ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՆԴԷՍ

Սամաթիոյ ընտանիքը նախընթաց օր խանդավառ հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ տուաւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի այս տարուայ հունձքին։ Այսպէս, 2020-2021 տարեշրջանի ընթացաւարտները ստացան իրենց վկայականները՝ դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուած աւանդական հանդէսով մը։

Օրուայ յայտագիրը գործադրուեցաւ ուսուցչուհի Սիրուն Էօզչելիքի հանդիսավարութեամբ։ Աշակերտներուն ուղղեալ շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ դպրոցի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տիանա Եըլանճըօղլու։ Շրջանաւարտներուն անունով սրտի խօսքեր արտասանեցին Գարուն Աճար, Լաւինիա Տաղլըեան, Նաթալի Վուրալ եւ Ճուլիանա Կազէրօղլու։

Ձեռնարկի ընթացքին բոլոր շրջանաւարտները ստացան յուշանուէրներ։ Այս տարուայ յաջողագոյններն էին՝ Գարուն Աճար, Լաւինիա Տաղլըեան եւ Առէն Տիւվենճի։

Հանդէսը եզրափակուեցաւ՝ Գարուն Աճարի անունով փոքրիկ վահանակի՝ դպրոցի կոճղին վրայ գամուելով։

Հուսկ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 1, 2021