսաւ, փոր­ձե­լով ար­մա­տա­խիլ ը­նել մեր ան­ցեա­լի յի­շա­տակ­նե­րը:

Ան­հե­տա­ցան ժան­գո­տած, թի­թե­ղա­շէն, թշուա­ռու­թիւն խորհր­դա­շող տու­նե­րու նեղ­լիկ խոր­տու­բորտ գռի­հնե­րը, մեր ման­կու­թեան աչքխ­փու­քի թաքս­տոց­նե­րը, տա­նիք­նե­րը:

Ան­հե­տա­ցան նաեւ հո­ղով լե­ցուն թի­թե­ղեայ ծաղ­կա­ման­ներն ու ա­նոնց բուր­մուն­քը եւ նո­րաշ­խար­հի բա­րակ ծա­ռե­րը: Համ­բար էմ­միին դեր­ձա­կի խա­նու­թը ի­րեն նման ոչ եւս է այ­սօր: Իսկ մեր դրան վրայ մօրս ձեռ­քով զե­տե­ղուած «Աս­տուած օրհ­նէ մեր տու­նը» տախ­տա­կը մնաց միայն խնդրանք:

Այ­սօր այդ թա­ղե­րը չկան: Ճամ­բայ մը կա­ռու­ցուած է ա­նոնց տեղ: Հի­մա ան­ծա­նօթ­ներ կ՚անց­նին այդ ճամ­բէն, կոխկռտե­լով մեր յի­շա­տակ­նե­րուն վրայ: Ու կը փոր­ձեն վա­րա­գոյր քա­շել ու վերջ­նա­կա­նա­պէս ջնջել մեր քաղցր ան­ցեա­լը…:

Այ­սօր աչ­քերս նո­րա­կա­ռոյց ճամ­բան չեն տես­ներ. ոչ ալ՝ անց­նող ար­դի ինք­նա­շարժ­ներն ու ան­ցորդ­նե­րը: Ես կը տես­նեմ թա­ղը, այն­պէս ինչ­պէս որ էր: Կը տես­նեմ բո­պիկ ոտ­քե­րով Լե­ւո­նը, որ ե­կած է Տի­կին Մա­րիա­մին, ը­սե­լու.

-Տի­կին Մա­րիա՛մ, մա­մաս ը­սաւ որ օ­դը կ՚ամ­պո­տի: Լուացքդ պէտք է հա­ւա­քես ե­ղեր:

Տի­կին Մա­րիա­մը ան­մի­ջա­պէս կը բարձ­րա­նայ եւ նոր փռած թաց լա­թե­րը կը հա­ւա­քէ ու տուն մտնելն ու անձ­րե­ւին կաթկ­թի­լը մէկ կ՚ըլ­լան:

-Տի­կին Թրֆան­տա՛, ե­թէ գործ չու­նիս, քիչ մը ե­կուր տե­րե­ւով սար­մա­յին օգ­նէ:

Տի­կին Եւ­նի­գէն այն­քան բարձր ձայ­նով կը կան­չէ Թրֆան­տա­ն, որ ան­ծա­նօթ մի քա­նի դրա­ցի­ներ ալ կը հե­տե­ւին եւ չորս-հինգ կի­նե­րով տե­րե­ւով սար­ման կէս ժա­մէն կը փաթ­թուի, կը վեր­ջա­նայ:

Օգ­նող­նե­րը բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ, շնորհք մը ը­նո­ղի հպար­տու­թեամբ տու­ներ­նին կը ցրուին, շա­րու­նա­կե­լու կէս ձգած տան գոր­ծեր­նին:

Ի­րի­կուն չե­ղած ամ­բողջ թա­ղը լուր կ՚ու­նե­նայ, թէ Տի­կին Եւ­նի­գէն տե­րե­ւով սար­մայ ե­փեր է:

Դռնե­րը մէկ-մէկ կը զար­նուին: Եւ­նի­գէն իր աղջ­կան հետ պնա­կով սար­մայ կը ղրկէ իր օգ­նա­կան­նե­րուն:

-Տի­կին Թրֆան­տա՛, մա­մաս ղրկեց: Հա­մին պի­տի նա­յիս ե­ղեր:

Այդ հա­մեստ թա­ղե­րուն մէջ այս­պի­սի ծա­ռա­յա­սէր տի­կին­ներ կ՚ապ­րէին: Ինչ­պէ՞ս հո­գին չսի­րես այդ թա­ղե­րուն...

-Պա­րոն Պօ­ղո՛ս, հայ­րիկս ը­սաւ, որ ռա­տիօն պի­տի բարձ­րաց­նես եւ մե­զի պի­տի գաս օ­ղի խմե­լու:

-Ին­չո՞ւ ձեր ռա­տիօն չէք բա­նար:

-Ե­րեք օր կ՚ը­նէ մեր ռա­տիօն չ՚աշ­խա­տիր,- եւ կը վե­րա­դառ­նայ հայ­րի­կէն ստա­նա­լու ի­րեն խոս­տա­ցուած հինգ ղրուշ­նո­ցը:

-Պա­րոն Պօ­ղո՛ս, մա­մաս հի­ւանդ է: Գլու­խը կը ցա­ւի: Հա­ճիս ռա­տիօն կ՚ի­ջեց­նե՞ս:

-Թա­գո՛ւշ, առ­տուան սուր­ճը Ան­թուա­նէ­թենց պի­տի խմենք, եօ­թին հոն ե­ղիր: Ռա­հէլն ալ պի­տի գայ, մեր բո­լո­րին գա­ւաթ­նե­րուն պի­տի նա­յի:

-Կիւլ­պէ՛նկ, գալ շա­բաթ ե­կուր ալ մեր խո­հա­նո­ցին պա­տը քար պի­տի հիւ­սես:

Այս­պէս էին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը այդ հա­մեստ թա­ղե­րուն մէջ ապ­րող մար­դոց: Ինչ­պէ՞ս չյի­շես ու եր­նէկ չտաս, նոյ­նիսկ լու­սար­ձակ չբա­նաս այս հա­մեստ, պարզ, բա­րի մար­դոց կեան­քին վրայ:

Եր­նէկ, հա­զա՜ր եր­նէկ այդ լաւ ու բնա­կան օ­րե­րուն՝ եր­նէ՛կ...

Յ. ՀԵԼ­ՎԱ­ՃԵԱՆ

Պէյ­րութ

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2016