ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Գալֆաեան Տան ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ ողջունեց 2020 թուականի գալուստը։ Այս առթիւ դպրոցէն ներս տեղի ունեցան շարք մը հանդէսներ։ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան եւ իր գործակից ընկերները, կրթական մշակներ, հաստատութեան բարերարներ եւ այլ հիւրեր ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուին աշակերտութեան նկատմամբ։ Մինչ տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ բարեմաղթանքներ յղեց Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան առթիւ, Կաղանդ պապուկն ալ բաժնեց նուէրներ։ Գալֆաեանի ընտանիքի անդամները անկեղծ մթնոլորտի մը մէջ փոխանակեցին շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 1, 2020