ՎԱԹՍՈՒՆԱՄԵԱՅ ՆՈՒԻՐՈՒՄ, ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԵՐԿՐՈՒԹԻՒՆ
Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենադպիր, պոլսահայ կեանքի հանրածանօթ դեմքերէն Մկրտիչ Սէրթշիմշէք յաճախ կ՚այցելէ Հայաստան: Առիթները շատ են. առաջինը, անշուշտ, Հայ Եկեղեցւոյ ծառայելու Սէրթշիմշէքի երկարամեայ ուխտն է, որուն հաւատարիմ կատարողն է, նաեւ՝ տարիներու ընթացքին Հայաստանի մէջ ունեցած բարեկամական կապերը եւ իր կնքահայրութեամբ մկրտուած տասնեակ սանիկներ եւ ամուսնացած զոյգեր ջերմ կապերով միացուցած են պոլսահայ գործիչն ու անոր ընտանիքը՝ Մայր Հայրենիքին: Այս ու անցեալ տարին յոբելենական էր Մկրտիչ Սէրթշիմշէքի կեանքի եւ գործունէութեան քանի մը դրուագներուն համար. լրացաւ իր գործունէութեան 60-ամեակը, Թուրքիոյ մէջ անոր հիմնած ընկերութեան 50-ամեակը, 50-ամեակ մըն ալ ընտանեկան կեանքին մէջ կլորցաւ՝ լրացաւ Մկրտիչ եւ Սոնա Սէրթշիմշէքներուն ամուսնութեան կէս դարը: Ինչպէս ան իր կատարած գործերուն մասին կը պատմէ ջերմութեամբ, նոյն յոյզերով նաեւ կէս դար առաջ Իսթանպուլի մէջ կազմած իր հայկական ամուր օճախին մասին ալ կը յիշատակէ, հպարտութեամբ նշելով, որ միակ զաւակը նոյնպէս համայնքային, ազգային կեանքի նուիրեալ է: Եւ վերջապէս 65-րդ յոբելենական անգամը ան ոտք կոխեց Հայաստանի հողին վրայ… Այս վերջին այցելութեան ժամանակ ալ առիթն ունեցանք Երեւանի մէջ զրուցելու Մկրտիչ Սէրթշիմշէքին հետ: Առիթը անոր գործին 60-ամեակը ամփոփող պատկերագիրք յուշամատեանն է, որ լոյս տեսաւ իբրեւ շարունակութիւն ուրիշ պատկերագիրքի մը, որ հրատարակուած էր իր գործի 55-ամեակին առթիւ: Եւ ան մեզի հետ բաժնեց նաեւ այն զգացողութիւնները, որ ունի իբրեւ այդ ասպարէզին նուիրուած մէկը, որ կարողութիւնները կը ծառայեցնէ Հայ Եկեղեցիին: Ինչպէս յայտնի է՝ Մկրտիչ Սէրթշիմշէք, իր ընկերութեան միջոցով կը փայլեցնէ հայկական եկեղեցիներու սուրբ անօթներն ու սրբազան իրերը. մետաղեայ ձուլուածքները՝ սկիհները, կանթեղները, բուրվառները, մոմակալները, խաչերը, ջահերը, ուրիշ շատ պարագաներ նոր կեանք եւ շունչ կը ստանան անոր միջոցով, անգործածելի առարկաները կը փոխարինուին նորերով, սիւները, խոյակները կ՚օծուին ոսկեփոշիով կամ անհրաժեշտ ուրիշ նիւթերով, կը փայլեցուին որմնանկարները եւ եկեղեցիին պատկանող բոլոր այն հատուածները, որոնք մասնագէտ ձեռքի կարիքն ունին:
Մետաղներու երեսպատման Թուրքիոյ խոշորագոյն ընկերութիւններէն մէկուն ղեկավարը, փորձառու քիմիագէտն ու տարրաբանը իր ամենամեծ պարգեւը կը նկատէ բոլոր այն շնորհակալական նամակներն ու գիրերը, որոնք ստացած է աշխարհի զանազան երկիրներու հայկական եկեղեցիներէ, հոգեւոր եւ աշխարհիկ գործիչներէ, հաւատացեալ պարզ մարդոցմէ: Ատոնք բոլորը առանձնակի ակնածանքով պահած է, մաս մըն ալ ներառուած է պատկերագիրքին մէջ, աւելի քան 250 այդ գրութիւնները, անշուշտ, դժուար պիտի ըլլար հրատարակել գիրքին մէջ:
