ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Մխիթարեան վարժարանի մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանը արժեւորուեցաւ աւանդական խանդավառութեամբ։ Դեկտեմբերի վերջին օրերը բնորոշուեցան տօնախմբութիւններով, որոնք թէ՛ բարձր տրամադրութիւն ստեղծեցին դպրոցէն ներս եւ թէ աշակերտները հաղորդ դարձուցին մեր արժէքներուն։

Փուլ առ փուլ գործադրուած ծրագրի գագաթնակէտը եղաւ Ամանորի հանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ մատակարար մարմնի ատենապետ տքթ. Արման Գամար եւ իր գործակից ընկերները, դպրոցի վարիչները եւ ծնողներ։ Թէեւ համատարած ոգեւորութենէն բոլորին բաժին վիճակեցաւ, սակայն, առանձնապէս ուշագրաւ էր խանդավառութիւնը մանկապարտէզի փոքրիկներուն, որոնք Կաղանդ պապուկէն նուէրներ ստացան։

Մխիթարեանի մեծ ընտանիքի բոլոր անդամները այսպէսով 2022-ը դիմաւորեցին՝ փոխանակելով անկեղծ բարեմաղթութիւններ ու զիրար ջերմօրէն շնորհաւորելով Ս. Ծննդեան տօնին կապակցութեամբ։

Շաբաթ, Յունուար 1, 2022