ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Օրուան խորհրդանշաններն էին թռչունները։ Հանդէսի կազմակերպման ուղղութեամբ մեծ աշխատանք տարած էին դպրոցի ուսուցչական կազմէն Սելին Սիսմար Տեմիր, Թալին Չելիք եւ Ժալէ Պալճը։ Հանդէսին հետեւեցան Պաքըրգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Յայտագրի գործադրութեան ընթացքին Տատեանի առաջին դասարանի փոքրիկները հանդէս եկան հայերէնով, թրքերէնով եւ անգլերէնով զանազան յաջող ելոյթներով։ Անոնք ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ներկայացուցած թատերակներով, պարերով, երգերով ու արտասանութիւններով։ Բնականաբար, «թռչուններ»ու ծնողներն ալ զգացական խոր ապրումներով հետեւեցան այս հանդէսին՝ ականատես ըլլալով իրենց զաւակներու կրթական կեանքի առաջին փուլի ձեռքբերումներուն։

Հանդէսի աւարտին շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, որ բարձր գնահատեց փոքրիկներու ջանասէր ու յարատեւ աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց ապագայ կրթական կեանքին համար։

Մինչ դպրոցի տնօրէնութիւնը շնորհաւորական գրութիւններ պատրաստած էր «թռչուններ»ուն համար, հանդէսի աւարտին դպրոցի ծնողաց միութեան ատենապետ Երուանդ Սվաճըօղլուն ալ փոքրիկներուն բաժնեց յուշանուէրներ։

Հուսկ հատուեցաւ առաջին դասարանի «թռչուններ»ուն համար պատրաստուած կարկանդակը եւ բոլորը ջերմօրէն շրջապատեցին զանոնք՝ գնահատանքով, գուրգուրանքով եւ ապագայի համար լաւագոյն մաղթանքով։  

Չորեքշաբթի, Մայիս 1, 2019