*
-Ինչպէ՞ս սկսաւ եւ տարիներու ընթացքին ամրացաւ ձեր կապը հայոց եկեղեցիին հետ:
-Եկեղեցիին կապուած եմ պզտիկ տարիքէս: Մեծցած եմ եկեղեցասէր ընտանիքի մը մէջ, նաեւ փոքր տարիքէս շապիկ հագած եմ: Աստուծոյ հաւատքը եւ սէրը մեր եկեղեցւոյ հանդէպ միշտ ուղեկցած է ինծի եւ, անկարելի է, որ մէկը հաւատք չունենայ եւ կատարէ այն գործերը, զորս ես կը կատարեմ եկեղեցիին համար: Եթէ մարդուն մէջ հաւատք կայ, հետզհետէ կը զօրանայ, կը հասկնաս նաեւ, որ հաւատքի շնորհիւ մեր ժողովուրդը դարեր շարունակ գոյատեւած է: Այսօր ալ, մեր ժողովուրդը առաւել կարիք ունի եկեղեցւոյ միջոցաւ, հաւատքի միջոցաւ յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները:
-Ձեզի դիւրի՞ն տրուեցաւ այն գործը, որ ձեր ապրուստի միջոցը ըլլալէն զատ նաեւ բարերարութեան, նուիրումի ճանապարհներ բացաւ:
-Դիւրին չէ եղած, շատ դժուարութիւններ ունեցած եմ՝ թէ՛ ուսման, թէ՛ ապրուստի, թէ՛ աշխատանքի մէջ: Բայց աշխատասիրութեամբ հասած եմ տեղ մը, նաեւ կը հաւատամ, որ Աստուծոյ տուած շնորհքն է, որ զիս յաջողեցուցած է իմ գործիս մէջ: Աւելի բան մը չէ իմ ըրածս, քան՝ Աստուծոյ տուած շնորհքին պզտիկ մէկ մասը վերադարձնելը: Ուստի, Աստուած որքան կեանք տայ, որքան ոտքի կենամ եւ ուժերս ու հնարաւորութիւններս որքան ներեն, այնքան հաւատարիմ պիտի մնամ իմ այս ուխտին:
-Ձեր ուխտին մէջ կարեւոր տեղ ունի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին մէջ 2001-ի Միւռոնօրհնէքի օրը, որ առանձնակի կապով կապած է ձեզ Հայաստանին: Խնդրեմ, կրնաք պատմել այս մասին:
-Ատիկա իմ առաջին այցս էր Հայաստան, այցելած էի Պոլսոյ երանաշնորհ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանին հետ: Միւռոնօրհնէքի արարողութեան ժամանակ նկատեցի, որ կաթսան, որուն մէջ լեցուած է միւռոնը, սեւցած է: Արծաթ է, գոյնը, բնականաբար, այդպէս պիտի փոխէ: Որոշեցի, դիմել Վեհափառ Հայրապետին եւ ստանալ արտօնութիւնը ու փայլեցնել կաթսան: Վեհափառ Հայրապետը սիրով ընդունեց իմ առաջարկս: Առաջին գործս Հայաստանի մէջ այդ եղաւ, որ շատ պատասխանատու գործ էր, քանի որ այնպէս մը պիտի փայլեցուէր, որ կաթսային եւ կափարիչին արծաթեայ աշխատանքը չվնասուէր: Ինծի համար այս մէկը խորհրդանշական էր նաեւ այն առումով, որ հայաստանեան իմ ուխտիս սկսայ Մայր Աթոռէն, մեր եկեղեցւոյ համար շատ կարեւոր իրադարձութեան մը խորհրդանիշը՝ միւռոնօրհնէքի կաթսան վստահուեցաւ ինծի: Այդպէս բազում եկեղեցիներու մէջ շարունակեցի աշխատանքս՝ կանթեղներ, խորանի վրայի մոմակալներ եւ շատ իրեր տրամադրուեցան ինծի, որպէսզի փայլեցնեմ, եթէ հին է, մաշած է՝ նորը շինեմ, կամ մաշած մասերը զօրացնեմ, եկեղեցիները համալրեցինք պակաս առարկաներով: Շատ մը իրեր Պոլիս կը շինէի, հետս կը բերէի, որոշ գործեր տեղւոյն վրայ կը կատարէինք:
