ՖԷՐԻԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մանուկ Էօղէրի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը այս տարի նախատեսուած է նոյեմբերի 5-ին։ Սիրոյ սեղանի ընդառաջ եկեղեցւոյ վարչայինները Պատրիարքարան այցելեցին եւ տեղեկութիւններ տուին Նորին Ամենապատուութեան։ Զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան եկեղեցւոյ եւ դպրոցին ի նպաստ տարուած աշխատանքները։ Մինչ այդ, թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրեցին՝ նախագահելու կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։
Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց իրեն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համար։ Ան գնահատեց թաղային խորհուրդի աշխատանքները եւ յղեց իր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքները։