ՓՈԽ-ՆԱԽԱՐԱՐ ԻՆՃԷ ԶԵՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԻՆ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԱՒ

Ներքին գործոց փոխ-նախարար Մուհթերէմ Ինճէ երէկ այցելեց Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանը, ուր իր հետեւորդներուն հետ ընդունուեցաւ վիճակաւոր Զեքիեան Գերապայծառին կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Հայ կաթողիկէ հասարակութենէն հոգեւորականներ եւ աշխարհական գործիչներ։ Սաքըզաղաճի աղբիւրները հաղորդեցին, որ վաքըֆներու վերաբերեալ խնդիրներու շուրջ տեղի ունեցած են կարծիքի փոխանակումներ։

Ինչպէս ծանօթ է, Մուհթերէմ Ինճէի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը մօտաւոր անցեալին այցելած էր նաեւ Պատրիարքարան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Փոխ-նախարարը շփումներ ունեցած էր նաեւ այլ փոքրամասնական համայանքներու հետ։ Այս բոլորը մաս կը կազմեն ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու խնդրի լուծման ուղղեալ աշխատանքներու ծիրին։ Արդարեւ, ըստ զանազան լսումներու, պատկան մարմինները ընտրական նոր կանոնադրութեան պատրաստութեան աշխատանքները բաւական հասունցուցած են եւ հաւանական է, որ մօտաւոր ապագային Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ հրապարակուի նոր կանոնադրութիւնը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 1, 2022