-Այդքան եկեղեցիներու մէջ աշխատած էք, ի՞նչ հոգեհարազատ պահեր ունիք:
-Անշուշտ, միշտ կ՚ըսեմ, որ Սկիւտարի Սուրբ Կարապետ եկեղեցին եւ Պոլսոյ Մայր եկեղեցին՝ Սուրբ Աստուածածինը առանձնակի նշանակութիւն ունին ինծի համար: Իսկ հայրենիքին մէջ Առինջի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ յուզումնալից պահեր ապրած եմ, գիտնալով նախ եկեղեցւոյ հնագոյն պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ այն հանգամանքը, որ իմ անուանակից եկեղեցին է, որու նորացման, պատշաճեցման համար ջանքեր չեմ խնայած:
Բոլոր եկեղեցիներն ալ, ուր բարերարութիւն ըրած եմ, անշուշտ հոգեհարազատ են, ինչպէս հեռաւոր Ստեփանաւանի շրջանի մէջ գտնուող Ուռուտ գիւղի եկեղեցին, այնպէս ալ Երեւանի կեդրոնը գտնուող Սուրբ Աննան…
Ես երեք մասի բաժնած եմ եկեղեցիները, որոնց մէջ իմ մասնագիտական գործս կատարած եմ՝ Հայաստանի եկեղեցիները, Հայաստանէն դուրս գտնուող եկեղեցիները եւ Թուրքիոյ հայկական եկեղեցիները: Սփիւռքի մէջ շատ-շատ եկեղեցիներու մէջ գործեր ըրած եմ՝ Արժանթին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Յունաստան, Գանատա, Պրազիլ, Գերմանիա, Երուսաղէմ. վերջինս նոյնպէս նուիրական անուն մըն է ինծի համար:
-Ի՞նչ դժուարութիւններու կը հանդիպիք այս գործին մէջ:
-Դժուարութիւնը հին իրերուն հետ աշխատիլն է, պէտք է զանոնք տեսքի բերել առանց վնասելու: Քիմիական նիւթեր կը գործածենք, մետաղական արուեստի հետ վարուելու գաղտնիքներ կան: Ասիկա մասնագէտի միտք եւ ձեռք կը պահանջէ: Հին իրերը արդէն մաշած կ՚ըլլան, մաշած տեղերը պէտք է ամրացնել, մետաղի լեզուն պէտք է լաւ հասկնալ, որ փառք Աստուծոյ, տրուած է ինծի եւ ես ալ իմ կրթութեամբս, ջանադրութեամբս աւելի կատարելագործած եմ զայն: Ձեռքի աշխատանք ալ կայ, գործիքներով աշխատանք ալ կայ: Աստուած ինծի ուժ կու տար, եւ մինչեւ եկեղեցիներու գագաթը կ՚ելլէի, հոն կ՚աշխատէի, հիմա քիչ մը դժուար է այդպիսի համարձակ տեղեր ելլել, աշակերտներ կան, այս գործը սորված են, անոնց կը յանձնարարեմ:
-Հայութեան ներկայ խնդիրները տեսնելով՝ ի՞նչ կը կարծէք, կը յաղթահարէ՞ մեր ժողովուրդը այս փորձութիւնները:
