«ՄԵՐ ՏԱՆԻՔ» ԽՈՒՄԲԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԷՅՊԷԼԻ ԿՂԶԻ

Քորոնաժահրի համաճարակի ներկայ շրջանին, երբ սահմանափակումներով ու բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ ընկերամշակութային կեանքը վերստին կ՚աշխուժանայ, իր գործունէութեան թափ տուած է նաեւ «Մեր տանիք» խումբը։ Շուրջ 10 տարի առաջ կատարուած նախաձեռնութեան մը պտուղն է «Մեր տանիք» խումբը, որու հիմնադիրը կը համարուի մեր ընկերամշակութային կեանքի յայտնի դէմքերէն Սեւան Աթաօղլու։ Վերջերս այս խումբը շրջապտոյտ մը իրականացուց դէպի Հէյպէլի կղզի, գլխաւորութեամբ գրող Նիւքէթ Էվրենի, որ միեւնոյն ժամանակ այս այցելութեան ուղեցոյցն էր։ Խումբը անմոռանալի շրջագայութիւնով մը հաղորդ դարձաւ կղզիի պատմական արժէքներուն, բնական գեղեցկութիւններուն ու վայելեց գեղատեսիլ միջավայրը։

Շրջագայութեան ընթացքին «Մեր տանիք» խումբը այցելեց Այա Նիքոլա յունաց եկեղեցին, իսկ աւելի վերջ բարձրացաւ յունաց նշանաւոր վանքը, որ 1971 թուականէն ի վեր դադրած է ընծայարան մը ըլլալէ։ Այնտեղ կը գտնուէին չորս միաբաններ, որոնք ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին այցելուները։ «Մեր տանիք» խումբը համալիրէն ներս առանձնապէս ուշադրութիւն կեդրոնացուց գրադարանին վրայ, որ արդէն համբաւ ունի իր ճոխութեամբ։ Շրջագայութեան աւարտին բոլորը վառ յիշատակներ կը կրէին իրենց սրտին մէջ։

«Մեր տանիք»ի անդամները մաղթեցին, որ յարմար առիթներով ու պայմաններով կրկնուին այսպիսի նախաձեռնութիւններ եւ ընդհանրապէս թափ հաւաքէ ընկերամշակութային կեանքը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2021