ԷՅՈՒՊԻ Ս. ԵՂԻԱ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ
Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ երէկ կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ։ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 183-րդ տարեդարձին ձօնուած արարողութիւններուն նախագահեց եւ քարոզեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Օրուան պատարագիչն էր տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Վարդգէս Սրկ. Փեստիլճեան եւ ուրարակիր Արտաշէս Տիւյմէճեան։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցան Մայր եկեղեցւոյ Գողթան Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Գըլըճեանի։ Աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ու տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան նոյնպէս Սրբազան Հօր նախագահութեամբ եւ Տէր Հօր ներկայութեամբ։ Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Միսաք Կիւլլիւք եւ իր ընկերները այս առթիւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին անուան տօնախմբութեան մասնակիցները։ Ինչպէս միշտ, թաղային խորհուրդի անդամներու կողքին էր մեր ազգայիններէն Գրիգոր Մըխճեան, որ վաղուց զօրավիգ կը հանդիսանայ մեր այս գողտրիկ սրբավայրին։ Տարեդարձի օրով թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց հաւատացեալ ժողովուրդն ու համայնքային շրջանակները, նաեւ բացատրութիւններ փոխանցեց թաղի այժմու կացութեան շուրջ։
Հրաժեշտ առնելէ առաջ բոլոր ներկաները իրենց գնահատանքին ու զօրակցութեան առարկայ դարձուցին թաղային խորհուրդը, որպէսզի վառ մնայ Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ կանթեղը։