-Ես աւելի վատ վիճակի մէջ տեսած եմ Հայաստանը, երբ առաջին անգամ եկած եմ, տիկնոջս հետ հիւանդ վերադարձած ենք՝ բաժնելով մեր քով եղած բոլոր գումարը: Քաղաքական հարցերու չեմ ուզեր խառնուիլ, շատ բան գիտեմ, շատ անօրէնութիւններ տեսած եմ… Հիմա հայ-թրքական յարաբերութիւններու լաւացման հարց մը կայ: Մենք՝ Թուրքիայէն եկողներս եւ Հայաստանի համար գործ մը ընողներս, կ՚ուզենք, որ այդ յարաբերութիւնները բնականոն ըլլան եւ, կը կարծեմ, որ պիտի ըլլան, միայն թէ Թուրքիայէն կարծես աւելի ջանք կը տարուի այդ ուղղութեամբ, քան՝ Հայաստանէն:
*
«60-ԱՄԵԱՅ ԱՆԴԱԴԱՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ» ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԷՆ
Կը փափաքիմ հպանցիկ մի քանի նախադասութեամբ անդրադառնալ կեանքիս կարեւոր հանգրուաններուն: Ինչպէս գիտէք, ծնած եմ Սկիւտար, Ենիմահալլէ: Էր երբեմն, երբ Սկիւտարը Իսթանպուլի ծանօթ թաղերու մէջ բնակող հայ համայնքի անդամերու նախընտրած թաղն էր, իր բարձրամակարդակ գործունէութեամբ, երփներանգ ընկերամշակութային համայնքային կեանքով: Ամէն բանէ առաջ կեանքիս երեք հիմնաքարերը եղած են ընտանիքս, թաղիս Սուրբ Կարապետ եկեղեցին եւ Սէմէրճեան-Ճեմարան վարժարանը:
Նախակրթութեանս շրջանին, ամառնային արձակուրդներս անցան վարպետ ձուլագործ հօրս Փերշեմպէփազարի աշխատանոցին մեջ: Ամառնային շրջանի այս աշկերտութեան օրերս եղան առաջնորդող նախաքայլեր դէպի ապագայի գործի ասպարէզս: Տակաւին մանուկ հասակիս հօրս հետ միատեղ գործի երթալս առիթ ընծայեց, որ մտահորիզոնս ընդարձակուի: Հասկցայ, թէ աշխատանքը պարապոյ ժամերու արժեւորման համար օգտակար զբաղում մըն էր:
Համայնքային շրջանակի մէջ անցած մանկութինս, երբ Իտալական միջնակարգ վարժարանի գրասեղաններուն վրայ կը զարգանար, հետզհետէ շահած երկու առաջնութիւնս եւ գծագրական արուեստի նկատմամբ ունեցած յատկութեանս յայտնաբերումը, ապագայի աշխատանքներուս ուղղութիւն տուած են, որպէս ազդեցիկ իրողութիւններ:
Իտալական վարժարանէն յետոյ Իսթանպուլի համալսարանի Տարրաբանական ֆաքիւլթէէն շրջանաւարտ եղայ: Ձեռք բերած ելեկտրատարրաբանական լիօֆիլիզասիոնի մասնագիտութեանս առընթեր, նկարչութեան եւ գծագրութեան նկատմամբ ունեցած յատկութեամբս, ասպարէզիս մէջ յառաջացայ. այդ յառաջացումը արտադրողական գործունէութիւնս փոխադրեց նոր չափաբերական մակարդակի մը: Այդ բոլորին կը պարտիմ գեղագիտական ճաշակիս զարգացումը: Եւ այդ զարգացումը կարեւոր դիւրութիւններ ընծայեց եկեղեցիներու համար զանազան մետաղեայ իրերու ծրագրման աշխատանքներուս եւ մանաւանդ եկեղեցիներու բարեզարդմանց ընթացքին ոսկեպատուած ու արծաթապատուած զարդարանքներու վերանորոգութեան աշխատանքներու պարագաներուն:
Սկսեալ մանուկ հասակէս, եկեղեցին կեանքիս ընթացքին միշտ ունեցած է իւրայատուկ տեղ մը: Նուաստիս համար եկեղեցին հաւատքի աշխարհ է, որ կ՚ապրեցնէ մեր լեզուն եւ մշակոյթը: Աշխատանքը անշուշտ պաշտամունք է: Սակայն, Աստուծոյ նուաստիս պարգեւած կարողութիւնները օգտագործելով սիրայօժար կատարուած իւրաքանչիւր նուիրաբերում, ինծի համար պիտի ըլլար աղօթելու եւ գոհութիւն յայտնելու առիթ:
