«ՈՄԱՆՔ» ԽՈՒՄԲԸ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Ոմանք» երաժշտական խումբը յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Հայաստան։ Շուրջ մէկ շաբթուան ուղեւորութեան տեւողութեան «Ոմանք» հանդէս պիտի գայ հինգ համերգով։ Այդ հինգ համերգներէն երեքը նախատեսուած են Երեւանի, իսկ միւսները՝ Կիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ։

«Ոմանք»ի այս շրջագայութեան աջակցութիւն կը բերեն Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը, «Ապաւէն» միջազգային փոխադրումներու ընկերութիւնը, «Անատոլու քիւլթիւր» ընկերութիւնը եւ այլ շարք մը կառոյցներ։

Ինչպէս ծանօթ է, «Ոմանք» խումբը վերջին տարիներուն վերելք կ՚արձանագրէ մեր համայնքային կեանքէն ներս եւ զուգահեռաբար կ՚աւելնայ նաեւ անոր համբաւը։ Սա պիտի ըլլայ «Ոմանք»ի դէպի Հայաստան առաջին ուղեւորութիւնը։

Ուրբաթ, Յունիս 1, 2018