Այս ներքին մղումին շնորհիւ վաթսուն տարուան ասպարէզիս փորձառութեամբ եւ ընկերային կեանքիս ամբողջ տեւողութեան ընթացքին, թէ՛ մեր երկրի եւ թէ՛ արտասահմանի բոլոր Հայ եկեղեցիներու համար սիրայօժար նուիրաբերումով պիտի շարունակեմ իմ չնչին նպաստս բերել: Աստուածապարգեւ այս կեանքը պիտի շարունակեմ ապրիլ հաւատքով, յոյսով եւ սիրով, գիտութեամբ եւ արուեստով, աշխատանքի կարգապահութեամբ, անձնական եւ հաւաքական պատասխանատուութիւններուս գիտակցութեամբ: «Մէկ ձեռքը բան չունի, երկու ձեռքը ձայն ունի» ասութիւնը իրերօգնութեան արժէքը լաւագոյնս կը բացատրէ:
Ծրագրած եւ պատրաստած բոլոր իրերս կեանքի կոչուած են բարեկամներուս՝ Նազար Հանչէրի, Քէնէտի Քըզըլքայայի ի սպաս դրած թեքնիք փորձառութիւններու շնորհիւ: Երբ կը յիշեմ Հայաստանի եկեղեցիներուն համար կատարած աշխատութիւններս, չեմ կրնար աննկատ թողուլ սիրեցեալ եղբայրս՝ Գրիգոր Գիւրտեանի բերած օժանդակութիւնները: Բոլոր այս բարեկամներս կ՚ողջունեմ սրտագին անկեղծ սիրով եւ շնորհակալութեամբ:
Այս յուշամատեանի հայերէնի բաժինը պատրաստուեցաւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եւ Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցիներու երէց՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեանի կողմէ, թրքերէն բաժինը գրի առնուեցաւ Գեղարուեստի պատմաբան տքթ. Էլմոն Հանչէրի կողմէ, իսկ էջադրութեան եւ տպագրութեան աշխատանքները կատարուեցան Թէոման Մաթի կողմէ: Բոլորին կը յայտնեմ սրտագին շնորհակալութիւններս:
Կը մաղթեմ, որ այս յուշամատեանները ապագայ երիտասարդ սերունդներու համար ըլլան համեստ լոյսի աղբիւրներ:
ՄԿՐՏԻՉ ՍԷՐԹՇԻՄՇԷՔ
(Հատուած՝ նախաբանէն, 2022)
ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆԷՔԻ ԿԱԹՍԱՆ
Միւռոնօրհնէքի կաթսան 1895-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին նուիրաբերած են նորնախիջեւանցիներ Գասպար Յարութիւնեան եւ Կարապետ Օզեան, իսկ ամենէն առաջ 1889-ին կաթսայի ստեղծման արտօնութեան համար Մակար Ա. Թեղուտցի Կաթողիկոսին դիմած է հայ նշանաւոր գրող Ռաֆայէլ Պատկանեան՝ նամակ մը գրելով եւ հայցելով Վեհափառի օրհնութիւնը՝ համընդհանուր հանգանակութիւն կազմակերպելու կաթսային համար:
Տարիներու ընթացքին Միւռոնօրհնէքի կաթսան դարձած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի խորհրդանիշներէն մէկը: Այն այժմ կը գտնուի Մայր Աթոռի Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանի խորանին՝ Սուրբ Սեղանի վրայ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան